Խմբագրական. 100-Ամեակէն Կատարուած Ետդարձը (Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առիթով)
24 Ապրիլ 2025
Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը կարեւոր ետդարձ կատարած է 100-ամեակէն: 100-ամեակին ձեւաւորուած էր քանի մը տարուան վրայ աշխատած պետական յանձնաժողով մը, որուն կապուած էին տարածաշրջանային եւ տեղական յանձնախումբեր: Բրգաձեւ կառուցակարգով Հայաստան-սփիւռք ներկայացուածութեամբ կը ճշդուէին հիմնական ուղենիշներ եւ կը համակարգուէին ոգեկոչական ձեռնարկները, քաղաքական ուղերձները: Մանաւանդ կ՛որդեգրուէր Համահայկական հռչակագիրը, որուն տակ կը ստորագրէին` Հայաստանի, Արցախի հանրապետութիւններու ղեկավարները, հայոց եկեղեցին, հայկական յարանուանութիւնները, հայ քաղաքական կուսակցութիւններն ու միութիւնները: Եռամիասնութիւնը առարկայացած էր, եւ համահայկական օրակարգերը ձեւակերպուած էին:
100-ամեակի աշխատանքներու աւարտին կ՛որոշուէր եռամիասնական կայացած ձեւաչափը վերափոխել համահայկական խորհուրդի, որուն կառուցակարգման խորհրդակցութիւնները առաջին նիստով տեղի կ՛ունենային Երեւանի մէջ: Կը քննարկուէին համահայկական օրակարգերու քննարկման սփիւռքի ներկայացուցչութիւնը ներառելու իրաւական եղանակները եւ յատուկ բաժինով` հատուցման թղթածրարի պատրաստութիւնը:
Ցեղասպանութեան թեման` իբրեւ ամէնէն համահայկական միասնական օրակարգ, կ՛ուղղուէր դէպի ազգի համախմբուած մարմիններու յառաջացում եւ մանաւանդ իբրեւ կայացած կառոյց հռչակագիրով հաստատուած հիմնադրոյթները ուղենիշ նկատելով` նոր աշխատակարգերու որդեգրում:
Այս բոլորը տեղի կ՛ունենային իրական Հայաստանի մէջ: Իրական Հայաստան, որ իբրեւ հեռանկար` կ՛աշխատէր պատմական իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ` հիմք ունենալով առաջին հերթին Անկախութեան հռչակագիրի իրաւադրոյթներն ու Համահայկական հռչակագիրի հիմնադրոյթները:
Ըստ էութեան, ազգի համախմբման եւ աշխատանքներու իրաւականացման առաջին նախադէպն էր, որ սկսած էր առարկայանալ: 2018-ի իշխանափոխութիւնը շեղեց սկսուած այս երթին ուղղութիւնը: Ահա այստեղ էր հիմնական ետդարձը 100-ամեակով ձեւաւորուած նոր գործընթացներէն:
Հիմա յայտարարուած է, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնային օրակարգերուն մաս չի կազմեր: Դիւանագիտական ըսելաձեւ, որուն միտք բանին այն է, որ ճանաչման առաջադրանքը դուրս մղուած է արտաքին քաղաքականութենէն: Անգարայի հետ երկխօսութիւնը կ՛ընթանայ անոր ճշդած կանոններով: Անգարան անհրաժեշտ չի զգար պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողովի կազմութեան պահանջը առաջ քշելու: Երեւանէն հնչած են արդէն Ցեղասպանութեան պատճառահետեւանքային խնդիրները քննարկելու ուղղութեամբ յայտարարութիւններ: Պատմութիւնը վերաշարադրելու, միջազգային պատմագրութեան, ակադեմական շրջանակներուն եւ ցեղասպանագիտական ընկերակցութիւններուն եզրայանգումները վերաքննարկելու Երեւանի այս մօտեցումը արդէն կը բաւարարէ Թուրքիոյ պահանջը` պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողով կազմելու:
Անգարայի միւս նախապայմաններէն Արցախի հարցի լուծումը եւս իրենց պատկերացումով կատարուած է: Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ընդհանուր սահմաններու ճանաչումով երկկողմ պայմանագիր ստորագրելու առումով Երեւանը գերպատրաստակամութիւն կը յայտնէ, ճանչնալէ ետք Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ:
Այս բոլորով հանդերձ, Թուրքիան տակաւին չի բանար սահմանը, կը փոխկապակցէ Երեւանի հետ իր համաձայնութիւնը Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումին հետ: Նախորդ իշխանութիւններու կողմէ ցիւրիխեան չեղարկուած արձանագրութիւններու բովանդակութիւնը այսօր աւելի զիջողական տեսքով վերադարձած է բանակցութիւններու սեղան: Սահմանադրական նախորդ դատարանի վերապահումները ոչ միայն նկատի չեն առնուիր, այլ նաեւ նոյն մարմինին կողմէ սահմանադրական կը նկատուին: Փաստօրէն Անկախութեան հռչակագիրի կէտերուն հակասող պետական յայտարարութիւնները հակասահմանադրական չեն նկատուիր: Արագակշռոյթ այս ընթացքը կը շարունակուի:
Անգարան ամէն առիթի կը յանկերգէ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը խանգարողը սփիւռքի ծայրայեղականութիւնն է: Այսպիսով հայրենի ազգային ուժերու եւ սփիւռքեան շարժումներու միաւորումը կը դառնայ, հրամայական` միակողմանի զիջումներով ընթացող այս երթը կասեցնելու: Երթը վերադարձնելու 100-ամեակով մեկնարկած ելակէտին:
«Ազդակ»