Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողմէ Ռոստոմի ներկայացուցած Յուշագիրը Սթոքհոլմի Ընկերվար Միջազգայնական Համագումարին (1917)
17 Ապրիլ 2025
Կը պահանջենք նաեւ, որ՝ հատուցում պահանջուի թրքական կառավարութենէն՝ պատերազմի ընթացքին բնաջնջուած հայ ընտանիքներուն` այն բոլոր նիւթական վնասներուն համար, զորս կարելի չէ արդարացնել մինչեւ իսկ ռազմավարական նկատումներով
ՀՅԴ հիմնադիրներէն Ռոստոմը (1867-1919) ՀՅ Դաշնակցութեան անունով, ֆրանսերէն կարեւոր յուշագիր մը ներկայացուցած է Ընկերվար Միջազգայնականի համաժողովին, Սթոքհոլմ, 1917 թուականի ամրանը, որ ինքնին Հայ Դատի հիմանաւորման եւ հայութեան պահանջատիրութեան համապարփակ փաստաթուղթ մըն է։
Թարգմանութիւնը.
Անմիջական խաղաղութեան հաստատումը առաջնակարգ նշանակութիւն ունի աւերեալ Հայաստանի համար։
Ան պէտք է կնքուի ռուսական ժողովրդավարութեան(1) հռչակած երեք սկզբունքներուն հիման վրայ։ Եթէ մենք հակառակ ենք պատերազմական հարկադրանքի գաղափարին(2), բայց եւ այնպէս կը գտնենք որ արդար է հատուցում պահանջել մասնաւորաբար այն երկիրներու համար, որոնք աւերուած են` մանաւանդ մարդկային իրաւունքներու եւ միջազգային դաշնագիրներու դրժումին հետեւանքով։ Այդպիսի պատժամիջոց մը զգալիօրէն պիտի նուազեցնէր ապագայ պատերազմներու վտանգը:
Հակառակ ենք նոյնպէս, ինչպէս էինք նախապէս, հողային բռնագրաւումներուն։ Եւ որովհետեւ այս սկզբունքը տարբեր մեկնաբանութիւններու տեղի կու տար, մեր կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը (գումարուած Թիֆլիս, 1917 թ. 6-12 Ապրիլին)(3) հարկ տեսաւ ընդգծելու որ հակաժողովրդավարական կը նկատէ ոչ միայն նուաճուած երկիրներու բռնագրաւումը, այլ նաեւ ժողովուրդներու ենթարկումը իրենց նախկին բռնակալներուն։ «Ոչ կցումի» սկզբունքը պէտք չէ գործադրել անջատաբար, այլ տեսնել զայն «ժողովուրդներու ազատօրէն ինքնորոշուելու» սկզբունքին լոյսին տակ։
Հետեւաբար կը միանանք բոլոր անոնց, որոնք կը պահանջեն ամբողջական վերահաստատումը Պելկիոյ, Սերպիոյ, Մոնթենեկրոյի, Ռումանիոյ, ինչպէս նաեւ միացեալ եւ անկախ Լեհաստանի։ Ռուսիայէն գրաւուած բոլոր շրջանները (բացի ռուսական Լեհաստանէն) պէտք է վերադարձուին [ռուս] Հանրապետութեան, որ կ’երաշխաւորէ իր ժողովուրդներուն ազատ ինքնորոշման իրաւունքը։ Ռուսիոյ Սահմանադիր ժողովը պէտք է երաշխաւորէ Ֆինլանտային ամէն ազատութիւն․ Ֆրանսայէն խլուած Ալզաս-Լոռէնը պէտք է վերադարձուի իրեն, բայց եւրոպական խաղաղութիւնը պահպանելու համար, թերեւս լաւ է որ բնիկ եւ տարագրեալ ժողովուրդի մասնակցութեամբ հանրաքուէի մը միջոցաւ վճռուի վերջնական ճակատագիրը այս նահանգներուն։ Պալքանեան ժողովուրդներու շահերը կը պահանջեն ստեղծումը Պալքանեան Համադաշնակցութեան մը։ Մակեդոնիան պէտք է իրաւունք ունենայ որոշելու իր ճակատագիրը, այսինքն ան պէտք է կարենայ մաս կազմել Համադաշնակցութեան որպէս անկախ միաւոր եւ կամ միանալ դրացի պետութիւններէն մէկն ու մէկին:
Ազգային փոքրամասնութիւններ ունեցող բոլոր երկիրներուն համար կը պահանջենք, որ որդեգրուի հողային կամ մշակութային ինքնավարութեան սկզբունքը։ Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Պարսկաստանի համար, ուր կեդրոնացած է մեր կուսակցութեան գործունէութիւնը, կարեւոր կը նկատենք հետեւեալ պահանջները:–
1) Ռուսահայաստանը, Վրաստանի եւ Կովկասի թաթարներուն հետ, պէտք է ըլլայ ինքնավար` Դաշնային եւ Հանրապետական Ռուսիոյ ծիրին մէջ, որուն հիմնական օրէնքը պիտի ճշդուի Սահմանադիր ժողովին կողմէ։
2) Ազատ ինքնորոշման իրաւունքը կարելի չէ մերժել Պարսկաստանին, որ քաղաքական ամբողջական անկախութեան իրաւունք ունի։ Մեծն Բրիտանիան եւ Ռուսիան պէտք է վերցնեն Սահմանադրական Պարսկաստանի ազատօրէն զարգացման դէմ պարտադրուած բոլոր խոչընդոտները։ Ամբողջովին պէտք է ջնջուի հոն տիրող աւատատիրական եւ աստուածպետական վարչակարգը, եւ պետութիւնը պէտք է կազմակերպուի լայնօրէն ժողովրդավարական հիմերու վրայ: Հայերուն՝ իրողապէս վայելած ազգային եւ մշակութային ազատութիւնները պէտք է ընդլայնուին եւ ամրագրուին հիմնական օրէնքով։
3) Միջազգային ժողովրդավարութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք թուրքերու տիրապետութեան տակ գտնուող Հայաստանի բացառիկ կացութեան վրայ։
Թուրք ղեկավարներու ամբողջ քաղաքականութիւնը կը ձգտէր հայերու թիւը նուազեցնել իրենց հայրենիքին մէջ, եւ հոն աւելցնել մահմետական զանգուածը։ Եթէ սուլթան Ապիւլ Համիտ աւելի եւս շեշտած էր՝ հայերը բնաջնջելու աւանդական քաղաքականութիւնը, Երիտասարդ Թուրքերը, միեւնոյն ուղղութեան հետեւելով, որոշեցին մէկ հարուածով աւարտին հասցնել այն գործը, զոր սուլթան Սելիմ պարտադիր դարձուցած էր իր յաջորդներու համար։ Ներկայիս թուրքերու տիրապետութեան տակ գտնուող հայկական նահանգները գրեթէ պարպուած են hայ տարրերէն, եւ այժմու պայմաններուն մէջ յիշեալ սկզբունքին տառացի գործադրութիւնը մեծ անարդարութիւն պիտի ըլլար, որովհետեւ զաւթողներուն միայն կարծիքը պիտի առնուի:
Հետեւաբար, կը պահանջենք՝
1) Որ միջազգային ժողովրդավարութիւնը իր կարելին ի գործ դնէ վերջ տալու համար հայոց դարաւոր ողբերգութեան՝ հանդուրժուած մինչեւ այսօր կայսերապաշտ պետութիւններու մրցակցութեան պատճառաւ. որ` Հայաստանի հողամասը վերադարձուի հայերուն, որոնք արժանի են այդ հատուցման իրենց անցեալի մարտնչումներով, եւ որպէսզի տարագրուած մեր հայրենակիցները կարենան վերադառնալ իրենց օճախները եւ վճռել իրենց ազգային ճակատագիրը։ Մեր ֆրանսացի ընկերներու արտայայտած բաղձանքին համաձայն, միջազգային ժողովրդավարութեան պարտականութիւնն է հաշուի առնել ոչ միայն վերապրողներու ձայները, այլեւ թուրք ղեկավարներու զոհերուն (ձայնը), այլապէս ընկերվար ժողովրդավարութիւնը ընդունած ու վաւերացուցած պիտի ըլլար արիւնարբու քաղաքականութիւն մը։
2) Ազատ Հայաստանը պէտք է բովանդակէ հայկական 6 նահանգները եւ Կիլիկիան, բացի մահմետական շրջաններէ, որոնք հայկական նահանգներուն կցուած են 1877-1878ի ռուսեւթուրք պատերազմէն ետք:
3) Հայաստանը պիտի յայտարարուի չէզոք եւ իր չէզոքութիւնը երաշխաւորուի միջազգայնօրէն:
4) Հեքքարիի (քիւրտ), Ջուլամերիկի (քաղդէացի) Պոհթանի, Ուրֆայի (քիւրտ), Տրապիզոնի (լազ, յոյն եւ հայ շրջանները), [ինչպէս նաեւ] Սուրիան եւ հրէական Պաղեստինը պիտի կազմեն անջատ միաւորներ։ Այս միաւորներու կազմութիւնը եւ անոնց փոխադարձ ու միջազգային յարաբերութիւնները պիտի որոշուին պատերազմէն ետք։ Տերսիմի քրտական նահանգը պիտի օժտուի ինքնավարութեամբ։ Կոստանդնուպոլիսը հռչակուած է [արդէն] ազատ քաղաք։
5) Որովհետեւ անցեալի սարսափները կրնան տեղի տալ նոր բախումներու, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ մասնակի տեղափոխութիւններ կատարել Հայաստանի մէջ բնակող տարբեր տարրերու միջեւ։
6) Թուրք ղեկավարներու կողմէ՝ քաղաքական նպատակներով Հայաստանի մէջ տեղաւորուած մահմետական տարրերը պէտք է վերադարձուին իրենց նախկին վայրերը։
Կը պահանջենք նաեւ՝
1) Որ՝ հատուցում պահանջուի թրքական կառավարութենէն՝ պատերազմի ընթացքին բնաջնջուած հայ ընտանիքներունայն բոլոր նիւթական վնասներուն համար, զորս կարելի չէ արդարացնել մինչեւ իսկ ռազմավարական նկատումներով․ հատուցում՝ այն բոլոր հարստութեանց դրամ, անասուն, ապրանք, կարասի, որ խլուած են հայերէն պատերազմի եւ տարագրութեանց ընթացքին` պետական գանձին, քաղաքային եւ զինուորական պաշտօնեաներուն, Իթթիհատ կոմիտէի անդամներուն, չեթայական վոհմակներուն, զինուորականներուն եւ մահմետական ամբոխին կողմէ։
2) Որ՝ միջազգային ժողովրդավարութիւնը, մասնաւորապէս Կեդրոնական պետութեանց ընկերվար կուսակցութիւնները եւ չէզոք պետութիւնները ազդեցութիւն ի գործ դնեն իրենց համապատասխան կառավարութիւններուն վրայ, որպէսզի ստիպեն օսմանեան կառավարութիւնը որ, չէզոք երկիրներու կամ Թուրքիոյ դաշնակիցներու միջոցաւ, օգնութիւն հասցուի հայերուն, սուրիացիներուն, յոյներուն եւ Պաղեստինի հրեաներուն։ Թուրքիոյ դաշնակից երկիրներու ընկերվար կուսակցութիւններու անտարբերութիւնը կը նշանակէ մասնակից ըլլալ` մեծ մասամբ կիներէ եւ մանուկներէ բաղկացած ողջ մնացած հայերու բնաջնջումին։ Այս ոչնչացումը կը հետապնդուի դանդաղօրէն՝ սովի, զրկանքներու եւ հիւանդութեանց ճամբով։
Չէզոք երկիրներու վրայ կ’իյնայ նաեւ խաղաղութեան կնքումի գործին հետապնդումը: Եւ սակայն, ինչպէս դէպքերու ընթացքը ցոյց կու տայ, [պատերազմիկ] ազգերու թիւը կ՚աւելնայ. անհրաժեշտ է որ չէզոք պետութիւնները ամէն ինչ ի գործ դնեն, որպէսզի արգիլեն իրենց երկիրներուն մասնակից դառնալ ներկայ պատերազմին։
Միջազգային ժողովրդավարութիւնը ներկայ պարագաներուն չի կրնար վստահիլ Թուրքիոյ խորհրդարանին եւ թուրք ընկերվար կուսակցութիւններու բերելիք նպաստին։ Եւրոպական նահանգները կորսնցնելէ ետք, Թուրքիոյ մէջ, բացի հայերէն, ընկերվարականներ չեն մնացած։ Հայոց ազգային մեծ աղէտին մէջ, Երիտասարդ թուրքերը ոչ մէկ ողջմտութիւն ունեցան խնայելու ընկերվարականներուն։ Ընդհակառակն, առաջին զոհերը դարձան յատկապէս կուսակցականները` խմբագիրներն ու նոյնիսկ օսմանեան խորհրդարանի անդամները: Մեր կազմակերպութեան անդամներէն կարելի եղաւ փրկել միայն անոնք որ զէնք վերցուցին ու լեռները բարձրացան։ Խմբագրատուները, կուսակցութեան ակումբները, Ժողովրդային Տուները, ճոխ գրադարանները, ամբողջ գիւղացիութիւնը իրենց մէջ ընդգրկող երկրագործական ընկերութիւնները, բանուորական եւ արհեստակցական միութիւնները, համագործակցականները, մարմնամարզական, երգչախմբային, երաժշտական յարակից միաւորները եւայլն,- Տասնեակ տարիներու յարատեւ ջանքերու արդիւնք այս կազմակերպութիւնը մէկ հարուածով ջնջուեցաւ Երիտասարդ եւ Սահմանադրական Թուրքիոյ կողմէ։
Ինչ կը վերաբերի ընդդիմադիր տարրերուն, մահմետական ըլլան անոնք թէ այլ, խորհրդարանական կամ ոչ, հակառակ իրենց մեծ թուին, չեն կրնար անոնք արտայայտել իրենց կարծիքը։ Երիտասարդ թուրքերու սահմանադրական վարչակարգը կը խեղդէ նուազագոյն ընդդիմութիւնն իսկ: Ընդդիմադիրները պիտի չկարենան գործել բացի այն պարագայէն, երբ Դաշնակիցները յաղթական դուրս գան, կամ եթէ ժողովրդավար վարչակարգ հաստատուի Գերմանիոյ մէջ:
Մեր շրջաններուն եւ առհասարակ Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն կրնայ հաստատուիլ միայն այն ժամանակ, երբ Եւրոպան կը վերակազմուի աւելի լայն ժողովրդավարական հիմերու վրայ։ Ժողովրդավարութեան յաղթանակը պէտք է յանգի ընդհանուր ապազինումի եւ միջազգային ընկերվարութեան գործունէութեան ընդլայնումին։
Հայաստան – [հարցին] պատմականը
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը քաղաքական առաջին կուսակցութիւնն էր, որ հայկական հարցի լուծումին համար նախապայման չդրաւ Հայաստանի քաղաքական անկախութիւնը, այսինքն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բաժանումը։ Թէեւ ծանօթ էինք թուրք բարեկարգիչներ՝ Ռեշատ, Ալի Ֆուատ, Միտհատ փաշաներու փորձերուն, որոնք ԺԹ. դարու ընթացքին ջանքեր թափեցին Թուրքիոյ վերանորոգութեան համար․ ծանօթ էինք նոյնպէս անոնց ապարդիւն եւ երբեմն աղէտալի հետեւանքներուն. կը հաւատայինք այսուհանդերձ որ իրենց [վերանորոգչական] գաղափարը արդիւնաւոր կը դառնայ։
Ձախողութիւնը կը վերագրէինք այն իրողութեան որ բարեկարգչական գաղափարներ կրողները քանի մը խմբակներ էին միայն, կամ բարձրաստիճան կարգ մը անհատականութիւններ, մինչ մահմետական զանգուածը ամբողջովին կը հակառակէր նոր գաղափարներուն։ Գիտէինք նոյնպէս որ բարեկարգիչները, իրենք, առաջնորդուած չէին ներքին ու բացարձակ այն համոզումով, որ Թուրքիոյ ապագային համար կենսական նշանակութիւն ունէր առաջադրուած միջոցներու իրագործումը եւ, հետեւաբար, երբեմն կը ձեւացնէին որ բարենորոգումները կ’ընէին պարզապէս առաջքն առնելու համար [եւրոպական] պետութեանց միջամտութեան։
Կը խորհէինք, որ 1877-78-ի [պատերազմին] վերիվայրումները խոր փոփոխութիւն առաջացուցած կ՚ըլլան թուրքերու մտայնութեան մէջ։ Աւելին, ժողովրդավարական նոր գաղափարներու հոսքը չէր կրնար բոլորովին անտարբեր թողուլ Թուրքիոյ մահմետական տարրերը: Թուրք բոլոր ղեկավարներու ջերմ փափաքը եւս, որ կը ձգտէր խուսափիլ իրենց հայրենիքի ներքին գործերուն մէջ մեծ պետութիւններու միջամտութիւններէն, պէտք է ի վերջոյ մղէր Երիտասարդ Թուրքիոյ ապագայ ներկայացուցիչները, որ անկեղծօրէն հետամուտ ըլլան պահանջուած բարեկարգումներու իրագործումին։
Ապտիւլ Համիտի գործածած դաժան միջոցները թուրքերուն իսկ նկատմամբ, բաւարար փաստ էին, որ մեծ դժգոհութիւն մը կար հին վարչակարգին դէմ։
Եւ մենք յարմար կը գտնէինք մեր նպատակը հետապնդել, որքան կարելի էր, Թուրքիա ապրող միւս տարրերու գործակցութեամբ։
1892 տարուան Ընդհ. Ժողովի որոշումներուն համաձայն, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, բռնատիրական վարչակարգին դէմ իր մղած կատաղի ու անողոք պայքարի ընթացքին, կը ջանար նախընտրաբար թիրախ ընտրել չարիքին այն պատճառները, որոնցմէ կը տառապէին ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ միւս ժողովուրդները։ Ջատագով հանդիսանալով բոլոր ազգերու միասնութեան, կուսակցութիւնը յատուկ ճիգ կը թափէր յատկապէս թուրք ընդդիմադիր տարրերուն մէջ, նպատակ ունենալով «տիրող ցեղի» յեղափոխական առաջին շարքերու կազմակերպումը: Կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ը ոչ մէկ առիթ կը փախցնէր ընդգծելու համար այն տարբերութիւնը, որ կուսակցութիւնը կը դնէր թուրք կառավարութեան եւ թուրք ժողովուրդին միջեւ, փաստելու համար նոյնպէս, որ մեր պայքարը ուղղուած էր բացառապէս կառավարութեան դէմ եւ այս՝ նոյնիսկ 1895-ի արիւնալի դէպքերէն ետք, երբ մամուլը բարձրաղաղակ կը մեղադրէր բոլոր մահմետականները ընդհանրապէս, իսկ «Դրօշակ» չվարանեցաւ պաշտպանելու մահմետական զանգուածը, հակառակ անոր որ մեծամասնութեամբ այս վերջինիս ձեռքերը թաթխուած էին հարիւր հազարաւոր հայերու արեան մէջ։ Մենք կը նկատէինք զայն իբրեւ անգիտակից գործիք սուլթան Ապտիւլ Համիտի կառավարութեան ձեռքին,- միակ պատասխանատուն գործուած գազանութիւններուն։ Յարմար դատեցինք նոյնիսկ յայտարարելու մեր պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ով եւ Լոնտոնի մէջ կայացած Միջազգային ընկերվար համագումարին ներկայացուցած տեղեկագրին մէջ, որ կը ձգտինք Հայաստանի ինքնավարութեան՝ վերանորոգ, ժողովրդավար եւ դաշնակցային Թուրքիոյ շրջագծին մէջ։
Անմիջական յարաբերութիւններ հաստատուեցան մեր եւ Եւրոպա գաղթած Երիտասարդ Թուրքերու հետ եւ շնորհիւ կուսակցութեան հետեւողական ճիգերուն, վերջապէս 1897-ին Ժընեւի մէջ ստեղծուեցաւ Երիտասարդ թուրքերու յեղափոխական առաջին կոմիտէն։ Իր յայտարարութիւնը, հազարաւոր օրինակներով տպուած, մեր կազմակերպութիւններու միջոցաւ բաժնուեցաւ Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ Պարսկաստանի մահմետականներուն։ Միեւնոյն ժամանակ, ձեռնարկուեցաւ համատեղ գործունէութեան մը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։
Մեր կապերը Երիտ․ թուրքերուն հետ աւելի սերտացան՝ Տամատ Մահմուտ փաշայի, իր որդիներուն եւ աւելի ազատական ու յեղափոխական ձգտումներ ունեցող այլ գաղթականներու Ժընեւ եւ Փարիզ հասնելէն ետք։ Երիտ. թուրքերը կը գրէին մեր պաշտօնաթերթին մէջ, միասնականութեան տեսակէտներ զարգացնելով: Կը հրատարակէին պրոշիւրներ եւ յայտարարութիւններ, զորս մեծ քանակութեամբ կը ցրուէինք մեր շրջաններուն մէջ։
Միեւնոյն ատեն, 1897-էն սկսեալ բանակցութիւններ սկսան երկրին ներսը թուրքերուն եւ քիւրտերուն հետ։ Հետզհետէ գործի վերածուեցան անոնք։ Խառն կոմիտէները թուրք լեզուով լրագիրներ եւ յայտարարութիւններ հրատարակեցին Վանի, Էրզրումի եւ Մուշի մէջ. այսպէս, քաղաքական եւ երկրագործական գետնի վրայ տարուած գործունէութիւնը կու գար քանդելու դարաւոր աւանդութեանց պարտադրած արգելքները։ Ցոյց տալու համար տեղի ունեցած փոփոխութեանց կարեւորութիւնը, կը բաւէ յիշել որ միասնաբար կազմակերպուած 1906-ի Էրզրումի ըմբոստութեան ատեն, թուրք ղեկավարները թոյլ չտուին որ հայ ընկերները որեւէ մասնակցութիւն ունենան հրապարակային ցոյցերուն մէջ, եւ մեծ թիւով թուրքերու ձերբակալութենէն ետք, եւ հակառակ բանտերու մէջ ի գործ դրուած սովորական չարչարանքներուն, ո՛չ մէկ հայ մատնուեցաւ: Վանի մէջ քիւրտերու լայն օժանդակութեան շնորհիւ է որ 1907-ին մեր Կեդր․ կոմիտէն յաջողեցաւ հազարաւոր հրացաններ եւ աւելի քան մէկ միլիոն փամփուշտ փոխադրել։ Վանի եւ Մուշի նահանգներուն մէջ, քիւրտ գիւղացիները կամովին մեր կոմիտէներու պաշտպանութեան կ՚ապաւինէին՝ պայքարելու համար աւատատէր պէյերու հարստահարութեանց դէմ։ Երիտ․ թուրքերու եւ հայ յեղափոխականներու 1902ի առաջին համագումարը գործնական ոչ մէկ արդիւնք տուած էր` Ահմէտ Ռիզայի «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» խմբակին յեղափոխական մարտավարութեան ընդդիմանալուն պատճառաւ։ 1907 թ. Դեկտեմբերին Փարիզի երկրորդ համագումարը, որ կայացած էր մեր կուսակցութեան Ընդհ. ժողովի նախաձեռնութեամբ (Մարտ 1907), մեծ արձագանգ գտաւ թուրք առաջաւոր շրջանակներուն մէջ եւ, մեր տեսակէտով, հանդիսացաւ պսակումը 15 տարիներու մեր ջանքերուն։ Այս համագումարին մէջ է որ բացայայտ համաձայնութիւն գոյացաւ Դաշնակցութեան եւ Երիտ. թուրքերու միջեւ՝ Ապտիւլ Համիտը տապալելու եւ Սահմանադրութիւնը վերահաստատելու նպատակով։ Հո՛ն է որ բոլոր երիտասարդ թուրքերու կողմէ որդեգրուեցաւ յեղափոխական գործելակերպը եւ գծուեցաւ հասարակաց գործունէութեան մը ծրագիրը։
1908 թ. յեղափոխութիւնը, Կոստանդնուպոլսոյ եւ գաւառներուն մէջ անոր առաջացուցած ընդհանուր խանդավառութիւնը, անընդհատ տեղի ունեցող ցոյցերը, կրակոտ ճառերը, եղբայրակցութեան եւ միութեան ուղղութեամբ արձակուած կոչերը կարծես կ’աւետէին, ինչպէս կ՚երեւակայէինք այն ատեն – նոր դարաշրջանի մը սկզբնաւորումը` Թուրքիոյ եղերական պատմութեան մէջ։
Կը թուէր թէ Ռեշատներու, Միտհատներու եւ միւս բարեկարգիչներու յաջողութիւն չգտած գաղափարները, ի վերջոյ, յանձին 1908ի Երիտ․ թուրքերուն, գտած էին իրենց երջանիկ կենսագործողները։ Կը թուէր, թէ ազատութեան հրովարտակները, այնքա՛ն հանդիսաւոր կերպով հռչակուած 1839ին եւ 1856ին եւ մեռեալ տառ մնացած, իրագործման ճամբուն վրայ են արդէն։ Եւ իսկապէս, հաստատուեցան մամլոյ եւ խօսքի ազատութիւնը, ժողովուրդներու հաւասարութիւնը։ Հայերու դէմ (իբրեւ յեղափոխականներու) արձակուած բոլոր հրամանները անմիջապէս ջնջուեցան։ Քաղաքական բանտարկեալներն ու գաղթականները ներումի արժանացան եւ ընդունուեցան մեծ պատիւներով։ Մեծ յարգանք ցոյց տրուեցաւ անոնց եւ միեւնոյն ժամանակ վստահութիւն՝ հանրային գործերը վարելու: Այս բոլորը բաւ էին ամրապնդելու այն յոյսը, որ նոր գաղափարները թափանցած էին զանգուածներուն մէջ եւ որ Թուրքիան այս անգամ կրնար շրջանցել պատմական տագնապը, զերծ մնալով յետադիմական նոր շարժումի մը ենթարկուելու վտանգէն:
Երիտ․ թուրքերու կառավարութիւնը յանդգնեցաւ նոյնիսկ հայկական շրջաններէն վտարելու նախկին վարչակարգի կողմէ բերուած մահմետականները, եւ հողերը վերադարձնելու հայ սեփականատէրերուն, որոնք պարտադրուած՝ գաղթած էին Կովկաս, Պարսկաստան, Ամերիկա եւ այլուր։
Երիտասարդ Թուրքիան կը շահէր ոչ միայն մեր համակրանքը, այլեւ վստահութիւնը որոշ պետութիւններու, որոնք նոյնիսկ կը խորհէին ջնջել քափիթիւլասիոնները եւ լայնօրէն օժանդակել նոր վարչակարգին վերջնական ամրապնդումին։ Երիտ․ թուրքերը մասնաւոր կարեւորութիւն կ’ընծայէին այս խնդրին, եւ եթէ Հետագային միւս ազգութիւններուն դէմ բացայայտ ծայրայեղութիւններէ խուսափեցան, պատճառը այն էր որ չէին ուզեր կորսնցնել Եւրոպայի համակրանքը։
Յեղափոխութենէն առաջ, եւ օսմանեան սահմանադրութիւնը վերահաստատելու նպատակով` Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ Երիտ․ թուրքերու համերաշխութիւնը – հակառակ երկու կազմակերպութեանց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութեանց – անհրաժեշտ եղաւ շարունակել Սահմանադրութեան առաջին շրջանին եւս, որպէսզի ամրապնդուի նոր վարչակարգը եւ աւարտին հասցուի մեր շրջաններուն մէջ աւատատէրերու դէմ մղուած պայքարը. պայքար մը որ անհրաժեշտ էր երկու կուսակցութիւններուն համար հաւասարապէս։ Այլապէս նաեւ, Երիտ․ թուրքերու կոմիտէն միակն էր որ արմատ կը նետէր թուրք ժողովուրդի առաջաւոր խաւերուն մէջ։
Այսուհանդերձ, Երիտասարդ Թուրքիոյ մեղրամիսը երկար չտեւեց, եւ մեր կուսակցութիւնը ունեցաւ բազմաթիւ յուսախաբութիւններ, հետզհետէ աւելի ու աւելի չարաղէտ։
Առաջինը տեղի ունեցաւ 1909 թ. Մարտ 31-ին, Ապտիւլ Համիտի արբանեակներու յետադիմական հարուածէն ետք։ Ճիշդ է որ շարժումը արագօրէն խեղդուեցաւ։ Կոստանդնուպոլիսըվերագրուեցաւ սահմանադրական բանակին կողմէ, եւ Ապտիւլ Համիտ գահընկէց եղաւ: Սակայն Երիտ․ թուրքերու այս յաղթանակը սկիզբն եղաւ իրենց գաղափարական պարտութեան։ Փոխանակ յետադիմութեան դէմ մարտնչելու – ի գին նոյնիսկ ժամանակաւորապէս իշխանութիւնը կորսնցնելու վտանգին – Երիտ․ թուրքերը նախընտրեցին մեղմացնել իրենց պայքարը յետադիմականներուն հանդէպ։ Եւ որովհետեւ վերջինները կը շահագործէին Շարիաթը Երիտ․ թուրքերը ներկայացնելով իբրեւ անաստուածներ, իբրեւ անհաւատներու գործիք, իբրեւ կեաւուր,- «Նոր բարեկարգիչները» սկսան իրենք զիրենք ցոյց տալ որպէս մոլեռանդ իսլամներ եւ, հետեւաբար, թշնամի քրիստոնեաներուն։
Երիտ․ թուրքերու Սելանիկի համագումարը եկաւ փաստելու որ հին թուրքերու քաղաքականութիւնը հետզհետէ աւելի գետին կը շահէր՝ Երիտասարդ Թուրքիոյ դրօշին ներքեւ։
Այս համագումարին մէջ, սահմանադրական վարչակարգէն ետք Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած կացութիւնը քննութեան առնելով, Երիտ․ թուրքերը մխիթարական չգտան զայն: Սակայն, փոխանակ անոր պատճառները իրենց իսկ հռչակած սկզբունքներըկենսագործելու անկարողութեանը մէջ փնտռելու,- յանգեցան այն եզրակացութեան, որ այդ սկզբունքները յարմար չէին մահմետական զանգուածներու հոգեբանութեան, որ անոնք հակառակ էին Թուրքիոյ նման մահմետական եւ գերազանցօրէն թուրք պետութեան մը շահերուն։ Այս ձեւով, իրենք իսկ խախտեցին հիմերըՕսմանիզմին, որուն անունով Երիտ․ թուրքերը կը հալածէին տարբեր ազգութեանց անջատողական շարժումները. եւ Օսմանիզմի սկբզունքը, որ նախա-յեղափոխական շրջանի Երիտ. թուրքերու մտայղացումով պէտք է նշանակէր Օսմանեան կայսրութեան բոլոր հպատակներուն հաւասարութիւնը՝ առանց ցեղի եւ կրօնի խտրութեան, կը դադրէր քիչ անց համապատասխան ըլլալէ կոմիտէի տեսակէտներուն։ Մահմետականներու եւ ի մասնաւորի թուրքերու կողմէ սխալ ըմբռնուած շահերու վրայ հիմնուած, Երիտ. թուրքերը վճռականօրէն դէմ արտայայտուեցան ազգութեանց իրական հաւասարութեան, նկատի ունենալով որ հաւասար պայմանները կը նպաստեն քրիստոնեաներու տնտեսական եւ մշակութային զարգացումին, ի վնաս իշխող ցեղի [շահերուն]:
Այս համագումարին մէջ, այլեւայլ միջոցառումներու կողքին, որոշուեցաւ մահմետականներով, մասնաւորապէս թուրքերով բնակեցնել այն շրջանները, ուր քրիստոնեայ տարրերը այս կամ այն չափով հոծ զանգուածով կը գտնուէին։ Համագումարը երեւութապէս միայն նոր էր։ Ան կը բանաձեւէ ու շօշափելի իրողութեան կը վերածէ այն ինչ՝ որ երկար ատենէ ի վեր կ’ոգեւորէր թուրք ղեկավարներուն մտայնութիւնը։
Մինչեւ իսկ ալպանացիներու (մեծամասնութեամբ մահմետական), արաբներու, սուրիացիներու շարժումները, որոնք հետեւանք էին ազգայնական այդ նեղմիտ քաղաքականութեան, չյաջողեցան ետ կեցնել Երիտ․ թուրք ղեկավարները իրենց բռնած աղէտալի ուղիէն։
Թուրքերու շահերը հետապնդելով, անոնք քանդեցին Թուրքիան:
Երիտ․ թուրքերը կ՚ուրանային միշտ վերեւ յիշուած որոշումներու որդեգրումը․ դէպքերը շատ չուշացան քողազերծելու համար իրականութիւնը։ Թուրք կառավարութիւնը սկսաւ մահմետականներ տեղաւորել Մակեդոնիա եւ հայկական նահանգներ։ Դադրեցուց հին վարչակարգի օրերուն հայերէն խլուած հողերուն վերադարձը, եւ վերստին պաշտպան կանգնեցաւ քիւրտ պէյերուն։
Երիտ․ թուրքերու շրջադարձին դէմ եղած շարք մը ապարդիւն բողոքներէ ետք, 1912 թ. Մայիս ամսուն Հ․ Յ․ Դաչնակցութիւնը, հիմնուելով 1911 թ. կուսակցութեան Ընդհ. ժողովի որոշման վրայ, անհրաժեշտ գտաւ խզել Երիտ․ թուրքերու կոմիտէին հետ կայացած համերաշխութիւնը՝ մանրամասն Յուշագրով մը իր պատճառաբանութիւնները թուելով։
Միեւնոյն քաղաքականութիւնը սկսաւ գործադրուիլ Մակեդոնիոյ մէջ եւ առաջացուց մակեդոնացիներու բուռն բողոքները։ Չեթայական գունդերը վերսկսան իրենց գործունէութեան։ Թուրքիոյ կողմնակից տարրերը, որոնք հակառակ էին պալքանեան պետութիւններու միջամտութեան, վերստին նետուեցան պուլկար կառավարութեան գիրկը։ Թշնամութիւնները` առաջ բերին Իշտիպի, Քոչանայի մահափորձերը, քրիստոնեաներու վրայ ի գործ դրուած ջարդերը, մինչեւ իսկ պալքանեան պատերազմն ու Թուրքիոյ սարսափելի քայքայումը:
Կարելի էր խորհիլ, որ Մակեդոնիոյ մէջ ի գործ դրուած հին – ու միշտ նոր – քաղաքականութեան աղէտալի հետեւանքները որոշ ազդեցութիւն կ’ունենան Երիտ․ թուրքերուն վրայ եւ կը շեղեցնեն զանոնք վտանգալի արկածախնդրութենէ։ Պահ մը Երիտ․ թուրք բանբերներու լեզուն փոխուեցաւ: Պալքանեան պատերազմէն ետք, ուրիշ քաղաքականութիւն մը ծնունդ առաւ Թուրքիոյ իսկական հայրենիք՝ Փոքր Ասիոյ մէջ շատ կարճատեւ շրջանի մը համար։ Պալքանեան երկրորդ պատերազմի փոքր յաջողութենէն ետք, կրկին մոռացութեան տրուեցան բոլոր գեղեցիկ խօսքերը։ Պալքանեան աղէտէն ետք, Երիտ. թուրքերը աւելի հեռու գացին, մինչեւ հռչակաւոր սուլթան Սելիմի պատմական դարձած տարազին որդեգրումը։
