Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ՑԵղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած «Վերապրիլ եւ ստեղծել» ցուցահանդէսի բացումը
29 Ապրիլ 2025
Կազմակերպութեամբ Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ մարմնին, համագործակցութեամբ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբին, 25 Ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մոնթրէալի հին նաւահանգիստ Galerie Angelina-ին մէջ, որուն սեփականատէր Սինամէ Պօղոսեան սիրայօժար կերպով տրամադրած էր ցուցասրահը ամբողջ շաբաթավերջին, տեղի ունեցաւ քեպէգահայ արուեստագէտներու 30 նկարչական գործերու, քանդակներու եւ գիրքերու ցուցահանդէսի բացումը, որուն թեման էր «Վերապրիլ եւ ստեղծել»՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին։
Բացման այս արարողութեան ներկայ էին Քեպէգի մօտ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Լեւոն Աֆէեան, Քեպէգի նահանգային երեսփոխան Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ, Լաւալի Քաղաքապետարանի անդամ Սեդա Թօփուզեան, Մոնթրէալի քաղաքապետարանի անդամ Վանա Նազարեան, Ահանթսիք Գարթիէվիլի քաղաքապետուհի Էմիլի Թուիլիէ, ինչպէս նաեւ հայկական երեք կուսակցութիւններուն, պատկան մարմիններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ եւ հոծ բազմութիւն։
Մասնակից քեպէգահայ արուեստագէտներն էին՝ Արա Սամսոն իր «Զուարթնոց» գործով, Տորոթի Մանուկեան՝ «Նռան հատիկներ» գործով, Կարպիս Թերզեան՝ «Մայրիկ-1» եւ «Մայրիկ-2», Լենա Խաչերեան՝ «Ազգակցութիւն», Այտա Քարիպեան՝ «Ցրուում», Վաչէ Առաքելեան՝ «Խաչ», Եւգինէ Եփրեմեան՝ «De Gref “Cercle de la vie”», Պարթեւ Պաթմանեան՝ «Ցեղասպանութեան սարսափը», Ժիրայր Գույումճեան՝ «Անիի Սուրբ Ամենափրիչ եկեղեցի», Կարէն Պետրոսեան՝ «Զարթօնք» եւ «Երազ», Նուարդ Տալեան՝ «Վարագոյրի ետին»-7 եւ «Վարագոյրի ետին»-3, Արման Թաթոսեան՝ «Վենետիկ», Յասմիկ Սեդրակեան «Յուշ», Անահիտ Աբրահամեան՝ «Հրաշքներու դարաշրջան», Պետրոս Արսլանեան՝ «Նոր սկիզբ», Ժոզէֆ Մանտալեան՝ «Աշնանային կախարդանք», Կարօ Մարկոսեան՝ «Լուսաբացը», եւ «ԱԲԳ Տէր-Զօր», Արեգ Էլիբէկեան՝ «Café les deux magots» եւ «Rue de Buci, Saint-Germain des Près», Պերճ Չագըճեան՝ «Les buissons impudiques», Նորմա Փափազեան Աքքէլեան՝ «Քարտէս» եւ «Գարուն», Արթօ Չաքմաքճեան՝ «Պատկեր՝ կտրուած խաչի մէջ», Գրիգոր Յակոբեան՝ «Վերածնած», Կարօ Հաքիմեան՝ «Ինքնանկար» գործերով, Մկրտիչ Տարագճեան՝ «Պատնեշանցում» եւ «Փրկութեան Աղերսանք» քանդակներով եւ Հրայր Խաչերեան՝ «100» եւ «Խաչքար» գիրքերով: Նշենք, որ ցուցահանդէսին մաս կը կազմէին հայոց պատմութեան թագաւորութիւններն ու թագաւորներու դիմանկարները, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի իւրաքանչիւր գիւղէն գորգի օրինակ մը։
Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ մարմնին անունով բացման խօսքը ֆրանսերէնով կատարեց Շարիս Սիւմպիւլեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այս տարի, որոշեցինք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչել մշակոյթի ճամբով, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մշակոյթը ժողովուրդի մը գոյապահպանման եւ գոյատեւման էական տարրն է։ Կարելի է ըսել, թէ մշակոյթը ազգի մը անցեալը, պատմութիւնը, ապրելակերպը, աւանդութիւնները, միտքն ու ներաշխարհը, զգացումներն ու ցաւերը ցոլացնող ամբողջութեան համայնապատկերն է, այսինքն ազգի մը ամենաթանկագին ու մեծագոյն գանձը։ Այս իմաստով, հայկական մշակոյթը հազարամեայ պատմութիւն ունի, եւ մենք այսօր հպարտ ժառանգորդներն ենք այդ մշակոյթին»:
Սիւմպիւլեան աւելցուց նաեւ. «Այո՛, թշնամին փորձեց մեզ ոչնչացնել, սակայն ցեղասպանութիւնը չաւարտեցաւ 1915-ին։ 2023-ին Ատրպէյճանը, Թուրքիոյ բացայայտ աջակցութեամբ, իր աւարտին հասցուց Արցախի հայաթափումը։ Աւելի՛ն, ան ամէնօրեայ դրութեամբ կը փորձէ ոչնչացնել տեղւոյն մշակութային արժէքներն ու ժառանգութիւնները, կամ իւրացնել զանոնք։ Պատմութիւնը սակայն, յաճախ մեզի փաստած է, որ իւրաքանչիւր աղէտէ ետք, մենք գիտենք դարձեալ ոտքի կանգնիլ, գիտե՛նք վերածնիլ եւ գիտե՛նք վերստեղծել։ Այսօր, այս ցուցասրահը վերածած ենք հայրենիքէն հեռու, փոքրիկ հայրենիքի»:
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը փոխանցեց կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան, որ ըսաւ. «110 տարի առաջ, Պատմական Հայաստանի արեւմտեան գաւառներուն մէջ բռնագաղթի ու ջարդի ենթարկելով բնիկ հայ ժողովուրդը, Օսմանեան Թուրքիոյ պետութիւնը, աշխարհի պատմութեան մէջ կ’արձանագրէր ազգի մը դէմ ցեղասպանական ամէնէն ահաւոր ու սարսափազդու էջերը», ապա աւելցուց. «Այսօր, ցեղ մը կամ ազգ մը բնաջինջ ընելու որեւէ բռնարարք, ինքնին ահաբեկչութիւն է, եւ այդ երեւոյթին դէմ պայքարող իւրաքանչիւր պետութեան եւ միջազգային հանրութեան պարտքն է ճանչնալ, հաստատել եւ հատուցել բռնութեան ենթարկուած հաւաքականութեան մը արդար իրաւունքները»:
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկաւ ջութակահար Եւա Շահպազեան, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ պանիրի եւ գինիի պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի 26-27 Ապրիլ 2025-ի շաբաթավերջին: Նշենք, որ միջոցառման որմազդը սիրայօժար կերպով պատրաստած էր Ալին-Շողեր Մարգարեան, իսկ նկարներու խորագիրներու տպագրական բաժինը, դարձեալ սիրայօժար, պատրաստած էր Հուրի Հաքիմեանը։
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
Լուսանկարները՝ Թամար Փօլատեանի եւ Պերճ Մերճանեանի