Կառչած պիտի մնանք մեր ազգային արմատներուն
11 Նոյեմբեր 2024
ՀՄԸՄ-ի Կեդր․ Վարչութեան Ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի խօսքը` արտասանուած ՀՄԸՄ-ի 106-Ամեակի Հալէպի Հանդիսութեան.
Սիրելիներ,
Հաւաքուած ենք տօնակատարելու Հ․Մ․Ը․Մ․ի հիմնադրութեան 106-ամեակը։
Հաւաքուած ենք Հալէպ․ 20-րդ դարու առաջին եւ աննախադէպ ցեղասպանութիւնը կատարուած վայրերու ամենամօտակայ քաղաքը: Վայրը եւ մեր այս հաւաքը կը պարտաւորեցնեն, որ Հ․Մ․Ը․Մ․ի Համաշխարհային կառոյցի բազմահազար իւրաքանչիւր անդամի անունով, արտայայտուած իր գերագոյն մարմնի ճամբով, երախտագիտութեան ամենա-ազնիւ մեր գնահատանքը արձանագրել Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին, որուն նախնիները եւ անոնց զաւակները, գրկաբաց, սիրով եւ գորովագին ընդունեցին եւ հոգատար վերաբերմունք ցուցաբերեցին անտուն, անօգնական, յուսաբեկ, որդակորոյս, որբ, սով ու ծառաւէ փրկուած մեր պապիկ ու տատիկները, հայրերն ու մայրերը, որոնք այս երկրին մէջ ու մասնաւորաբար այս քաղաքին մէջ, գտան ապաստան/պատսպարան եւ տարիներու ընթացքին նախ շտկեցին իրենց ողնասիւնը, անգամ մը եւս բարձրացուցին իրենց ճակատը, դիտեցին հորիզոններ, վերակազմեցին իրենց տաք բոյները եւ ընտանիքները․ կառուցեցին դպրոց, եկեղեցի, հաւաքավայր պահելու համար Մեսրոպեան տառերով հայոց լեզուն, Գրիգոր Լուսաւորիչի շունչով աղօթքը, Հայկ նահապետի եւ Արամ Մանուկեանի կորովով արձանագրուած հայոց պատմութիւնը։
Բիւր շնորհակալութիւն եւ յարգանք Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին եւ անոր ողջամիտ ղեկավարութեան։
Վեց դար ստրուկ ապրած տարաբախտ հայ ազգի զարթօնքի բարեբախտ օրերուն հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած սկաուտական/մարզական միութիւնը՝ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, այսօր 106 տարեկան է։
106 տարեկան, բայց միշտ երիտասարդ, եռանդ ու ոգեւորութիւն վարակող,
106 տարի անաղմուկ եւ կարգապահ շարքերով տողանցող, բայց հոգիներ թնդացնող,
106 տարի Արարատ ու Եռագոյն կրող նոյն, բնաւ չմաշող, բայց յարգանք պարտադրող տարազով,
106 տարի շարունակ ու աննահանջ, հակառակ հալածանքներու, արգելքներու եւ խոչընդոտներու, յամառեցաւ բոլոր գլուխներէ վեր բարձրացնել ու ծածանել Հայաստանի Հանրապետութեան Եռագոյն դրօշը եւ շեփորահարել Ազգային Օրհներգը՝ «Մեր Հայրենիք»-ը,
106 տարի ընտանիքի եւ դպրոցի կողքին, եղած է դաստիարակող հայ պատանին եւ երիտասարդը ըլլալու բարի, ազնիւ, աշխատասէր, ազգասէր ու հայրենասէր հայորդի,
106 տարի եղած է «ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ»-ը եւ «ԼԱՒԱԳՈՅՆ»-ը ։
106 տարի եւ տակաւին նահատակ ցեղի անմահները, վրէժի զրահները, հսկայ նուիրման հրաթեւ տորմիղը, կամաւոր բանակը կը շարժի յառաջ, դրօշ եռագոյնը կոթողելու կատարն հայրենի լեռանց հեռագոյն։
Փառահեղ Երթ։
Այս երթի իրագործման մէջ գլխաւոր դերակատարութիւն վերցուցած Հ․Մ․Ը․Մ․ի շրջաններէն մէկը եղած է Սուրիոյ կառոյցը, որ տասնամեակներ շարունակ իր կազմակերպական բծախնդրութեամբ, անսակարկ ծառայութեամբ, անշեղ սկզբունքայնութեամբ, գիտակից իր շարքերով մղիչ ուժը հանդիսացած է միութեան երթի յաջող ընթացքին։
