Ակնարկ. 8-րդ Եւ 9-րդ Կէտերու Փոխկապակցումը
03 Մարտ 2025
Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պաքուի մէջ դատուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հարցով յայտարարած է, թէ կը իրենք հաստատեն Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն հաւատարմութիւնը, ներառեալ` փախստականներու իրաւունքներու յարգումը, մշակութային, պատմական եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանումը, ռազմական գործողութիւններու ընթացքին անհետ կորսուածներու որոնումը եւ կալանաւորուած անձերու փոխանակման խնդիրները լուծելու անհրաժեշտութիւնը: Կը հաստատեն նաեւ, որ Մոսկուան պատրաստ է Ազրպէյճանի եւ հայ գործընկերներուն տրամադրել անհրաժեշտ օգնութիւնը:
Այս յայտարարութեան բովանդակութիւնը եթէ տարբաղադրաբար փորձենք մեկնաբանել, ամէնէն առաջ կ՛արձանագրենք, որ յղում կատարուած է եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն. հիմնականին մէջ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան: Անհետ կորսուածներու եւ պատանդներու փոխանակումի բաժինը մօտաւոր վերարտադրութիւնն է նոյեմբերեան յայտարարութեան 8-րդ կէտին, որ կ՛ըսէ. «Կ՛իրականացուի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու, ինչպէս նաեւ զոհուածներու մարմիններու փոխանակում»:
Նոյեմբերեան յայտարարութեան կամ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու պահուն Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը չէր գերեվարուած, հետեւաբար կարելի է մեկնաբանել այնպէս, որ այս յօդուածը չի վերաբերիր Պաքուի մէջ այս օրերուն դատուողներուն:
Բայց երբ անոնց հարցով նման յայտարարութիւն կը կատարուի պաշտօնական Մոսկուայի կողմէ, ապա կ՛ենթադրուի, որ Արցախի ղեկավարութեան ազատ արձակման հարցը պէտք է քննարկել նոյեմբերեան յայտարարութեան շրջանակներուն մէջ: Ի դէպ, այս երկրորդ անգամն է, որ պաշտօնական Մոսկուայի ներկայացուցիչը այս հարցով կը վերյիշէ եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները:
Վերադառնանք նոյեմբերեան յայտարարութեան կէտերուն եւ արձանագրենք, որ 9 կէտերէն 7-ը ըստ էութեան չեղարկուած են: Չեղարկուած են Ռուսիոյ վերաբերող մասերով նոյնիսկ: Ռուս խաղաղապահ զօրքերը լքած են Արցախը: Առկախուած են 8-րդ եւ 9-րդ կէտերը:
Ըստ էութեան չեղարկուած է ամբողջ համաձայնութիւնը: Հիմա, նման յայտարարութեամբ Մոսկուան փորձ կը կատարէ վերստին օրակարգ բերել իր միջնորդութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ կայացած համաձայնութիւնները: Պարզ է, որ Մոսկուան չէ յաջողած կամ չէ ուզած երաշխաւորել այն, ինչ որ իր միջնորդութեամբ պայմանաւորուած են կողմերը:
Առաջադրանքը այստեղ վերագործարկել է եռակողմ ձեւաչափը: Փորձենք աւելի խորանալ ըսուածին էութեան մէջ: Ռազմագերիներու ազատ արձակումը տեղաւորել 8-րդ կէտին մէջ: Սակայն 8-րդ կէտը կ՛իրականանայ, եթէ անոր յաջորդ կէտը եւս` 9-րդը աշխատի: Այսինքն` ապաշրջափակման վերաբերող համաձայնութիւնը, ուր նաեւ նշուած է ռուս սահանապահ ծառայողական ուժերու կողմէ բացուելիք ճանապարհներու անվտանգութեան վերահսկողութիւնը:
8-րդ եւ 9-րդ կէտերը փոխկապակցելով Մոսկուան պարզ կը դարձնէ, որ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ գերիներու ազատ արձակման համար պայման է եռակողմ ձեւաչափի վերականգնումը, հաղորդուղիներու ապաշրջափակումը եւ ապաշրջափակուող ճանապարհներու ռուսական վերահսկողութիւնը:
Դիտարժան գործընթացներ են, որոնք զուգահեռ տեղի կ՛ունենան: Մէկ կողմէ ռուս սահմանապահ ուժեր կը հեռանան Հայաստանի տարբեր սահմանակէտերէն, միւս կողմէ փորձ կը կատարուի չեղարկուած համաձայնութեան երկու կէտեր գործարկելու. այս պարագային ռուս սահմանապահներու նոր տեղակայման առաջադրանքով:
Չի բացառուիր, որ վերադարձի կամ տեղակայման այս առաջադրանքը կապուի աշխարհակարգային փոփոխութիւններու նախադրեալներու երեւելի դառնալուն հետ: Այլ խօսքով, ռուս-ամերիկեան երկխօսութեան մեկնարկով տակաւին հեռուէն նկատուող համաձայնութիւններու հետ:
Ազրպէյճանը տակաւին պարզ չէ դարձուցած, որ Արցախի գերիներու ազատ արձակումը իր կողմէ կը պայմանաւորէ միջանցքի տրամադրումով: Պարզը այն է, որ մինչեւ նման կարելիութիւն, Պաքուն այս դատավարութիւններու բեմականացումը լիարժէք պիտի օգտագործէ արցախեան պատերազմի ամբողջ մեղքը բարդելու հայկական կողմին վրայ: Աւելի մասնակի` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքին:
«Ա.»
«Ազդակ»