Ակնարկ. Նախապայմանը Միաւորումն Է
03 Ապրիլ 2025
Գիւմրիի այնքան ուշադրութիւն խլած քաղաքապետական ընտրութիւններու արդիւնքները բազմաթիւ մեկնաբանութիւններու տեղի տուած են: Գերքաղաքականացուած վիճակի մէջ կայացած ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքներով որեւէ ուժ չունի պարզ մեծամասնութիւն` ձեւաւորելու համար քաղաքային իշխանութիւնը` քաղաքապետով եւ աւագանիով:
Այս արդիւնքները անմիջապէս մտաբերել տուին Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու արդիւնքները: Այնտեղ եւս որեւէ ուժ չէր յաջողած մեծամասնութիւն ապահովել, ուստի եւ ստանձնել քաղաքային իշխանութիւնը: Անհրաժեշտ էր համաձայնութիւն ուժերու միջեւ, որպէսզի ընտրուէր քաղաքապետ եւ կազմուէր աւագանին: Ինչ որ պատահեցաւ, այս պարագային անցողիկ շէմը յաղթահարած ուժի մը առաջին նիստին բացակայութեամբ եւ այլ ուժերու միջեւ կայացած համաձայնութեամբ:
Առաջին եզրակացութիւնը այս բոլոր գործընթացներուն այն է, որ հակառակ իր ունեցած առաւելութիւններուն, վարչական լծակներու, քուէարկողի վրայ ազդելու զանազան հնարաւորութիւններու եւ պետական պաշտօնէութեան կողմնորոշման եւ քուէի զանգուածային հունաւորման կարելիութիւններուն, իշխող կուսակցութիւնը երկրի գլխաւոր երկու քաղաքներուն մէջ չունի մեծամասնութիւն: Գումարուած եւ միաւորուած ընդդիմութիւնն է, որ մեծամասնութիւն է երկու քաղաքներուն մէջ:
Խնդիրը ահա այստեղ կը կայանայ: Միաւորման հաւանականութեան կամ անհաւանականութեան մէջ` անկախ հանգուցալուծման եղանակէն կամ ընտրուելիք քաղաքապետէն ու կազմուելիք աւագանիէն:
Եթէ վճռորոշ ուժը, որ ընտրութիւններուն ապահովեց երրորդ դիրքը, որեւէ ուժի չմիանայ, ապա կը կայանան երկրորդ փուլի ընտրութիւններ, որոնց մասնակցելու կարելիութիւն կ՛ունենան առաջին եւ երկրորդ դիրքերը գրաւած թեկնածուները: Շատ բարդ չ՛ըլլար պատկերացնելը երկրորդ փուլի արդիւնքները, երբ քարացած մնայ ընդդիմութեան ներկայ պատկերը: Այլ խօսքով` չմիաւորուող ընդդիմութիւնը:
Հիմա, գրանցուած արդիւնքներու մեկնաբանութիւնները երկրորդական նշանակութիւն ունին: Քաղաքական արեւելում, նախկին-ներկայ, քրէական, եւրոպամէտ, 102-րդ ռազմակայան եւ այլ հանգամանքներ, բոլորը տեսութեան սահմաններուն մէջ կը մնան եւ չեն ազդեր գործնական արդիւնքին վրայ, եթէ չկայ գիտակցական այն մօտեցումը, որ միայն միաւորուիլն է, որ կը յաջողի փոխել իրավիճակը:
Քաղաքային ընտրութիւնները քաղաքական են նաեւ այն հիմնաւորումով, որ կը նախապատրաստեն խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Նման պատկերի կրկնութիւնը կրնայ մեծամասնութիւն չապահովել գործող իշխանութիւններուն, որոնք դարձեալ պիտի օգտուին ընդդիմութեան անմիաւորումէն: 3-րդ ուժի եռօրեայ լռութիւնը այս հաւանականութիւնը կը յուշէ:
Մեծամասնութիւն ապահովելու վստահութիւնը կորսնցուցած իշխանութիւնը այս անգամ օրինականութեան ջատագով եւ կիրարկող առաւելներ առաջ պիտի քշէ` ըսելու համար, որ հանրապետութեան մէջ ընտրակեղծիքներու, ընտրութիւններու արդիւնքները կանխորոշելու եւ կանխարդիւնքներ յայտարարելու ժամանակները անցած են: Մեծամասնութեան քուէն կորսնցուցած են, սակայն կը շարունակեն պահպանել իշխանութիւնը, ժողովրդավար կարգերու հիմամբ համաձայնական կազմեր յառաջացնելով:
Անկախ տեղի ունենալիքէն, համաձայնական կազմ թէ երկրորդ փուլ, հանգուցալուծումը ընդդիմութեան միաւորման մէջ է: Եւ այդ առումով ընդդիմութեան վրայ կ՛իյնայ գլխաւոր պատասխանատուութիւնը:
Այս հանգամանքները աւելիով կը բացատրեն Դաշնակցութեան չմասնակցիլը Գիւմրիի ընտրութիւններուն: Նախապայմանը իրավիճակի փոփոխութեան, միաւորումն է:
«Ա.»
«Ազդակ»