Բագրատունի Ընդունեց Զուիցերիոյ Դեսպանը
11 Ապրիլ 2025
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մերիոն Ուէյխշլըթը, որուն կ՛ընկերակցէր եռանդամ պատուիրակութիւն մը:
Քննարկումի նիւթ դարձաւ լիբանանեան կողմերուն միջեւ երկխօսութեան նախկին նախաձեռնութեան վերականգնումը: Պայմաններու բերումով աւելի քան մէկ տարի առաջ սկսուած այս նախաձեռնութիւնը օրին կարելի չէր եղած իրականացնել:
Բագրատունի այս գծով դիտել տուաւ, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը տեւաբար կողմնակից եղած է երկխօսութեան սկզբունքին, յատկապէս երբ երկիրն ու շրջապատը այսօր նոր մարտահրաւէրներու դիմաց են:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Զուիցերիոյ Ազգային ժողովի վերին եւ ստորին տուներու այն որոշումներուն համար, որոնք կը պահանջէին, որ մինչեւ մէկ տարի Զուիցերիա նախաձեռնէ Արցախի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ քննարկումի ոլորտի մը ստեղծումը, միաժամանակ ակնկալելով, որ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս գծով անհրաժեշտ միջոցառումներուն ձեռնարկէ:
Քննարկումի նիւթ դարձան նաեւ շրջանային խնդիրները եւ այդ ծիրին մէջ Զուիցերիոյ դերակատարութիւնը:
Զուիցերիական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շրջանային խորհրդատուն եւ դեսպանատան քաղաքական խորհրդատուն: