Թումանեանի «Անխելք Մարդը» Վերակենդանացած
14 Ապրիլ 2025
Սարգիս Մահսէրէճեան
«Ով որ ականջ ունի՝ թող լսէ։
Ով որ աչք ունի՝ թող տեսնէ»։
Արարատ Միրզոյեանի Անթալիա «առաքելութիւնը», 12 Ապրիլին, փառաւո՜ր նոր պարտութիւն մը եւ ո՛չ աննախընթաց նահանջ մը արձանագրեց, միաժամանակ դժխեմ «բարենիշ» մը ապահովեց հայկական դիւանագիտութեան, անսահման «պատիւ» ապահովելով ՔՊ-ապետին ու անոր իշխանական համակարգին:
Երեւանէն հաղորդուած լուրերը քաղուածքներ ներկայացուցին Միրզոյեանի ու անոր ազերի պաշտօնակիցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ ծագած բանավէճէն, որ առերեւոյթ սուր էր, սակայն սուրը ո՛չ կոթ ունէր, ո՛չ շեղբ, ո՛չ իսկ… շուք:
Դիւանագէտներու ծանօթ համախմբումին բեմին վրայ, Պայրամով, առանց բառերը ծամծմելու ու մատները յարձակողական կերպով շարժելով՝ հասկցուցած է Միրզոյեանի, ու անոր ճամբով՝ «շուտով խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի ստորագրենք, միայն թուականն ու վայրը պէտք է որոշենք» քարոզող վարչախումբին, որ առնուազն երկու նախապայման պէտք է իրականացուին, որպէսզի նման համաձայնութիւն կնքուի: Ան մասնաւորաբար շեշտած է, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը պէտք է փոխուի ու անկէ հանուին Ազրպէյճանէն (լռելեայն կերպով՝ նաեւ Թուրքիոյ) հողային պահանջները, նմանապէս՝ պէտք է լուծարքի ենթարկուի Մինսքի խումբը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Արցախի հարցին արդար հետապնդման քաղաքական-դիւանագիտական՝ միջազգային վերջին խաղաքարտն ալ պէտք է խլուի հայկական կողմին ձեռքէն: Եթէ կան հայեր, որոնք իրենք զիրենք հասկնալու եւ տեսնելու կարողութենէ զրկած են, ահա առիթ մը, որ բանան աչք ու ականջ, եւ տեսնեն, թէ Ազրպէյճան (եւ Թուրքիա) Ցեղասպանութեան 110-րդ տարեդարձի նախօրեակին ինչպիսի՛ նախապայմաններ կը դնեն Հայաստանի առջեւ (պահ մը մոռնանք Ցեղասպանութենէն մինչեւ Արցախեան պատերազմներ, բռնագրաւումներ ու հայաթափում «իրագործումները»):
Միրզոյեանի «յախո՜ւռն» հակաճառութիւնը, որ ցուցադրուեցաւ անոր անողնայար ու թուլամորթ, խեղճացածի պաշտպանողականով, կարելի է սեղմել հետեւեալ կէտերուն մէջ (կան այլ կէտեր ալ): Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Արցախի մասին պահանջ չկայ, հողային պահանջ չկայ (տեսա՞ք, արդէն մոռցե՜ր է որ Հայաստանէն ալ հողեր խլուած են), Հայաստան պատրաստ է լուծարքի ենթարկելու Մինսքի խմբակը, անմիջապէս որ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի (պարոն «վարպետ» դիւանագէտ, այդ խումբը Հայաստան ինքնագլո՞ւխ կազմած էր, որ կը յաւակնի ինքնագլուխ լուծարքի ենթարկել): Աւելի՛ն, ըստ «հանճարե՜ղ» դիւանագէտին՝ Սահմանադրութեան մէջ անկախութեան վերաբերող բաժինը անկարեւոր դարձած է, շնորհիւ «փաշինեանական» սահմանադրական դատարանի անցեալ տարուան որոշումին, հոգ չէ, թէ հայութեան մեծամասնութիւնը միտքէն չանցըներ նման բան, բայց որո՞ւ հոգն է ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ կարծիքը, չէ՞ որ «ազգընտիր-մանդատաւոր» են…: Ի դէպ, յիշեցում կատարուած է, որ Փաշինեան թրքական կողմին արդէն խոստում տուած է Սահմանադրութիւնը փոխելու մասին, հետեւաբար, Միրզոյեանի մը սնանկ քարոզները ինքնաբերաբար ջուրը կ’իյնան: Ուշագրաւ եւ տեսնելու-լսելու արժանի այլ կէտ մըն ալ այն էր, որ Միրզոյեան այնքա՜ն տարուած ու հմայուած է «խաղաղութեան համաձայնագիր»ով (որ, ինչպէս ցոյց կու տան ազերիական նախապայմանները՝ տեսանելի հորիզոնէ անդին կը մնայ), ըրած է նորագոյն գիւտ մըն ալ (կամ նախկին մը կը գտնէ նոր բանաձեւում). «Ի՞նչ կարեւոր է որ ո՞վ որմէ որքան հող գրաւած է, ո՞վ միւսէն աւելի զոհ տուած է (թրքական ակնոցով՝ զոհերուն մաս կը կազմեն Ցեղասպանութեան նահատակներն ալ), կարեւորը այն է, որ պէտք է (այդ բոլորը մէկդի նետենք եւ) յառաջ նայինք»: (Վա՜յ, պապա՜մ, վա՜յ, պիտի բացագանչէր հանգուցեալ մէկ բարեկամս):
Կ’արժէ՞ երկարել ցանկը Միրզոյեանի «յախուռն հակադարձութիւններուն», որոնք անգամ մը եւս կը յստակացնեն, որ Երեւանի իշխանութիւնը միայն նահանջի ճամբայ գիտէ, վաղը կրնայ ընթացք տալ Ազրպէյճանի այս պահանջներուն եւս, ինչպէս որ ըրաւ Արցախը ազրպէյճանապատկան հռչակելով: Եթէ մոռցողներ կան՝ թուրք կամ ազերի ներկայացուցիչ մը շուտով կրնայ անոնց ու բոլորիս յիշեցնել, որ կան ցաւցնող այլ պահանջներ, ինչպէս՝ հարիւր-հազարաւոր ազերիներու Հայաստան վերադարձը, «Զանգեզուրի միջանցքը», Հայաստանի այն հողամասերը, որոնք Ազրպէյճան կը համարէ «Արեւմտեան Ազրպէյճան» (Տիգրանաշէնէն սկսեալ մինչեւ սահմանամերձ «կղզեակներ» եւ անոնցմէ շա՜տ աւելին…), հայ «նախկիններ», որոնք դեր ունեցած են Արցախի եւ անոր իրաւունքներուն պաշտպանութեան մէջ:
Չհաղորդուեցաւ, թէ արդե՞օք հայ պատանդներու եւ գերիներու հարցին ակնարկութիւն եղած է: Որեւէ խօսք չեղաւ նաեւ այն իմաստով, որ Հայաստան ապաստանած եւ հայրենազուրկ-տնազուրկ արցախցիներուն ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ՝ Հայաստան-Ազրպէյճան «խաղաղութեան համաձայնութեան» ընդմէջէն: Անդին, Երեւանէն՝ իշխանախումբը խարանող այլ նորութիւն մը ծնաւ վերջերս. իրենց անձնական թուղթերը կորսնցուցած արցախցիներ՝ անձագիրի ու իրենց գոյութիւնը ապացուցող փաստաթուղթերու դիմում կատարած են Երեւանի պատկան վարչութեանց եւ իբրեւ պատասխան՝ անոնց տրուած են փաստաթուղթեր, որոնց մէջ իբրեւ ծննդավայր արձանագրուած է… Ազրպէյճան (լսող-տեսնող կա՞յ): Հարցը վաղը կրնա՞յ հասնիլ հոն, որ Երեւանի «ապահովութեան սպասարկութիւնները» կրնան Ազրպէյճան (կամ այլուր) արտաքսել «ազրպէյճանածինները», կամ՝ Պաքու արդեօք պիտի պահանջէ՞, որ ՔՊ-ականները՝ իրենց կամակատար-գործակիցները, այդ մարդիկը յանձնեն իրեն, որպէսզի ստուգուի եւ ի հարկին դատական գործ յարուցուի, թէ արդեօք անոնցմէ քանի՞ն մասնակցած է Ազրպէյճանի դէմ պայքարին…
ԵՐԿԻՆՔԷՆ ԻՆԿՈՂ ԽՆՁՈՐՆԵՐ
Երեւանի իշխանութիւնն ու անոր կարեւոր ձեռքերէն մէկը եղող՝ դիւանագիտական համակարգը առիթ չի կորսնցներ, ցոյց տալու, որ անկարող է ու չկամ՝ հայութեան ի նպաստ դիրքորոշումները տեղի՛ն օգտագործելու: Արձանագրենք նորագոյնները, որոնք տեսանել եղան Անթալիայի բանակցութիւններուն օրն իսկ, զուգադիպեցան այս օրերուն:
– Ամերիկացի խորհրդարանականներ պաշտօնական պահանջ ներկայացուցած են արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոյի, որպէսզի Ազրպէյճան գտնուող հայ գերիներու հարցին բարւօք լուծման համար քայլ առնուի: Նախընթաց օրերուն, ամերիկեան իշխանութիւններուն դուռը բախող եղաւ, որպէսզի Ազրպէյճանի զինական օժանդակութիւններու խոստումները վերատեսութեան ենթարկուին:
– Ուրուկուէյի խորհրդարանը ձայնը միացուցած է հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջներուն (ցանկը երկար է, սկսելով Եւրոպայէն): Միաժամանակ, ու Ապրիլ 24-ի նախօրեակին՝ բանաձեւով մը յիշատակում կատարած է Ցեղասպանութեան՝ 110-րդ տարեդարձին առիթով (Ուրուկուէյը Ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին երկիրն էր):
– Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռուսոպուլոս յականէ-անուանէ «բռնատէր» որակած է Ալիեւը եւ պահանջած՝ որ եւրոխորհրդարանը չենթարկուի անոր քմայքներուն: (Նոր բանավէճ՝ Եւրոխորհրդարանին ու Ազրպէյճանի միջեւ, իբրեւ յաւելուած՝ Ֆրանսայի եւ Ազրպէյճանի հանդէպ առնուազն անբաւարարութիւն յայտնող երկիրներու): Նախագահը զայրոյթ արտայայտած էր, որ Ալիեւ «ասֆալթին փռած» էր եւրոխորհրդարանը: Հոն ալ մէկը պէտք է յիշեցնէ, թէ նոյն խորհրդարանի անդամներ ազերիներուն հետ ինչպիսի՛ գայթակղալի գործակցութիւն ունեցած էին:
– Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրով յայտարարած է, որ Մոսկուա պատրաստ է, 2020էն մինչեւ 2022 Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ գոյացած եռակողմանի համաձայնութեան իրականացման նպաստելու (չմտնենք այն բանավէճին մէջ, թէ այդ համաձայնութիւններուն մէջ հայանպաստն ու ազերիանպաստը, յետոյ նաեւ ռուսական հեռանկարներուն յարմարողը ի՞նչ էին):
