Գեմպրիճի մէջ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն Ապրիլեան նահատակներու յիշատակին
26 Ապրիլ 2025
Գեմպրիճի հայ համայնքը 24 Ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8։30-ին Ապրիլեան եղեռնի ոգեկոչումի եկեղեցական արարողութենէն ետք, ուղղուեցաւ Հայ Կեդրոնի շրջափակի Մուսալերան հերոսամարտի յուշարձանին դիմաց, մասնակցելու ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղին նախաձեռնած մոմավառութեան։
Պատանեկան միութեան անդամներ՝ ջահերով, իսկ երիտասարդական միութեան անդամներ՝ Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակներով ու խրոխտ քալուածքով բոլորեցին յուշարձանը։
Օրուան հանդիսավար Էլիսա Կիրակոսեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը 1915-ի ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներուն։ Ան ըսաւ. «Այսօր հաւաքուած ենք մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու ցեղասպանութեան զոհ դարձած նահատակներուն ու մոմավառութեամբ լուսաւորելու անոնց հոգիները», ապա շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղի ընկերներուն, որոնք ստանձնած էին շրջափակէն ներս Ծիծեռնակաբերդի ձեռային աշխատանքի պատրաստութիւնը եւ հրաւիրեց Հոգշ. Տէր Գեղարդ Ծ․ Վրդ. Քիւպէքեանը, Արժ. Տէր Նշան Քհն․ Մանուկեանն ու դպիրները, աղօթքով բացումը կատարելու մոմավառութեան ձեռնարկին։
ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անդամ Յովիկ Սվագճեանը փոխանցեց մասնաճիւղին խօսքը, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ իրենց աջակցութեան, զօրակցութեան եւ ներկայութեան համար, ապա ըսաւ. «1915 թուին ցեղասպան թուրքը փորձեց բնաջնջել հայ ժողովուրդը՝ տեղահան ընելով զայն իր պապենական հողէն, բայց չյաջողեցաւ. փաստը այսօրուան մեր ներկայութիւնն է. հայը ոտքի կեցաւ՝ պահպանելով իր լեզուն, մշակոյթն ու ինքնութիւնը։ Այսօր 110 տարիներ ետք կը խոնարհինք անոնց յիշատակին նաեւ Արցախի նահատակներուն յիշատակին առջեւ» եւ աւելցուց. «Մեր պայքարը կը շարունակուի, պիտի յիշենք, պիտի պահանջենք, մինչեւ մեր ամբողջական իրաւունքներու հատուցումն ու իրականացումը»։
Գարլօ Ահարոնեան ներկայացուց Աւետիս Ահարոնեանի «Ազատութեան Ճանապարհին» գիրքէն «Յարգանք քեզ» կտորէն հատուած մը, ապա ներկաները ձայնակցեցան դպրաց դասին՝ մեկնաբանելու «Կիլիկիա» երգը։
Հանդիսավարը ներկաները հրաւիրեց մոմերը զետեղելու Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին շուրջ, ապա ուղղուելու սրահ, ուր ԳԵՄ-ի անդամներուն կողմէ պատրաստուած էր ցեղասպանութեան նկարներու եւ գիրքերու ցուցահանդէս։
Սալբի Քէլէշեան
Հորիզոն