ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Ելույթներ

Սարգիս Զէյթլեան` Հայկական Արեւելումի Ռահվիրան

28 Մարտ 2025

Դաշնակցութեան ժամանակակից պատմութեան ամէնէն կարկառուն դէմքերէն Սարգիս Զէյթլեանի եւ անոր ընկերակից Կարօ Գոլանճեանի առեւանգման 40-ամեակի նշումը շատ հասկնալիօրէն այժմէական խորհուրդներու, մտածումներու տեղի կու տայ, բայց մանաւանդ, այդ բոլորէն մեկնած, մեր հաւաքական աշխատանքի վերակազմակերպման համար նոր ուղենիշներ կը ճշդէ:

Հայութեան թշնամիները միշտ չէ, որ դիմած են առեւանգման եւ պատանդառման միջոցին, հայութեան եւ անոր մարտունակ ուժին` Դաշնակցութեան դէմ պայքարելու ընթացքին: Այո՛, հարուածած են, սպաննած, ֆիզիքական չէզոքացումներու ենթարկած, մահափորձի զանազան գործողութիւններ իրականացուցած: Առեւանգումը, սակայն, հազուադէպ թիրախներու պատահած է եւ բնականաբար հետապնդած` յատուկ նպատակ:

Դաշնակցութեան մարտական կառոյցի գլխաւոր ճարտարապետներէն Աբրահամ Աշճեանին նկատմամբ իրականացուած է առեւանգում, որուն հետեւած է անոր ֆիզիքական չէզոքացումը` ջլատելու համար թշնամիին հետ ուժի լեզուող խօսող համակարգը: Սարգիս Զէյթլեանի պարագային, թշնամիին առաջադրանքը եղած է պատանդառումը, եւ այդ վիճակին մէջ հեղինակաւոր անձնաւորութենէն պարտադիր խոստովանութիւններ, ցուցմունքներ ստանալը:

Հայ ժողովուրդի համար հերոսական կերպար համարուած անձնաւորութեան գերիի վիճակով ներկայացնելը` ընկճելու համար ամբողջ ազգ մը: Բնականաբար սարքովի, կեղծ ցուցմունքներու բեմականացումներ են անոնք, որոնց ընթացքին նոյնիսկ շղթայուած հերոսը պահած է իր անձին եւ իր պատկանած գաղափարին ետին կանգնած կազմակերպութեան արժանապատուութիւնը, գերադասելով մահը` ստորացումէն:

Առեւանգումն ու պատանդառումը ուրեմն իբրեւ միջոց այս անգամ կ՛օգտագործուէին Արցախի հերոսամարտը ղեկավարած, Արցախի Հանրապետութիւնը կերտած անձնաւորութիւններուն դէմ` միեւնոյն նպատակներով. կոտրել հայութեան հաւաքական կամքը, հրաժարիլ տալ Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջադրանքներէն, միակողմանի զիջիլ թշնամիին եւ կատարել անոր պարտադրած բոլոր պահանջները:

Մինչեւ իր առեւանգումը Սարգիս Զէյթլեան ձգած էր գաղափարական հարուստ աւանդ` իր ճառերով, դասախօսութիւններով եւ մանաւանդ խմբագրականներով: Հայ ժողովուրդը խորապէս կը գիտակցէր` այդ պատգամներուն խորութեան, անոնց գաղափարական ամրութեան, անոնց փոխանցած պայքարի անտեղիտալիութեան, բայց մանաւանդ` ազգի համախմբուածութիւնը գերադաս սկզբունք պահելու անշրջանցելիութեան:

Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգումէն ընդամէնը 3 տարի ետք տեղի կ՛ունենար ազգային զարթօնք: Ամբողջ ազգը Ստեփանակերտէն Երեւան եւ Երեւանէն մինչեւ սփիւռք ոտքի կը կանգնէր պաշտպանելու համար հայոց Արցախ աշխարհը, զայն ազատագրելու եւ կերտելու հանրապետութիւն: Կը սկսէր ձեւաւորուիլ միացեալ Հայաստանը, որուն համար որքա՜ն միտք փոթորկացուցած էր ու մելան հոսեցուցած Սարգիս Զէյթլեանը: Անոր արտասանած ամէն մէկ բառն ու տառը, անոր գրած իւրաքանչիւր խորագիրն ու տողը կ՛առարկայանային Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ, Երեւանի փողոցներուն մէջ եւ սփիւռքի զանազան երկիրներու պողոտաներուն վրայ: Գաղափարի մարտիկը յաջողած էր իր առաքելութեան մէջ` կանխատեսելով գալիքը, ժողովուրդի զարթնումը, միացեալ Հայաստանի առաջին հանգրուանի կայացումը:

