Ակնարկ. Յարձակումներու Արարներ, Զգուշացման Յուշումներով
29 Մարտ 2025
Հարաւային Լիբանանէն դէպի Պէյրութ իսրայէլեան յարձակումներուն անցումը Թել Աւիւի կողմէ դրուած առաջադրանքներու մասին որոշ մտածումներու դուռ կը բանայ: Իսրայէլ ստեղծուած պահը կը փորձէ լիարժէք օգտագործել հաշուեյարդարները մինչեւ վերջ հասցնելու:
Իսրայէլեան ուժերը տակաւին չեն հեռացած լիբանանեան տարածքներէն: Անոնք ներխուժած են նաեւ Սուրիա, կը վերահսկեն որոշ ռազմագիտական դիրքեր, վերակահաւորած են Կոլանի բարձունքներուն իրենց ռազմական յենակէտերը, կ՛աշխատին ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատել Սուրիա – դրացի երկիրներ անցքերուն վրայ: Պահու լիակատար օգտագործման տեսութիւնը կ՛ամրապնդեն նաեւ Միացեալ Նահանգները, այս անգամ Եմէնի ուղղութեամբ կատարած իրենց օդային յարձակումներով:
Աւելի համապարփակ հայեացք մը կը նկատէ, որ ըստ էութեան Իրանի տարածաշրջանային յենակէտերն են, որոնք հարուածի տակ են եւ չեն ներկայացներ իրենց նախկին ուժականութիւնը: Իսրայէլ կը փորձէ այդ գործողութիւնները տանիլ մինչեւ վերջ:
Յայտարարուած պատճառ-պատրուակները այն են, որ Լիբանանի պարագային Հըզպալլան Իսրայէլի ուղղութեամբ հրթիռներ արձակած է, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ ինք չկարենայ վերականգնել իր հիւսիսային շրջանին անվտանգութիւնը եւ չվերադարձնել այնտեղի բնակչութիւնը:
Հրադադարի հաստատումէն ետք խիստ տարակուսելի կը դառնայ այս առաջադրանքը: Իսրայէլ պիտի շարունակէ վտանգաւոր գօտի նկատել իր հիւսիսային շրջանը, յորդորել, որ բնակչութիւնը չվերադառնայ, որպէսզի արդարացում ունենայ շարունակելու իր գործողութիւնները կամ ընդհանրապէս խախտելու հրադադարը:
Հատասի յարձակումը նախաբան ունէր: Նախազգուշացում պարպելու թաղամասը, լուսանկարային հրապարակում ճշդուած թիրախի, զգուշացման հրթիռակոծում, ապա օդային յարձակումով շէնքի փլուզում: Յայտարարուած պատճառը` Հըզպալլայի պատկանող անօդաչու սարքերու շտեմարանի ոչնչացում: Պատահարները կը յուշեն, որ եթէ ամբողջական պատերազմի վերադարձ չէ տեղի ունեցածը, ապա հրադադարի խախտումի իրաւունքի նուիրականացում: 5 բլուրներու գրաւումով, զօրքը Լիբանան պահելով եւ մանաւանդ իր կողմէ ճշդուած որեւէ պահու յարձակում իրականացնելով:
Ուշագրաւ էր Իսրայէլի մամուլին կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին վերագրուող յայտարարութիւնը, առ այն, որ ան թելադրած է Իսրայէլին չհարուածել նաւահանգիստը, օդակայանը, կենսատու աղբիւրները: Առաջին հայեացքով մարդասիրական կամ քաղաքացիներու կեանքերն ու երկրի կենսագործունէութիւնը փրկել ուզող այս յայտարարութիւնը քաղաքական ընթերցումի կը կարօտի: Եզրակացնելու համար այն, որ այլապէս կ՛արդարացուին հրադադարի խախտումները, թիրախներ հարուածելը, շէնքեր փլուզելը:
Աւելի՛ն. կայ քաղաքական ուղերձ` հնչած Ուաշինկթընէն: Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբերը կը յայտնէր, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի դատուի, որովհետեւ լիբանանեան տարածքներէ յարձակում գործադրուած է Իսրայէլի դէմ: Եւ թէ` անոր պատասխանատուութիւնն է Լիբանանի դրացիներուն վրայ յարձակումները արգիլելը: Յայտարարութեան մէջ կար նաեւ զօրակցութիւն Իսրայէլին` Լիբանանէն իր ուղղութեամբ հրթիռարձակման հակադարձելուն:
Յստակ չէ, թէ Ուաշինկթընը ի՞նչ պատկերացում ունի «կառավարութիւն դատել» ըսելով: Ամերիկեան դատումն ու դատավճիռները նախ եւ առաջ պատժամիջոցներու մասին կը յուշեն: Այդ չէ սակայն առնուելիք քայլը: Մանաւանդ որ Լիբանանի մէջ կատարուող ուղղութեան փոփոխութիւնը նման բեմագրութիւններ չի նախատեսեր: Այս յայտարարութիւնը ճնշում է Պէյրութի վրայ` բանակի տեղակայումները ընդլայնելու, զէնքի միաւորումը արագացնելու: Այս յայտարարութեան համապատասխան ներքին յայտարարութիւններ ալ կը հնչեն, առ այն, որ եթէ բանակը չկարենայ զէնքի միաւորումը իրականացնել, ապա անիկա պիտի ընէ միջազգային ընտանիքը:
Ֆրանսայի կեցուածքը այս բոլորին մէջ կը տարբերի ամերիկեանէն: Ֆրանսայի նախագահը իր լիբանանցի պաշտօնակիցը ընդունելու առիթով զօրակցեցաւ լիբանանցի ժողովուրդին, որ ականատես դարձաւ իսրայէլեան յարձակումներով յատկանշուող հրադադարի խախտումներուն:
Այս բոլոր նախադրեալները կը նախանշեն, որ Իսրայէլ պիտի շարունակէ հրադադարի համաձայնութիւնը խախտել, որեւէ ատեն իբրեւ հակադարձութիւն ներկայացնել իր կողմէ գործադրուած յարձակումները եւ շարունակել պահել իր զօրքերը լիբանանեան տարածքներու վրայ:
Այս ռազմարարները պիտի շարունակուին: Իսրայէլը պիտի զգուշացուի ոչ թէ չյարձակելու, այլ ժողովուրդի կենսագործունէութիւնը արգելակող յարձակումներ չիրականացնելու:
«Ա.»
«Ազդակ»