Ո՞ւր Կը Գտնուի Այժմ Իջեցուած Նշաձողը
28 Սեպտեմբեր 2024
27 սեպտեմբեր 2020-ին սկիզբ առաւ Ազրպէյճանի յարձակումը Արցախի Հանրապետութեան դէմ: Պատերազմը տեւեց քառասունչորս օր եւ աւարտեցաւ 9 նոյեմբերի ուշ գիշերին` հայկական կողմի պարտութեամբ: 9 նոյեմբերի գիշերը Հայաստան, Ազրպէյճան եւ Ռուսական Դաշնութիւն ստորագրեցին զինադուլի արձանագրութիւն մը, որ իր պարտուողական եւ յարձակողական նկարագիրով կը նախանշէր հետագայ աղէտալի դէպքերը: Պատմութիւնը կրկնելու կարիք չկայ. չորս տարիէ ի վեր անդադար կը խօսուի մօտաւոր անցեալի դէպքերուն մասին, այն անցեալին, որ տակաւին կ՛երկարաձգուի ներկային մէջ:
15 յունիս 2022-ին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 2021 թուականի պետական պիւտճէի կատարման տարեկան հաշուետուութեան քննարկումը եզրափակեց երկարաշունչ ելոյթով մը: 2021-ի պիւտճէին մասին քանի մը տողանոց նշումէն ետք, Նիկոլ Փաշինեան անցաւ «արմատական» ընդդիմութեան քննադատութեան: Ըստ իրեն, ընդդիմութիւնը կը մեղադրէ կառավարութիւնը, որ «միայնակ է թողել Արցախը» եւ երկրորդ` կը պահանջէ որդեգրել «Արցախը երբեք չի լինելու Ազրպէյճանի կազմում» բանաձեւը: Առաջին մեղադրանքը Նիկոլ Փաշինեան հերքեց` յիշատակելով Արցախի Հանրապետութեան պիւտճէական յատկացումներուն յարաճուն աճով, մոռնալով քաղաքական երեսը: Երկրորդի պարագային, Նիկոլ Փաշինեան երկար մեկնաբանութիւններ կատարեց` ի վերջոյ հասնելու համար խաղաղութեան օրակարգ որդեգրելու անհրաժեշտութեան:
Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթի գրաւոր արձանագրութեան տասներկու էջերէն տասը յատկացուած են փաստերու, որ` «Բանակցային գործընթացի ողջ պատմութեան ընթացքում թէ՛ Ռոպերթ Քոչարեանը, եւ թէ՛ Սերժ Սարգսեանը, այսպիսով նաեւ նրանց քաղաքական արբանեակ «Դաշնակցութիւնը» Արցախը ճանաչել են իբրեւ Ազրպէյճանի մաս, եւ կամ չեն առաջնորդուել «Արցախը երբեք չի լինելու Ազրպէյճանի կազմում» սկզբունքով»: Ինքնարդարացման նպատակով կատարուած այս երկար փաստարկումը կարելի է ամփոփել շատ կարճ տարազով մը. եթէ կը բանակցին Ազրպէյճանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ, կը նշանակէ, որ կ՛ընդունին Արցախի մաս կազմելը Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան: Ամէն անգամ որ Եւրոպայի խորհուրդի Մինսքի խումբի եռանդամ նախագահութիւնը, կամ անոր անդամներէն մէկը առաջարկ մը կը ներկայացնէ, առաջարկը ընդունիլ իբրեւ հիմք բանակցային ընթացակարգին` կը նշանակէ ընդունիլ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմին մէջ: «Ընդհանուր պետութեան» առաջարկ, հողերու՛ փոխանակման առաջարկ, Մատրիտեան սկզբունքներ, Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) ստեղծում, Հայաստանի մարզային բաժանումներ եւ այլն, եւ այլն, բոլորն ալ կը փաստեն, որ Հայաստանի նախկին իշխանութիւնները մնայուն կերպով Լեռնային Ղարաբաղը համարած են մաս Ազրպէյճանի: Այս բոլորը տրամաբանութիւնը խոցող սոփեստութեան նմուշներ են, որոնց նպատակը նախապատրաստութիւնն է Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան, ներառեալ` Արցախը, ճանաչումին:
Այս բոլոր փաստարկումները կը կատարուին, որովհետեւ` «Հայաստանի կառավարութիւնը եղել է, կայ եւ կը լինի Արցախի կողքին, ինչքան էլ տարբեր շրջանակներ չնկատեն դա, կամ փորձեն Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ հակասութիւններ սերմանել»: Լա՛ւ իմացէք, Հայաստանի իշխանութիւնները … Արցախի կողքին են: Միայն զօրակցութեան ձեւն է փոխուած. նախապէս` «Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման հայկական հայեցակարգի հիմքում դնում էինք Ղարաբաղի կարգավիճակը` դրանից բխեցնելով անվտանգութեան երաշխիքներն ու իրաւունքները, այժմ հիմքում դնում ենք անվտանգութեան երաշխիքներն ու իրաւունքները` դրանից բխեցնելով կարգավիճակը»: Հիմա դատեցէք. արցախահայերուն անվտանգութեան երաշխիքներն ու իրաւունքները փայլուն կերպով «ապահովուած են»` շնորհիւ Հայաստանի իշխանութիւններու կրաւորականութեան Արցախի պաշարման, ապա բռնի տեղահանութեան ժամանակ, իսկ կարգավիճակը… կարգավիճակ չմնաց: Ահա այսպէս` Հայաստանը «եղել է, կայ ու կը լինի Արցախի կողքին»:
Ազգային ժողովին այս ծրագրային ելոյթի ընթացքին, գրաւոր շարադրանքէն դուրս, Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ միջազգային համայնքը (հասկնալ` հաւաքական Արեւմուտքը) կը թելադրէ իջեցնել նշաձողը, այսինքն` հրաժարիլ Արցախի անկախութեան պահանջէն. Հայաստանի կարծեցեալ բարեկամները կը խոստանան «կոնսոլիտացուել» (այսինքն` զօրավիգ կանգնիլ) Հայաստանի շուրջ: Փրակայի մէջ Նիկոլ Փաշինեան ենթարկուեցաւ այս խորհուրդ-պահանջին` ընդունելով, որ Արցախը մաս կը կազմէ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան, սակայն «կոնսոլիտացման» խոստումը չկատարուեցաւ: Նշաձողը հաւասարեցուեցաւ գետնին, բարեկամները լուռ մնացին, իսկ Նիկոլ Փաշինեան այսքանով ալ չգոհանալով` նշաձողը կ՛ուզէ թաղել գետնին տակ, ուրանալ Արցախը, որպէսզի ի վերջոյ Հայաստանի քաղաքական կարգավիճակը եւս բխի հայութեան «անվտանգութեան երաշխիքներէն եւ իրաւունքներէն»:
Նիկոլ Փաշինեան գիտակից էր, որ ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել, որ իր վարած «խաղաղութեան օրակարգը» յաջողութիւն կ՛ունենայ: Կործանարար արդիւնքով դրսեւորուած քաղաքական այս ընթացքը կը շարունակուի անխափան` վտանգելով այնքան փայփայուած Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնն ու իրաւունքները:
Քառասունչորս օրերու պատերազմի մղձաւանջի վերյուշի այս օրերուն հայութիւնը պէտք է համախմբուի հայրենիք, պետութիւն, հայրենասիրութիւն, անկախութիւն աճուրդի հանած իշխանութեան դէմ, որպէսզի հայ ազգը օժտուի իր առհաւական արժէքներուն հաւատարիմ իշխանութեամբ:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