Ակնարկ. Կալուածային Խնդիրներէն Անդին
22 Փետրվար 2025
Երուսաղէմի պատրիարքութեան կալուածներու խնդիրը իրաւական գետնի վրայ կը բացատրուի կուտակուած պարտքերու դիմաց առնուած քայլով: Երուսաղէմի քաղաքային իշխանութիւնները առաջադրած են բռնագրաւել կալուածները, աճուրդի հանել եւ այդպիսով մարել պատրիարքութեան տասնամեակներու վրայ կուտակուած պարտքը:
Այստեղ պարտքերու կուտակման, անոնց շիջման եղանակներու, կողմերու միջեւ կայացած համաձայնութիւններու եւ զուտ իրաւական լուծման մանրամասնութիւնները կը թուի, որ երկրորդական նշանակութիւն ունին: Պարզ է, որ պարտքերու կուտակումը վարչակառավարման բացթողում կ՛ենթադրէ, մանաւանդ եթէ այդ ուղղութեամբ շիջման եղանակներ չեն որդեգրուած եւ տարիներու վրայ կարելի չէ եղած լուծումի յանգիլ:
Խնդիրը քաղաքական առանցք ունի: Այս կալուածները, որոնց նկատմամբ առաջին ոտնձգութիւնները չէ, որ տեղի կ՛ունենան, դարաւոր ժառանգութեան մաս կը կազմեն եւ հայութեան պատմական իրաւունքներուն մաս կը կազմեն:
Երուսաղէմը միաստուածեան կրօններու համաշխարհային կեդրոն է, ուր համատեղուած են այդ կրօններն ու անոնց հետեւող դաւանանքները: Այնքան մանրամասնութեամբ որոշուած են իւրաքանչիւրի չափաբաժինը, իրաւունքը, նոյնիսկ ծիսակատարութիւններու ընթացքին իւրաքանչիւրին վերապահուած իրաւունքը, արարողութիւն կատարելու յաջորդականութիւնը, սրբավայրերու դուռ բանալ-փակելու մենաշնորհները, որ ամբողջ համակարգ մը կը խարխլի, եթէ խախտին այդ օրինաչափութիւնները:
Աշխարհը ականատես կ՛ըլլայ տարբեր արարողութիւններու ընթացքին ծագած վէճերու, բռնութիւններու, կռիւներու, ուր իսրայէլեան իրաւապահ մարմինները ոչ անպայման զսպելու կամ կարգաւորելու նպատակով ծառայութիւններ կ՛իրականացնեն:
Կալուածներու այս խնդիրի արծարծումէն առաջ եւ անոր ընթացքին բազմաթիւ անգամներ հրեայ ծայրայեղականութեան ներկայացուցիչներ ուղղակի հայերը վտարելու կոչերով եւ համապատասխան գործողութիւններով հանդէս եկան հայապատկան թաղամասերու մէջ:
Կը թուի, որ այս անհանդուրժողականութիւնը կամ հակահայ գրգռութիւնները միայն ծայրայեղականութեան ակունքներէ չեն բխիր: Մանաւանդ Երուսաղէմի քաղաքային իշխանութիւնները կը հետեւին պաշտօնական Թել Աւիւին, յատկապէս Երուսաղէմ քաղաքի նոր կարգավիճակի ապահովման քաղաքականութեան առումով:
Պարզ է, որ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահը իր նախորդ պաշտօնավարման ընթացքին առաջադրած էր Երուսաղէմը դարձնել Իսրայէլի մայրաքաղաք: Այդ առաջադրանքի ուղղութեամբ որոշ քայլեր առնուեցան` դեսպանատուներու Երուսաղէմ տեղափոխումով: Կարգավիճակը չփոխուեցաւ սակայն: Թրամփի վերընտրութիւնը յայտնապէս կրնայ քաջալերած ըլլալ Թել Աւիւն ու Երուսաղէմի իշխանութիւնները:
Աւելի հեռանանք շարժառիթներու որոնման քաղաքական հայեցակէտերու առումով եւ նկատենք Իսրայէլ-Ազրպէյճան խորացող համագործակցութիւնը եւ ինչու չէ դէպի Պաքու ուղղուող ուղերձը այս բոլորին մէջ:
Թել Աւիւը անհանգիստ է «երկու պետութիւն» բանաձեւի հիման վրայ միջազգայնացուող օրակարգէն, ուր յստակ պատկերացում կայ նաեւ Երուսաղէմի կարգավիճակին մասին Արեւելեան, Արեւմտեան բաժիններով:
Միւս կրօններն ու դաւանանքները կալուածային յարձակումներու չեն ենթարկուիր հայոց նման: Այստեղ է, որ հայկական առաջնահերթութիւնը մտածել կու տայ Թել Աւիւ-Պաքու գործակցութեան մասին: Աւելի հեռահար կտրուածքով հարուածը կրնայ հասնիլ յոյներուն, լատիններուն, արաբներուն, որոնք այլապէս արդէն հալածանքի տակ են:
Դարաւոր ժառանգութեան մը կորուստին ահազանգը կը հնչեցնեն երուսաղէմահայութեան ներկայացուցիչները: Եթէ ընդունինք, որ խնդիրը պարտք կուտակել-մարելու մէջ չի կայանար, այլ քաղաքի մը կարգավիճակի վերափոխման, որուն ընդառաջ տարբեր կրօններու եւ դաւանանքներու ունեզրկումին, ապա պէտք է մտածել իրաւունքներու փրկութեան համար աւելի ընդգրկուն ներգրաւումի մասին` պետութիւն եւ սփիւռք հասկացողութեամբ:
«Ա.»
«Ազդակ»