Եթէ քանի մը օր, քանի մը շաբաթ ետ դարձնենք մեր հեռադիտակները, կրնանք հայանպաստ այս պահանջներուն եւ կեցուծքներուն ցանկը երկարել: Այս բոլորը չեն իրականանար հայկական դիւանագիտական համակարգի ճիգերուն շնորհիւ, այլ մէկ կողմէ՝ Հայ Դատի յանձնախումբին ու հայութեան պահանջներուն ի խնդիր գործող՝ այլ հայրենապաշտպան միաւորներու ջանքերով: Հիմա հարց կը ծագի, թէ արդեօք ՔՊ-ապետն ու անոր «ուսապարկերը» արդեօք հակա-արշաւի մը պիտի ձեռնարկե՞ն եւ թաքուն կամ բացայայտ դիմումներ պիտի ներկայացնե՞ն այլ երկիրներու, որպէսզի… չնեղացնեն Ազրպէյճանը: Չէ՞ որ Հայաստանի մէջ հայրենապաշտպան ընդդիմադիրներու ջանքերը կ’աշխատին «ասֆալթին փռել» ամէն քայլափոխի, կը յայտարարեն, որ պէտք չէ առնել այնպիսի քայլեր, որոնք կրնան զայրոյթ պատճառել իրենց… թուրք ու ազերի պոսերուն:
Մինչդեռ, Հայաստանի պաշտօնական դիւանագիտութեան եւ ընդհանրապէս վարչամեքենային աշխատանքի դաշտերէն դուրս ինկած նման կեցուածքներ՝ արդար պահանջ, քննադատութիւն եւ խարանում՝ ձեւով մը «երկինքէն ինկող խնձոր»ի դեր կրնան ունենալ, եթէ զանոնք տեսնողը փորձէ զանոնք շահող խաղաքարտի վերածել, դուրս գալով «ինչ որ կ’ուզէք՝ կու տանք»ի (չ)տրամաբութենէն:
…Այս ողբերգական ու պարտուողական պատկերին, ի՞նչ պատկեր, անվերջանալի ժապաւէնին ի տես (վստահ ենք որ տեսնող-լսողները կը շատնան), ինչպէ՞ս չյիշել անմահ Թումանեանն ու իր «Անխելք մարդը» հեքիաթը: Ծանօթ է, չէ՞, թէ ինչպէս դժբախտին մէկը Աստուծոյ դուռը կը հասնի, որպէսզի բախտ խնդրէ, Աստուծոյ կը ներկայացնէ նաեւ ճամբուն վրայ իրեն պէս քանի մը դժբախտի՝ անօթի գայլին, առանձին աղջկան եւ գետափին չորցած ծառին խնդրանքները: Աստուած կ’ընդառաջէ մարդուն եւ լուծումներ կը թելադրէ իր բախտակիցներուն համար:
Մարդը, վերադարձի ճամբուն վրայ, Աստուծոյ թելադրանքներուն հետեւելով՝ ծառին կ’ըսէ, որ պէտք է մէկը անոր արմատին քով թաղուած ոսկիները դուրս բերէ, որպէսզի արմատները ջուր ունենան, աղջկան կ’ըսէ, որ պէտք է կեանքի ընկեր մը գտնէ, որպէսզի ունեցած տունն ու կալուածները միասնաբար տնօրինեն, իսկ երբ ծառն ու աղջիկը կը խնդրեն օգնել իրենց, մարդը կը մերժէ եւ կը պնդէ, որ ինք պիտի երթայ Աստուծոյ տուած բախտին ետեւէն (հիմա այդ բախտ-ին անունը՝ «խաղաղութեան համաձայնագիր» դնենք): Երբ կը հասնի անօթի գայլին եւ անոր կը պատմէ ճամբորդութեան մանրամասնութիւնները, եւ Աստուծոյ՝ գայլին վերաբերող պատգամը, թէ՝ պէտք է անխելք մարդ մը գտնէ եւ զայն ուտէ, որպէսզի անօթի չմնայ, գայլը ուրախութեամբ փորը կը շփէ եւ վրան կը յարձակի ըսելով. «Քեզմէ անխելք մէկը ուրկէ՞ պիտի գտնեմ», եւ կ’ուտէ «բախտի տիրացած» մարդը:
Հիմա, մեր ՔՊ-ականները լիովին մտած են Թումանեանի այս հերոսին մաշկին մէջ, իսկ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կ’ըսեն. «Ձեզմէ աւելի անխելք՝ ուրկէ՞ պիտի իյնայ մեր ձեռքը», եւ պատառ-պատառ կ’ուտեն Արցախն ու Հայաստանը (ի վերջոյ կարգը կրնայ գալ նաեւ ՔՊ-ականներուն, ինչպէս որ եղաւ ճակատագիրը Ուքրանիոյ Զելենսքիին):
12 Ապրիլ 2025