Գիտենք որ այս Խալիֆան, որ անխռով իշխելու համար՝ սպաննեց իր բոլոր եղբայրները, – եւ այդ մէկը օրէնք դարձաւ իր յաջորդներուն – վճռեց նոյնպէս միանգամընդմիշտ կոտորել քրիստոնեայ իր բոլոր հպատակները, կամ իսլամացնել զանոնք, որպէսզի ապահովէ մահմետականներու ապագան։ «Թուրքիան` թուրքերուն», այդ էր նշանաբանը, արձակուած ԺԶ. դարու թուրք բարեկարգիչին կողմէ։
Սուլթան Ապտիւլ Համիտ՝ ծայրայեղ զգուշաւորութեամբ բայց եւ գերազանց վարպետութեամբ՝ հանդիսացաւ այդ նշանաբանը գործի վերածողը։ Դանդաղ բայց եւ անօրինակ հարստահարութիւններու միջոցաւ, ան կ’ամայացնէր Հայաստանը, միաժամանակ սատարելով քիւրտերու եւ մահմետական գաղթականներու հայկական հողեր ներխուժելուն: Իսկ ջարդերու հրահանգ կ’արձակէր միայն այն ատեն, երբ կը ստանար շահագրգիռ պետութեանց հաւանութիւնը։
Իր ծրագրի գործադրութեան ընթացքին գահընկէց դարձած Ապտիւլ Համիտ, քիչ անց, կը տեսնէր արդէն իր սկսած գործին վերանորոգումը Եւրոպական պատերազմի նախօրէին, Փոքր Ասիոյ յոյներուն տարագրումը ընթացքի մէջ էր (ըստ Երիտ․ թուրքերուն տարագրեալներու թիւը 150.000է աւելի էր): Գալով հայերուն, անոնք կը բաւականանային այդ ժամանակ միայն ակնարկութիւններ ընելով այդ մասին։
Պատերազմի յայտարարութենէն ետք, Երիտ․ թուրքերու պաշտօնաթերթ «Թանին»ը բացորոշ կերպով կը յայտարարէր, որ սուլթան Սելիմի նշանաբանը ամբողջութեամբ պիտի գործադրուի հայերուն վրայ։
Ինչ որ իրագործուեցաւ 1915ին:
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը եւ պատերազմը
Թուրքիոյ մէջ Սահմանադրական վարչակարգի հաստատումէն ետք, այս վերջինին վարած քաղաքականութիւնը միջազգային նոր գրգռութիւններ պատճառեց։ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, հաւատարիմ իր աւանդութիւններուն, միշտ հակառակ եղաւ խնդիրները զէնքի ուժով լուծելու միջոցին։
Թուրքիոյ դէմ Իտալիոյ կողմէ պատերազմի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք (1911-1912), կուսակցութիւնը բողոքի հեռագիր մը ուղարկեց Հռոմ եւ ուղերձ մը` Ընկերվար Միջազգայինի գրասենեակին: Աւելի ուշ, իմանալով որ հաւաք մը կը կազմակերպուի Վիեննայի մէջ, ան փութաց պատգամաւոր մը առաքել, որպէսզի իր ձայնը միացնէ Աւստրիոյ ընկերվար կուսակցութեան տարբեր հատուածներուն պատկանող ընկերներու բողոքին:
Աւելի ուշ եւս, պալքանեան պատերազմի նախօրէին, ի տես Թուրքիոյ եւ պալքանեան պետութեանց յարաբերութիւններու ծայր աստիճան սրումին, որ հետեւանք էր Իշտիպի եւ Քոչանայի արիւնալի դէպքերուն, մեր կուսակցութիւնը, Երիտ. թուրք կառավարութեան բարբարոսական արարքներուն դէմ իր բողոքը արտայայտելով եւ Մակեդոնիոյ մէջ արմատական միջոցառումներու գործադրութիւնը անհրաժեշտութիւն նկատելով հանդերձ, բուռն բողոք բարձրացուց պատերազմելու գաղափարին դէմ։ Խնդրի լուծման համար, կուսակցութիւնը կը յանձնարարէր ստեղծումը պալքանեան համադաշնակցութեան, որուն մաս պէտք է կազմէր ինքնավար Մակեդոնիան: Այլապէս նաեւ, պալքանեան երկիրներու ընկերվար կուսակցութիւններու հետ ստորագրեց նոյնիմաստ յայտարարութիւն մը:
Պալքանեան երկրորդ պատերազմէն ետք, որ աւելի եւս ծանրացուցած էր Պալքաններու կացութիւնը, մեծ պետութեանց միջեւ ծագելիք պատերազմ մը կանխատեսելով` կուսակցութիւնը 1913 թ. Օգոստոսին Էրզրումի մէջ գումարուած Ընդհ. ժողովին հետեւեալ որոշումը կայացուց.-
«Նկատի ունենալով որ հայ ժողովուրդի անդամահատութիւնը արդիւնք է մրցակից պետութիւններու կայսերապաշտական եւ արկածախնդրական քաղաքականութեան, որմէ կը տուժեն թէ տնտեսապէս եւ թէ բարոյապէս հաւասարաբար` պարտեալներն ու յաղթողները,
«Որ ապագային, պատերազմի պարագային անխուսափելիօրէն պիտի պարտադրուին ֆիզիքական, նիւթական եւ բարոյական հսկայ զոհողութիւններ, պատերազմող երկիրներու սահմաններուն փոփոխութիւնը չի կրնար երաշխաւորել հայ աշխատաւորներու մարդկային, ազգային ու տնտեսական շահերը.
«Ժողովը կ’որոշէ.
«Որ քաղաքական խառնակ կացութիւն ստեղծուելու պարագային, պիտի ընէ կարելին՝ օրինական միջոցներով եւ համաձայնաբար ընկերվար այլ կուսակցութիւններու, որպէսզի կանխարգիլուի համայնաջինջ պատերազմը։
«Նկատի ունենալով նոյնպէս, որ կուսակցութեան իւրաքանչիւր անդամ, որ իբրեւ հպատակ իր ապրած երկրին իրաւունքները վայելելով մէկտեղ, ունի նաեւ պարտաւորութիւններ,
«Ժողովուրդը կ’որոշէ․
«Պատերազմի պարագային, կուսակցութեան իւրաքանչիւր անդամ պէտք է իր քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարէ համապատասխան պետութեան հանդէպ»։
1914 թ. Յուլիս 10-14ին Էրզրումի մէջ գումարուած յաջորդ Ընդհ. ժողովին, որ կը զուգադիպէր եւրոպական պատերազմի յայտարարութեան եւ Թուրքիոյ մէջ անմիջական կերպով անոր յաջորդող զօրակոչին,- 1913 թ.ի որոշումները վերահաստատուեցան։ Յատկապէս ընդգծուեցաւ, որ Թուրքիան պէտք է խիստ կերպով չէզոքութիւն պահէ եւրոպական պատերազմին մէջ:
ԵՐԻՏ․ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ԿՈՄԻՏԷՆ ԵՒ Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ
Հ․Յ․ Դաշնակցութեան Ընդհ. ժողովին աշխատանքները նոր աւարտած էին, երբ Կոստանդնուպոլսէն ժամանեցին Երիտ․ թուրքերու կոմիտէին պատուիրակները` Նաճի պէյ, Հիլմի պէյ եւ Պեհաէտտին պէյ։ Առաջին երկուքը կը պատկանէին Երիտ․ թուրքերու յեղափոխական հին խմբակին, որուն հետ միշտ կը շարունակէինք առաւել կամ նուազ սերտ յարաբերութիւններ ունենալ։
Պատուիրակները խոր ցաւ յայտնեցին, որ չէին կրցած աւելի կանուխ գալ, Ընդհ. ժողովի փակումէն առաջ կուսակցութեան հետ բանակցութիւններ ունենալու համար: Որոշած ըլլալով Ռուսիոյ դէմ պատերազմ յայտարարել, կոմիտէն [Երիտ․ թուրքերու] կ՚ուզէր իմանալ հայկ․ կուսակցութեան դիրքորոշումը։ Կանխարգելիչ միջոցներ ձեռք առնուած էին արդէն` Կովկասի մէջ թրքական բանակի գործողութիւնները դիւրացնելու նպատակով։ Հայկ․ կուսակցութեան միացումը զգալապէս պիտի նպաստէր թրքական յաջողութիւններուն։ Պատգամաւորները թուեցին այն բոլոր առաւելութիւնները Թուրքիոյ համար, որ պատերազմէն դուրս պիտի գար ընդարձակուած, հզօրացած, ներքնապէս ու արտաքնապէս ամրապնդուած: Իբրեւ վարձատրութիւն, կը խոստանային Թրքահայաստանի ինքնավարութիւնը պատերազմէն ետք։
Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները, հիմնուելով Ընդհ. ժողովի որոշումներուն վրայ, պատասխանեցին որ չէին կրնար համաձայնիլ Երիտ. թուրքերու կոմիտէի առաջարկներուն։ Բացի ընդհանուր կարգի պատճառներէն, կուսակցութիւնը դէմ էր թուրք կառավարութեան մասնակցութեան ընդհանուր պատերազմին, որովհետեւ հաստատ կերպով համոզուած էր որ նման փորձ պիտի առաջացնէր Թուրքիոյ քայքայումը, եւ անոր աւերակներուն տակ կործանումը հայ ժողովուրդին։ Կուսակցութիւնը կողմնակից էր Թուրքիոյ բացարձակ չէզոքութեան․ բայց պատերազմի պարագային, Դաշնակցութիւնը, իբրեւ կուսակցութիւն չէզոք մնալով հանդերձ, պիտի յանձնարարէր Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Պարսկաստանի իր անդամներուն, որ իրենց պարտականութիւնը կատարեն համապատասխան պետութիւններուն հանդէպ։
Այս կարգի տեսակէտներու փոխանակումներ տեղի ունեցան նաեւ հետագայի հանդիպումներուն ընթացքին։ Նաճի եւ Հիլմի պէյերու Վան մեկնումէն ետք, բանակցութիւնները վերսկսան Վանի մեր Կեդր․ կոմիտէին հետ։ Արդիւնքները նոյնն էին, հակառակ Նաճի պէյի այն խոստումին, որ Դաշնակցութեան մասնակցութեան պարագային Ռուսահայաստանը պիտի կցուէր ինքնավար Թրքահայաստանին։
Այսուհանդերձ, պատերազմական պատրաստութիւնները՝ գերմանացիներու ղեկավարութեամբ՝ կը շարունակուէին արտասովոր եռանդով։ Երիտ․ թուրքերը կը շահագործէին գերմանական իւրաքանչիւր յաջողութիւն` գրգռելու համար թուրք ժողովուրդը, որ [այսուհանդերձ] կը մնար անտարբեր։ Սակայն Մառնի պարտութենէն եւ Կալիսիոյ մէջ ռուսական յաղթական առաջխաղացքէն ետք, Երիտ. թուրքերու մեծ մասը սկսաւ տատամսիլ։ Յամենայնդէպս, թուրքերը կողմնակից չէին երեւեր անմիջական յարձակողականի մը. կը նախընտրէին սպասել դէպքերու ընթացքին: Մեր քարոզչութիւնը ի նպաստ չէզոքութեան՝ նպաստաւոր գետին կը շահէր ամէն տեղ։
Երեք ամիսներ տեւող նախապատրաստութիւններէ եւ տատանումներէ ետք, [Երիտ․ թուրք] կոմիտէի ղեկավարներու ցնորքները յաղթանակեցին.-
Ըմբոստացումը մահմետական երկիրներուն՝ Պարսկաստան, Հնդկաստան, Եգիպտոս եւայլն․
Դիւրին յաղթանակ Ռուսիոյ վրայ, որ ամբողջովին կլանուած էր Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ դէմ պատերազմով․
Նուաճումը Կովկասի եւ Թուրքեստանի․
Բնաջնջումը՝ մահմետական զանգուածներու մէջ կղզիացած քրիստոնեայ տարրերուն.
Ստեղծումը այս ձեւով – Կոստանդնուպոլիս հաստատուած Խալիֆայի մականին ներքեւ- մահմետական միաձոյլ աշխարհի մը, որ պիտի տարածուէր Սեւ ծովէն մինչեւ Հնդկաստան․
Ասիոյ մէջ գերակշիռ դիրքը Թուրքիոյ, թիկունքին ունենալով Եւրոպայի մէջ գերիշխանութիւն ձեռք բերած Գերմանիան.
Մէկ քառորդ մասը, առնուազն 20 միլիառ, զոր պիտի ստանար Թուրքիան որպէս աւարի բաժին իր պատերազմի մասնակցութեան փոխարէն:
Ահա այն շողշողուն հրապոյրը, որուն չկրցան դիմադրել Երիտ․ Թուրքիոյ վարիչները։
Եթէ բաղդատենք տիեզերական բնոյթի այս երազները եւ ցարդ ձեռք բերուած արդիւնքները, կարելի է հաստատել որ այդքան կորուստներէ ետք, Երիտ. թուրքերը պարծենալու ոչինչ ունին, բացի հայերը, յոյները, սուրիացիները եւ քաղդէացիները ջարդած ըլլալէ:
ԵՐԻՏ․ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՋԱՐԴԵՐԸ
Երիտ․ թուրքերը չեն ուրանար այլեւս հայոց տեղահանութիւններն ու ջարդերը։ Կ’արդարացնեն զանոնք։ Գլխաւոր պատճառը պէտք է նկատել հայոց ըմբոստութիւնը. բանակի կողքին կարելի չէր հանդուրժել ապստամբ վիճակի մէջ գտնուող ժողովուրդ մը։ Երիտ թուրքերը կը վկայակոչեն Վանի, Շապին Գարահիսարի, Ուրֆայի եւ այլ շարժումները։
Հարկ կա՞յ ըսելու թէ հայերուն վերագրուած դէպքերը թուրքերը իրե՛նք յառաջացուցին։ Կարծեցեալ այդ «ըմբոստութիւնները» պարզապէս ինքնապաշտպանութեան փորձեր էին, կատարուած – Վանի, Շատախի, Սուէտիոյ եւ Կիլիկիոյ մէջ – տեղահանութեանց եւ կոտորածներու իսկ ընթացքին, եւ այն ալ յաջողելու տկար յոյսով մը: Անոնք յուսահատական փորձերն էին ժողովուրդի մը, որ կը նախընտրէր մեռնիլ զէն ի ձեռին, քան սպաննուիլ եւ կամ ենթարկուիլ յաղթող կողմի անասնական բնազդներուն։
Խօսած ենք արդէն Թուրքիոյ քրիստոնեաներուն եւ ի մասնաւորի հայերուն նկատմամբ Երիտ․ թուրքերուն հետեւած ընդհանուր մարտավարութեան մասին։ Տեսանք որ Հայաստանի հայերուն բնաջնջումին համար անոնք կը սպասէին պատեհ առիթին եւ որ եւրոպական պատերազմը իրենց տեսակէտով կը ներկայացնէր արդարեւ երկար ատենէ ի վեր սպասուած պատմական այդ պահը։
Հայերը ամբաստանել ապստամբութեան մեղքով, այս պարագային, կը նշանակէ կրկնել գայլին ու գառան [ծանօթ] առակը։
Լաւագոյնս լուսաբանելու համար Երիտ․ թուրքերու վարմունքը, պիտի թուենք այն միջոցները որ ձեռք առնուեցան հայերու նկատմամբ եւրոպական պատերազմի առաջին օրերէն սկսեալ։ Այդ արարքներու համակարգումը յստակօրէն կը փաստէ որ Երիտ․ թուրքերու ծրագիրը գոյութիւն ունէր ոչ միայն իբր տեսութիւն որ գործադրութեան պիտի դրուէր Վանի կամ Ուրֆայի դէպքերուն առիթով, այլ որ հայ ժողովուրդին դէմ դաւ կը նիւթուէր ռուս-թրքական պատերազմէն շատ առաջ, այն ժամանակներէն, երբ Թուրքիոյ նկատմամբ հայոց անհաւատարմութեան ո՛չ իսկ մէկ արարք» կարելի է յիշատակել։
Ոստիկան զօրքերը.– Զօրակոչի յայտարարութենէն ետք մանաւանդ, Հայկական նահանգները ողողուեցան ժանտարմներով եւ գաղտնի ոստիկաններու խնամքով ընտրուած եւրոպական Թուրքիոյ նահանգներէն բերուած տարրերէն, այդ նահանգներու կորուստէն ետք։ Անոնց հետ միասին երեւցան նոյն կարգի շատ մը պաշտօնեաներ։ Սոսկալիօրէն պարտուած պուլկարներէն, սերպերէն եւ յոյներէն, նուաստացած իրենց երբեմնի հպատակներու աչքին, անկարողութեան մատնուած անոնց առջեւ,- քրիստոնեայ ժողովուրդներուն զոհերը նկատուող այս մարդիկը, բնականաբար, պիտի ջանային վրէժ լուծել իրենց տիրապետութեան տակ գտնուող ոեւէ քրիստոնեայ հպատակէ։ Քաղաքական նկատումներով` հայերը լաւագոյն առարկան հանդիսացան իրենց վրէժխնդրութեան համար։
«Չեթաները»։- Զօրակոչէն անմիջապէս ետք, այսինքն երեք ամիս առաջ ռուսեւթուրք պատերազմէն եւ նախքան 9 ամիս հայկական առաջին «ըմբոստութենէն», բոլոր յանցագործներն ու ոճրագործները ազատ արձակուեցան. անոնցմէ կազմուեցան «չեթա» կոչուած ջոկատները (պուլկարերէն՝ խումբ), որոնց միացուեցան երկրին մէջ քաջածանօթ բոլոր մարդասպաններն ու աւազակները։ Հրամանատարութիւնը վստահուեցաւ ամէնէն արիւնարբուներուն՝ ընդհանուր ղեկավարութեամբ Երիտ․ Թուրքիոյ ամէնէն ազդեցիկ անդամներուն։
Այս ջոկատներուն «չեթա» անուանակոչումը ինքնին ախտանշանական էր։ Եւ որովհետեւ թուրքերը կը գանգատէին պուլկար «չեթա»ներու դէմ` զանոնք մեղադրելով մահմետական ժողովուրդի դէմ գործուած ամէն կարգի վայրագութեանց համար, դժուար չէր, հետեւաբար, նախատեսել թէ ի՛նչ դեր վերապահուած էր անոնց հայկական նահանգներուն մէջ:
Իրապէս ալ մենք տեսանք, որ բոլոր բռնաբարումներու եւ կոտորածներու պարագային, «ամէնէն փայլուն» բաժինը վերապահուած էր մասնաւորաբար «չեթա»ներուն։
Մահմետական քաղաքազօրը.- Չեթայական ջոկատներուն զուգահեռաբար, քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ տեղի կ՚ունենար մահմետական բնակչութեան զինումը։ Ոստիկանական գործակալներն ու [Երիտ․ թուրք] կոմիտէի անդամները, զօրակոչի առաջին օրերէն, առատօրէն հրացաններ ու զինամթերք կը բաժնէին։ Հայոց մտահոգութեան ի պատասխան, թուրքերը կ’ըսէին թէ կը ստեղծէին «ազգային աշխարհազօր», որ պիտի հսկէր երկրի ապահովութեան, ու նաեւ կռուէր արտաքին թշնամիին դէմ։ Այսուհանդերձ, ազգային այս կազմակերպութեան մէջ մէկ քրիստոնեայ իսկ չէր մտածուեր ընդունիլ։ Հասկնալի է որ քրիստոնեայ տարրին բացառումը աշխարհազօրային այս կազմաւորումէն կը բաւէր՝ նշմարելու համար այս միջոցառման իսկական բնոյթը եւ ակներեւ դարձնելու, «Հայկական ըմբոստութիւններէն» շատ առաջ, Երիտ․ թուրքերու իսկական մտայնութիւնը։ Ասիկա բացայայտ ցուցադրութիւն մըն էր նաեւ թէ՛ թուրք եւ թէ հայ ժողովուրդին համար Ապտիւլ Համիտի օրերուն վերադարձի մասին։
Աշխարհազօրայինները արտաքին թշնամին անհանգստացնելու առիթը չունեցան անշուշտ։ Սակայն իրենց պարտականութիւնը լիուլի կատարեցին «ներքին թշնամի»ին նկատմամբ, դարանակալ սպասելով տարագրեալներու կարաւաններուն, բռնաբարելով մայրերն ու խեղդելով ծծկեր մանուկները։
Խօսիլ հայկական ջարդերու մասին` կը նշանակէ մտաբերել քիւրտերը։ 1894 թ. «Համիտիէ գունդերը» ստեղծելով, Ապտիւլ Համիտի թիրախը հայերն էին։ Սահմանադրութենէն ի վեր, այսուհանդերձ, քիւրտերը հանդիսացան ամէնէն անհաւատարիմ տարրը շրջաններուն մէջ:
Քիւրտ ցեղապետները, երբեմն իրենց մարդոցմով, կը քաշուէին Պարսկաստան, բանակցութիւններ կը վարէին ցարի կառավարութեան գործակալներուն հետ, եւ անոնց կողմէ զինուած, կը խռովէին երկիրը: Պատերազմի նախօրէին, կազմակերպուեցաւ իսկական ապստամբութիւն մը: Եթէ անհաւատարիմ տարր մը կար Թուրքիոյ մէջ, արդարեւ քիւրտերն էին։ Սակայն, Հակառակ ապստամբութեան, Իսլամի գերագոյն շահերուն համար անհրաժեշտ էր հաշտուիլ մահմետականներուն հետ։
Երիտ․ Թուրքիոյ ամէնէն երեւելի ղեկավարներէն, ներառեալ օսմանեան երեսփոխաններէն Սէյֆուլլահ Իլիասի եւ ուրիշներու, կազմուեցան պատուիրակութիւններ եւ անոնց վստահուեցաւ այդ առաքելութիւնը: Մեկնեցան անոնք ի ձեռին ունենալով [Երիտ․ թուրք] կոմիտէին կազմած ծրագիրները։ Հաշտութիւնը իրագործելու համար, պէտք էր խոստումներով հրապուրել քիւրտերը։ Անոնց շնորհուեցաւ հայերու դէմ ազատօրէն գործելու եւ, կոտորածներէն ու տեղահանութենէն ետք, հայերու հողերուն ու ինչքերուն տիրանալու իրաւունքը:
Կանգ պիտի չառնենք քիւրտ ցեղերու խաղացած դերի նկարագրութեան վրայ։ Այդ մէկը շատ ծանօթ է։
«Քասսապ թապուրի»։- Քիչ մը աւելի ուշ, կազմակերպուեցան ընտրանիներէ բաղկացեալ ջոկատները,- «Քասսապ թապուրի» (մսագործներու ջոկատներ), [Երիտ. թուրք] կոմիտէի զինուորականներու հրամանատարութեամբ: Այս ջոկատները գործեցին որպէս իսկական մսագործներ, մանաւանդ Մշոյ դաշտին մէջ, ուր 100.000 հայեր բնաջնջուեցան։