Այդ զարթօնքէն ուղիղ 30 տարի ետք, 2018-ին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձեալ կ՛ողողուէր քաղաքացիներով` այս անգամ իրականացնելու համար իշխանափոխութիւն. իշխանափոխութիւն, որ ցաւօք կ՛այլասերէր` հետզհետէ ամբարուած ազգային ներուժը պարպելով, քայլ առ քայլ շրջելով համազգային արժեհամակարգը:

Աշխատանք կը տարուի քար առ քար քանդելու Զէյթլեանի դաւանած ազգային գաղափարախօսութեան շէնքը: Արժէքներու համալիր մը ամբողջ յարձակումի տակ է հարթիչ գլաններու կողմէ, որոնք կը մասնատեն ազգը, որոնք պատմութեան վերաշարադրանքի որոշումներ կը կայացնեն, որոնք իրական Հայաստանը կը հակադրեն պատմական Հայաստանին, կը հրաժարին ազգային բոլոր իրաւունքներէն, Արցախէն ու Ջաւախքէն, որոնք խաղաղութեան խաչմերուկ պատրանքով կը մոլորեցնեն ժողովուրդը` նոր յանձնուողականութիւն իրականացնելու համար:

Խաբկանքի քաղաքականութեան մասին անդրադարձած էր Զէյթլեան 1969-ին, երբ կ՛ըսէր, թէ ե՞րբ պիտի անդրադառնան սակայն, որ կարելի չէ երկար ատեն պատրանքը իրականութեան տեղ քշել: Պատրանքին շունչը կարճ է: Ե՞րբ պիտի անդրադառնան վերջապէս, որ պատրանք ցանողը միայն յուսախաբութիւն ու դառնութիւն կը հնձէ վերջին հաշուով: Պիտի անդրադառնա՞ն երբեւէ:

Պատրանք ցանողները գուցէ չանդրադառնան, սակայն այդ պատրանքին ենթարկուած ժողովուրդը պիտի անդրադառնայ անպայման, որ պատրանք ցանողները մոլորեցուցած են ամբողջ զանգուած մը, հաւաքականութիւն մը, որ սկսած է գիտակցիլ, թէ 2018-էն ասդին կատարուածը ո՛չ յեղափոխութիւն էր, ո՛չ սոսկ իշխանափոխութիւն կամ վարչակարգի տապալում, ո՛չ Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան հետ կապ ունէր, ո՛չ ալ` Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան գերիշխանութեան ամրացման: Հետզհետէ կ՛անդրադառնան, որ իրական Հայաստանի կեղծ գաղափարախօսութիւնը պարզապէս նոր յանձնուողականութիւն է եւ սահմանադրութեան փոփոխութիւնը` Անկախութեան հռչակագիրի դրոյթներէն հրաժարելու արարք:

Այդ պատրանքէն դուրս գալու գործընթացը աւելի ամուր հիմքերու վրայ կը դրուի, աւելի համոզիչ կը դառնայ եւ աւելի յստակ հեռանկարներ կը գծէ հայութեան համար, եթէ մենք վերստին հանրայնացնենք Զէյթլեանի` մտածումները, ճառերը, գրութիւնները, ազգային գաղափարախօսութեան պատմաքաղաքական բոլոր ծալքերը: Եթէ յաջողինք այդ բոլորը իրազեկել ազգային զարթօնք ստեղծած ժողովուրդին իրաւայաջորդներուն, ապա ձեւաւորած կ՛ըլլանք նոր զարթօնքի գաղափարական ենթահողը:

Խորհրդային Հայաստանի օրերուն, արգիլուած գրականութիւն հայրենիք հասցնելուն մէջ մեծ էր ու անուրանալի դերը Սարգիս Զէյթլեանին: Անոր անունը կը շրջէր հայրենի մտաւորական, գրական ու ժողովրդային շրջանակներուն մէջ` իբրեւ անկախութեան գաղափարի առաջնորդ:

