Հրայր Մարուխեանի մահուան 20-րդ տարելից (21 դեկտ. 1998)
21 Դեկտեմբեր 2018
Միհրան Քիւրտօղլեան
«…Պատմութիւն կերտողները իրենք պատմութիւն չեն գրեր։ Այնքան ժամանակակից ենք, որ տակաւին սփիւռքի անաչառ պատմութիւնը չէ գրուած, որպէսզի կարելի ըլլար արժանի գնահատումը կատարել այն մեծ գործին, որ Դաշնակցութեան միջոցով կատարեց Հրայր Մարուխեան զանազան բնագաւառներու մէջ՝ սփիւռքահայութիւնը մէկ՝ հայ դատի գաղափարին շուրջ միաւորելու աշխատանքէն մինչեւ հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային ճանաչումի արժանացնելու, սերնդափոխութիւն իրականացնելու եւ հանրային ու կուսակցական գործելաոճին երիտասարդացում բերելու աշխատանքներուն մէջ…:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ -ՂԱՐԱԲԱՂ , «ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ».
…Ղարաբաղեան շարժումի առաջին օրերէն, Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր ժողովն ու Բիւրոն պատուիրակեցին ընկեր Հրայրը, որպէսզի կենսաւորէ «Դէպի Երկիր» կարգախօսը։
Սկզբնական շրջանի անորոշ ու տարտամ «Դէպի Երկիր» յղացքը շուտով լիցք ու իմաստ ստացաւ եւ իբրեւ բիւրեղացեալ գաղափար հմայեց հոգիները եւ վեհապետեց մտքերու վրայ։
Ինքնապաշտպանութեան առաջին զէնքերը հասան Ղարաբաղ եւ դաշնակցութիւնը վերընձիւղուեցաւ հայրենի աշխարհին մէջ։
Յեղափոխական երգերու «ֆոլքլորը» արդէն իսկ փոխակերպուած էր սրբազան աւանդի՝ ուժական պայքարի տասնամեակին եւ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին։ Այդ աւանդը փոխանցուեցաւ հայրենիք եւ Ղարաբաղի լեռներուն վրայ իր ամբողջ վեհութեամբ վերածնաւ ջան ֆէտային։
Այս մեծ ու ազգակերտ գործին մէջ՝ շատե՜ր, շատե՜ր ունեցան իրենց արիւնի ու քրտինքի անչափելի բաժինը, բայց այդ գործին մէջ, ընկեր Հրայրի ղեկավարման գործի բաժինը առանձնապէս յատկանշական եղաւ։
Օրին, մեղադրեցին զինք, որ աճապարեց «Դէպի Երկիր» կարգախօսը կենսագործելու աշխատանքին մէջ։ Թէ՝ Դաշնակցութիւնը պէտք չունէր ներքաշուելու Ղարաբաղեան պայքարի եւ Հայաստանի քաղաքական կեանքի ոլորտը։ Ինք մտիկ չըրաւ. եւ հետագայ իրադարձութիւնները փաստեցին, որ Դաշնակցութիւնը ոչ թէ չէր աճապարած, այլ նոյնիսկ ուշացած էր…
Ծառայութեան իր ընդարձակ ցուցակը բաւ է, որ վեր հանուի քաղաքական քաջ ու ձեռներեց գործիչին դիմագիծն ու դրոշմը՝ ազգային-կուսակցական գէթ վերջին 30-ամեայ պատմութեան վրայ, որուն 23 տարիներուն ան գործեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցչի հանգամանքով:
Պարզ խնդիր չէ հանրային կեանքի եւ յատկապէս խստապահանջ կուսակցութեան մը մէջ աւելի քան 30 տարի մնալ ղեկավար դիրքի վրայ, հիննալ, բայց միշտ պահել նորի աշխատունակ թարմութիւնը եւ չտարուիլ աթոռին առթած պուրժուա-քաղքենի դառնալու փորձութենէն ու հոգեբանութենէն։
Երկարամեայ ղեկավարութեան այդ շրջանին, բնականաբա’ր սխալներ ալ գործեց, քանզի ամէն բանէ առաջ մեր բոլորին պէս մարդ էր, որով եւ ունեցաւ մարդկային տկարութիւններ, նախասիրութիւններ, կարգ մը պարագաներու՝ գործելու այնպիսի ոճ ու տեսակէտներ, որոնց համար բոլորը չէին որ համաձայնութիւն կու տային իրեն ։ Բայց ատոնք մանրամասնութիւններ են, ատոնք արժէք չունին հիմա։ Մանրամասնութիւնները կարեւոր են ու արժէք ունին կեանքի մէջ, գործի ընթացքին, որովհետեւ կեանքը եւ գործը արարքներու շղթայ են, որուն տարբեր-տարբեր օղակներն են «մանրամասնութիւններ»ը։ Բայց այսօր իմաստ չունին անոնք, քանի որ կայ բազմաճակատ գործունէութեան մը մեծածաւալ արդիւնքը, զոր դաշնակցութիւնը ձեռք բերաւ ընկեր Հրայրի տարողութեամբ ղեկավար մը ունենալուն շնորհիւ։
… Բոլոր տեսակի ալիքներուն դէմ դնելէ եւ բոլոր տեսակի հարուածներէն յաղթականօրէն վերականգնելէ ետք, Հայ դատի հետապնդման վտանգաւոր բաւիղներէն անվնաս դուրս գալէ եւ Սփիւռքի լպրծուն գետիններուն վրայ ոտքերը հաստատ պահելէ ետք, «Դէպի Երկիր» իր ամբողջական նուիրուածութենէ յետոյ, գրուած է եղեր, որ մեծագոյն հարուածը ստանայ պաշտելի այդ «երկիր»ի առաջին նախագահէն։ Ինք՝ զինուորագրեալն էր հայրենիքի ամբողջացման, անոր անկախութեան ու ազգային պետականութեան կերտումի պայքարին։
Ի սկզբանէ յանձնառու էր ան հալածանքի ու գերագոյն զոհաբերութեան՝ հայրենիքի անկախութեան ու ազգային պետականութեան կերտումին համար։ Բայց իրեն պէս զօրաւոր երեւակայութեամբ անհատականութիւնն անգամ չէր կրնար պատկերացնել հակառակը, այսինքն թէ՝ ունենալ հայրենիքի անկախութիւն եւ ազգային պետականութիւն՝ հալածուելու համար, արտաքսուելու համար, բանտարկուելու համար։
Ահաւասիկ մեծագոյն ու մահացու հարուածը, զոր բաժին ինկաւ իրեն։
Յետ մահու՝ Մարուխեան Հրայրի անձին ու գործին տրուած համազգային ու պետական յարգանքը՝ արդար պատիւ մըն էր արժանաւորին, ո՛չ աւելին։ Գիտակցական մակարդակ մը, զոր կ’ունենայ ինքզինք յարգող ոեւէ ժողովուրդ ու ազգ։
Հերոսներն ու նուիրեալները իրենց ողջութեան կը զինուորագրուին գաղափարի մը, կը պայքարին կուսակցութեան մը դրօշին տակ եւ կը պատկանին այդ կուսակցութեան։ Մահանալէ ետք՝ անոնք կը պատկանին ամբողջ ազգին։
Ընկեր Հրայր այդ պատկանելիութեամբ յանձնուեցաւ հայրենի հողին։
Հոգիի հանգիստ … հանգիստ չճանչցած եւ հանգիստ չսիրող իր հոգիին…»։
ԱԹԷՆՔ, ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1999
Մահուան քառասունքին
Հրապարակային միջոցառման
խօսքէս հատուած մը