Երիտ. թուրքերը ձեռնարկեցին նաեւ շարք մը յարձակումներու, որոնք հետզհետէ խստանալով հասան աղէտալի չափերու.-
ա.- Ձերբակալութիւններ.- Ճղճիմ պատրուակներով սկսան ձերբակալել աչքի զարնող անձնաւորութիւններ։ Երբ կը փաստուէր կալանաւորներուն վերագրուած մեղադրանքներունոչնչութիւնը, Երիտ․ թուրքերը չէին վարաներ ամբաստանելու զանոնք Դաշնակիցներու օգտին լրտեսելու յանցանքով։ Արեւելեան նահանգներու մէջ անոնք կը դառնային ռուսերու լրտես, Կիլիկիոյ մէջ անգլիացիներու լրտես։
Իբրեւ այդպիսին ալ կը վարուէին անոնց հետ։
Անոնցմէ ոմանք չարչարանքներու տակ մահացան։ Զէյթունի երեւելիներէն եւ հերոսներէն՝ Նազարէթ Չաւուշ առաջին զոհերէն մէկը եղաւ։
բ.- Խուզարկութիւններ.- Երիտ․ թուրքերու ծրագիրը կը պահանջէր որ բացի լրտեսներէն, ըլլային ապստամբներ, զինապահեստներ, ռումբեր եւ պայթելու վրայ գտնուող ապստամբական ուրիշ փաստեր։ Երեւակայական պահեստներ երեւան հանելու նպատակով կատարուած խուզարկութիւնները, քաղաքներու թէ գիւղերու մէջ, զարմանք պատճառեցին ամբողջ բնակչութեան։ Գիւղը պաշարելէ ետք, տղամարդիկը կը բաժնէին կիներէն եւ մանուկներէն, որպէսզի երկու խմբակները անջատաբար «հարցաքննեն»։ Խուզարկութիւնները կը կատարուէին Ռումելիի եւ Մակեդոնիոյ ժանտարմներուն կողմէ, «չեթա»ներու ներկայութեան։ Հայերու բողոքներուն՝ «բարեկամ» թուրքեր կը պատասխանէին որ «չեթա»ներու մասնակցութիւնը դիպուածով է։ Խուզարկութիւններ տեղի կ’ունենան հայոց թշնամիներու մատնութեամբ։ Անգամ մը որ, մանրակրկիտ խուզարկութիւններէն ետք, փաստուի թէ սուտ են՝ ռուս կառավարութեան գործակալներուն կողմէ փոխադրուած զինապահեստներու մասին շրջան ընող զրոյցները, վերջնական կերպով յայտնի պիտի դառնայ հայոց հաւատարմութիւնը, եւ պիտի դադրին իրենց հանդէպ առնուած բոլոր արտակարգ միջոցառումները.
Խուզարկութիւնները ռուսական աղբիւրէ եկած ոչ մէկ զէնք ի յայտ բերին։ Գտնուածները «կրա» սիստեմի քանի մը հրացաններ էին, որոնց գոյութիւնը նախօրօք ալ յայտնի էր,- գնուած էին անոնք Երիտ․ թուրքերէն սահմանադրական ազատութեան առաջին տարիներուն: Ասով մէկտեղ, ձերբակալուած հայերը մեծ աղմուկով տարուեցան ու բանտ նետուեցան, որովհետեւ ի գին ամէն բանի պէտք էր ապստամբներ ունենալ։
գ․- Բռնագրաւումներ.- Ոչ մէկ բան այնքան ազդու եղաւ հայ զանգուածները ծայր աստիճանի յուսահատութեան մղելու որքան բռնագրաւումներու դրութիւնը, որդեգրուած զօրակոչի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք։
Դրութիւնը անտանելի կը դառնար մանաւանդ գիւղերուն մէջ։ Գրեթէ բացառաբար հայ տուներու մէջ հաստատուած զօրքերը ամէն ինչ կը վերցնէին ձրիօրէն.- հաց, ցորեն, յարդ, ձիեր, սայլեր, կարագ, պանիր, ճերմակեղէն։ Կ’առնէին աւելի քան պէտք ունէին։ Այս եւս լաւ առիթ ծառայեց չխնայելու համար ընտանեկան պատիւին։ Գանգատներն ու աղերսանքները ետ մղուեցան արհամարհանքով։ Բռնագրաւումները կը կատարուէին ոչ միայն զօրքին կողմէ այլ նաեւ, աւելի դաժանօրէն, ժանտարմներու եւ «չեթա»ներու կողմէ։ Եղածը վատագոյն էր քան տրակոննատները:(4)
դ.- Պահեստի զինուոր առանց զէնքի.- Զօրակոչի ժամանակ [բանակ] կանչեցին 20-43 տարիքի բոլոր քրիստոնեաները (աւելի ուշ 18-48 տարու): Անոնք, որոնք 27 տարեկանէն վեր էին պէտք է ազատ ձգուէին, որովհետեւ քրիստոնեաներու զինուորական ծառայութիւնը սկիզբ առաւ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք:
«Բարեկամ» թուրքերը այս ապօրինութիւնը կը բացատրէին՝ թէ հայերու օգտին է. «Որքան շատ ըլլան բանակ կանչուած հայերը, կ’ըսէին անոնք, այնքան աւելի ապահովութիւն կ՚ըլլայ հայոց ազգին եւ նուազ՝ կոտորածի վտանգը»:
Այսուհանդերձ, բանակ կանչուած հայ պահեստիները բնաւ զէնք չստացան: Զրկուեցան մինչեւ իսկ ատրճանակ կամ դանակ կրելու իրաւունքէն, եւ ղրկուեցան հող փորելու, ճամբաներու շինութեան ու նորոգութեան աշխատանքներուն։
Ասիկա ճարտար հնարք մըն էր ժողովուրդէն խլելու բոլոր զօրեղ տղամարդիկը, որոնք վտանգի պարագային ի վիճակի կրնային ըլլալ դիմադրելու։
Անոնք պիտի պահուէին որպէս պատանդ` ջարդերը գործադրողներու տրամադրութեան ներքեւ:
ե․- Զինուորներու զինաթափումը.- Աւելին․ սկսան զինաթափ ընել բանակի հայ զինուորները եւ զանոնք յատկացնել միեւնոյն աշխատանքներուն։
Զինաթափութիւնը այն ատեն մեծ համեմատութիւններու չհասաւ, շնորհիւ բարձրաստիճան կարգ մը զինուորականներու, որոնք կը գնահատէին հայ զինուորին յատկութիւնները։ Սակայն առաջին քարը նետուած էր։ Երիտ․ թուրքերու իսկական նպատակները իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը գործեցին զինուորական շրջանակներուն վրայ ճիշդ այն պահուն, երբ ոչ ոք կը մտածէր ըմբոստացումի մասին։ Հայերը որակուեցան կասկածելի, դաւաճան։ Կարելի էր եւ, հետեւաբար, պէտք էր չարաչար վարուիլ անոնց հետ, ենթարկել զանոնք ամէն կարգի նախատինքի, մինչեւ իսկ բոլորը օրէնքէ դուրս հռչակել։ Գաղափար մը տալու համար ստեղծուած մթնոլորտի մասին, կը բաւէ յիշել որ պատերազմի առաջին օրերուն Եղան գիւղին մէջ (Բասենի դաշտ) 60 հայ զինուորներ մերկացուելով, սպաննուեցան եւ կտոր-կտոր եղան իրենց զէնքի ընկերներուն կողմէ։
Երիտ․ թուրքերը անտանելի պայմաններ կը ստեղծէին ու կ՚ուզէին որ դասալիքներ չըլլան հայ զինուորներու շարքերուն մէջ։
Դասալքման այս պարագաները,- այլապէս նուազ յաճախադէպ քան մահմետականներու մօտ, Երիտ. թուրքերու ձեռքը զէնք էր հայ ժողովուրդը ամբաստանելու համար։
զ․- Կոռը (բռնի աշխատանք].- Զինուորական ծառայութենէ զերծ մնացած տղամարդոց պարտադրուեցաւ կոռը։ Խօսքը տեղ-տեղ տանելի, սովորական պարտադիր աշխատանքի մասին չէ։ Մտրակի հարուածներու տակ կը ստիպէին որ մարդիկ հարիւրաւոր քիլոմեթրեր քալելով զինամթերք փոխադրէին իրենց կռնակին վրայ: Միայն Մշոյ դաշտի մէկ ձորին մէջ 3.000 մարդ, գրաստի աշխատանքին լծուած, մեռան անօթութեան, ուժասպառութեան եւ հիւանդութեան պատճառով։
է․- Սպանութիւններ.- Ի լրումն դժբախտութեանց, Երիտ․ Թուրքիոյ ահաբեկիչները ձեռնարկեցին սպանութեանը, Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ, շարք մը աչքի զարնող անձնաւորութեանց։ Յիշենք, այլոց կարգին, երեւելիի մը սպանութիւնը Տիարպեքիրի մէջ. Պայազէտի մէջ դաշնակցական վեթերաններէն [Գալուստ] Ալոյեան․ Արիստակէս քահանան (Օձնի գիւղ, Կարնոյ դաշտ), որ ազդեցիկ անձնաւորութիւն էր գաւառական բնակչութեան մէջ․ Օտապաշեան եպիսկոպոս, որ Կոստանդնուպոլսէն կ՚ուղեւորուէր իր պաշտօնատեղին՝ Երզնկա․ Սեդրակ Պաստրմաճեան, փոխ-տնօրէնը Էրզրումի Օսմանեան դրամատան հանրային պարտուց վերակացու Խոսրով Պէյլիքճեան, որ իր կնոջ եւ զաւկին հետ խեղդամահ եղաւ Սեւ ծովուն մէջ:
Մեր ընկերներու (այժմ մահացած) նամակներուն, ինչպէս նաեւ վերապրողներու վկայութեանց համաձայն, ահաբեկչական այս արարքներու միջոցաւ Երիտ. թուրքերը կը ձգտէին մղել հայերը ընդդիմութեան, որպէսզի արդարացնեն իրենց ապագայ խստութիւնները։
Պիտի յիշատակենք նոյնպէս երկու միջոցառումներ, որոնք վճռական կարեւորութիւն ունեցան հայոց ճակատագրին համար․ քափիթիւլասիոններու ջնջումը եւ Սրբազան պատերազմի հռչակումը:
ը.- Եւրոպական պատերազմի սկիզբը (9 Սեպտ 1914), ծանուցուեցաւ որ 1 Հոկտեմբերէն սկսեալ քափիթիւլասիոնները պիտի դադրէին ի զօրու ըլլալէ: Հոկտեմբեր 1-ը հռչակուեցաւ եւ Երիտ. թուրքերու կողմէ «տօնուեցաւ իբրեւ Երիտ. Թուրքիոյ ազատագրումի օր Եւրոպայի դարաւոր լուծէն»։
