ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւն
24 Ապրիլ 2025
Ազգովին կը նշենք համաշխարհային պատմութեան դառնաղէտ էջերէն հանդիսացող Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցը։ Ոճիրէն դար մը ետք, Թուրքիոյ պետութիւնը ոչ միայն կը շարունակէ ցեղասպանութեան արարքը ուրանալու քաղաքականութիւնը, այլեւ գործօն լծակից կը դառնայ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հանդէպ գործադրուած բռնութիւններուն եւ Հայաստանի ժողովրդավար հանրապետութեան նկատմամբ թշնամական վարքագծին: Այսօր, Եղեռնէն 110 տարի ետք, ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կը շարունակուի։ Երէկ Տէր Զօր, այսօր Բերձոր, դարձեալ բռնի ուժով հայրենազրկուած է հայ ժողովուրդը։
110-ամեակը առիթ է նաեւ վկայաբերելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիրը, որ կ՚արտայայտէ համազգային մեր կամքը։ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովը, 2015 թուականի յունուարի 29-ին հրապարակեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական հռչակագիրը, որուն մէջ կը շեշտադրուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը հիմք ունենալով իրաւական պահանջներու թղթածրարի մշակման անհրաժեշտութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման գծով։
Միաժամանակ կը դատապարտենք Հայաստանի հանրապետութեան գործող վարչախումբին կողմէ ազգային մեր պահանջատիրութեան հանդէպ որդեգրուած հակոտնեայ քաղաքական վարքագիծը, որ սպառնալիք կը հանդիսանայ Հայաստանի գոյութեան։
Որպէս ժառանգորդներ Արեւմտահայաստանի պատմական մեր բննօրանին, Գանատայի հայ համայնքը վճռակամ է պահանջատիրութեան երթը շարունակելու իր յանձնառութեան մէջ։ Մենք իրաւատէրն ենք մեր դատին եւ մեր անժամանցելի իրաւունքներուն տիրանալու ճանապարհին՝ պիտի շարունակենք պայքարը, մինչեւ որ հաստատուի արդարութիւնը։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ
Ապրիլ24, 2025թ.