Յիշատակդ յաւերժ, սիրելի՛ Մհեր, այս գիրքով, այլապէս եւ միշտ
17 Ապրիլ 2024
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի խօսքը՝ «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցանք»-ի մրցանակաբաշխութեան եւ «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» գիրքի շնորհահանդէսին.
414 էջերէ բաղկացած «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» խորագիրով հատորին հրատարակութեան առիթով կազմակերպուած այս հաւաքին ներկայ ենք բոլորս` աշակերտ, ուսուցիչ, ծնողք, տնօրէն, ազգային եւ հասարակական կեանքի դերակատարներ, հոգեւորականներ եւ պատասխանատուներ:
Այսուհանդերձ, ընդունուած սովորութեան համաձայն, մտաւորականի մը հրատարակած գրական-գեղարուեստական կամ տարբեր երանգի ծառայող գիրքի մը դէմ յանդիման չենք, ոչ ալ աւանդական շնորհահանդէսի կամ գինեձօնի մը` պանծացնելու կամ շնորհաւորելու գրագէտն ու հրատարակիչը:
Իւրայատուկ հանդիպումի մը համար մէկտեղուած ենք:
Իւրօրինակ եւ իր տեսակին մէջ եզակի հրատարակութիւն մը`
իւրօրինակ թեմաներով եւ ներշնչման աղբիւրով,
իւրօրինակ եւ բազմերանգ կապակցութիւններով, ժամանակները կտրող եւ գալիքին հասնող պատգամներով լի գիրք մը:
Խորագիրը` «Մհերը` ներշնչման աղբիւր»:
Այն Մհերը` Ջուլհաճեան Մհերը, որ նահատակուեցաւ Արցախի մէջ, ան, որ ամէն միջոց եւ առիթ ունէր ընտանեկան, ուսումնական, ընկերային, ասպարէզի եւ նիւթական առումներով ապրելու հանգիստ կեանք, հեռուէն տագնապելու հայրենիքի հարցերով, բարձրանալու կեանքի եւ ընտրանիի լաւագոյն ու նախանձելի դիրքերու:
Մհերը, սակայն, հայրենիքով այրող եւ իր գիտութիւնը անսակարկ նուիրաբերումով Արցախին տրամադրելու վճռակամութեամբ, ընտրեց գիտակից մահը, գնաց երկիր եւ իր արիւնը շաղախելով արցախեան հողին` ամուր պահեց Արցախը մինչեւ այն օրը, երբ դաւադրաբար Ազրպէյճանը գրաւեց զայն:
Այս տեսակի նահատակի մը համար սովորական սուգի հանդիսութիւն կամ հոգեհանգիստ չի կատարուիր:
Մհեր` ուսուցիչ, վարիչ եւ երիտասարդ ու ուսանող գործիչ, այո՛, ներշնչման աղբիւր է եւ այլապէս չի կրնար ըլլալ` աշակերտին, երիտասարդին եւ ուսանողին, գաղափարական խորքով հայրենասէրին, համոզուած ազատամարտիկին:
Ապա` գաղափարը:
Իր նահատակութենէն 10 տարի ետք ձեռնարկուեցաւ շարադրական մրցանքը: Կարելի չէր այլ բան ընել` կիսանդրի, խորհուրդ ճառագայթող շիրիմ, ֆոնտ, անուանակոչում: Այս բոլորը ըլլալով հանդերձ, յղացուեցաւ գաղափարը աշակերտական շարադրական մրցանքի: 20 տարուան ընթացքին յարգելի պատճառներով, հետեւանք բացառութիւններով, ամէն տարի Լիբանանի հայկական վարժարաններու աշակերտներ, ուսուցիչներ, ծնողներ ապրեցան Մհերին ձգած ժառանգով, մտածումներով, սորվեցան անկէ, ներշնչուեցան անոր գաղափարներով, իրենց մէջ վառ պահեցին հայու պահանջատիրութիւնը, բոցավառուեցան Մհերի սկզբունքներով, իրենց հոգիներուն ու մտքերուն մէջ դրոշմեցին մհերեան հայրենասիրութիւնը եւ պատրաստուեցան վաղուան:
Խօսինք թիւերով:
Այս հատորը իր մէջ կը պարփակէ առաջին երեք մրցանակներու 110 շարադրութիւններ: Տարբեր անյաղթահարելի պատճառներով դուրս կրնան մնացած ըլլալ 10 շարադրութիւն, այսինքն` 120 կտոր: Մրցանակներու եւ յատուկ յիշատակութեան արժանացած են 258 շարադրութիւններ, իսկ որոշ հաշուարկով անցնող 2 տասնամեակին այս մրցանքին մասնակցած են շուրջ 750 աշակերտներ: Այլ խօսքով, նուազագոյնը 750 աշակերտ ապրած, շնչած եւ իր շրջապատը վարակած է Մհերով:
Իսկ շարադրութիւննե՞րը:
Երբ թերթատենք, ապա եւ ըմբոշխնենք հատորը, թերեւս հազուագիւտ պիտի ըլլան այն էջերը, ուր բացակայ են Արցախ, Հայաստան, Արարատ կամ հայրենիք բառերը: Իսկ ամէն տեղ հայ բառը ներկայ է: Հայ դպրոց, հայ ուսուցիչ, հայ լեզու, հայ կին եւ հայր ու մայր, հայկական սովորութիւններ եւ ամէն ինչ, որ հայ է:
Մհերին յիշատակին կազմակերպուած շարադրական մրցանքը ամբողջ 20 տարի միջդպրոցական կամ աշակերտական ընթացիկ մրցում կամ նիւթական պարգեւ չէ, այլ արեան մէջ թաթախուած հայադրոշմ կնիք` իւրաքանչիւր աշակերտի եւ գալիք երիտասարդի ու կազմուող ընտանիքի մտքին ու հոգիին մէջ:
Իւրաքանչիւր շարադրութիւն ապրում է, կեանք է, պարտութիւնը մերժող բռունցք է, Մհերի ճամբով գլխագիր «Ո՛Չ» է պարտութեան, պարտուողականութեան, յանձնուողականութեան դաւերուն եւ հոսանքներուն դէմ:
Մհերի նահատակութիւնը իր երկրային կեանքին աւարտն էր: Ան շատ բան ունէր տակաւին տալիք մեր ժողովուրդին, գիտակցական նահատակութիւնը, սակայն, կ՛արժեւորուի, երբ գաղափարը կ՛ապրի: Իր գործով ու նահատակութեամբ այսօր անմահներու կարգին է Մհեր Ջուլհաճեան` Արցախի եւ հայութեան դատին նահատակ մեր ընկերը:
Իսկ այս գիրքը եւ դեռ շարունակուող նախաձեռնութիւնները պիտի ամրացնեն պայքարի նոր զինապահեստը, գաղափարի, գիտութեան, սկզբունքայնութեան, համեստութեան, զոհաբերութեան, ուժի ու հաւատքի զինապահեստը, որպէսզի չդադրի մեր պայքարը, որպէսզի քանդուին պարտուողական հոգեբանութիւնը եւ հիասթափութեան շահախնդիր մօտեցումները:
Վա՛րձքը կատար մեր աշակերտներուն:
Վա՛րձքը կատար մրցանքին նախաձեռնող Մհերին քաջ ընտանիքին ու գործը կազմակերպող պատասխանատուներուն:
Յիշատակդ յաւերժ պիտի մնայ, սիրելի՛ Մհեր, այս գիրքով, այլապէս եւ միշտ: