Օթթաուայի մէջ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անդամներուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր
25 Ապրիլ 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԳԵՄ-ին, 24 Ապրիլ 2025-ին, Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր, մասնակցութեամբ Գանատայի տարածքին ԳԵՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերուն:
Ցոյցը սկիզբ առաւ Օթթաուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմացէն, ուր ԳԵՄ-ի ուղերձը փոխանցեց Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամ Մինաս Վարդանեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Տարեսկիզբին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, հանդիպելով Զուիցերիոյ հայ համայնքի որոշ ներկայացուցիչներու հետ, իր ելոյթի ընթացքին կասկածի տակ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։ Այսօր, երբ ցեղասպանութեան իրողութիւնը միջազգային ճանաչում ստացած է եւ անժխտելի փաստ է համաշխարհային պատմութեան համար, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարի նմանօրինակ յայտարարութիւնները ոչ միայն անընդունելի են, այլեւ վտանգաւոր», ապա աւելցուց. «Այսօր, 110 տարի անց, նոր աղէտի առջեւ ենք։ Արդէն իսկ 2023 Սեպտեմբերին, միջազգային ընտանիքի լուռ համաձայնութեամբ, Ատրպէյճանը ռազմական յարձակման ենթարկեց Արցախը՝ աւարտին հասցնելով դարաւոր ծրագիրը՝ հայաթափելով եւ բռնագաղթի ենթարկելով արցախահայութիւնը իր հայրենի հողերէն»:
Ան իր ուղերձը աւարտեց ըսելով. «Ցեղասպանութեան 110-ամեակի սեմին, կը դատապարտենք որեւէ յայտարարութիւն, որ կասկածի տակ կը դնէ հայ ժողովուրդի պատմական տառապանքն ու պայքարը, եւ կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը՝ շարունակելու մեր անժամանցելի պայքարը պատմական արդարութեան եւ մեր ժողովրդի իրաւունքներու վերականգնման համար»: Անկէ ետք ծաղկեպսակ տեղադրուեցաւ դեսպանատան դիմացի «Անմահ Հայաստան» յուշարձանին դիմաց, ուր նաեւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ յիշատակը մեր բոլոր նահատակներուն:
Ապա ԳԵՄ-ականներուն քայլարշաւը սկիզբ առնելով ուղղուեցաւ հերթաբար դէպի Ատրպէյճանի դեսպանատուն, ուր խօսք առաւ Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամ Վաչէ Այվազեան, ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց, ուր խօսք առաւ Մոնթրէալի «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի անդամ Քամի Ունանեան, թրքական դեսպանատան դիմաց, ուր խօսք առաւ Մոնթրէալի «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի անդամ Քամի Ունանեան, որոնք դատապարտեցին Թուրքիոյ ժխտողական կեցուածքը աւելի քան մէկ դարէ ի վեր, Ատրպէյճանի կատարած ցեղասպանութիւնն ու բռնագաղթը Արցախի մեր ժողովուրդին հանդէպ, ապա վերանորոգեցին իրենց ուխտը, որպէս ՀՅԴ երիտասարդականի անդամներ, շարունակելու անդուլ պայքարը, մինչեւ որ տիրանանք մեր ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներուն եւ բռնագրաւուած մեր պապենական հողերուն:
Միջոցին երիտասարդականի անդամները թռուցիկներ բաժնեցին ժողովուրդին, ցեղասպանութեան եւ Արցախի թեմաներով:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»