Պատմութիւնը պիտի վկայէ, որ հայրենի ժողովուրդի ազգային վերազարթօնքի գաղափարական ենթահողի պատրաստութեան մէջ հիմնական էր ու անշրջանցելի Սարգիս Զէյթլեանի դերը, որ անկախ ու գերիշխան պետութիւն ունենալու գաղափարախօսութեան հիմնադրոյթները սփիւռքէն յաջողեցաւ ալիքաւորել դէպի հայրենիք: Եւ գաղտնիք չէ, որ ազգային անկախական շարժումի ղեկավար դէմքերը այդ գաղափարախօսներու անուններու շարքին առաջին հերթին տեղ-տեղ շշնչալով, տեղ-տեղ բարձրաձայնելով` կը հնչեցնէին Սարգիս Զէյթլեանի անունը:

Այժմ դարձեալ պէտք ունինք զարթօնքի: Պէտք ունինք վերստին բոլորուելու Զէյթլեանի բանաձեւած, խմբագրած, հիմնաւորած գաղափարներուն, իր բառերով` հայկական օրիենթացիային, իսկական յեղափոխութեան յառաջացման նախադրեալներուն, պահեստի երիտասարդ ուժերու զօրաշարժին, գաղափարական գործնապաշտութեան, հայ ընտանիքի արժէքներու վրայ կայացած արժեհամակարգին, Սեւրի պատուանդանին, Հայ դատի անժամանցելիութեան:

Եւ այս բոլորը, այո՛, հայկական արեւելումի հիման վրայ մշակուած ռազմավարութեամբ: Հայկական արեւելումի տեսաբան Սարգիս Զէյթլեան փաստեց, որ հայկական արեւելումը ոչ միայն ռազմավարութեամբ հիւսիսէն, հարաւէն, արեւելքէն, արեւմուտքէն դուրս` ազգայինի՛ն կը վերաբերէր ընդհանուր առումով, այլ նաեւ աւելի մասնակի` լիբանանահայութեան:

Սարգիս Զէյթլեանի անունին կը կապուի առաջին հերթին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նախօրէին, այս անգամ` լիբանանահայկական արեւելումով, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ յարանուանական շրջանակներու ներկայացուցիչներու ներգրաւումով, հայկական երեսփոխանական պլոքի ձեւաւորումը եւ անոր ճամբով լիբանանահայ քաղաքական գործօնի կայացումը: Ա՛յդ հէնքի վրայ նաեւ` լիբանանահայութեան անկախ քաղաքական ուղեգիծի մշակումը, որ մերժեց առաջին հերթին ներհայկական եւ ապա ներլիբանանեան բոլոր տեսակի անհանդուրժողականութիւնները, բախումներն ու պատերազմները: Որ մերժեց մասնակցութիւն ունենալ քաղաքացիական ընդհարումներուն, եւ որ` զէնքին դիմեց միայն այն ատեն, երբ վտանգուեցաւ համայնքը, երբ անոր պարտադրուեցաւ կողմնորոշուիլ: Քաղաքական անկախ որոշումի ջատագով Սարգիս Զէյթլեանը այս անգամ կ՛իրականացնէր լիբանանահայկակա՛ն արեւելումը: Ռազմավարական առանցքային գիծ, որ յարգանք պարտադրեց բոլորին, եւ որ` կրցաւ պահպանել լիբանանահայութեան անվտանգութիւնը:

Այս բոլորին համար էր, որ թշնամիները դիմեցին առեւանգումին: Առեւանգելու եւ գերեվարելու թշնամիներու այս վարքագիծը Դաշնակցութեան դէմ կիրարկուած է ու կը կիրարկուի: Սարգիս Զէյթլեանէն մինչեւ Դաւիթ Իշխանեան` մեր թշնամիները կ՛աշխատին առեւանգել եւ գերեվարել մեր ղեկավարները` ծունկի բերելու համար հայութեան մարտունակութիւնը: Գաղափարի մարտունակութիւնը, գաղափարախօսութիւնը, պատմական իրաւունքներուն պաշտպանութեան առաջնագիծը:

