Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Արգելք Է Խաղաղութեան
23 Ապրիլ 2025
Զարմանալի չէ՞, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի մը հայրենիքին մէջ կարելի է կասկածիլ, հրապարակայնօրէն, ցեղասպանութեան իրողութեան, մինչ շատ մը օտար երկիրներու մէջ անոր ժխտումը օրէնքով դատապարտելի հռչակուած է: Ցեղասպանութեան ժխտումին քրէականացումը կատարուած էր հրեաներու ողջակիզումին առիթով, սակայն երբ հայկական սփիւռքի հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ տասնեակներով երկիրներ պաշտօնապէս ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը, ժխտումին քրէականացումը տարածուեցաւ նաեւ անոր վրայ: Հայաստան բնականաբար Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կամ չճանչնալու հարց պէտք չէր ունենար: Սակայն մինչեւ 1960-ական թուականները թուրքեւխորհրդային բարեկամութիւնը, որուն շնորհիւ մասնատուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան հողատարածքը, թոյլ չէր տար որեւէ քննադատութիւն բարեկամ Թուրքիոյ նկատմամբ, ո՜ւր մնաց, որ հայերը յանդգնէին ցեղասպանական արարքով ամբաստանել Թուրքիան: Թուրքիոյ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը փոխեց իրավիճակը եւ Հայաստանի ժողովուրդին համար հնարաւորութիւն ստեղծեց» ձայնակցելու իրենց սփիւռքահայ ազգակիցներուն: Եղեռնի յիսնամեակին Հայաստանէն հնչող ահեղ ձայնը` «Մեր հողերը» պահանջով դարձաւ դարձակէտ, միաւորեց ողջ հայութիւնը իր իրաւունքներու պահանջին շուրջ եւ Եղեռնի ոգեկոչումները փոխարինեց Ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ հատուցման պահանջի պահանջատիրական պայքարով:
Հայաստանի անկախացումը տրամաբանօրէն պէտք է թափ տար պահանջատիրական պայքարին: 23 օգոստոս 1990-ին որդեգրուած «Հռչակագիր Հայաստանի անկախութեան մասին» որոշման 11-րդ կէտը կը հրամանագրէ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար է կանգնում 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»: Հռչակագիրը հետագային ներառուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ իբրեւ նախաբան, ու մնաց երկու յաջորդական բարեփոխումներուն մէջ:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ զայն միջազգայնօրէն ճանաչելի դարձնելու պարտաւորութիւնը սահմանադրական օրէնք է, պարտադիր` իշխանութեան, քաղաքական եւ հասարակական կառոյցներուն, բոլոր քաղաքացիներուն համար:
Խաղաղութեան համաձայնեցուած (բայց տակաւին չբացայայտուած) պայմանագիրի ստորագրութեան համար Ազրպէյճանի նախապայմաններէն մէկը, կարեւորագո՛յնը, Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է: Հայաստանի իշխանութիւնը, յանուն խաղաղութեան հաստատման, ձեռնարկած է Սահմանադրութեան վերանայման: Նիկոլ Փաշինեան կը յայտարարէ, որ նոր Սահմանադրութեան մէջ պահանջատիրական որեւէ նշում պէտք չէ ըլլայ, աւելցնելով սակայն, որ հանրաքուէով ժողովուրդը կ՛որոշէ: Հռչակագիրին պահպանումը ներկայացնելով իբրեւ նոր պատերազմի այլընտրանք, կը կատարուի քաղաքացիներու նախապատրաստութեան աշխատանք, ընդունելի դարձնելու համար, Արցախի բացառումին հետ նաեւ Ցեղասպանութեան ժխտումը: Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը վկայ` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը չի մտներ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան նախապատուութեան մէջ:
Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման նախօրեակին, 22 ապրիլ 2025-ին, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը ներկայացուց որոշման նախագիծ մը, որ կը նպատակադրէ քրէականացնել (պատժելի դարձնել) Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը, նսեմացումը եւ արդարացումը: Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ ներկայացուող նախագիծը մշակուած է հիմնուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրին մէջ ամրագրուած դրոյթներու, ինչպէս նաեւ եւրոպական շարք մը պետութիւններու օրէնքներու հիման վրայ, ուր ցեղասպանութիւններու ժխտումը, անոնց մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը շատոնց քրէօրէն պատժելի է:
Նախագիծի ներկայացումը եւ անոր մեկնաբանութիւնը Ազգային ժողովին մէջ հանդիպեցաւ բուռն հակադրութեան իշխող մեծամասնութեան կողմէ, վերածուեցաւ քաշքշուքի ու խռովութեան:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կը հակադրուի խաղաղութեան քաղաքականութեան: Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛ուզէ հրաժարիլ անկէ:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