Ծանօթ է որ քափիթիւլասիոնները չէին երաշխաւորեր միայն օտար երկիրներու հպատակներուն շահերը` որոնք Թուրքիոյ մէջ արտերկրային իրաւունքներ կը վայելէին։ Քափիթիւլասիոններու շնորհիւ, Ֆրանսա, ապա նաեւ միւս պետութիւնները յաջողեցան իրենց հովանաւորութիւնը տարածել Թուրքիոյ բոլոր քրիստոնեաներուն վրայ։ Քրիստոնեայ հպատակներուն վերաբերեալ բոլոր վճիռներուն համար, սուլթանները ստիպուած էին նկատի առնել շահագրգիռ պետութեանց տեսակէտներն ու քաղաքակիրթ աշխարհի հանրային կարծիքը։ Եթէ բոլոր քրիստոնեաները բնաջնջելու սուլթան Սելիմի ծրագիրը ազատօրէն եւ ճշգրտօրէն չէր գործադրուեր, պատճառը մասամբ պէտք է փնտռել քափիթիւլասիոններու գոյութեան մէջ։ Բոլոր ողջմիտ թուրքերը լաւ կ՚ըմբռնէին որ, ընդհանուր քաղաքականութեան տեսակէտով, քափիթիւլասիոններո ջնջումէն Թուրքիան ոչինչ պիտի շահէր։ Դաշնակիցներու յաղթանակին պարագային, քափիթիւլասիոնները պիտի վերահաստատուէին, հաւանաբար աւելի մեծ խստութեամբ Թուրքիոյ համար։ Իսկ Գերմանիոյ յաղթանակը [պիտի նշանակէր] Թուրքիոյ ամբողջական կախումը անկէ. 6-ի փոխարէն (Թուրքիա) պիտի ունենար մէկ խնամակալութիւն, բայց շատ կարեւոր: Իրական միակ առաւելութիւնը, զոր Երիտ. թուրքերը կրնային ունենալ այս ջնջումէն, հանգիստ կերպով շարունակելն էր քրիստոնեաներու ոչնչացման իրենց գործը։
Թուրքերը իրաւացի ելան: Երբ թուրքերը կը ջարդէին ու կը տարագրէին հայերը, Դաշնակիցները գոհացան բողոքներով եւ ունայն սպառնալիքներով: Չէզոք երկիրները՝ խոհեմ լռութիւն պահեցին: Կեդրոնական պետութեանց(5) բարձրագոյն ներկայացուցիչներուն պարտադրուեցաւ չմիջամտել.- ներկայացուցիչներ, որոնք կը ղեկավարէին Թուրքիոյ արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը. բայց եւ այնպէս անոնք մինչեւ իսկ արգիլեցին իրենց գործակալներուն եւ ազգակիցներուն հայոց վիճակուած ճակատագրով զբաղիլ: Պերլինի եւ Վիեննայի դիւանագէտները, որ Պերլինի դաշնագիրը ստորագրելովերաշխաւորած էին հայոց պահովութիւնը չերքէզներու եւ քիւրտերու դէմ, որ յանձն առած էին հսկել հայկական նահանգներու բարեկարգութեանց, նախընտրեցին անտարբեր վկաները հանդիսանալ միեւնոյն նահանգներու կոտորածներուն եւ տեղահանութեանց։
թ.- Սրբազան պատերազմը հռչակուեցաւ 1914 թ. 8/21 Նոյեմբերին Երիտ․ թուրքերու ձեռնասուն՝ Շէյխիւլ-Իսլամի կողմէ։ Նախաձեռնողները կ’երազէին մահմետական աշխարհը ոտքի հանել կեաւուրներուն դէմ ընդհանրապէս․ ոչ ոք կը կասկածէր յայտարարութեան անմիջական նպատակին մասին.-
Յարձակում գործել ամէնէն մօտիկ գտնուող կեաւուրներուն՝ հայերուն վրայ։
Թուրքիոյ պատմութիւնը կը փաստէ, որ եւրոպական մեծ պետութեանց հետ մղուած բոլոր պատերազմներուն ընթացքին, Օսմանեան կայսրութեան քրիստոնեայ հպատակները, անբաժան մասնիկ նկատուելով թշնամի ուժերուն, տուժած են իրենց կեանքովն ու ինչքերով։ Թուրքիոյ եւ քրիստոնեայ ոեւէ պետութեան միջեւ պատերազմ սկսելուն պէս, Թուրքիոյ մէջ մահմետական ժողովուրդի որոշ տարրեր, առանց սպասելու Սրբազան պատերազմի յայտարարութեան, կը յարձակէին իսկոյն իրենց դրացի քրիստոնեաներուն վրայ։
Պատերազմին սկիզբը տեղի ունեցաւ հսկայական երկու հրդեհ, մէկը Տիարպեքիրի, միւսը Ատրիանապոլսոյ մէջ։ Հրոյ ճարակ դարձան հայապատկան հազարաւոր գործատեղիներ եւ բնակարաններ։
Ասիկա ինքնաբուխ ցոյց մըն էր հաւատացեալներու անհամբերութեան։ Նկատի ունենալով Մահմետական մեծ զանգուածի մտայնութիւնը եւ թուրք ղեկավարներու ծանօթ տրամադրութիւնները, Սրբազան պատերազմի յայտարարութիւնը հայերուն համար մահավճիռ էր, արձակուած մահմետական աշխարհի բարձրագոյն իշխանութեան կողմէ։
Ատով՝ օրինական կը դառնար քրիստոնեաներու պատկանող բոլոր հարստութեանց յափշտակումը։ Բռնաբարումներն ու կոտորածները կը վերածուէին Ալլահի կողմէ հաւանութիւն գտած արարքներու։ Այն ծերունին, որ իր դողդոջուն ձեռքերով պիտի խեղդէր իր զոհերը ու փռէր զանոնք իրենց տան սեմին, այն կինը, որ պիտի սպաննէր վիրաւորեալները, այն երեխան, որ պիտի դաշունահարէր իր խաղընկերները ու գլորէր զանոնք գետին կամ ձորին մէջ,, բոլորը կատարած պիտի ըլլային բարեպաշտական այնպիսի արարքներ, որ զիրենք պիտի արժանացնէ դրախտին մէջ տեղ մը ունենալու իրաւունքին։
Մահմետականներէն անոնք որ՝ առաջնորդուած իրենց մարդկային զգացումներէն կամ հեռաւոր ապագայի շահերու նկատումներէն, պիտի ուզէին փրկել քանի մը հայեր, կը հրաժարէին այդ միտքէն, վախնալով որ Իսլամի թշնամի կը նկատուին ու խստօրէն կը պատժուին։ Քափիթիւլասիոններու ջնջումով թիրախ կ՚ընտրէր արտաքին աշխարհը, Սրբազան պատերազմի յայտարարութեամբներքին աշխարհը։ Թուրքիոյ ամէնէն հաւատարիմ ժողովուրդի՝ հայերու բնաջնջումը, ուրեմն, կանխամտածուած էր: Այս մահաբեր քաղաքականութեան ծրագիրը Երիտ. թուրքերու կողմէ ծրագրուած էր բացառիկ հեռատեսութեամբ։ Միջոցառումները նպատակ ունէին հայերուն դէմ զօրաշարժի ենթարկել մահմետական բոլոր ուժերը, գրգռել [հայերու] հակազդեցութիւններըկացութիւնը աւելի ծանրացնելու եւ ապստամբութեան մեղադրանքով ամբաստանելու համար հայերը, չէզոքացնել իրենց ծրագրի գործադրութեան արգելք հանդիսացող արտաքին եւ ներքին բոլոր խոչընդոտները, պաշտպանութեան միջոցներէ զրկել հայ բնակչութիւնը: Այսպէս, օրին մէկը հայ բնակչութիւնը ինքզինք պաշարուած գտաւ հսկայական սպանդանոցի մը մէջ, ուր գործի լծուած մսագործները հնարաւորութիւն ունէին հարուած հասցնելու իրենց զոհերուն, որքան եւ երբ կը բաղձային։
ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐՈՒ ՆԱԽԵՐԳԱՆՔԸ
Կովկասի մէջ Երիտ․ թուրքերու հետապնդած նպատակը ձախողեցաւ Սարիքամիշի եւ Արտահանի պարտութեամբ (Դեկտեմբեր 1914), եւ արագացուց դէպքերու ընթացքը։
Պարտեալներու Էրզրում վերադարձէն ետք, Կարնոյ եպիսկոպոս Սմբատ (Սաատէթեան քանի մը երեւելի հայերու հետ հրաւիրուեցաւ նահանգապետարան: Բանակին վերատեսուչը, ի ներկայութեան կառավարիչ Թահսին պէյի, կաթողիկէ եպիսկոպոսին ու թուրք երեւելիներու, յայտարարեց իրենց որ ռուսական ճակատին վրայ թրքական բանակին կրած աղէտին պատասխանատուութիւնը ամբողջովին կ’իյնար հայերուն վրայ եւ որ կայսերական կառավարութիւնը պիտի չմոռնար այդ պարագան…
1915 թ. Յունուար 15ին, կատարուեցաւ Էրզրումի հայերուն ցուցակագրումը։ Յունուար 26ին, տեղի ունեցաւ [Սեդրակ] Պաստրմաճեանի սպանութիւնը, որուն մասին խօսք եղաւ արդէն։ Երեկոյեան մարդ դուրս չէր ելլեր։ Բոլոր գիւղերը սարսափի մատնուած էին։ Բարեկենդանի օրերուն ընդհանուր սուգ էր: Ոստիկանապետ Խուլուսի պէյ իր գործունէութիւնը տարածեց Մամախաթուն-Քղի գաւառներուն վրայ, ուր ի գործ դրաւ ծայր աստիճան խստութիւններ։ Փետրուար 4ին, Կարնոյ դաշտի գիւղացիները, սարսափահար, քաղաք խուժեցին։ Տեղի ունեցան զանգուածային նոր ձերբակալութիւններ։ Գերմանացի մը զգուշացուց եպիսկոպոսը ջարդերու վտանգին մասին։ Այս շրջանին է որ բոլոր Երիտ․ թուրքերը, երեսփոխաններէն սկսեալ մինչեւ յետին կալանաւորը, մէկ հոգ ունէին միայն,- դրամ կորզել մահապարտներէն։
Էրզրումի` միջնաբերդին հրամանատարը՝ Քոսաւ փաշա (աւստրիացի) պաշտօնանկ եղաւ՝ Երիտ․ թուրքերու ծրագրին հակառակ ըլլալուն համար։ Անհամբեր դարձած քիւրտերն ու ժանտարմները վաղահաս յարձակումներ գործեցին Մշոյ մէջ։ Մեր ընկերներէն մէկը՝ Կորիւն, նախայարձակները պատժելէ ետք, ստիպուեցաւ լեռ բարձրանալ։ Կեդրոնական կառավարութիւնը մեղադրեց ժանտարմներու վարմունքը։ Սակայն քիչ ատեն ետք ուրիշ ընկերներ միացան Կորիւնին, յատկապէս Ռուբէնը, Տիգրանը, Մճոն, Աւետիսը, Վահան Փափազեան (Վանի երեսփոխան Օսմանեան խորհրդարանի մէջ) եւայլն: Բախումներ տեղի ունեցան նաեւ Կարճկան, Կարկառ (Պիթլիսի վիլայէթ), Շատախ (Վանի վիլայէթ): Մարտ 2ին, մեծ գրգռութիւն Էրզրումի թուրքերու շարքին։ Տեղի կ՚ունենան հանրահաւաքներ։ Քաղաքին մէջ կը խօսին ջարդերու մասին։ Կառավարիչը կը վերահաստատէ կարգն ու կանոնը։ Կը վստահեցնէ հայերը եւ, եպիսկոպոսին բերնով, իրենց կ’ըսէ որ Էրզրումի մէջ ջարդեր տեղի պիտի չունենան: Խոստումը յարգեց, որովհետեւ ջարդերը տեղի ունեցան քաղաքէն հեռու վայրեր։
Նոյն կարգի նախայարձակումներ Սվազ, Խարբերդ, Տիարպեքիր, Կիլիկիա։ Լուրջ համեմատութիւններու հասան անոնք, հակառակ կեդրոնական իշխանութեան հանդարտեցուցիչ հաղորդումներուն։ Բոլոր այս միջադէպերը կը կազմէին նախերգանքը միայն այն մեծ կոտորածներուն, որոնք սկսան 1915 թ. Ապրիլ ամսուն։
Ո՛չ օրինապահութիւնը՝ քաղաքական կուսակցութեանց կողմէ ցոյց տրուած եւրոպական պատերազմի սկիզբը, ո՛չ հայոց պատրիարքարանի կրկնակի յայտարարութիւնները, ո՛չ հայ համայնքի ծախսերով հիմնուած հիւանդանոցները, ո՛չ դրամական նուիրատուութիւնները եւ այլ նիւթական զոհողութիւններ, ո՛չ վեհանձն համակերպումը կուսակցութեանց եւ խմբաւորումներու ղեկավարներուն, որոնք խնդրոյ առարկայ կը դարձնէին իրենց վարկը արտաքին աշխարհի աչքին, ո՛չ զոհերուն աղերսանքները, ոչ մէկ բան կրցաւ կասեցնել թուրք ղեկավարները:
Գաղափար մը տալու համար, թէ ինչ մարտավարութեան կը հետեւէին Երիտ․ թուրքերը ջարդերու առաջին շրջանին, եւ ցոյց տալու համար իրենց ամբաստանութեան արժէքը, անհրաժեշտ է քանի մը խօսք ըսել Վանի կարծեցեալ ապստամբութեան ծագման մասին։
Ապրիլ 1-ին [1915], Վանի կառավարիչ Ճեւտէթ պէյ խնդրեց մեր ընկեր Իշխան Միքայէլեանէն որ Շատախ մեկնի, յատուկ առաքելութիւն տալով քիւրտերուն եւ հայերուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնել եւ վերահաստատել քիւրտերու կողմէ խանգարուած կարգն ու կանոնը։ Իշխան համաձայնեցաւ եւ ճամբայ ելաւ երեք ընկերներու հետ։ Հիրճ գիւղին մէջ, սպաննուեցաւ ան դավադրաբար իր ընկերակիցներուն հետ միասին՝ խմբակի մը կողմէ, որ դարան մտած էր հոն անձամբ կառավարիչին կարգադրութեամբ:
Իշխանին մեկնումէն ետք, կառավարիչը` իր մօտ հրաւիրեց ազդեցիկ երկու ուրիշ ընկերներ,- Օսմանեան խորհրդարանի անդամ Վռամեանն ու Արամը՝ [Մանուկեան] «օրուան խնդիրներուն շուրջ խորհրդակցելու համար»։ Վռամեանը – երեսփոխան եւ անձեռնմխելի ըստ օրինի – ընդունեց հրաւէրը. անմիջապէս ձերբակալուեցաւ եւ նաւակով տարուեցաւ Դատուան, ուր սպաննուեցաւ: Արամը, կուսակցութեան գործերով զբաղած ըլլալուն բերումով, մահէ փրկուեցաւ:
Մեծ եղաւ ընվզումը․ բայց կառավարիչը, քաջալերուած իր առաջին յաջողութենէն, պահանջեց որոշ թիւով մարդիկ՝ «պատերազմական կարիքներու համար»: Բնակիչները` մերժեցին։ Հասկցած էին անոնք դաւադիր ընթացքը Ճեւտէթ պէյի, ծանօթ իր գազանութիւններով Ապտիւլ Համիտի օրերէն, եւ համոզուած՝ որ անոր ճիրաններուն մէջ ինկած բոլոր հայերը պիտի ոչնչացուին։ Կառավարիչը սպառնաց վրէժ լուծել ամբողջ բնակչութենէն։ Երկու հայ զինուորներ սպաննուեցան թուրք զինուորներու կողմէ եւ միեւնոյն ժամանակ լուրեր հասան գաւառներու մէջ կոտորածներ սկսելու մասին։
Հայերը պաշտպանողականի անցան։ Վան քաղաքը, ինչպէս նաեւ Շատախ գաւառը փառաւորապէս պայքարեցան ամիս մը ամբողջ, մինչեւ ժամանումը ռուսական զօրքերուն եւ Կովկասի հայ կամաւորներուն։
[Հայերուն գործած] ոճիրը կը կայանար այն բանին մէջ, որ չջարդուեցան եւ իրենց կատաղի դիմադրութեամբ նպաստեցին գաւառներու մէջ ցրուած միւս հայերու ինքնապաշտպանութեան։
Հարկ չկայ ապացուցանելու որ պատերազմական գործողութիւններէն 500, 800 եւ 1000 քիլոմեթր հեռու գտնուող եւ անանցանելի լեռներով կտրատուած երկրի մը մէջ, Շապին Գարահիսարի, Անգարայի եւ Ուրֆայի մէջ դիմադրական կռիւ մղողները այլ նպատակ չէին կրնար ունենալ քան զէն ի ձեռին մեռնիլ պատուով։
Ստիպուած էին այս կեցուածքը բռնել իբր հետեւանք Էրզրումի, Երզնկայի եւ այլ վայրերու մէջ տարագրուածներու ջարդուելուն․ այս վերջինները անհնազանդութեան ոչ մէկ նշան ցոյց տուած էին տարագրութեան ժամանակ։
ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Եթէ մանրամասնութիւններու վրայ կանգ առինք, այդ այն նպատակով էր որ աւելի յստակ կերպով ցոյց տանք Թուրքիոյ` պատասխանատուութեան բաժինը Հայաստանի կործանման մէջ։
Մեր կուսակցութիւնը ամէնէն կատաղի թշնամին էր Ապտիւլ Համիտի վարչակարգին, եւ դարձած էր ամէնէն հաւատարիմ կուսակիցը Երիտ․ Թուրքիոյ։ Մենք միշտ հակառակ եղած ենք պատերազմներուն, եւ Սահմանադրական` Թուրքիոյ ամբողջականութեան դէմ առնուած որեւէ քայլի։ Դէմ ենք արտայայտուած Թուրքիոյ մասնակցութեան եւրոպական պատերազմին։ Այսուհանդերձ, երբ Թուրքիոյ կողմէ պատերազմ յայտարարուեցաւ, հայ ժողովուրդը որոշեց իր քաղաքացիական պարտականութիւնները լիուլի կատարել։ Սակայն Դաշնակիցներուն դէմ մղուած պատերազմին վրայ աւելցաւ ներքին պատերազմ մը՝ հայ ժողովուրդին դէմ ուղղուած: Ընդհանուր պատերազմի պատրաստութիւններուն զուգահեռ, զօրաշարժի ենթարկուեցան յատուկ գունդեր (ժանտարմներ, քիւրտեր, «չեթա»ներ եւայլն) մեզի դէմ, եւ սկսան գրգռութիւններ մեր ժողովուրդին դէմ։
Թուրքերը կ’ուրանան այդ գրգռիչ արարքները։ Բայց արդեօ՞ք նոյն ձեւով չշարժեցան դաշնակից պետութիւններուն հանդէպ։ Խաղաղութեան օրերուն չգրգռեցի՞ն արդեօք այս վերջինները՝ զօրքերը կեդրոնացնելով Կովկասի եւ Եգիպտոսի ռազմաճակատներուն վրայ, սեփականացնելով Կէօպէն եւ Պրեսլաու [ռազմանաւերը], ստիպելով որ անգլիացիները հեռացնեն նաւատորմիղը, նախատելով Էրզրումի, Տրապիզոնի, Զմիւռնիոյ, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները, ստեղծելով Սախալեան նաւու միջադէպը, յարձակելով ռուսական պահականոցներուն վրայ Կովկասի սահմանին, եւ, վերջապէս, ռմբակոծելով ռուսական նաւերն ու նաւահանգիստները։ Այս ամէնէն ետք, պիտի ուզէի՞ն խնայել հայերուն։
Սեւ ծովու ռմբակոծման վաղորդայնին, սկսան պոռչտալ Դաշնակիցներու յարձակման մասին։ Պիտի ուզէի՞ն արդեօք տատամսիլ, հայերը ջարդել սկսելէ ետք, զանոնք ապստամբութեամբ մեղադրելէ։
Եթէ մինչեւ իսկ ըմբոստներ կային հայերուն մէջ, ոչ մէկ բան կ՚արդարացնէ ամբողջ ազգի մը դէմ գործուած ոճիրը։
Թուրքիան պարտաւոր է պատասխան տալ իր գրգռութեան զոհ դարձած մարդոց ճակատագրին մասին․ ճակատագրին մասին մէկ ու կէս միլիոն տարագրեալներու, որոնք, առանց ոչ մէկ ակնյայտ դիմադրութեան, ապաւինած էին կառավարութեան գթութեան. ճակատագրին մասին առնուազն մէկ միլիոն կիներու եւ երեխաներու, որոնք ոչ մէկ կերպով ըմբոստներ կրնային համարուիլ։
1.- Խօսքը կը վերաբերի 1917-ի Փետրուարին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան, որուն շնորհիւ ժողովրդավարական կարգեր հաստատուած էին Ռուսիոյ մէջ:
2.- «Պատերազմական հարկադրանք»ը պէտք է հասկնալ այն իմաստով, որ յաղթական կողմը իրաւունք կը համարէր հողային կցումներ կատարել եւ այլ առանձնաշնորհումներ ունենալ, մինչդեռ Ստոկհոլմի համագումարը հրաւիրուած էր «անմիջական խաղաղութիւն» հաստատելու նպատակով` «առանց հողային կցումի» սկզբունքով:
3.- Յիշուած ժողովը ընդհանուր չէր, այլ ռայոնական:
4.- Ֆրանսերէն՝ ակնարկութիւն ԺԷ. դարու վերջերուն Ֆրանսայի մէջ բողոքականներուն դէմ ի գործ դրուած բռնարարքներուն:
5.- Իմա՝ Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ:
Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան համար, ԺԲ. հատոր, Փաստ. 1685-1
Պէյրութ, 2016, էջ 270-273
Հորիզոն