Փաստ՝ Հ․Մ․Ը․Մ․ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու կամ տարբեր գաղութներու մէջ հաստատուած կազմակերպութիւններու գործունեայ տարրերու յարգելի տոկոսը կը կազմեն Սուրիայի մեր մասնաճիւղերուն մէջ հասակ նետած տարազաւորները։
Եւ վստա՛հ այլ որակի վերաբերում, պակասաւոր նուիրում կամ անբաւարար կազմակերպուածութիւն կարելի չէր սպասել Զարեհաշնորհ հովանաւորութեան տակ գործող մեր Սուրիոյ կառոյցէն։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 106-ամեակի տօնակատարութեան այս ձեռնարկին անգամ մը եւս լսենք մեր միութեան յղուած սրբազան ուղերձ մը.-
«Հայ ազգի կեանքին մէջ պատահած հրաշքներէն մէկն է, անտարակոյս, կազմութիւնն ու զարգացումը Հ.Մ.Ը.Մ.ին, որպէս կոթող անցեալի փառքին ու գրգիռ՝ ապագայի առաւել փառաւոր գործունէութեան։
Ըստ մեզի, որ այս հրաշալի կազմակերպութեան մեղուաջան աշխատանքին ու յարաճուն վերելքին ականատես վկան ենք մօտ քսան տարիներէ ի վեր, Հ.Մ.Ը.Մ.ը չէր եւ հետագային երբեք պէտք չէ ըլլայ հայ պատանիին միայն ֆիզիքական ուժին զարգացումին ազդակը, այլ՝ առողջ մարմնին մէջ, առողջ հոգիին հետ պէտք է կերտէ անոր նկարագիրը, որուն դրոշմէ նաեւ բիւրեղանման եւ անվիճելի հայկականութեան ազգային կնիքը։
Քսաներորդ դարու աշխարհացունց գիւտերու եւ աննախատեսելի վերիվայրումներու շրջանին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի գլխաւոր եւ նախախնամական պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ կերտումը այդ նկարագրին, որպէսզի հայ ազգի կանչին, տագնապի մէջ կամ ուրախութեան առիթով, իր ամբողջ կարելիութեամբ կարենայ պատասխանել՝ «ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ»։ Ու յարատեւ բարձրանայ, իրեն հետ բարձրացնելով անոնք, որոնք նիւթեղէն եւ հոգեկան իրենց աչքերը սեւեռած կը մնան Հ.Մ.Ը.Մ.ին ու այս՝ իրաւամբ։»
Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Վեհափառ Տէ՛ր, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը հաւատարիմ է ձեր պատգամին. Մասնաւորապէ՛ս, Սուրիոյ ձեր սրտի մօտիկ շրջանը:
Վարձքը կատար Հ․Մ․Ը․Մ․ի այս միջնաբերդը հիմնողներուն, քար առ քար անոր պարիսպները բարձրացնողներուն եւ մինչեւ օրս զայն անառիկ պահողներուն։
Կրկնակի վարձքը կատար, բոլոր Հ․Մ․Ը․Մ․ականներուն, որոնք պատնէշի վրայ մնացին ու ղեկավարեցին Սուրիոյ գաղութի գոյութիւնը, ու այդ կարգին մեր կառոյցը, ըլլայ այդ 1960-ական թուականներու հալածանքներու ժամանակաշրջանին կամ 2011-էն սկսեալ եւ շուրջ 12 տարիներու վրայ երկարած Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած միջազգային պատերազմի օրերուն։
Յիշատակը անթառամ մնայ այս երկու ժամանակաշրջաններու բոլոր նահատակներուն Սահակ Նալպանտեանէն մինչեւ Րաֆֆի Պչաքճեան:
Այսօր մենք բացակայ չենք դներ եղբ. Յարութ Բանոյեանը, եղբ. Յակոբ Աստարճեանը եւ եղբ. Մոսիկ Սեքլեմեանը, որոնք 4 տարի առաջ, այս պահուն իրենց զինակիցներու հետ Շուշիի ինքնապաշտպանութեան մարտերը կը մղէին ազերի-թուրք բանակներուն դէմ, եւ 5 Նոյեմբերին հաւատարիմ իրենց երդումին վասն Հայրենեաց կը նահատակուէին ու կը մտնէին Հայ քաջարիներու Պանթէոն:
Նրանք ընկան կռիւներում
Բայց ապրում է հոգին նրանց
Ապրողների հոգիներում.
