Խմբագրական. Ինչո՞ւ Բացայայտել Եւ Իրազեկել Սումկայիթի Եղեռնագործութեան Բոլո՛ր Ծալքերը
28 Փետրվար 2025
Սումկայիթեան եղեռնագործութիւնը ամբողջական բացայայտում էր Պաքուի իշխանութիւններու հայութեան նկատմամբ վարած քաղաքականութեան: Հայ ազգաբնակչութեան վերացում, հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում, հայկական որեւէ հետքի սրբում:
Սումկայիթի ցեղային զտումի գործողութիւններու ծալքերու բացայայտումները, աւելի ճիշդը` անոնց միջազգային ատեաններու մօտ վերարծարծումը կ՛իրազեկէ ոչ միայն միջազգային հանրային կարծիքը, այլ նաեւ միջազգային ընտանիքը: Այս վերջինը յատկապէս Ազրպէյճանի նկատմամբ իր կիրարկելի քաղաքականութեան ընթացքին պիտի համոզուի, որ գործ ունի ցեղային զտում իրականացուցած պետութեան մը հետ: Սումկայիթէն,Կիրովապատէն, Պաքուէն, Մաղարայէն մինչեւ Պուտափեշտ, Մարտակերտ, Թալիշ եւ արցախեան պատերազմի իրերայաջորդ փուլեր Պաքուն փաստեց, որ չէ հրաժարած հայաջնջումի իր քաղաքականութենէն:
Ցեղային զտման գործողութիւններու, ժողովրդագրական պատկերի փոփոխման միտող յարձակումներու եւ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնները վերացնելու ահաբեկչական պետութեան բուն դիմագիծի բացայայտումն ու միջազգային ատեանի յանձնումը հրամայական է:
Հետեւաբար, երբ իրաւական եզրայանգումներու չեն հասած այս բոլորը, երբ ռազմական յանցագործը տարբեր մարտավարական խաղերով կը շարունակէ ահաբեկչական միեւնոյն ընթացքը, ապա խիստ տարակուսելի, եթէ ոչ անհեթեթ կը դառնայ խաղաղութեան երկխօսութիւնը:
Ընդհակառակն, այն յանցանքներով, որոնցմով ի՛նք կ՛ամբաստանուի, կը մեղադրէ հայկական կողմը եւ կը պահանջէ միջազգային դատական ատեաններէն յետս կոչել հայկական կողմի ներկայացուցած հայցադիմումները:
Պիտի գիտակցիլ անշուշտ, որ այս հարցերուն սերտօրէն կը կապուի նաեւ Պաքուի մէջ բեմադրական արարներով դատուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դատավարութիւնը. Արցախը ղեկավարած իրերայաջորդ դէմքերու պատանդառումը Պաքուն լիարժէք կ՛օգտագործէ եւ պիտի շարունակէ օգտագործել սումկայիթեան իր քաղաքականութիւնը ծածկելու համար:
Պարզ է նպատակը: Մեղադրել Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ դրդեց, ոտքի հանեց, զինեց ապստամբները, որոնք խոյացան իրենց հետ հաշտ ապրող կամ զիրենք լիարժէք համաքաղաքացի նկատող Պաքուի իշխանութիւններուն դէմ: Այս զաւեշտը պէտք չէ ընկալելի ըլլայ անշուշտ միջազգային արդարադատութեան կողմէ:
Պէտք չէ պատճառ դառնայ նաեւ, որ Երեւանը համաձայնի չեղեալ նկատելու իր հայցադիմումները միջազգային արդարադատութեան:
Բանտային կտտանքներու, հոգեբանական ճնշումներու եւ սպառնալիքներու տակ կործելի «ցուցմունքներ»-ը նկատի պէտք չէ առնուին իրաւական շրջանակներու կողմէ: Այս նպատակին համար ալ սակայն աշխատանք պէտք է: Համակարգուած աշխատանք միջազգային դատական ատեաններու, տարբեր պետութիւններու եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու մօտ իրազեկելու համար ոչ միայն ապօրինի պատանդառումներուն, մարդու իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարումներուն, բանտային չարչարանքներուն եւ հոգեբանական ճնշումներուն մասին, այլ մանաւանդ սումկայիթեան քաղաքականութեան ծալքերուն:
Համոզելու համար բոլորը, որ գործ ունին ահաբեկչական պետութեան մը հետ, որուն ռազմական վարքագիծը հարուստ է ցեղային զտման օրինակներով, ռազմական յանցագործութիւններով եւ քաղաքակրթական ջարդով:
Սումկայիթը այդ ամբողջ հետագայ ընթացքին բացայայտումն է: Իսկ Արցախի ղեկավարութեան եւ ռազմագերիներու պատանդառումն ու բեմական ներկայացումը սումկայիթեան ոճիրները հայկական կողմին վրայ բարդելու Պաքուի քաղաքականութիւնն է:
Այս իրազեկումին համար հայկական կողմի քարոզչական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ մշակութային աշխատանքներու յապաղումը անթոյլատրելի է:
Ազդակ