Մոնթրէալի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ Վանա Նազարեան Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը ոգեկոչեց՝ վկայակոչելով Մուսալերան հերոսամարտը
23 Ապրիլ 2025
Ապրիլ 22-ին կայացած Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդի նիստի ընթացքին, խորհուրդի անդամ Վանա Նազարեան ելոյթ ունեցաւ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը ոգեկոչեց յիշատակելով Մուսալերան հերոսամարտը։ Ելոյթի ընթացքին, Նազարեան յիշեց իր փորձառութիւնը Մուսալերան հերոսամարտի ղեկավար Մովսէս Տէր Գալուստեանի զաւկին՝ Վազգէն Տէր Գալուստեանի հետ Մեծ Եղեռնի արդարութեան ի խնդիր տարուող աշխատանքներու ընթացքին համագործակութեան ճանապարհը։
Նազարեան յիշատակեց Վազգէն Տէր Գալուստեանի պատմութիւնը, որ արդարութեան համար մղուած պայքար էր եւ վերյիշեց Մոնթրէալի Ողջակիզման թանգարանին մէջ կայացած մուսալերան հերոսամարտի հարիւրամեայ յոբելեանին նուիրուած հանդիսութեան կազմակերպման աշխատանքներու ընթացքին Վազգէն Տէր Գալուստեանի ներդրումն ու խորհուրդները։ Ան շեշտեց, որ Տէր Գալուստեանի եւ մուսալեռցիներու պատմութիւնը՝ վերապրելու կամքն է Գանատայի մէջ։