Տեղի ունեցաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 106-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն
10 Նոյեմբեր 2024
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ.Վարչութեան, Կիրակի, 3 Նոյեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 106-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն։
Սոյն հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեան, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչը, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովի անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան, ՀՕՄ-ի կեդրոնական Վարչութեան անդամ Սիրան Ամպարճեան, մշակութային, մարզական, բարեսիրական միութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ՀՄԸՄ-ական քոյրեր ու եղբայրներ:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, դաշնամուրի կատարողութեամբ Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեանի:
Օրուան հանդիսավարներն էին Շրջանային Վարչութեան ատենադըպրուհի Անի Մինասեանն ու Շրջանային Սկաուտ Խորհուրդի անդամ Վանենի Մինասեան- Պէպէճեանը։
Հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Շրջանային Վարչութեան անդամ Աբիկ Խաչոյեանը։ Ան յայտնեց, որ միութիւնը այսօր կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ եւ կը պայքարի այլասերումի ու օտարացումի վտանգներուն դէմ, սակայն շնորհիւ ՀՄԸՄ-ականներու բարձր գիտակցութեան, հասակ պիտի առնեն վեհ սկզբունքներով օժտուած նորահաս սերունդներ։
Հանդիսատեսները հետեւեցան ՀՄԸՄ-ի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ 5 մասնաճիւղերու հիմնադրութեան պատմութիւնները ներկայացնող տեսերիզի մը, որ պատրաստուած էր Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամ Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեանի կողմէ։
Գեղարուեստական յայտագրով ներկայացուեցաւ փունջ մը ազգային երգեր, կատարողութեամբ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին, խմբավարութեամբ՝ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի։ Ապա, Մկօ Ղազարեան (դաշնամուր) եւ Շողեր Տէր Յովհաննէսեան (ջութակ) ներկայացուցին Արա Գէորգեանի «Արցախ»-ը։
Արինա Պօշկէզէնեան, Աննա Պետրոսեան եւ Համազասպ Շաքարեան ասմունքեցին Մուշեղ Իշխանի «Երգ Շքերթի» եւ Ժագ Յակոբեանի «Յաղթերգութիւն» քերթուածները։ Ասմունքի պատրաստութեան հսկեց Արա Մութաֆեան։
Տօնակատարութեան բանախօսն էր՝ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Յակոբ Խաչերեան, որ երախտագիտութեան իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին եւ անոր ողջամիտ ղեկավարութեան, որոնց նախնիները եւ իրենց զաւակները գրկաբաց եւ սիրով, գորովագին ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած անտուն, անօգնական, յուսաբեկ, որդեկորոյս, որբ, սովէ ու ծարաւէ փրկուած մեր պապիկներն ու մամիկները, հայրերն ու մայրերը, որոնք այս երկրին մէջ, յատկապէս այս քաղաքին մէջ ապաստան ու պատսպարան գտան եւ տարիներու ընթացքին նախ շտկեցին իրենց ողնասիւնը, անգամ մը եւս բարձրացուցին իրենց ճակատը, վերակազմեցին իրենց տաքուկ բոյներն ու ընտանիքները, կառուցեցին դպրոց, եկեղեցի, հաւաքավայր՝ պահելու համար Մեսրոպեան տառերով հայոց լեզուն, Գրիգոր Լուսաւորիչի շունչով աղօթքը, Հայկ Նահապետի եւ Արամ Մանուկեանի կորովով արձանագրուած հայոց պատմութիւնը։
Եղբ. Խաչերեան հաստատեց, թէ 106- տարեկան ՀՄԸՄ-ը, հակառակ բոլոր հալածանքներուն եւ խոչընդոտներուն, աննահանջ կերպով կը շարունակէ իր փառահեղ երթը։ (Բանախօսութիւնը ամբողջութեամբ՝ թերթի սոյն թիւի էջ 4-ի վրայ)։
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան խօսքը արտասանեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ եղբ. Յարութ Օգճեան:
Ան նախ անդրադարձաւ 106 ամեայ ՀՄԸՄ-ի փառքին ու փայլուն յաղթանակներուն, ապա մատնանշեց մարմնամարզի կողքին Միութեան ունեցած կարեւոր դերը հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու նոր սերուդին մէջ։
Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցան առաջնորդ սրբազան հայրը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Աւետիս Տէրվիշեան եւ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Յարութ Օգճեան կատարելու Ծառայութեան շքանշանի տուչութիւն տարիներու ծառայութիւն ունեցող հետեւեալ ՀՄԸՄ- ականներուն.- Եղբ. Հայկազ Ասատուրեանի Եղբ. Պատրիք Չրաքեանի Եղբ. Վիգէն Մարաշլեանի Քոյր Մարիա Սէրայտարեանի Եղբ. Խոսրով Մանսուրեանի Եղբ. Սուրէն Մանսուրեանի Եղբ. Յարութ Ղազարեանի Եղբ. Զաքար Ղազարեանի Եղբ. Ռաֆֆի Նազարեանի (յետ մահու)։
Այնուհետեւ Շրջ. Վարչութեան անունով առաջնորդ սրբազան հօր եւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին փոխանցուեցան յուշանուէրներ։
Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը։ Ան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացի՛ր-Բարձրացո՛ւր» նշանաբանը, որ կ’արձագանգէ դար մը եւ աւելի, կ’արտայայտէ անձնդիր ծառայութիւնը անոր անդամներուն՝ սրբազան առաքելութիւն ունենալով հայակերտումի, ազգակերտումի, սերունդներ պատրաստելու եւ զանոնք առաջնորդելու ազգին, ժողովուրդին եւ հայրենիքին հանդէպ հաւատարմութեամբ գործելու։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով։