Յայտարարութիւն
25 Դեկտեմբեր 2018
Ներքոյ ստորագրեալ Ուրուկուհայ համայնքի հաստատութիւններս, յանուն մեր շարքերուն և համակիրներուն, Հայրենի ԶԼՄ-ներու միջոցով, խոր մտահոգութեամբ տեղեկացանք թէ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի լուծարէ Սփիւռքի Նախարարութիւնը, և անոր պաշտօնեաները գործէ ազատ պիտի արձակուին։
Մեր մտահոգութիւնը գլխաւորապէս կ՛երթայ նաև այս պետական կառոյցի կասեցմամբ, շփման պակասին, քանի որ իր ստեղծումէն անցած են տասը տարիներ և հակառակ որ անոր գործունէութեան ընթացքին եղած էին բացթողումներ և անճշտութիւններ, սակայն Հայաստան-Սփիւռք պետական կապի գլխաւոր օղակը հանդիսացաւ ան, ուր մենք որպէս սփիւռքի ամենահեռաւոր գաղութներէն մին, յաջողեցանք այդ տարիներու ընթացքին Սփիւռքի Նախարարութեան ճիգերով, անմիջական կապ հաստատել և առիթը ունենալ Մայր Հայրենիքի թէ մշակութային, թէ կրթական և թէ արուեստի ոլորտներու մէջ ճանաչում գտած անձնաւորութիւններու ներկայութիւնը վայելել և իրենց միջոցով զգալ Հայրենիքի ջերմութիւնը։
Մեզի նաև կը մտահոգէ այս առնուած որոշումի ձեւը, քանի որ այլընտրանքի մասին չի խօսուիր, քննարկումներ տեղի չեն ունենար, ինչ որ կը նշանակէ թէ մենք Հայրենիքի և Սփիւռքի հարցերը համակարգող կառոյց պիտի չունեանք և այս կապակցութեամբ ալ հեռանկարը կը մնայ շատ անորոշ։ Կը կարծենք որ սխալ է նման որոշում մը կայացնել առանց խորհրդակցելու սփիւռքի գաղութներու հետ, հոն գործող կառոյցները անտեսելով։ Եթէ անկեղծ էին Թաւշեայ Յեղափոխութենէն յետոյ անոր ղեկավար դէմքերուն հրապարակային յայտարարութիւններն ու պատգամները, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները նոր մակարդակի վրայ դնելու և հայրենադարձութեան ալ աւելի թափ տալու ուղղութեամբ՝ ապա կը սպասէինք որ անոնք երևան ելլէին նաև գործով ու Սփիւռքի հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու նկատմամբ համապատասխան վերաբերումով:
Մեր մտահոգութիւնը հրապարակելով յոյս ունինք որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը մնայ յանձնառու համահայկական տեսլականին և սփիւռքի հետ իր յարաբէրութիւնները կը դնէ ազգային քաղաքական օրակարգի վրայ, որպէս առանձին ուշադրութեան արժանի խնդիր և ոչ թէ պետական երկրորդական մակարդակի կառոյցներու պատասխանատւութիւն:
Մոնթեվիտէօ, 24 Դեկտեմբեր 2018
Ուրուկուայի Հայոց Թեմի Կեդրոնական Վարչութիւն
ՀՅԴ Վռամեան Կոմիտէ
Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ)
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն (ՀՄԸՄ)
Համազգային Կրթական և Մշակութային Միութիւն
Արմենիա Երիտասարդական Միութիւն
ՀՅԴ Ուրուկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Կոմիտաս Ռատիօժամ