Պատիւը Ձերն է։
106 տարիներու յաջողութիւններու եւ իրագործումներու նշումը չհանգստացնէր մեր ներաշխարհը,
-որովհետեւ մեր բազկերակը կը բաբախէ հայու ազգային զգայարանքներու կշռոյթով, բայց 9 Նոյեմբեր 2020էն ետք այդ կշռոյթը մեզի հարազատ չէ:
-որովհետեւ, 9 Նոյեմբեր 2020էն ետք ազատագրելի Արարատի լանջերուն բանակելու մեր սկաուտ տարազաւորներուն երազն իսկ ապօրինաւոր կը նկատուի,
-որովհետեւ, 9 Նոյեմբեր 2020էն ետք ազատագրելի Տարօնի Բագրեւանդ գաւառի մէջ մեր Նաւասարդեան խաղերը վերականգնելու կամքը թշնամական գաղափար կը սեպուի,
-որովհետեւ, «Քանի Արցախը կայ, լաւ չենք ապրելու» թեզը քարոզողները ու Արցախը բեռ նկատող անոնց հերեւորդները կը շարունակեն իրենց դաւադիր ծրագրերը:
Վաղո՜ւց տաճարը ներսից քանդողները ու իրենց ձեռքով թշնամիին սուրը սրողները՝ այսօրեայ խունթան, կրկնօրինակն են Վասակ Սիւնիի, Մելիք Ֆրանկիւլի:
Սակայն մենք՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներս, Վարդան Մամիկոնեանի, Դաւիթ Բէկի ծոռները, ամենամարդաշատ, ամենատարածուած, ամենաժողովրդական միութեան անդամներ, Ազգն ու Հայրենիքը գերադաս արժէքներ դաւանող միութենականներ.-
– Պիտի չհաշտուինք դաւաճանական պարտութեան հետ,
– Կառչած պիտի մնանք մեր ազգային արմատներուն,
– Պատուով պիտի շարունակենք մեր ազգանուէր ու հայրենանուէր առաքելութիւնը,
– Անհպելի պիտի պահենք մեր ազգային արժէհամակարգը՝ լեզու, կրօնք, մշակոյթ, ընտանիք, պատմութիւն, բարքեր,
– Բուռն պիտի պայքարինք կառոյցներ կազմաքանդող համաշխարհայնացման ալիքներուն ու աղանդաւորական հոսանքներուն դէմ,
Ու պատրաստ ըլլանք երբ տայ զանգը, ահազանգը, ու գահին նստած Հայ իշխանը հայ տառերով գրէ հայոց հրաման շարժիլ յառաջ դէպի Արցախ, Տիգրանակերտ, Մուշ, Բայազիտ ու վան,
Որ մեր հոգու պարտքը տանք:
Յակոբ Խաչերեան
Հալէպ, 3 Նոյեմբեր 2024