Տերեւաթափ. Ժիրայր Յովհաննէսեան (1934-2025)
24 Փետրվար 2025
Իւրաքանչիւր անգամ որ հիմնադիր ընկեր կամ ընկերուհի մը կորսնցնենք, կ’ափսոսանք եւ կը ցնցուինք, որովհետեւ իւրաքանչիւրը ունի իր տեսիլքը, որ հաւաքական աշխատանքով, անվախ ու աննկուն կամքով ծրագրեց եւ գործադրեց՝ կազմելու, հաստատելու եւ հիմնելու մշակութային, կուսակցական, բարեսիրական, հոգեւորական կեդրոն, միութիւն, մասնաճիւղ կամ ընկերակցութիւն։ Վերջերս կորսնցուցինք շատ մը նուիրեալներ, իսկ 3 յունուարին՝ ընկեր Ժիրայր Յովհաննէսեանը, որ մեր Թորոնթոյի գաղութին սիւներէն էր։
Թաղման կարգը տեղի ունեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որուն կազմաւորման մէջ ալ մեծ եւ կարեւոր ներդրում ունեցած էր ընկերը։ Դագաղը ծածկուած էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) եւ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան դրօշակներով։ Երկուքին ալ արդարօրէն արժանի էր, ինչպէս տ. Տաթեւ աւ. քհն. Միքայէլեան արտայայտուեցաւ․ «Այս դրօշները յաղթանակի դափնեպսակներն են»։
Ժիրայր Յովհաննէսեանը ծնած է Հալէպ։ Վերապրող բալուցիներու զաւակ է։ Արհեստով մեքենագէտ, ինքնազարգացման վկայականով, կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւած՝ իր երգիծական ոգիով եւ աւելի լաւին ձգտելու աննահանջ կամքով։ Քաջաբար ճաշակած է 60-ական թուականներու Սուրիական կառավարութեան հալածանքները։ Ամուսնացած է Սոնա Խումայեանի հետ եւ 1966-ին, իր առաջին զաւկին՝ փոքրիկ Քրիսին հետ գաղթած են Գանատա, Սէնթ Քաթրինզ քաղաքը, ուր վարած է ՀՅԴ գործադիր մարմինի քարտուղարի պաշտօնը, ապա վերջնական կայք հաստատած է Թորոնթօ, 1968-ին։ Յաջորդ տարին Աբգարին, Շուշիկին, Վահէին, Ներսէսին հետ սկսած է ծրագրել, ապա հիմնել Համազգայինի Թորոնթոյի մասնաճիւղը։ Ստանձնած է վարչական պատասխանատուութիւններ եւ ընտրուած Գանատայի շրջանայինի ներկայացուցիչ։
Առաջին թատերական ներկայացումին՝ Շիրվանզադէի «Պատուոյ համար»-ին մէջ Սաղաթէլի կարեւոր դերը ստանձնած է, ապա բեմադրուած են Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար», Մուշեղ Իշխանի «Մեռնիլը որքա՜ն դժուար է», Ժագ Յակոբեանի «Կռունկը կը կանչէ» եւ այլ հետաքրքրական թատերգութիւններ։ Անկարելի է վաթսուն տարիներու գործունէութիւնը տեղաւորել սեղմ տողերու մէջ։ Այս բոլորին ընթացքին Ժիրայրը իր սրամիտ եւ զուարթ քերթուածներով մեզի դրական մթնոլորտի մէջ պահած է, ըլլայ ատիկա ուղղուած յանձնախումբերուն կամ Գանատայի կեանքին։ Չենք մոռնար, իր անգլերէն սորված ժամանակ, համր բաղաձայններուն մարտահրաւէրներու պատմութիւնը (knife & knee) կամ երթեւեկի ոստիկանին շուարցնելը՝ իր իսկ շուարած վիճակով։ Ընկերական հաւաքոյթներուն հանդիսավարն էր։
Իր գրաւիչ ձայնով՝ երկար տարիներ մասնակցած է Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին։
Իր զաւակները՝ Քրիսը եւ Սալբին, հարսը՝ Քրիստինը, փեսան՝ Թորսթընը, թոռները՝ Միան եւ Իննան ներկայացուցին իրենց հայրը եւ մեծ հայրը` հոգածու եւ սիրալիր բնաւորութեամբ։ Բացայայտ էր փոխադարձ սէրը։ Կեանքի խոհեմ դասերը, ոգեւոր հոգին միշտ իրենց հետ պիտի մնայ։
