Այսօր հայրենի մեր ժողովուրդը պատմական ու ժամանակակից անհրաժեշտ բոլոր տուեալները ունի, Հայաստանի ու հայութեան ճակատագիրը վստահելու իր ծոցէն ծնած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
26 Փետրվար 2025
Ստորեւ կը ներկայացնենք 22 Փետրուան 2025-ին, Գեմպրիճի մէջ տեղի ունեցած Դաշնակցութեան 134-ամեակի տօնակատրութեան ընթացքին պատգամաբեր բժ. Ռազմիկ Պէպէճեանի արտասանած խօսքը.
Յարգելի՛ ներկաներ.
134 տարիները մեծ աղերս ունեցած են Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութեան հետ: Անոնք օրկանական անքակտելի կապերով նոյնացած են իրարու հետ: Ահա թէ ինչու հայ ժողովուրդը համոզուած է ու միշտ կը կրկնէ, թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած կազմակերպութիւն է, քանզի ան կեանքի կոչուած է հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենասարսափելի արհաւիրքներու դարաշրջանին:
Անոր համար բաւ է յիշել, հիմնադրութեան առաջին 25 տարիներուն հայ ժողովուրդին նորագոյն պատմութեան ամենաահռելի 4 ջարդերը՝ Համիտեան զոյգ ջարդերը, Ատանայի ջարդը եւ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը:
Այդ պատճառով է, որ մեծ շուքով կը նշենք ՀՅԴ-ի տօնը, որ նուիրուած է Դաշնակցութեան կազմակերպական գործունէութեան ինքնարժեւորման եւ երդուեալ դաշնակցականներու ուխտի վերանորոգման. այն լաւագոյն շարժառիթն է Դաշնակցութեան հետ անկեղծանալու եւ անոր հետ ազգային ու քաղաքական հայեացքներ ու մտահոգութիւններ կիսելու։
Այսօր Արցախը ամբողջութեամբ հայաթափուած է եւ կը գտնուի Ատրպէյճանի լուծին տակ, ուր Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան խօսոյթին մէջ անհետացած են Արցախ կամ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւն եզրոյթները:
Միւս կողմէն, սփիւռքի աւանդական կարեւորագոյն երեք մայր գաղութները՝ Սուրիան, Լիբանանն ու Պարսկաստանը, ներկայիս կը դիմագրաւեն քաղաքական, ռազմական ու տնտեսական լրջագոյն մարտահրաւէրներ:
Իսկ մեր յոյսի ապաւէն հանդիսացող Հայաստան աշխարհը, այսօր հայրենի ներկայ ապազգային իշխանաւորներուն որդեգրած սխալ ու արկածախնդիր քաղաքականութեան հետեւանքով, կորսնցուցած է իր քաղաքական կարեւորութիւնն ու հեղինակութիւնը, միաժամանակ քանդելով իր յարաբերութիւնները տարածաշրջանի բարեկամ ու դաշնակից երկիրներուն հետ, մնացած է մեկուսացած ու անպաշտպան:
Հայաստան նաեւ կորսնցուցած է իր դիմադրելու ունակութիւնը Ատրպէյճանի ամէնօրեայ ռազմահունչ սպառնալիքներուն դիմաց։ Այսօր Հայաստանի իշխանութեան հարուածներու թիրախ դարձած են հայ ժողովուրդի պատմական արժէքներն ու ժառանգութիւնները: Այսօր հալածանքի կ’ենթարկուին ազգային կազմակերպութիւնները, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, հայ եկեղեցին ու ազգային գաղափարախօսութիւնը: Ահա թէ ինչու այսօր հայոց պատմութեան փոխարէն մեզի կը հրամցնեն Հայաստանի պատմութիւնը, իսկ Արարատի փոխարէն` Արագած:
Անոնք նոյնիսկ կը փորձեն փոխել Հայաստանի խորհրդանիշները` քայլերգը, հռչակագիրն ու սահմանադրութիւնը:
Իսկ վերջերս, սարսափելի սառնասրտութեամբ, Հայաստանի իշխանութեան կողմէ քաղաքական ու քարոզչական բեմերու վրայ, շրջանառութեան մէջ դրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստերը վերատեսութեան ենթարկելու փորձեր:
Այսօր նաեւ ամբողջ աշխարհը կանգնած է պատմական մեծ փոփոխութիւններու ընդառաջ:
Այս առումով արդէն կարելի է նկատել պատերազմական մեծ գործողութիւններու դադրեցման նշանները, միջազգային քարտէսներու փոփոխութիւնները, գերպետութիւններու ազդեցութեան գօտիներու նոր բաժանումները, նոր դաշինքներու կազմութիւնները, տնտեսական նոր օրէնքներու սահմանումը, եւ վերջապէս արհեստական իմաստութեան (artificial inteligence) կիրարկման նոր դարաշրջանի ստեղծումը:
Յարգելի՛ ներկաներ.
Հետագայ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու դարաշրջանին մէջ նպաստաւոր չէ, որ Հայաստանը ներկայացուած ըլլայ այսօրուան իր ձախողած վարչախումբով, որովհետեւ՝
Ա.- Հայաստանի ներկայ վարչախումբը լրիւ տապալած է իր արտաքին քաղաքականութիւնը, եւ անկարող է պաշտպանել հայ ժողովուրդին շահերը:
Բ.- Հայաստանի կառավարութիւնը իր սխալ ու ազգակործան քաղաքականութեամբ կորսնցուցած է թէ՛ հայ ժողովուրդին եւ թէ՛ տարածաշրջանի երկիրներուն վստահութիւնը:
Միւս կողմէն կարելի է, որ դրական նոր հորիզոններ բացուին Հայաստանի ընդառաջ, եթէ շտապ ու անյապաղ իշխանութեան հասնի նոր վարչախումբ մը, որ դաւանի ազգային արժէքներ եւ որդեգրէ ազգանպաստ ու հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն:
Նշեալ աշխարհաքաղաքական կարեւորագոյն իրադարձութիւններու դարաշրջանին, Հայաստանի փրկութեան յոյսն ու երաշխիքը կը հանդիսանան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ազգային գաղափարախօսութիւնն ու դաւանած ընկերային արդարութեան հաւատամքը, հետեւեալ պատճառներով.
– Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդը ներկայացնող համահայկական միակ կազմակերպութիւնն է, որ ունի 134 տարուան քաղաքական փորձառութիւն եւ ներկայութիւն է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի քաղաքական բեմերուն վրայ:
– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը համահայկական միակ կազմակերպութիւնն է, որ իր սփիւռքեան կազմակերպ կառոյցներով եւ հայ դատի գրասենեակներով, կարողութիւնը ունի սփիւռքի ողջ ներուժն ու կարողականութիւնը ծառայեցնելու Հայաստանի զարգացմանն ու հզօրացման:
– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Հայաստանի ապագայ զարգացման նկատմամբ ունի յստակ ազգային տեսլական, որոնք ամփոփուած են հետեւեալ կէտերուն մէջ.
Ա.- Արցախի նկատմամբ.
Դաշնակցութեան համար այս հանգրուանին Արցախի գծով չափազանց կարեւոր են հետեւեալները.
– Արցախահայութեան համար պէտք է ապահովել ազգային եւ միջազգային մարդասիրական բոլոր տեսակի օժանդակութիւնները, որպէսզի անոնք չարտագաղթեն Հայաստանէն:
– Ատրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշումներ բանեցնելով փորձել ամէն գնով ազատ արձակել Արցախի ռազմաքաղաքական գերեվարուած հայ ղեկավարները:
– Անհրաժեշտ է գործօն վիճակի մէջ պահել Արցախի պետական կառոյցները, պահպանելու համար անոր պետական հիմքերը:
– Միջազգային յստակ երաշխիքներով, պէտք է վերականգնել արցախահայութեան ինքնիշխան եւ ապահով կեանք մը ապրելու հնարաւորութիւնը Արցախի մէջ:
Բ.- Սփիւռքի առնչութեամբ.
– Դաշնակցութեան համար հայկական սփիւռքը, իր բազմաբնոյթ հնարաւորութիւններով, կը ներկայացնէ Հայաստանի ու հայութեան հզօրացման կարեւորագոյն օղակներէն մէկը:
– Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ առաւել եւս զարգացնել ու կազմակերպել սփիւռքը, պայքարելով անոր լճացման դէմ եւ նոր թափ տալով անոր քաղաքական գործունէութեան աշխուժացման:
– Դաշնակցութեան համար անընդունելի է ու դատապարտելի սփիւռքը Հայաստանէն խզելու կամ անջատելու բոլոր ջանքերը: Սփիւռքը անընդհատ պէտք է զօրացնէ իր օրկանական կապերը Հայաստանի հետ:
Գ.- ՀՅԴ-ի տեսլականը Հայաստանի մէջ.
– Դաշնակցութիւնը ընդմիշտ պիտի փորձէ սթափեցնել հայրենի մեր ժողովուրդը, որ թօթափէ իր անտարբերութիւնն ու ազգավնաս յարմարուողականութիւնը եւ վերականգնէ հայութեան նկարագրի մարտունակ ոգին:
– Դաշնակցութիւնը կարող է ամէն գնով վերականգնել հայութեան բոլոր շերտերու միասնականութիւնը:
– Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ Հայաստանի ազգային բոլոր ուժերը պէտք է շտապ միանան եւ միասնաբար բողոքի համաժողովրդային ցոյցերով իշխանութենէն հեռացնեն Հայաստանի ներկայ անվստահելի ու անհեռատես վարչախումբը, զայն փոխարինելով ազգային ուժերու համաձայնութեամբ հիմնուած կառավարութեամբ մը:
– Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան առանցքը պէտք է հանդիսանայ Հայաստանի պետական շահերը: Իսկ Հայաստանի անվտանգութիւնը պէտք է ապահովուի տարածաշրջանի մեր բարեկամ ու ռազմավարական դաշնակիցներուն հետ համագործակցաբար:
Ահա թէ ինչու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 35-րդ ընդհանուր ժողովի նախօրեակին, ՀՅԴ Բիւրօն իր վերջին յայտարարութեամբ, յատուկ կոչով հանդէս եկաւ, հրաւիրելով Հայաստանի ազգային բոլոր ուժերը միաւորուելու Դաշնակցութեան վերոյիշեալ օրակարգին եւ տեսլականին շուրջ, յանուն մեր հայրենիքի փրկութեան:
Սիրելի՛ ներկաներ.
Այսօր հայրենի մեր ժողովուրդը պատմական ու ժամանակակից անհրաժեշտ բոլոր տուեալները ունի, Հայաստանի ու հայութեան ճակատագիրը վստահելու իր ծոցէն ծնած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
Ահաւասիկ ա՛յս է ՀՅԴ 134-ամեակին այսօրուան անկեղծ պատգամը՝ նուիրուած մեր հայ ժողովուրդին:
Տօնդ շնորհաւոր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն:
Կեցցէ՛ Հայաստանը:
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը:
Հայրենի Հորիզոն