Մոնթրէալի հայութիւնը բողոքի ու պահանջատիրութեան իր ձայնը բարձրացուց
25 Ապրիլ 2025
Կազմակերպութեամբ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբին, 24 Ապրիլ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջափակէն սկիզբ առաւ մոնթրէալահայութեան բողոքի ու պահանջատիրութեան քայլարշաւը, Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին առթիւ, գլխաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, մասնակցութեամբ Արժ. Տէր Գառնիկ Քհն. Գոյունեանի, Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի եւ անդամներուն, Մոնթրէալի եւ Լաւալի կոմիտէներուն ներկայացուցիչներուն եւ անդամներուն, Հայ դատի յանձնախումբերուն, պատկան մարմիններուն եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի աշակերտութեան եւ անձնակազմին, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր հայորդիներու:
Քայլարշաւը ընթացաւ աշակերտներուն բողոքի ու պահանջատիրութեան կանչերով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեայ ժխտումը, արցախահայութեան հանդէպ կատարուած ցեղասպանութիւնն ու բռնագաղթը, Թուրքիոյ յանցագործութիւններու շարունակականութիւնն ու Ատրպէյճանի բռնարարքները դատապարտող:
Մոնթրէալի վերջին կանգառն էր Parc Marcelin Wilson-ը, ուր Ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ ոգեկոչումի ձեռնարկ, ներկայութեամբ Գանատայի Խորհրդարանի պատգամաւորներ՝ Ֆայսալ Ալ Խուրիի եւ Էմանուէլա Լամպրոփուլոսի, Լաւալի Քաղաքապետարանի անդամ Սեդա Թօփուզեանի, Մոնթրէալի Քաքաղաքապետարանի անդամներ՝ Սորայիա Մարթինէզ Ֆէրատայի, Վանա Նազարեանի, Ալէն Տը Սուզայի, Էֆֆի Ճիաննուի, Էմիլի Թուիէի եւ Արէֆ Սալէմի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի անդամ Աննա Թիւֆէնքճեան, որ ըսաւ. «Մենք կրկին միացած ենք այստեղ, տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ՝ մեր գիտակ առաջնորդներէն սկսեալ, մինչեւ մեր ուսուցիչներն ու մեծերը, մեր երիտասարդ ուսանողներ եւ Հայ Դատին նուիրուած հայորդիներ, կանգնած ենք այստեղ՝ պայքարելու մեր ժողովուրդի ապագային համար եւ այն իրականութեան համար, զոր 110 տարիէ ի վեր կը հետապնդենք։ Մենք երբեք պէտք չէ դադրինք: Երբեք պէտք չէ յանձնուինք, որովհետեւ եթէ օր մը թոյլ տանք, որ զգօնութիւնը նուազի, այն ատեն թշնամին պիտի յաջողի իր նպատակին հասնելու»:
Անկէ ետք խօսք առին Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի անդամներ Սէրլի Օգճեան (հայերէն) եւ Ալեք Ռայէս (ֆրանսերէն), որոնք իրենց խօսքին մէջ շեշտեցին. «Եկէք բռունցք դառնանք եւ մեր ձայնը բարձրացնենք միասնաբար, պայքարինք Հայոց Ցեղասպանութեան արդար հատուցման համար, որպէսզի ցեղասպանութիւնները վերջ գտնեն Արցախէն մինչեւ Կազա, պայքարինք ուրացման դէմ եւ աշխարհին ցոյց տանք, որ հայերը կան ու կը մնան ընդդէմ ամէն չարիքի, Հայաստանն ու Արցախը կան ու կը մնան ընդդէմ ամէն տեսակի անարդարութեանց»:
Հերթաբար ելոյթ ունեցան Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի 6-րդ կարգի աշակերտները, խմբավարութեամբ տիկին Դալար Հարպոյեան Գալլօղլեանի, «Զարթիր որդեակ» երգով, 5-րդ կարգէն խումբ մը աշակերտներ՝ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարարտին» ասմունքով, 9-րդ եւ 10-րդ կարգի աշակերտներ՝ Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն» բանաստեղծութեամբ, ՀՅԴ Պատանեկան միութեան Մոնթրէալի եւ Լաւալի «Դրօ-Գետաշէն» մասնաճիւղի պատանիները՝ «Թող հնչեն շեփոր» եւ «Վէրքերով լի» երգերով:
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Հրակ Չինչինեան ընթերցեց Ազատական կուսակցութեան ղեկավար եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու թեկնածու Մարք Քառնիի եւ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու թեկնածու Փիեռ Փուալիէվրի ուղերձները Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին առթիւ:
ԳԵՄ-ի եւ զոյգ կոմիտէութիւններուն խօսքը փոխանցեց ԳԵՄ-ի անդամ Վայք Աճէմեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր, 2025 թուականին, երբ ժողովուրդներու ապազգայնացումը կը քաջալերուի պետական պաշտօնեաներու կամ թաւշեայ կազմակերպութիւններու կողմէ, յիշողութիւնը կը դառնայ մեր ինքնութիւնը պաշտպանող կարեւոր պարիսպ մը։ Առանց մեր անցեալը յիշելու, առանց ճանչնալու մեր արմատները, չենք կրնար յառաջդիմել՝ չենք կրնար մենք զմեզ ամբողջական զգալ՝ ներկան ապրելու, կամ ապագան կերտելու համար։ Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը միայն ողբերգութեան մը ցաւը չէ, այլ քաղաքական ու մշակութային դիմադրութիւն մըն է՝ յիշեցում, որ մեր գոյութիւնը պատահական չէ, այլ արդիւնք է յարատեւ պայքարի: Այդ յիշողութիւնն է, որ մեզ կը պահէ ոտքի, որպէս ժողովուրդ, որպէս պատմութիւն, եւ որպէս անխախտ կամք գոյատեւելու ու արդարութիւնը պահանջելու», ապա խօսքը աւարտեց ըսելով. «Այսօր, սիրելի ներկաներ, Հայոց Ցեղասպանութեան արդար հատուցո՛ւմն ու ճանաչո՛ւմն է, որ կը պահանջենք։
Արցախահայութեան վերադարձի եւ Արցախեան հողին վրայ անվտանգ ապրելու իրաւունքն է, որ կը պահանջենք այսօր։ Մեր ռազմագերիներուն եւ քաղաքական բանտարկեալներուն անմիջական ազատ արձակումն է, որ կը պահանջենք։ Եւ պիտի պայքարի՛նք մինչեւ վերջ, պիտի չյուսլաքուինք, եւ պիտի հասնի՛նք մեր գերագոյն նպատակին, որն է միասին կերտել, այո՛, միասին, իբրեւ ա՛զգ, Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանը»:
Ժողովրդական եւ ազգային երգերու մեկնաբան Նժդեհ Պոտրումեան հանդէս եկաւ «Պիտի գնանք» եւ «Գետաշէն» երգերով, որմէ ետք Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց ըսելով. «Մենք պարտաւորութիւնը ունինք ոչ միայն յիշելու, այլեւ յիշեցնելու, յատկապէս թշնամիին, այնքան ատեն որ մեզմէ խլուած իրաւունքներ կան, ու տակաւին կը խլուին, եւ մանաւանդ երբ այսօրուան իշխանութիւնները կը տատամսին ցեղասպանութիւն բառը արծարծելու, երբ օտար պետութիւններ համարձակօրէն զայն կը շեշտեն. ինչո՞ւ համար կը տատամսին, ո՞ր խաղաղութեան պայմանագրին համար, որուն դիմաց կը նուիրուի Արցախը թշնամիին: Ոչ, մենք անտարբեր պէտք չէ մնանք, այլ պէտք է շարունակենք մեր պայքարը բոլոր մակարդակներուն վրայ: Այսօր մենք ի լուր ողջ աշխարհին կ’ըսենք, թէ մենք չենք մոռցած մեր իրաւունքները, մեզմէ խլուած իրաւունքները, որքան ալ դժուարութիւններ յարուցանէ թշնամին, մենք պիտի շարունակենք մեր արդար պայքարը»:
Աւարտին աշակերտներն ու ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին յուշարձանին դիմաց:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
Լուսանկարները՝ Մայք Թաշճեանի եւ Արմէն Ալեմեանի