Սարգիս Զէյթլեանի գաղափարներուն հաւատքով գործած, Արցախի ազատամարտին իր ներդրումը ունեցած եւ Արցախի Հանրապետութեան հիմնադրութեան մէջ իր մասնակցութիւնը բերած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանը այսօր Սարգիս Զէյթլեանի նման կ՛ենթարկուի չարչարանքներու: Հսկայական հոգեբանական եւ ֆիզիքական ճնշումներ բանեցնելով` Պաքուի իշխանութիւնները ցուցմունքներ կը պահանջեն իրմէ եւ իր ընկերներէն: Նպատակը այս բոլորին հայկական խրամատներու առաջնագիծերուն ջնջումն է, նահանջն է, յանձնուիլն է:

Բայց այնքա՛ն արմատաւորուած են Սարգիս Զէյթլեանի խմբագրած ու հունաւորած գաղափարախօսական հիմունքները եւ այնքա՛ն նուիրական է Դաւիթ Իշխանեանի այդ սկզբունքներուն շուրջ նուիրուած կենսագործունէութիւնը, որ առաջնագիծը պիտի շարունակէ մնալ ամուր, անզիջող եւ չյանձնուող:

Նոր զարթօնքը պիտի գայ անպայման, եւ հայութիւնը պիտի վերադառնայ իր արժէքային ակունքներուն` ազգային պետականութեան, հայկական արեւելումին, գերիշխանութեան, ազգ-բանակին: Հայոց պատմական բոլոր իրաւունքներուն սկզբունքներուն կառչած` ազգային գաղափարախօսութիւնը պիտի վերակայանայ անպայմա՛ն:

Հրապարակ պիտի գան Զէյթլեանի օրինակով գաղափարի նոր մարտիկները, վերստին պիտի համախմբեն ազգը եւ անպայման պիտի վերակերտեն հայոց ազգային պետութիւնը:

Այն պետութիւնը, որ Սարգիս Զէյթլեանի եւ իր դաւանած գաղափարախօսութեան հիման վրայ Արագածը պիտի պահէ վերատիրանալու համար Արարատին, այսօրուան հանրապետութիւնը պիտի ամրապնդէ կերտելու համար միացեալ ու ամբողջական հայրենիքը, որ երկիրը պիտի ղեկավարէ այնպիսի սահմանադրութեամբ, ուր ամրագրուած պիտի մնան Անկախութեան հռչակագիրով հաստատուած հիմնադրոյթները` համայն հայութեան իղձերու կենսագործումը, պատմական բոլոր իրաւունքներու վերականգնումը, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու ամէն տեսակի հատուցումի պահանջը, որ` պիտի պաշտպանէ Արցախի հայութեան վերադարձի եւ ինքնորոշման բոլոր իրաւունքները, որ` պիտի ջնջէ ներազգային բոլոր բաժանարար գիծերը եւ պիտի համախմբէ ազգը:

Սարգիս Զէյթլեանի խմբագրած ու բանաձեւած ազգային գաղափարախօսութեան սկզբունքները ճեղքեցին երկաթէ վարագոյրը, թափանցեցին 70-ամեայ համայնավար համակարգէն ներս, ձեւաւորեցին ազգային ենթահող եւ կերտեցին ազգային զարթօնք: Նոյն գաղափարախօսութիւնը հայրենիքի վերանկախացումէն ետք ամբողջ 30-ամեակ ձեւ ու մարմին ստացաւ` երկքաղաքացիութեան օրէնքի ընդունումով, Ցեղասպանութեան ճանաչումը արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի ձեւաւորումով, Սեւրի եւ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի իրաւականութեան եւ այժմէականութեան մասին պետական յայտարարութիւններով, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրի որդեգրումով եւ Արցախի Հանրապետութեան կերտումով:

Այդ գաղափարախօսութիւնը այնքա՛ն ամուր է ու հաստատ, այնքա՛ն հարազատ եւ հայութեան համար էութենական, որ 2018-ի ընդհատումը պիտի չյաջողի կասեցնել անոր հարիւրամեայ երթը:

Երթ, որուն անկասելիութեան համար Սարգիս Զէյթլեաններու կուսակցութիւնը ոչինչ խնայած է եւ պիտի շարունակէ ոչինչ խնայել:

