ՀՅԴ Բիւրոյի Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ Այցելեց Հայ Հոգեւոր Պետերուն
23 Ապրիլ 2025
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի հանդիպումներ ունեցան Արամ Ա. վեհափառի, կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս պատրիարքին եւ Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հետ:
Հոգեւոր պետերը յաջողութիւն մաղթեցին ՀՅ Դաշնակցութեան նորընտիր Բիւրոյին:
Խօսակցութիւնները կեդրոնացան համահայկական հարցերու վրայ` շեշտաւորելով Հայաստանի կացութիւնը, Արցախի ժողովուրդին Արցախ վերադարձի իրաւունքը, սփիւռքի կազմակերպումն ու Հայաստան-սփիւռք միասնութեան անհրաժեշտութիւնն ու հաւաքական ճիգերով մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին դիմակալած մարտահրաւէրները:
Քննարկուեցան նաեւ շրջանային կացութիւնը եւ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու իրավիճակը:
Արծարծուեցաւ Վատիկանի մէջ վերջերս Գրիգորեան համալսարանին մէջ կազմակերպուած համագումարին հարցը ազրպէյճանական նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար արգելափակուած պատանդներու եւ անոնց կեղծ դատավարութեան հարցերը: