Թրամփի Քաղաքականութեան Եւ Ռուս-Ամերիկեան Մերձեցման Մասին
22 Փետրվար 2025
«Ռոյթըրզ» 18 փետրուարին հաղորդեց, որ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներէն «Էմ.Քէյ.-84» տիպի ծանր ռումբեր ստացած է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ջնջած է իր նախորդին կողմէ այդ զինամթերքի արտածման արգելքը:
Թրամփ յայտարարած է, որ հակառակ զինադադարին` վերցուցած է Իսրայէլի ռումբերու արտածման արգելքը, որովհետեւ կը հաւատայ «ուժի միջոցով խաղաղութեան», գաղափար մը, որ ան առաջին անգամ յայտարարած էր յունուար 2017-ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը առաջին անգամ ստանձնելէ անմիջապէս ետք` իբրեւ այսօր եւս կիրարկուող «Նախ Ամերիկան» արտաքին քաղաքականութեան կեդրոնական առանցք:
«Ուժի ճամբով խաղաղութիւն» գաղափարը առաջին անգամ օգտագործուած է ՔԵ Բ. դարուն Հռոմէական կայսրութեան Հադրիանոս կայսրին կողմէ, եւ ատկէ ի վեր` բազմաթիւ ղեկավարներու կողմէ, եւ ինչպէս միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ ամերիկացի պատմաբան Անտրիւ Պաքեւիչ կը նշէ, շատ դիւրաւ կը վերածուի «պատերազմի ճամբով խաղաղութեան»:
Թրամփի արտայայտած այդ գաղափարը կը յիշեցնէ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի 6 յուլիս 2024-ին բռնագրաւուած հայկական Շուշիի մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ոչ պաշտօնական վեհաժողովի ընթացքին «բացարձակ յարգանք» յայտնելը Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին` «այս շրջանի հազարաւոր մարդոց խաղաղութեան մէջ ապրելու առիթ ընծայելուն համար»…
Թրամփ նաեւ 4 փետրուարին Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպումէն ետք անդրադառնալով Կազայի ապագային` յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի ստանձնէ վերահսկողութիւնը պաղեստինեան շրջանին, որ Միացեալ Նահանգներու սեփականութիւնը պիտի ըլլայ, եւ համոզում յայտնեց, որ Յորդանան ու Եգիպտոսը «մեզի հողեր պիտի տան կազացիներ այդտեղ տեղահանելու համար»: Ան քանի մը օր ետք դարձեալ յայտարարեց. «Յանձնառու եմ Կազայի գնման ու սեփականատիրութեան, եւ թերեւս անկէ բաժիններ Միջին Արեւելքի մէջ այլ պետութիւններու շնորհեմ»:
Այս բոլորը Արցախի բռնագրաւումին ու արցախահայութեան տեղահանութեան հետ զուգահեռներ կը յառաջացնեն եւ մտածել կու տան, որ Թրամփ կրնայ շատ դիւրին լեզու գտնել Ալիեւի հետ, եւ ինքնաբերաբար կը յանգեցնեն այն տրամաբանական եզրակացութեան, թէ պաղեստինցի ժողովուրդի տեղահանութեան շօշափելի առաջարկ մը ջատագովողն ու անոր իրականացման համար աշխատողը մէկ այլ տեղահանուած ժողովուրդի մը տունդարձին պիտի չաջակցի: Պարզ տրամաբանութիւնը այդ կը թելադրէ: Բայց եւ այնպէս, պէտք չէ մոռնալ, որ խօսքը Թրամփի մասին է, ուստի…
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 19 փետրուարին յայտնեց, որ Ռիատի մէջ գումարուած ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին ստեղծած համաշխարհային խնդիրներու լուծման համար աշխատանքի սկիզբն է: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, իր կարգին, յայտարարեց. «Առաջին քայլը առինք Միացեալ Նահանգներու հետ հասարակաց հետաքրքրութեան ոլորտներու վերաբերեալ, ներառեալ` Միջին Արեւելքի շուրջ աշխատանքը շարունակելու»:
Վերոնշեալը ենթադրել կու տայ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ վերադասաւորումներ տեղի պիտի ունենան, եւ Ուքրանիոյ հակամարտութեան աւարտով` իր ձեռնակապերէն ազատած Ռուսիան պիտի կարողանայ աւելի ազատօրէն ու աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ գործել:
Ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններու մեկնարկով, արդէն ընթացքի մէջ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան «աշխատանքը շարունակելու» ենթահողի պատրաստութիւնը:
Մինսքի խմբակի միջնորդական առաքելութեան վերականգնումով պիտի ամրապնդուի հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան խաղաղ միջոցներով կարգաւորման ընթացքը, եւ զուգահեռաբար նուազի Ազրպէյճանի կողմէ ուժի կիրարկման հաւանականութիւնը: Թուրք-ազրպէյճանական առանցքին կողմէ բռնի ուժի կիրարկմամբ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ստեղծումը զսպող իրանեան ազդակին վրայ պիտի աւելնայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի, իմա` ռուս-ամերիկեան, զսպիչ ազդակը: Նշեալ պտուղին հասուննալէն առաջ, սակայն, յառաջիկայ շաբաթները կրնան վտանգաւոր ըլլալ…
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