Ա՛յս կը թելադրէ Դաշնակցութեան անմահ նահատակներու փաղանգը, որուն, Դաշնակցութեան 25-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումով, մաս կը կազմէ Սարգիս Զէյթլեանը:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

* Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ նահատակութեան 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ արտասանուած խօսք:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայտարարություն Սյունիքի մարզի նկատմամ

Հայ Դատի կենտրոնական խորհուրդն իր խոր մտահոգությունն է հայտնում, տարածաշրջանայ

16 Հունիս 2025
Իշխան Սաղաթելյանի մամուլի ասուլիսը

Հունիսի 16-ին ՀՅԴ «Սիմոն Վրացյան» կենտրոնում տեղի ունեցավ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագո

16 Հունիս 2025
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրնական վարչութեան յայտարար

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայա

16 Հունիս 2025
Հայկական Գաղութները Միջին Արեւելքի Մէջ

1- Հայկական գաղութները Միջին Արեւելքի մէջ` պատմական շարունակականութիւն եւ ներկ

16 Հունիս 2025
ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպության 28-րդ Գե

ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպության 28-րդ Գերագույն ժողովը գումարվեց Հայաստանի Հանրա

16 Հունիս 2025
Ակնարկ.- Իրանի վրայ յարձակումին յայտար

Աշխարհը արդէն սկսած է հաշուել Իրանի վրայ Իսրայէլի յարձակման եւ Իրանի ինքնապաշտ

16 Հունիս 2025
Ավարտվել է ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպությ

Հունիսի 15-ին Հայաստանում իր աշխատանքներն է ավարտել ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութ

15 Հունիս 2025
Թեհրանի ռմբակոծությունից վնասվել է հայ

Իրանում, իհարկե, փաստացի պատերազմական իրավիճակ է, բոլորը սպասողական վիճակում ե

15 Հունիս 2025
ՀՅԴ Բյուրոյի հայտարարությունը

Հունիսի լույս 13-ի գիշերը Իսրայելի ռազմաօդային ուժերը զանգվածային հարվածներ են

14 Հունիս 2025
Սարգիս Ազնաւորեանի Նահատակութեան 40-Ամ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին, ուրբաթ, 6 յունիս 2025-ի երեկոյեա

13 Հունիս 2025
Իրանում հայեր չեն տուժել, զոհեր և վիրա

Իսրայելի կողմից Իրանին հասցված հարվածներն ունեցել են կոնկրետ թիրախային բնույթ,

13 Հունիս 2025
Իրանը լուրջ պատասխան է պատրաստում

Իսրայելն այս գիշեր հարվածներ է հասցրել Իրանին: Կան բազմաթիվ զոհեր և վիրավորներ

13 Հունիս 2025
Եթե ԱՄՆ–ն չզսպի Իսրայելին, ռիսկային վի

Հերթական անգամ փորձում են հարվածել Իրանին. վիճակը դեռ անորոշ է, այս պահին հնար

13 Հունիս 2025
ՀՕՄ-ը հաստատ քայլերով կը շարունակէ իր

Ամեակներու նշումը վերանորոգումի, ՀՕՄ-ի հիմքերը ամրացնելու եւ նոր ուժերով շարու

13 Հունիս 2025
Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, երեքշաբթի, 10 յունիս 2025-ին սկսան

13 Հունիս 2025
«Ռազմիկ» Կը Շարունակէ Մնալ Երիտասարդու

Այսօր մեզի համախմբողը «Ռազմիկ» պաշտօնաթերթն է: Հաւաքուած ենք այսօր հաղորդակից

12 Հունիս 2025
Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիր

Ահաւասիկ քանի մը տարիներու տպագիր ձեւաչափով բացակայութենէն ետք, այս տարի տպագի

12 Հունիս 2025
Տեղի կունենա ՀՅԴ Հայաստանի 28-րդ Գեր

2025 թվականի հունիսի 13-15-ը տեղի է ունենալու ՀՅԴ Հայաստանի 28-րդ Գերագույն ժո

12 Հունիս 2025
Խմբագրական. Պատերազմ, որում պէտք է յաղ

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու եւ նրա սպասաւորների դէմ ՀՀ վարչապետի աթ

12 Հունիս 2025
Ակնարկ. Նախաձեռնութիւնը Եւ Հետագայ Միա

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու կամ պաշտօնանկ ընել

12 Հունիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company