Խմբագրական. Հերոսամարտի Ոգին Պահպանելու Համար
13 Սեպտեմբեր 2024
(Մուսա Լերան Հերոսամարտի 109-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 85-Ամեակին Առիթով)
Հայութեան ապրած ներկայ օրերուն, օրհասական պայմաններուն մէջ Մուսա լերան հերոսամարտի 109-ամեակի եւ անոր իբրեւ անմիջականօրէն հետեւած Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակի նշումը առաջնային կարգով կը կապուին հերոսամարտի անպարտելի ոգիին հետ:
Շրջափակում, պաշարում եւ արտաքին աշխարհի հետ կապի վերացումով ժողովուրդ մը ծունկի բերելու եւ անոր բնօրրանը բռնագրաւելու համար թրքական բանակներու կազմակերպած գործողութիւնը բախեցաւ ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան:
Այդ ծառացումը նախ եւ առաջ ներմուսալեռցիական համախմբուածութեամբ եւ միասնականութեամբ կը մեկնաբանուի: Յառաջատար ուժը, այս պարագային Դաշնակցութիւնը բաժանարարութեան չէր դիմած: Ընդհակառակը` Մուսա լերան դրօշին տակ յաջողած էր համախմբել ամբողջ բնակչութիւնը իր բոլոր հատուածներով: Կուսակցական թէ յարանուանական մէկութիւնը ամուր յենարանային մեկնակէտ էր հերոսամարտի կազմակերպման:
Համախմբումէն ետք դիմադրելու ոգին վառ պահելը անշրջանցելի նախապայման էր ամբողջ ժողովուրդին ազգ-բանակ միաւորի վերածման եւ ինքնապաշտպանութեան մարտերուն ինքնամղումին: Մուսա լերան ազգ-բանակը փաստօրէն դիմադրե՛ց 40 օր: Պայքարելու տրամադրութիւններու ջլատում չէր, որ կը յորդորուէր պատասխանատու դիրքերէ. ընդհակառակը` քափիթուլացիան մերժելու, զէնքը ձեռքին բնօրրանը պաշտպանելու եւ Մուսա լեռը չհայաթափելու անկոտրում կամքի առարկայացումն էր, որ տեղի կ՛ունենար այս տարածքին վրայ:
Երրորդ բաղադրիչը հերոսամարտի կայացման ռազմագիտութիւնն էր եւ կռուող զինուորներու թէ օրուան իւրայատուկ հրամանատարներու դրսեւորած խոյանքներու օրինակները, որոնք կերտեցին պատմական այս արարը: Քաղաքական եւ զինուորական պատասխանատուներու համատեղումն ու նոյնացումը տեղի կ՛ունենար, ինչ որ փոխան արժեզրկելու վեր կ՛առնէր նահատակութեան գացող եւ հերոսամարտը ղեկավարած հերոսները:
Արտաքին միջամտութիւններով, ֆրանսական երաշխիքներով հայութեան հեռացումը Մուսա լեռէն ամբողջովին չհայաթափեց հերոսական այդ բարձունքը: Վաքըֆ գիւղը այսօր հայաբնակ է. հոն կը շարունակեն ղօղանջել հայոց եկեղեցւոյ զանգերը: Փաստօրէն Մուսա լերան հերոսամարտի նշումները համաժամանակեայ տեղի կ՛ունենան թէ՛ Մուսա լերան շարունակութիւնը հանդիսացող Այնճարի, թէ՛ հայրենի Մուսա լերան եւ թէ՛ բնօրրան Վաքըֆի մէջ:
Այնճարով, հայաստանեան Մուսա լեռով եւ բնօրրանային Վաքըֆով այսօր փաստօրէն կ՛առարկայանայ եռամիասնութիւն մը, որ եզակի է այսօրուան հայկական աշխարհին մէջ: Երէկուան եռամիասնութիւնը խախտած է Արցախի կորուստով եւ ամբողջական հայաթափումով: Մթագնած է հայրենի պետութեան ղեկին յայտնուած վարչակարգով, որ չէ իւրացուցած Մուսա լերան հերոսամարտի ոգին, այնտեղ հաստատուած համախմբուածութեան ու միասնականութեան խորհուրդը եւ ազգ-բանակ վերածուելու փիլիսոփայութիւնը:
Այնճարի իբրեւ հայկական գիւղ ոչ միայն գոյատեւումը, այլ նաեւ զարգացումը այժմէական նշանակութիւն ունի այս օրերուն: Մուսա լեռէն հեռացած եւ Այնճար ապաստանած ժողովուրդի ներկայացուցիչները վերապրումի պայմաններու ապահովումէն ետք գիտցա՛ն հաւաքական կազմակերպ կեանքի կառոյցներու եւ ենթակառոյցներու հաստատման ձեռնարկել ամէնէն դժնդակ պայմաններուն մէջ: Հաւաքական կեանքի պահպանումը կ՛ենթադրէր համախումբ գոյակցութիւն, Այնճարի երկրորդ Մուսա լեռի վերածում:
Այնճար երեւոյթի գոյառման այս քաղաքականութեան շարժառիթներու գիտակցումը անհրաժեշտ է այսօր հայրենի պետութեան ղեկը ստանձնածներուն համար, որպէսզի Արցախէն հեռացած ժողովուրդը շարունակէ ապրիլ համախումբ, հաւաքական վերադարձի նախապատրաստուելու համար:
85 տարի առաջ Մուսա լերան ժողովուրդի պայծառ դէմքերը գիտակցեցան այս անհրաժեշտութեան, եւ ժողովուրդը փարեցաւ անոնց:
Այնճարի մէջ այսօր փաստօրէն արդէն քանի սերունդ անց կը հնչէ Մուսա լերան բարբառը, կը գործէ Մուսա լեռէն փոխադրուած իրերը ամփոփած թանգարանը, կը պահպանուին Մուսա լերան ազգագրութիւնը, սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, կը լսուին զուռնայի եւ տաւուլի ջինջ ձայներ, բայց մանաւանդ կը պահպանուի հերոսամարտի ոգին:
Այս բոլորը անհետ կորած կ՛ըլլային, եթէ Այնճարի կրթական պատասխանատուները առասպելազերծէին եւ դիւցազնազերծէին մեր պատմութիւնը, դասանիւթերէն դուրս բերած ըլլային ռազմահայրենասիրութիւնը, Այնճարի բլուրները հակադրած ըլլային Մուսա լերան, կամ Այնճար պատմական Մուսա լեռ հակասութիւններու մասին խօսէին: Բայց մանաւանդ համախումբ եւ համատեղ մնալու քաղաքականութիւն մշակած ու կիրարկած չըլլային:
Մուսա լերան հերոսամարտի ոգիին հաղորդներն են, որոնք կրնան կերտել այնպիսի պետականութիւն, ուր ազգայինն ու պետականը ոչ թէ կը հակադրուին, այլ կը միաձուլուին, ուր պատմականն ու ներկան ոչ թէ իրար դէմ կը հանուին այլ կը զարգացուին ու կը տեսլականացուին:
Այնպէս ինչպէս հաւատացին ու գործեցին երէկուան Մուսա լերան հերոս ժողովուրդը եւ այսօրուան անոնց հարազատ իրաւաժառանգորդ այնճարցիները:
Ազդակ