Հինգ Մեկնաբանութիւն
13 Մարտ 2025
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ 8 մարտին «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով` յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը Ազրպէյճանի մէջ ընթացող դատավարութեան դէմ «նոր» եւ «անհարկի» քարոզչական արշաւ սկսելով` Ազրպէյճանի ներքին գործերուն կը միջամտէ, որուն փոխարէն` Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է համագործակցի դատական հոլովոյթին հետ:
Ան չզլացաւ նշել, թէ Երեւանը ճիշդ ինչպէ՛ս պէտք է համագործակցի Պաքուի մէջ ընթացող շինծու դատական հոլովոյթին հետ: «Խաղաղութեան իրական մտադրութիւնը եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու մէջ նոր սկիզբը, այլ բաներու շարքին, պիտի ցուցադրուի Հայաստանի պատրաստակամութեամբ` ընդունելու իր պատասխանատուութիւնը եւ յանձնելու զինուորական յանցագործութիւններու մէջ մեղադրուողները, յատկապէս անոնք, որոնք ներկայիս կը պահուըտին Հայաստանի տարածքին մէջ: Անհրաժեշտ են իրական քայլեր արդարութեան եւ խաղաղութեան համար», գրեց Հաճիեւ:
Ալիեւի օգնականի գրառումը կարելի է հինգ ձեւով մեկնաբանել.
Առաջինը, որ ամէնէն պարզն ու ակներեւն է, Պաքու այսպիսով Երեւանին Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման համար նոր նախապայման է, որ կը ներկայացնէ:
Երկրորդը` Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան Արցախի Հանրապետութեան Պաքուի մէջ պահուող ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան շինծու դատավարութեան վերաբերեալ հրապարակած, թէեւ` բաւական ուշացած, բայցեւայնպէս ողջունելի հաղորդագրութիւնը Ազրպէյճանը, յաչս միջազգային ընտանիքին ու հանրութեան, դիւանագիտական ու քարոզչական մակարդակներու վրայ նեղ կացութեան մատնած է:
Նշեալ հաղորդագրութիւնը մատը վէրքին վրայ դնելով, իսկական «ցաւ պատճառած» է` Ազրպէյճանը մղելով Հաճիեւի գրառման ճամբով «ճչալու»:
Երրորդը` ազրպէյճանական իշխանութիւնները Երեւանին պահանջ կը ներկայացնեն «Հայաստանի մէջ թաքնուած զինուորական յանցագործութիւններու մէջ մեղադրուողները» յանձնելու` ապացուցելու համար «խաղաղ մտադրութիւններ» ունենալը, քաջ գիտնալով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները չեն կրնար զայն բաւարարել:
Անոնք չեն կրնար իրենց ազգակիցներն ու քաղաքացիները թշնամիին արտայանձնել եւ այդ արարքով, ինքնաբերաբար, արցախեան հակամարտութեան համար Հայաստանի Հանրապետութեան պատասխանատուութիւնը անհիմն ու անարդար կերպով ընդունիլ` մեղաւորութեան բեռը վերցնելով անոր «իրաւատէրի»` Ազրպէյճանի ուսերէն: Ինչ որ մտածել կու տայ, թէ Պաքուի իսկական նպատակը քասիւս պելլի` պատերազմի դրդապատճառ ստեղծելն է:
Ազրպէյճանական կողմի քայլին իբրեւ չորրորդ մեկնաբանութիւն` կարելի է վերոնշեալ երեքներէն որեւէ երկուքը զուգորդել, կամ երեքն ալ միատեղ նկատի ունենալ:
Հինգերորդ մեկնաբանութիւնը այն է, որ Ռիատի եւ Պոլսոյ մէջ ռուս-ամերիկեան դրական բանակցութիւներով ու Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ նոր դեսպանի նշանակումով ընթացք առած Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու արագ կշռոյթով կարգաւորումը կը ստեղծէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան գործունէութեան մօտ օրէն վերականգնման հեռանկարը:
Հելսինքիի վերջնական հռչակագիրի վրայ հիմնուած, ուստի եւ հակամարտութիւններու խաղաղ ճամբով լուծման եւ ուժի կիրարկումն ու ուժի կիրարկման սպառնալիքը բացառող միջազգայնօրէն լիազօրուած այդ ձեւաչափի վերականգումը պիտի գայ աւելնալու «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բռնի ուժի կիրարկմամբ ստեղծման իրանեան կտրուկ մերժումին վրայ, ուստի եւ մեծապէս պիտի դժուարացնէ փանթրքական այդ միջանցքի իրագործումը:
Վերադառնալով Հաճիեւի գրառումին երրորդ մեկնաբանութեան` նշենք, որ Պաքուն Երեւանի կողմէ իր պահանջի մերժումը կամ անտեսումը պիտի նկատէ հայկական կողմի «խաղաղ մտադրութիւններ չունենալու» փաստ, որ կրնայ օգտագործել արդարացնելու եւ հիմնաւորելու համար «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ստեղծման նպատակով զինուորական գործողութեան մը շղթայազերծումը:
«Փելոփոնեզեան պատերազմի մասին» աշխատասիրութեան հեղինակ, հին յոյն պատմիչ Թուկիդիդէսի համաձայն, պատերազմի շղթայազերծման համար կան երեք գլխաւոր իսկական պատճառներ` վախը, պատիւը եւ շահը:
Ազրպէյճանի` Հաճիեւի ճամբով ներկայացուցածը հիմնուած է երրորդին վրայ, որովհետեւ ուժերու ներկայ դասաւորումէն մեկնելով` Պաքուն Երեւանէն վախնալու որեւէ պատճառ չունի, ինչպէս նաեւ իբրեւ արցախեան երկրորդ պատերազմի մէջ յաղթած կողմ` անոր համար պատիւի հարց ալ գոյութիւն չունի, այլ միայն` «Զանգեզուրի միջանցք» ստեղծելու շահ:
Մենք կը գտնուինք 21-րդ դարու մէջ, եւ ոչ թէ` Թուկիդիդէսի Քրիստոսէ առաջ եղող ժամանակաշրջանին: Այսօր գոյութիւն ունի միջազգային օրէնք կոչուած բան մը, որ պատերազմի շղթայազերծման համար իբրեւ օրինական արդարացում կը ճանչնայ հիմնականին մէջ երեք կացութիւններ` ինքնապաշտպանութիւն, դաշինքի պայմաններէն բխող դաշնակիցի մը պաշտպանութիւն եւ ՄԱԿ-ի հաւանութիւն: Ուստի Հայաստանի Հանրապետութեան Պաքուի նոր պահանջը չկատարելը քասիւս պելլի չէ, այլ` ընդամէնը պատրուակ, չափազանց թափանցիկ շղարշ մը, որով կարելի չէ ծածկել ազրպէյճանական կողմի նախայարձակութեան, ներխուժման ու ծաւալապաշտութեան յանցանքը: