Յունաստանի ղեկավարութիւնը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին
25 Ապրիլ 2025
Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին, Յունաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը եւ քաղաքական աշխարհը հանդէս եկան զօրակցական արտայայտութիւններով։ Հանրապետութեան նախագահ Քոնստանտինոս Թասուլաս հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Հայոց ցեղասպանութեան այսօրուան տխուր 110-րդ տարելիցին, կը յիշենք եւ կը յարգենք մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը: Ոչ միայն մարդոց յիշողութեան, այլ նաեւ մարդկային խիղճին առջեւ ազգային գերագոյն պարտաւորութիւն է վերականգնել պատմական ճշմարտութիւնը եւ մշտապէս զգօն ըլլալ՝ կանխելու համար նման ահաւոր յանցագործութիւններ ապագային, որ հայերուն պէս տուժած են նաեւ յոյները, ինչպէս նաեւ որեւէ արարք, որ գործով կամ խօսքով կը դրդէ խտրականութիւն, անհանդուրժողականութիւն եւ բռնութիւն: Մարդկութեան միակ ճանապարհը ուրիշ չէ, քան խաղաղութեան, համագոյակցութեան եւ արդարութեան ճամբան»:
Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս ուղերձով մը յարգեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը. «Այսօր յարգանքի տուրք կը մատուցենք 110 տարի առաջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին` մնալով զգօն՝ բռնութեան եւ անհանդուրժողականութեան բոլոր տեսակներուն դէմ: Յոյները եւ հայերը ժամանակի ընթացքին ունեցած են հասարակաց փորձառութիւններ: Ի վերջոյ, այստեղ ապաստան գտան հալածանքներու բազմաթիւ զոհերը: Անոնք դարձան մեր ազգային հիւսուածքի մաս եւ մեր հասարակութեան ստեղծագործական թեւ: Այսպէս, անքակտելի կը մնայ երկու ժողովուրդներու յաւերժական ուղեւորութիւնը յանուն Ճշմարտութեան, արժանապատուութեան եւ արդարութեան»։
Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Նիքիթաս Քաքլամանիս իր ուղերձին մէջ ի միջի այլոց յայտնեց. «110 տարի անցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մեկնարկէն։
Այդ օրը Օսմանեան Պոլսոյ մէջ ձերբակալուեցան, չարչարանքներու ենթարկուեցան եւ սպանուեցան հայ մտաւորականներու եւ առաջնորդներու մեծ մասը: Անոնց հետ միասին կախաղան բարձրացան հարիւրաւոր հայեր: «Հայերու ողջակիզումը» կը հաշուէ 1,5 միլիոն հայերու կեանքը, դառնալով աւելի շատերու տարագրութեան ու տառապանքի պատճառ: Այսուհանդերձ, 110 տարի յետոյ այս սարսափելի պատմական դէպքերէն, Թուրքիան կը շարունակէ յամառօրէն մերժել պատմական ճշմարտութիւնը»:
Նախարարներու կարգին, ուշագրաւ էին յայտարարութիւնները Պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիասի եւ Ընկերային հարցերու նախարար Տոմնա Միխայիլիտուի։ Երկու հայասէր քաղաքական անձերը իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին։ Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտանքի յայտարարութիւններով հանդէս եկան «Փասօք» կուսակցութեան նախագահ Նիքոս Անտրուլաքիս, «Սիրիզա» կուսակցութեան նախագահ Սոքրաթիս Ֆամելոս, «Յունական լուծում» կուսակցութեան պետ Քիրիաքոս Վելոփուլոս, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երեսփոխաններ, նախկին նախարարներ եւ քաղաքապետեր։
Նշենք նաեւ, թէ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (Ե.Խ.Խ.Վ.) նախագահ Թէոտորոս Ռուսոփուլոս, որ վերջերս անբաղձալի նկատուեցաւ Ատրպէյճանի բռնատէր Ալիեւի կողմէ, Հայոց ցեղասպանութեան օրը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցեց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։