Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ
16 Ապրիլ 2025
Երկուշաբթի, 14 ապրիլ 2025-ին, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները այցելեցին Ժեհթաուիի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ: Անոնք ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան 110 ամեակին առիթով կեդրոնական, երիտասարդական եւ հոգեւոր բնոյթի ձեռնարկներուն մանրամասնութիւնները:
Հոգեւոր տէրը ողջունեց կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները եւ շեշտեց, որ ապրիլ 24-ին առնչուած բոլոր ձեռնարկները պէտք է համակարգուած ըլլան` գնահատելով միասնականութեամբ ստեղծուած մթնոլորտն ու աշխատանքները:
Այս հանդիպումը նաեւ առիթ ծառայեց, որ խորհրդակցութիւններ ըլլան Ազրպէյճանի կողմէ տարբեր երկիրներու մէջ, որոնց շարքին Վատիկանի, տարած դիւանագիտական, քաղաքական եւ քարոզչական աշխատանքներուն շուրջ: Հոգեւոր տէրը յստակացուց, որ Հռոմի մէջ «Գրիգորեան» համալսարանին 10 ապրիլին կազմակերպած այս վերջին բաւական աղմուկ հանած ձեռնարկը Ազրպէյճանի հերթական նենգափոխութիւնն է պատմական անհերքելի ճշմարտութիւններու: Թէ՛ Ընդհանրական եկեղեցին եւ թէ՛ անոր մաս Հայ կաթողիկէ եկեղեցին գործունեայ ընթացքով հաւատարիմ են այն նուիրական արժէքներուն, զորս դարերու հոլովոյթով` հայ քրիստոնեայ ազգը վկայած եւ ապրած է: Շեշտուեցաւ այդ ամբողջին մօտէն հետեւելու ու Պաքուի իշխանութիւններուն ծրագիրներուն բուն նպատակները լաւապէս իմանալու եւ ըստ այնմ միասնական աշխատանքներ տանելու կարեւորութիւնը, առանց անհարկի մեղադրանքներու դիմելու եւ պառակտումի առաջնորդելու, որոնք կը կազմեն դիտաւորութիւնն ազրպէյճանական վարչակարգին: Հոգեւոր տէրը աւարտին դարձեալ շեշտեց հոգեւոր, կուսակցական եւ համայնքային մակարդակներուն վրայ միասնական մարմիններով աշխատելու անհրաժեշտութիւնը:
Այցելութիւն` Մերձաւոր ԱրեւելքիՀայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահին
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն: Այցելութեան նպատակն էր իրազեկել Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ձեռնարկներուն մասին:
Ներկայացուցիչները հաստատեցին, որ հաւաքին ընտրուած վայրն ու փոխանցուելիք ուղերձները ուղղուած են լիբանանեան հանրային կարծիքին եւ շարունակուող ցեղասպանութիւններու իրողութեան ներկայացման ընդմէջէն կը միտին շեշտել ցեղասպան պետութիւններ ու միջազգային ընտանիքին կողմէ դատապարտումը:
Խորհրդակցութիւններ եղան նաեւ Պաքուի կողմէ կրօնական թեմայի շահարկումներով տարուող պատմութեան նենգափոխման քարոզչաքաղաքական աշխատանքներուն շուրջ:
Վերապատուելի դոկտ. Հայտոսթեան խօսեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին կամ ընդհանրապէս Եւրոպայի մէջ գործող եկեղեցիներու կողմէ Արցախի հարցին նկատմամբ այսօրուան մօտեցումներուն եւ անոնց շարժառիթներուն մասին:
Վերապատուելին շեշտեց ապրիլքսանչորսեան կամ ընդհանրապէս համահայկական թեմային շուրջ միասնական աշխատանքները շարունակելու կարեւորութիւնը: