Ձեւախեղում ազգի ու հայրենիքի գաղափարներուն
25 Փետրվար 2025
Այս անգամ Նիկոլ Փաշինեան ուղերձով դիմեց Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին: Կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի նիստերուն ընթացքին կատարուած յայտարարութիւններէն, սփիւռքի քանի մը գաղութներու մէջ հայրենակիցներու ընտրովի խումբի մը հետ հանդիպման ընթացքին կատարուած մտորումներէն ետք, Նիկոլ Փաշինեան հարկ համարած է չորեքշաբթի, 19 փետրուարին ամփոփելու ազգի, հայրենիքի եւ պետութեան մասին իր համոզումները եւ եզրակացութեամբ հանդէս գալու: Տասնչորս կէտերու մէջ ամփոփուած մտորումներուն մէջ որեւէ նորութիւն չկայ. բոլորին մասին խօսուած է եւ վերլուծուած: Կրկնելու կարիք չկայ հայրենիք եւ պետութիւն շփոթող, անցեալը մերժող եւ ապագան ներկայով սահմանափակող նոր քաղաքական վարքագիծի մասին կրկնուած գաղափարները, որոնք Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ որակաւորուած են իբրեւ «իրական Հայաստանի» գաղափարախօսութիւն:
Ըստ Հայաստանի վարչապետին, այս գաղափարախօսական գիւտը պէտք է ամրագրուի Հայաստանի Հանրապետութեան նոր սահմանադրութեամբ, որուն մշակման անհրաժեշտութիւնը հանրայնացնելու նպատակով կատարուած է ուղերձը: Նախկին ու ներկայ սահմանադրութիւնները, ըստ վարչապետին, ժողովրդային ընկալման մէջ օրինականութեան խնդիր ունին. նորը այդպէս պիտի չըլլայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը անթերի չէ: Ամէն սահմանադրութիւն գործադրութեան ընթացքին կրնայ երեւան բերել թերութիւններ: Մեր սահմանադրութեան գլխաւոր թերութիւնը վարչապետին տրուած անսահման լիազօրութիւններն են, որոնք այնքան շատ են, որ իբրեւ խորհրդարանական որդեգրուած սահմանադրութիւնը դարձած է վարչապետական, աւելի կեդրոնացեալ, քան նախկին նախագահական, ապա կիսանախագահական սահմանադրութիւնները:
Կեդրոնացեալ այս դրութիւնն է, որ Նիկոլ Փաշինեանին հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ իր սեփական մտածողութենէն բխած համոզումները փաթաթելու հայութեան վզին ու հանդէս գալու ոչ միայն իբրեւ գործադիր իշխանութեան ղեկավար, այլեւ իբրեւ ազգի գաղափարական առաջնորդ:
Քուէարկութեամբ արդարօրէն ընտրուած անձնաւորութիւնը, որքան ալ հանճարեղ եղած ըլլայ, իրաւունք չունի հայոց պատմութիւնը շրջանցող գաղափարներով պետականութեան նոր տարազում հրապարակելու ու անոր հանրային վաւերացումը առաջադրելու: Նման գաղափարական առաջադրանքներ պէտք է արդիւնք ըլլան ոչ միայն խորհրդարանական քննարկումներու, այլեւ մտաւորական ոլորտի առաջնորդութեամբ հանրային լայն լսումներու: Վարչապետն ու խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ընտրուած են երկիրը կառավարելու համար, համաձայն իրենց նախընտրական ծրագիրին եւ անկէ բխած կառավարական ծրագիրին:
Սահմանադրութիւն փոխելու համար առաջ քաշուած գաղափարները կը հակասեն վերոյիշեալ ծրագիրներուն: Հայաստանի ժողովուրդը չէ որոշած, որ պէտք է փոխուի Անկախութեան հռչակագիրը: Ընտրողները չեն որոշած, որ պատերազմին պարտութեամբ պայմանաւորուած ամէն գնով Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր պիտի կնքէ Հայաստան: Այս գաղափարներուն գոյութիւնը, ժողովրդավարական միջավայրի մէջ, արգիլուած չէ: Սակայն արգիլուած է զանոնք ենթարկել հանրաքուէի, առանց հանրային բաց ու համապարփակ քննարկման: Արեւմտեան Հայաստանը Արեւելեան Թուրքիա կոչելը եւ այս ու նման գաղափարներու վերջնականապէս ու սահմանադրօրէն ամրագրում, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը իբրեւ որոշում չեն վերաբերիր ո՛չ գործադիր, ո՛չ իսկ օրէնսդիր իշխանութիւններուն: Անոնք կրնան այս գաղափարները ներկայացնել, իբրեւ առաջարկ, հանրութեան, տակաւին` ամբողջ ազգին, Հայաստան եւ սփիւռք միասին: Ազգ ու հայրենիք դարերու հոլովոյթով ստեղծուած են եւ կը կազմեն մարդկային ընկերութեան զարգացման վերջնական փուլը: Այս իրողութեան անտեսումը հայութիւնը կը զրկէ իր էութեան ստորոգելիներէն ու կը դարձնէ միայն ստամոքսով ու վաղանցուկ հաճոյքներով գոհացող անդիմագիծ զանգուածի մը:
Իրենց հակասութիւններուն մէջ խճճուած Հայաստանի իշխանութիւնները որոնումի մէջ են, միջոցներ կը փնտռեն իշխանութիւնը պահպանելու համար: Ի հարկին` վերարտադրուելու համար: Համայնավարական վարչաձեւէն ժառանգուած գործելաձեւը ուրիշ բան չէ, քան ժողովրդավարութեան քողին տակ ծուարած փափուկ ամբողջատիրութիւն մը, որ կը յաւակնի ոչ միայն բռունցքով կառավարել երկիրը, այլ ըստ կամս ձեւախեղել հայ ազգի ու հայոց հայրենիքի գաղափարական դաւանանքը:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ազդակ