Համաերիտասարդական Հսկում` Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողին Առջեւ
28 Ապրիլ 2025
Կազմակերպութեամբ ՍԴՀԿ ՏՈԵՄ-ի, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի, ՀՅԴ ԶՈՄ-ի, ՌԱԿ «Փ. Փորթուգալեան» ակումբի, ՀԵՀՈՄ-ի, ՀԿՀՄ-ի, ՀԿԵՄ-ի եւ Քրիստոնէական Ջանից միութեան, հինգշաբթի, 24 ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ համաերիտասարդական հսկում:
Լիբանանահայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքները ներկայացնող կղերականներու կողմէ կատարուեցաւ բարեխօսական կարգ, որմէ ետք իւրաքանչիւր միութեան անունով զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:
Ապա կազմակերպիչ միութիւններուն անունով միացեալ խօսքը արտասանեց ՀԵՀՈՄ-ի ատենապետ Կալի Աւագեան, որ անդրադարձաւ համաթուրանական ծրագիրին, որուն իրականացման ուղին կը պահանջէր հայ ազգի ցեղասպանութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով Ցեղասպանութեան ընթացքը, հայութեան կոտորածը, հայկական պապենական հողերէն հայ անուան ու հայկական շունչի անհետացումը:
«Այո՛, հողային իմաստով թուրքին երազը իրականացաւ 1915-ին, եւ ներկայիս հայկական ճակատին վրայ ան իր նպատակը կ՛իրականացնէ իր եղբօր` ազերիին միջոցով: Ազերին այսօր ընկերային ցանցերու վրայ քարոզչական հսկայ աշխատանքներ տանելով եւ երկրին պաշտօնական էջերուն վրայ համաշխարհային ատեաններուն ընդառաջ տեղադրելով, այսպէս կոչուած, պատմական կեղծ տուեալներով կը շարունակէ օսմանցի թուրքին սկսած աշխատանքը` համաթուրանական ծրագիրին իրականացման համար: Նաւթային մուտքերով սնանած ազերիական իշխանութիւնը միջազգային ընտանիքէն որոշ հատուածներ գնելով ու վաճառելով կը շարունակէ իր հրէշային գործը:
«Այսօր Թալէաթին փոխարինած է Էրտողանը, Պեհպութ Խան Ճիւանշիրին` Ալիեւը, իսկ Օսմանեան կայսրութեան` Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը», ըսաւ ան:
Աւագեան դիտել տուաւ, որ, հակառակ այս բոլորին, 110 տարիներ ետք իսկ չէ իրականացած անոնց գլխաւոր նպատակը, որովհետեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հայորդիներ կը հաւաքուին եւ կ՛ոգեկոչեն Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը:
«Արցախի հայաթափումը ինքնին փաստ է, որ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի: Այս իմաստով ապրիլը այլեւս բաւարար չէ: Իրավիճակը կը սպասէ յեղաշրջման: Երիտասարդութիւնը, իր կարգին, կը փորձէ ըլլալ այդ յեղաշրջումը կատարողը: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը պէտք է մնայ, այնքան ատեն որ Թուրքիան չէ ճանչցած իր ոճիրը` 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Ոգեկոչումի այս հաւաքներով հայ երիտասարդները, որոնք սերած են Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներէն, վառ կը պահեն մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը: Անոնք նաեւ կը պահանջեն Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ արդար հատուցում:
«Իբրեւ սփիւռքահայ երիտասարդներ` մենք ունինք շատ կարեւոր պարտականութիւն մը: Անիկա միասնականութիւն ապահովելն է: Եթէ չկայ միասնականութիւն, չկայ Հայ դատ, չկայ իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ չկայ ազգի արժանապատուութիւն:
«Առանց հայութեան միասնական ուժին` թուրքը շատ դիւրութեամբ իր նորօրեայ զէնքերով` անոնք ըլլան երկաթ կամ թուղթ-ընկերային ցանցեր, կը հասնի Երիտասարդ թուրքերու կողմէ մշակուած նպատակի իրագործման: Կ՛ոչնչանան Հայաստան երկիրը եւ ապա հայ անունը: Իսկ սպիտակ ցեղասպանութիւնն ալ մնացած հայութիւնը կը ձուլէ, եւ հայ անունը կը մնայ լոկ բառ մը: Մենք կը մերժենք այս ճակատագիրը, վստահ ենք, որ հայ ժողովուրդը պիտի չհամակերպի այս վիճակին հետ, եւ պայքարը պիտի շարունակուի», եզրափակեց Կալի Աւագեան:
Միացեալ խօսքէն ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անդամ Սարին Նալպանտեան ասմունքեց Արմէն Աւետիսեանի «Ժամն է հատուցման» եւ «Արեան կանչով» երկու կտորներու համադրուած բանաստեղծութիւնը: ՌԱԿ «Մ. Փորթուգալեան» ակումբի «ԹՄՄ» պարախումբէն Մելիսա Արմաղանեան «Երգ Կիլիկիա» երգով ունեցաւ ելոյթ մը: Քրիստոնէական Ջանից միութեան անդամ Նայիրի Պարսումեան, ընկերակցութեամբ միութեան նուագախումբին, ելոյթ ունեցաւ երգով մը: ՀՅԴ ԶՈՄ-ի անդամ Սէրլի Նեմշէհիրլեան տուտուկով ներկայացուց «Տուն իմ հայրենի» երգին երաժշտութիւնը:
Հսկումը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: