Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Ուղերձ
31 Դեկտեմբեր 2023
Այսօր ազգովին կը տագնապինք հազարամեայ մեր պատմութեան ներկայ անկայուն վիճակով, որ հետեւանքն է մեր հայրենիքի վերջին վերիվայրումներուն, որոնց պատճառով մեր բոլորին ներշնչման աղբիւր` Արցախը, դժբախտաբար հասաւ ներկայ իր ցաւոտ իրավիճակին:
Հայ օգնութեան միութեան 73-րդ Համահայկական պատգամաւորական ժողովը եկաւ վերանորոգելու միութեանս առաքելութեան նկատմամբ մեր նուիրեալ անդամներուն ուխտն ու նուիրումը: ՀՕՄ-ը, ինչպէս միշտ, իր կարողութիւններն ու աշխատանքը աննկուն կամքով եւ հաւատքով ի գործ պիտի դնէ մեր ժողովուրդի բարօրութեան ու հայրենիքի բարգաւաճման:
Տօնական նուիրաբեր այս օրերու լաւատեսութեամբ ու վերանորոգ յոյսերով, ՀՕՄ-ը` իր միաւորներով, կը շնորհաւորէ իր բոլոր համակիրներուն, նուիրատուներուն, բարերարներուն ու համայն հայութեան Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը` մաղթելով առողջ եւ արեւշատ տարի մը:
Տէրը հայոց աշխարհին թող տայ խաղաղութիւն, հայ ժողովուրդին` սէր միութիւն եւ ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին` նորանոր յաջողութիւններ, որպէսզի կարենայ լիակատար սատարել մեր ժողովուրդին:
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