Մեր խօսքը
28 Դեկտեմբեր 2024
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը եւ գրատարածը ամբողջացուցին 93-րդ տարուան գործունէութիւնը։ Հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական անկայուն կացութեան եւ վերջին ամիսներուն պատերազմական ծանր իրավիճակին, հաստատութիւնը անխափան շարունակեց իր գործունէութիւնը եւ Համազգայինի գրադարանը հարստացուց մանկական եւ այլ հրատարակութիւններով եւ նոր դասագիրքերով։ Այս տարի հաստատութեան ելեկտրոնային գրադարանը նաեւ հիմնական վերափոխումի ենթարկուեցաւ եւ օժտուեցաւ աւելի դիւրամատչելի եւ գործնական ծրագիրով։ Հաստատութեան գրապահեստը վերադասաւորուեցաւ եւ «Մելաքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանին մէջ կառուցուեցաւ նոր գրապահեստի կեդրոն մը, ուր դասաւորուեցան Հ․Յ․ Դաշնակցութեան եւ Համազգայինի բոլոր հին հրատարակութիւնները։
Այս տարուան յատկանշական գործունէութիւններէն հանդիսացաւ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին առիթով 100 բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյի հրատարակութիւնը եւ այս առիթով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հետ գործակցաբար շնորհահանդէսի իրականացումը։ Աշակերտական եւ այլ հաւաքական բազմաթիւ ձեռնարկներով կարելի դարձաւ 10 օրերու վրայ երկարող համապարփակ ծրագիրով մը՝ Սեւակին շունչը եւ բանաստեղծութիւնը համակող դարձնել մեր միջավայրին մէջ։ Այս առիթով 1850 հատոր մուտք գործեց հայկական օճախներուն մէջ։
Այս տարեշրջանին կազմակերպած էինք գիրքերու համահայկական ցուցահանդէս։ Այս ցուցահանդէսի կողքին ու անոր ընթացքին ծրագրած էինք նաեւ կլոր սեղաններ, գիրքերու շնորհահանդէսներ եւ այլ քննարկումներ, ինչպէս նաեւ աշակերտական եւ ուսանողական այլ նախաձեռնութիւններ։ Հայաստանէն կարեւոր թիւով հրատարակչատուներ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ գործող մեծ թիւով հրատարակիչներ խանդավառուած ընդառաջած էին մեր հրաւէրին։ Փաստօրէն հայ գիրքի փառատօն մը տեղի պիտի ունենար եւ լիբանանահայ գաղութին մէջ ստեղծէր գրական ու մշակութային յիշատակելի մթնոլորտ։ Դժբախտաբար, ցուցահանդէսի բացումէն քանի մը օր առաջ բռնկեցաւ պատերազմը եւ պարտաւորուեցանք հարկադրաբար ծրագիրը յետաձգել 2025 տարեշրջանին։
Ցուցասրահը շարունակեց իր գործունէութիւնը՝ հաւաքական ցուցահանդէսի կազմակերպումով եւ կարգ մը արուեստագէտներու նոր գործերու ցուցադրութեամբ։ Յոյսով ենք, որ 2025 տարեշրջանին խաղաղութեան եւ բնականոն պայմաններու հաստատումով պիտի յաջողինք անհատական ցուցահանդէսներու արդէն իսկ ճշդուած ծրագիրը իրականացնել։
Տարին կը փակենք այս տեղեկաբերով՝ ներկայացնելով մեր գործունէութեան ամփոփ պատկեր մը, յուսալով, որ 2025 տարին կը դառնայ բոլորիս համար բախտաբեր եւ խաղաղ տարի մը։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր ծրագիրներուն սատարած բոլոր հաստատութիւններուն եւ անհատներուն, որոնց զօրակցութիւնը մնայուն գրաւական է մեր ծրագիրներու յաջողութեան։
Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ։
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