Ընկերուհի Թամար Տօնապետեան Գուզուեան՝ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամը, յուզիչ եւ տպաւորիչ կերպով երկլեզու ներկայացուց ընկեր Ժիրայրը եւ անոր ներդրումը։ «Թորոնթոհայ»-ը ամբողջութեամբ պիտի հրատարակէ զայն։
Սեւան Հաճիարթինեան փոխանցեց հետեւեալը․ «Թարգմանը հանդիսանալով ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան շարքերու զգացումներուն՝ կը հաստատեմ, որ մեր շրջանը կորսնցուց կուսակցական, գաղափարական հաւատամքին, քաղաքական ուղիին հաւատարիմ եւ ջատագովը հանդիսացող ուղղամիտ կուսակցական մը։» Սեւան Հաճիարթինեան իր խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնեց տիկնոջը՝ ընկերուհի Սոնային, զաւակներուն եւ թոռներուն, հանգուցեալ ընկերոջ ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն, նաեւ մեր բոլոր ընկերներուն եւ համակիրներուն, որոնք մօտէն ծանօթացած, յարաբերած եւ գործակցած են ընկ․ Ժիրայրին հետ։ Ընկերուհին աւարտին հրաժեշտի խօսքով ըսաւ․ «Երթդ բարի, ընկե՛ր Ժիրայր։ Հոգիիդ ճախրանքը յաւերժանայ, ընկե՛ր»։
Ընկեր Յովհաննէսեանի ընտանիքի անդամները եւ հարազատները շատ լաւ կազմակերպած էին թաղումը եւ հոգեճաշը։ Դուստրը՝ Սալբին, նախապէս տեսերիզի վրայ արձանագրած էր հօրը կեանքին կարեւոր անդրադարձները, ինչպէս իր ծանօթացումը Սոնային հետ, առաջին գործը Գանատայի մէջ եւ այլ զուարթ ու հաճելի կեանքի փորձառութենէն դրուագներ։
Իր ընտանիքը «կեանքի տօնախմբութիւն» անուանած էր հոգեճաշը։ Արդարեւ բոլոր լուսանկարները եւ մեր յիշատակները այդ ցոյց կու տան։
Երեսուն տարիներ առաջ Ժիրայրը շատ լուրջ գործողութեան մը ենթարկուեցաւ։ Այդ ժամանակ բժիշկները առաւելագոյնը տասը տարի կեանք տուին, բայց ապրեցաւ երեսուն տարի։ Ատիկա կը պարտինք իր կնոջը՝ Սոնային, որ աչալուրջօրէն հսկեց Ժիրայրին առողջութեան։ Իսկ ինքը՝ Ժիրայրը, ամբողջ կեանքի ընթացքին մեծ համարում, յարգանք եւ սէր ունէր իր կնոջ հանդէպ։ Երբեք արգելք չեղաւ Սոնային գրական տաղանդներուն, այլ քաջալերեց եւ գովեց։
Ընկեր Ժիրայրը Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերէն եւ հոգաբարձութեան անդամներէն ստացած եկեղեցւոյ քառասունամեակին կազմակերպուած «Մտերմիկ երեկոյ»-ի մը հրաւէրին առթիւ կ’ըսէ․ «Ամէն սերունդի չի վիճակուիր գաղութ հիմնել զերոյէն։ Վաթսուն տարիներ առաջ այսօրուան Թորոնթոյի գաղութը «չհերկուած արտ» էր, մենք ալ Միջին Արեւելքէն ներգաղթած բուռ մը անփորձ երիտասարդներ, որոնց վիճակուեցաւ հերկել, ցանել, ջրել, բերք աճեցնել, հոգեւոր հաց թխել եւ ազգային սովէ փրկել…։ Ինչ որ կայ այսօր, արդիւնքն է անցեալի անգնահատելի Զոհողութեան, անմնացորդ Նուիրումին եւ անշեղ Հաւատքին։ Փառք Աստուծոյ, որ նուիրական դրօշարշաւը կանգ չէ առած եւ կը շարունակէ իր մարոթանական վազքը»։
Արդարեւ, մենք շատ բան կը պարտինք մեր հիմնադիր սերունդին, որ առանց գործի, եկամուտի եւ բնակարան ունենալու ապահովութեան, նետուեցաւ գաղութաշինութեան, եւ այժմ նոր սերունդը ստանձնած է իրեն յանձուած յանձնառութիւնը։
Այո՛, երթդ բարի, ընկե՛ր Ժիրայր Յովհաննէսեան։