Հաղորդագրութիւն. Ընթացք Առաւ Մարդուժի Պատրաստութեան Ծրագիրը
03 Հունիս 2024
Այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, անհրաժեշտ է ունենալ պատրաստուած ուսանողներ, երիտասարդներ եւ վարիչներ, որոնք իրենց գիտելիքներով եւ ձեռք բերած փորձառութիւններով պիտի ծառայեն հաւաքականութեան:
Նոր որակ ունենալու, ղեկավարման ու կազմակերպման հմտութիւններու տէր դառնալու եւ նոր մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութիւնը, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը ու ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինը քննեցին կարելիութիւնները եւ մշակեցին ծրագիր մը, որուն առաջին օղակը ընթացք առաւ շաբաթ, 1 յունիս 2024-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Առ այդ, գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ին, շաբաթ օր սկսաւ մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրը, որուն ճամբով մասնակցողները իրերայաջորդ երեք շաբաթներու ընթացքին պիտի ստանան համապատասխան տեղեկութիւններ ու գիտելիքներ եւ պիտի կատարեն վարժողական աշխատանքներ:
Աւարտին ծրագիրին 34 մասնակցողները Հայկազեան համալսարանէն պիտի ստանան հաստատագիրներ:
Վստահ ենք, որ այս ծրագիրն ու մարդուժի յառաջիկայ աշխատանքները խթանիչ ուժ պիտի հանդիսանան մեր միութիւններու գործունէութեանց վերաշխուժացման եւ նոր թափի ու ուժականութեան մատակարարման:
Հետագային կը ներկայացնենք ծրագիրին մանրամասնութիւնները:
ՀՅԴ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