Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Գումարեցին Հերթական Նիստ
28 Մարտ 2025
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հերթական նիստը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 27 մարտ 2025-ին, ՍԴՀԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ։
Առաջին օրակարգին մաս կը կազմէին Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչական ձեռնարկները։ Ժողովը հաստատեց 110-ամեակի կեդրոնական մարմինը։ Այս կազմին առընթեր կազմուած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի երիտասարդական մարմին։ Թէ՛ կեդրոնական եւ թէ՛ երիտասարդական մարմինները կը գումարեն ծրագրային նիստեր, որոնց մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւններով տեղեակ կը պահուի լիբանանահայութիւնը։
Խորհրդակցութեան նիւթ էին լիբանանեան իրադարձութիւնները, պետական նշանակումները եւ յառաջիկայ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները։
Նիստի աւարտին ՍԴՀԿ-ի ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները ողջունեցին Եւրոպական խորհրդարանին որդեգրած բանաձեւը՝ Ազրպէյճանի արարքները դատապարտող եւ Արցախի ռազմագերիներու անմիջական ազատ արձակումը պահանջող, ակնկալելով, որ այդ բանաձեւը գործնական փուլ մտնէ, եւ Եւրոպական Միութեան երկիրները ճնշում բանեցնեն Պաքուի իշխանութիւններուն վրայ՝ բանաձեւը գործադրել տալու համար։