Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչում Գեմպրիճի մէջ
28 Ապրիլ 2025
ՀՅԴ Գեմպրիճի Հայ Դատի յանձնախումբը, հովանաւորութեամբ «Արամ-Դրօ» կոմիտէին, նախաձեռնեց, Ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկը, 27 Ապրիլ 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1։00-ին։
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Հայ կեդրոնի շրջափակին մէջ զետեղուած Մուսալերան յուշարձանին շուրջ, խուռներամ բազմութեամբ, փողերախումբի եւ ՀՄԸՄ-ի արծուիկ-սկաուտներու ներկայութեամբ: Նորակազմ փողերախումբին ընկերակցութեամբ երկու ՀՄԸՄ-ականներ ծաղկեպսակ զետեղեցին յուշարձանին դիմաց, որմէ ետք Հոգշ. Տէր Գեղարդ Ծ․ Վրդ. Քիւսպէքեան եւ Արժ. Տէր Նշան Քհն․ Մանուկեան Տէրունական աղօթք մատուցեցին ցեղասպանութեան 1․5 միլիոն նահատակներուն յիշատակին։
Ապա, փողերախումբը եւ դրօշակակիր ՀՄԸՄ-ականներոը առաջնորդեցին ներկայ քաղաքական դէմքերը՝ Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւորներ՝ Պրայըն Մէյ, Պարտիշ Չէկըր, Վալերի Պրատֆըրտ, Ճէսս Տիքսըն, Գեմպրիճի քաղաքապետ Ճան Լիկիդ, Ուոթըրլուի քաղաքապետ Տորոթի ՄըգԳէյպ, Նորթհ Տամֆրիզի քաղաքապետ Սու Ֆաքսթըն, Քիթչընըրի քաղաքապետարանի անդամ Քրիսթին Միշօ, Ուոթըրլուի ոստիկանապետ Մարք Քրաուըլ, Ուոթըրլուի շրջանային քաղաքապետարանի անդամ Տակ Քրէկ, Գեմպրիճի քաղաքապետարանի անդամներ՝ Հելեն Շուէրի, Քորի Քիմբսըն, Ատըմ Քուբըր, Սքոթ Համիլթըն, Նիքըլըս Էրմէթա եւ Ուոթըրլու շրջանի Գեմպրիճի Նորթհ Տամֆրիզի Դպրոցական Խորհուրդի հոգաբարձու Գարլա Ճանսըն դէպի Հայ կեդրոնի սրահը։
Երիտասարդներ՝ Ժան-Փիեռ Մուրատեան, Սագօ Քեսապլեան եւ Ռազմիկ Կարպուշեան յաջորդաբար մեկնաբանեցին Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները, որմէ ետք մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ ներկաները յարգեցին մեր նահատակներուն յիշատակը։
Օրուան բեմավար Թալին Հանէշեան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք, հրաւիրեց ՀՕՄ-ի «Մեսրոպ Թիթիզեան» շաբաթօրեայ դպրոցի արեւելահայերէնի դասարանի աշակերտները, ներկայացնելու Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատունը»։ Ապա բարձր դասարաններու աշակերտներ ներկայացուցին Պարոյր Սեւակի «Մենք քիչ ենք, բայց հայ ենք» գործը, անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով։
Ցուցաերիզի վրայ հետեւեցանք ջարդէն ճողոպրած երկու հայորդիներու կեանքի ցաւալի դրուագներուն. Էլիսա Կիրակոսեան պատմեց Եւնիկէ Աբօշեան Սալիպեանի մասին, որ իր մեծ մօրը քոյրն է եւ Քրիստոֆ Կարպիս Գույումճեան պատմեց իր մեծ հօր Սարգիս Գույումճեանի կեանքը։
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկաւ Ռազմիկ Կարպուշեան, որ մեկնաբանեց «Զարթիր Որդեակ» մեներգը, կիթառի ընկերակցութեամբ Վահէ Թութիքեանի։
Բեմավարը ընթերցեց օրուան բանախօս Ռաֆֆի Սարգիսեանի ամփոփ կենսագրականը, ապա զինք հրաւիրեց փոխանցելու օրուան պատգամը։
Բանախօսը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբին, որ այս առիթը ընծայած էր իրեն, ապա անդրադարձաւ օրուան պատգամին՝, զոր բաժնած էր քանի մը մասերու.
1- Ցեղասպանութեան ժխտման վնասները եւ անոր ազդեցութիւնը հայ ժողովուրդին վրայ։
2- Արդարութեան կարեւորութիւնը, որ կը վերադարձնէ հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքներն ու վնասաց հատուցումը։
3- Գանատայի կարեւոր դերը։
4- Այս արդարութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը։
Ապա հայերէն լեզուով շարունակեց իր պատգամը, խօսքը ուղղելով ներկաներուն եւ մանաւանդ երիտասարդներուն, ըսելով. «Մեր երիտասարդները միշտ կը զարմացնեն մեզ իրենց աշխատանքներով: Այսօր մենք ունինք հսկայական աշխատանք սփիւռքի գաղութներուն մէջ, վերակազմակերպելու եւ ամուր հիմերու վրայ դնելու, ունենալու պատրաստ սերունդ մը զոհաբերումով եւ հայրենիքի սիրով լեցուն: Պիտի չյուսահատինք եւ ոչ ալ արագ արդիւնք պիտի սպասենք մեր աշխատանքին, այս բոլորը կ’ըլլան պայքարով եւ միայն յարատեւ պայքարով»:
Աւարտին խօսք առին տեղական կառավարութեան ներկայացուցիչներ՝ Պրայըն Մէյ, Ճէսս Տիքսըն, Ճան Լիկիդ, Սու Ֆաքսթըն, Քրիսթին Միշօ, Տակ Քրէկ եւ Մարք Քրաուըլ, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ուղղուած հրաւէրներուն՝ միասնաբար յիշելու ցեղասպանութեան նահատակները, բարձր գնահատեցին Հայ կեդրոնի անդամները, որոնք ամէն տարի կը կազմակերպեն այս ձեռնարկը, ինչպէս նաեւ յայտնեցին իրենց աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին։
Հայ Աւետարանական համայնքի վերապատուելի Արա Պալըգճեան, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը հաստատելու մեր այս դժուարին օրերուն։ Ապա Արժ. Տէր Նշան Քհն․ Մանուկեան անգլերէն լեզուով «Պահպանիչ»ը աղօթեց, իսկ Հոգշ. Տէր Գեղարդ Ծ․ Վրդ. Քիւսպէքեան «Պահպանիչ»ով փակեց ձեռնարկը։
Աւարտին բոլոր ներկաները ծաղիկներ տեղադրեցին երիտասարդներու ձեռային աշխատանքով պատրաստուած Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին՝ ի յիշատակ ցեղասպանութեան նահատակներուն։
Սալբի Քէլէշեան
«Հորիզոն»
Լուսանկարները՝ Բերլա Տէր Դաւիթեանի եւ Շանթ Ահարոնեանի