Ո՞վ Կը Խանգարէ Միասնականութիւնը
16 Ապրիլ 2025
Գիւմրիի քաղաքապետական ընտրութիւնները յստակօրէն ցոյց տուին, որ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը չի վայելեր քաղաքացիներու մեծամասնութեան վստահութիւնը: Իր ապահոված մօտ 35 առ հարիւր ձայներուն դիմաց, ընդդիմադիր կուսակցական վեց եւ երկու դաշինքներու ցուցակները հաւաքական կերպով ապահովեցին ընտրողներու 65 տոկոսին վստահութիւնը: Քաղաքապետական խորհուրդի 33 աթոռներէն 14-ը վիճակուեցաւ Քաղաքացիական պայմանագիրին, մինչ ընդդիմադիրները ունեցան 19 տեղ: Գրեթէ շաբաթ մը տեւող քաշքշուքներէ ետք, ի վերջոյ 8 անդամով երկրորդ դիրքը գրաւած Վարդան Ղուկասեանը, որ ներկայացած էր… Կոմունիստական կուսակցութեան անունով, ապահովեց քաղաքապետի պաշտօնը: Քաղաքապետի ընտրութիւնը պիտի կատարուի քանի մը օրէն, խորհուրդի առաջին նիստի ընթացքին:
Քաղաքապետական այս ընտրութիւններուն երեւան եկաւ, անգամ մը եւս, որ քաղաքացիները կը քուէարկեն ոչ թէ այս կամ այն կուսակցութեան կամ դաշինքին, այլ` ցուցակը գլխաւորող անձին, որ քաղաքապետ դառնալու կոչուած թեկնածու է: Գաղափարական դիրքորոշումներն ու ներկայացուած նախընտրական ծրագիրները քիչ ազդեցութիւն ունին ընտրողներու որոշման վրայ:
Հայաստանի մէջ ներկայիս իշխող կուսակցութիւնը` Քաղաքացիական պայմանագիրը հազիւ քանի մը հատ իրեն համախոհ փոքր կուսակցութիւններ ունի: Մնացածները` թիւով հարիւրի հասնող` ընդդիմադիր են: Նուազ քան երեք միլիոն բնակիչ ունեցող երկրի մը մէջ այսքան մեծ թիւով կուսակցութիւններու գոյութիւնը ցոյց կու տայ, որ գործ ունինք չկազմաւորուած քաղաքացիական հասարակութեան մը հետ: Իրարանման գաղափարներու մերձեցումով, փոխադարձ զիջումներով համադրում կատարելու ու միասնական դաշինք ստեղծելու սովորութիւնը կը գործէ հազուադէպօրէն, միայն ընտրութիւններու նախօրեակին: Անհատապաշտութեան երեւոյթը թոյլ չի տար հասարակաց հակառակորդին դիմաց միաւորուելու ճակատ յարդարելու:
Հայաստանի իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան դէմ յաջորդական բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ չյաջողեցան ցանկալի միասնականութիւնը ստեղծել ու իշխանափոխութիւն իրագործել: Նկատառելի էր յատկապէս, որ ընդդիմադիր ճակատի ներկայացուցիչներ աւելի շատ զիրար քննադատեցին, քան գործող իշխանութիւնները: Փոփոխութեան կողմնակիցները մեծամասնութիւն կը կազմեն, սակայն իւրաքանչիւրը իր ուզած ձեւով կ՛ուզէ իրագործել իշխանափոխութիւնը, յաճախ անհասկնալի պատճառաբանութիւններով:
Տարակարծութեան առաջնորդող նիւթեր հրապարակը կ՛աղմկեն, տարանջատումներ կը յառաջացնեն ու կ՛անհետին: Նիւթը կ՛անհետի, սակայն տարանջատումը կը յամենայ: Յետոյ նոր նիւթ մը քննարկման առարկայ կը դառնայ, աւելի ուշ` ուրիշ մը այսպէս` անդադար:
Այժմէական պառակտիչ նիւթերէն մէկը, գլխաւորը, իմանալն է, որ ո՛վ բերած է Նիկոլ Փաշինեանը իշխանութեան: Կար ժամանակ, երբ կը կարծուէր, որ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանն է դիւրացուցած Փաշինեանի իշխանութիւնը գրաւելը, ընդդէմ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանին: Այժմ, ճիշդ հակառակն է: Նիկոլ Փաշինեան կրցած է յափշտակել իշխանութիւնը շնորհիւ Սերժ Սարգսեանի: Յայտարարութիւններ կը կատարուին, տեսակցութիւններ կ՛ըլլան, հարցազրոյցներ կը հրապարակուին ու յօդուածներ կը գրուին երկու կարեւոր ընդդիմադիրներու միջեւ գժտութիւն յառաջացնելու համար: Անգամ մը եւս ընդդիմադիր ճակատին մէջ ճաթեր պատճառելով:
Բնականաբար, նման անշահ խնդիրներով զբաղեցնելով հանրային կարծիքը, զայն կը շեղեն Հայաստանի հանրային կեանքի գլխաւոր օրակարգի կարեւորագոյն նիւթէն, որ իշխանութիւններու քաղաքական վարքագիծն է` պարտուողական եւ յանձնուողական անպատասխանատու դիրքաւորումը: Նուաստացումը Հայաստանին եւ համայն հայութեան: Ինչպէս պատերազմի ատեն ամէն տարակարծութիւն մոռնալով բոլորը կը կանգնին բանակի կողքին, այժմ անհրաժեշտ է ամէն տեսակէտ մէկդի դնել ու համախմբուիլ կործանարար քաղաքականութեան դէմ եւ իշխանափոխութիւն իրականացնել: Հայաստանի ու Արցախի, անոնց քաղաքացիներուն, սփիւռքի հայութեան ճնշող մեծամասնութեան, համայն հայութեան շահը կը թելադրէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ունենայ իր ձգտումներուն, ատեն մը լուսանցքայնացած, բայց վերազարթնած նպատակներուն առաջադրանքը դաւանող իշխանութիւն:
Տիգրան Ճինպաշեան