Ռուս-Ամերիկեան Յուսադրիչ Մերձեցման Դրդապատճառներն Ու Առաջին Պտուղը
07 Մարտ 2025
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Ռուսիոյ հետ մերձենալու Ուաշինկթընի գլխաւոր դրդապատճառը բացայայտելով` յայտարարեց, որ իր երկիրի նախագահ Տանըլտ Թրամփի նպատակը Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու թիւ մէկ մրցակիցէն` Չինաստանէն բաժնելն է, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ռիչըրտ Նիքսըն 1972-ին Չինաստան այցելելով` Չինաստանը բաժնեց օրին Միացեալ Նահանգներու թիւ մէկ մրցակիցը եղող Խորհրդային Միութենէն:
Թրամփ այսպիսով կը փորձէ սրբագրել նախկին վարչակազմի սխալ քաղաքականութիւնը, որ Ռուսիան, Չինաստանն ու Իրանը հաւասարապէս ու անխտիր կերպով թիրախաւորելով` զանոնք մղեց իրենց յարաբերութիւնները սերտացնելու եւ միախմբուելու:
Աշխարհաքաղաքականին կողքին, նաեւ գոյութիւն ունի 2-րդ դրդապատճառ մը` տնտեսականը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 18 փետրուարին Ռիատի մէջ ռուս-ամերիկեան բարձրաստիճան բանակցութիւններէն ետք յայտնեց, որ «մեծ հետաքրքրութիւն» գոյութիւն ունի երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական պատուարներու վերացման համար:
«Ժազիրա» կը նշէ, թէ Միացեալ Նահանգներն ու անոր դաշնակիցները 2022-էն ի վեր Ռուսիոյ դէմ շուրջ 21.692 պատժամիջոցներ հաստատած են: Ըստ ռուսական ուղղակի ներդրումի սնտուկի նախագահ Քիրիլ Տիմիթրիեւի, սնտուկը «կը նախատեսէ, որ ամերիկեան ընկերութիւնները ռուսական շուկայ վերադառնան 2025 թուականի երկրորդ քառամսեակին»: Ան նաեւ նշեց, որ ամերիկեան ընկերութիւնները աշխարհի վրայ բնական հարստութիւններու մեծագոյն պահեստները ունեցող Ռուսիայէն դուրս գալով` 324 միլիառ տոլարի վնաս կրած են: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, իր կարգին, յայտնեց. «Ամերիկացիները հազուագիւտ հանքային մետաղներու կարիքն ունին, եւ ատոնք մեծապէս ապահովուած են մեր մօտ»:
Մինչ այդ Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա հազուագիւտ մետաղներու շուրջ կնքուելու պատրաստ եղող համաձայնութիւնը չստորագրուեցաւ Սպիտակ տան Օվալաձեւ գրասենեակին մէջ Թրամփ-Զելենսքի բանավէճին պատճառով: «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի համաձայն, քարիւղն ու կազը ներառող համաձայնութեան հիմամբ, Ուաշինկթըն Ուքրանիոյ մէջ յարգի մետաղներու շահերուն 50 առ հարիւրը պիտի ստանար:
Անշուշտ վերոնշեալ երկու դրդապատճառներուն կողքին, կարելի չէ մոռնալ նաեւ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու մերձեցման 3-րդ դրդապատճառը, որ Թրամփի` Ուքրանիոյ պատերազմին շուտով վերջ տալու ընտրական խոստումն է: Իսկ այս բոլորին մէջ ի՞նչն է, որ առաւել հետաքրքրական է մեզի` հայերուս համար:
Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները 27 փետրուարին Պոլսոյ մէջ ունեցան հանդիպում մը, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, «շինիչ էր, եւ անոնց ընթացքին ճշդուեցան երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական աշխատանքի բնականոնացման քայլերը», որ` աւելցնելով. «Երկու կողմերը շինիչ քննարկումներու ընթացքին ճշդեցին դիւանագիտական առաքելութիւններու աշխատանքին մէջ կայունութեան հաստատման նախնական քայլերը»:
Մինչ այդ, 24 փետրուարին, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Ռուսիոյ աջակցութեամբ որդեգրեց ամերիկեան որոշումի նախագիծ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ Ուքրանիոյ մէջ կարելի եղածին չափ շուտ խաղաղութիւն հաստատելու:
Քայլ մը, որ յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ ռուս-ամերիկեան գործակցութեան ձգտումը ոչ միայն լուրջ է, այլ արդէն սկսած է «միս, ոսկոր» ստանալ եւ գործնական ու շօշափելի արդիւնքներ տալ, ինչ որ մեծապէս կը խթանէ եւ առաւել եւս իրատեսական կը դարձնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան գործունէութեան վերականգնման նկատմամբ ակնկալութիւնը: