Դրօշակ այրելու «Առեղծուածը»
29 Ապրիլ 2025
«Եթէ կ՛այրէք դրօշակը, դուք կ՛այրէք այն՝ ինչ որ կը գիտակցիք, թէ երկիր մը ինչպիսի՛ վատ բաներ ըրած է։ Պարզապէս խորհրդանիշ մըն է: (Այլապէս) Պարզապէս կտաւի կտոր մըն է»:
Ճորճ Քարլին (1937-2008, ամերիկացի դերասան, քննադատ եւ գրագէտ)
Ապրիլ 24-ի օրերուն, հայ երիտասարդներ, Երեւանի մէջ եւ այլ քաղաքներու՝ այրեցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշակները, իբրեւ բողոքի եւ պահանջատիրական արտայայտութիւն, յիշելով եւ յիշեցնելով, որ ինչպիսի՛ վատ բաներ ըրած են այդ երկիրները: Բողոքի նման արտայայտութիւն աննախընթաց չէ, եւ սակայն, ՔՊ-ական իշխանաւորները, ամբոխահաճութեան իրենց մոլուցքով տարուած՝ զայն վերածեցին մատի փաթթոցի: Չմոռնանք նաեւ… թրքահաճութիւնը:
Փաստօրէն, սփիւռքահայերու համար տասնամեակներու՝ Հայաստանի վերանկախացումէն շատ առաջ ալ, սովորութիւն է ոճրագործ պետութեան դրօշակը այրելը, մանաւանդ երբ կը յիշատակուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յետոյ, յատկապէս արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրերուն եւ ապա դաժան պարտութենէն ետք, Ատրպէյճանի դրօշն ալ ենթարկուեցաւ միեւնոյն ճակատագրին, յաճախ կոխկռտուեցաւ եւ հրկիզուեցաւ։
Այս տարի, թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ եղածները, ուրեմն, աննախընթաց չէին։ Զարմանալին եւ որոշ չափով աննախընթացը՝ երիտասարդական այս քաղաքական «աքթ»-ը բուռն կերպով քննադատուեցաւ Հայաստանի ղեկին նստած «խունթա»-ին կողմէ, որ այպանեց ցուցարարները, թէ «աժան, ընդվզեցուցիչ եւ լիրբ վերաբերմունք» դրսեւորած են, թէ՝ պատահածը քաղաքակիրթ ժողովուրդի վերաբերմունք չէ եւ անտեղի գրգռութիւն կը ստեղծէ։ Եղան մարդիկ, որոնք հասան մինչեւ հոն, որ այս արաքները նկատեցին ազերիական յարձակումի հրաւէր…:
Անշուշտ ՔՊ-ական ղեկավարութեան համար դժուար պիտի ըլլար «բացուիլ»-ն ու իրականութիւնը յայտնել․ «Այս մարդոց՝ թուրք-ազերիներուն հետ համաձայնութիւն (աննպատակ, անհաշիւ եւ պարտուողական) պիտի կնքենք․․․ Մի՛ խանգարէք»։ Ուշադիր հետեւողը պիտի նկատէ, որ ՔՊ-ականներուն եւ իրենց մունետիկներուն տեսակէտներն ու բառամթերքը լիովին կը համապատասխանէ թուրք-ազերիական քարոզչութեան, կարծէք թէ դարձած են թշնամիին բանբերը: Այս ալ աննախընթաց չէ եւ իւրայատուկ չէ Ցեղասպանութեան հարցին արծարծման տեսանկիւնէն…
Հարցում. այս մեղադրողները եւ թշնամիապաշտները ո՞ւր էին, երբ Ատրպէյճանի նախագահը Արցախի դրօշակը կը կոխկռտէր ու կը վարկաբեկէր… Ո՞ւր էին այս «բարձր դիւանագէտները», երբ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը շարունակէին 1915-էն շատ առաջ սկիզբ առած Ցեղասպանութիւնը՝ փոշիացնելով հայութեան մշակութային կոթողներն ու ժառանգութիւնները, նոյնը կը շարունակեն նաեւ այսօ՛ր: Եւ արդեօք կը սխալի՞նք, երբ այս վարչախումբը կ’անուանենք թշնամիի գործակալ, անոր շահերը պաշտպանող, անոր ոճիրները հանդուրժող, եւ ներելու պատրաստակամութիւն յայտնող…
Յիշողութիւն մը կայ, որ կարելի չէ լուսանցքի վրայ նետել։ Միթէ Հայոց Ցեղասպանութեան ամեակներէն բաւական ետք չէ՞ր, որ այս միեւնոյն «խունթա»-ին պատկանող հլու կամակատարներ Երեւանի մէջ հրկիզեցին ռուսական դրօշներ, կուրօրէն եւ առանց դիւանագիտական ճկունութիւն ցուցաբերելու, իրենց «դէպի արեւմուտք» արեւելումը արտայայտելու համար։ Եւ այսօր, պաշտօնի վրայ գտնուող միեւնոյն ղեկավարութիւնը, իր դժգոհութիւնը կը յայտնէ՝ ձայնակցելով… թուրքին ու ազերիին։ Հարցը այն չէ, թէ ռուսական դրօշը այրելը արդեօք հիմնաւորեա՞լ էր, այլ կ’ուզենք պարզապէս շեշտել. Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ՑԵՂԱՍՊԱՆ պետութիւններ են, անոնց ոճիրները հաստատուած են բազմաթիւ մեծ ու փոքր երկիրներու կողմէ, հետեւաբար, անոնց դէմ բողոքի որեւէ արարք, ներառեալ՝ դրօշակներու հրկիզումը՝ հիմնաւորուած է անառարկելիօրէն: Հայ երիտասարդին պէս կը վարուին ոճրագործ պետութիւններու դէմ բողոքող ոեւէ արդարատենչ ժողովուրդի զաւակները:
Քանի «դէպի արեւմուտք» քաղաքականութիւն կը կիրարկուի, Ատլանտեանն ալ կտրենք եւ հասնինք Նոր Աշխարհ, ուր 1984-ին, դժգոհ ամերիկացի մը՝ Կրեկըրի Լի Ճոնսըն, Տալասի (Թեքսաս) մէջ, դժգոհ՝ օրուան նախագահ Ռանըլտ Ռեկընէն, Հանրապետական կուսակցութեան հաւաքին, հրկիզեց իր երկրի դրօշը եւ այդ պատճառով ենթակուեցաւ բանտարկութեան, ամբաստանութեան եւ դատավարութեան։
Դէպքը, որուն հպանցիկ ակնարկեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Լիլիթ Գալստեան՝ ճեպազրոյցի մը պահուն, օրին վերածուեցաւ թնճուկի եւ նոյնիսկ Քորդեան հանգոյցի, հասնելով մինչեւ Սահմանադրական դատարան՝ Տալաս ընդդէմ Կրեկըրի Լի Ճոնսըն։ Մեղադրեալին ի նպաստ էր վճիռը, որ հետագային ալ , 1989-ին, այս անգամ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, քանի մը ընկերներուն հետ հրկիզեց իր երկրին դրօշը, այդ օրերու Սպիտակ Տան վարձակալ Ճորճ Պուշի «Դրօշի պաշտպանութեան օրէնք»-ի վաւերացումէն մէկ օր ետք։ Հարցը կրկին բռնկեցաւ եւ հասաւ Բարձրագոյն դատարան։
Այս դէպքը յիշելով, բաղդատական մը ընենք. հրկիզուողը ո՛չ թէ թշնամի երկրի կամ երկիրներու դրօշն էր, այլ սեփական երկրին, իբրեւ արդար բողոքի արտայայտութիւն։
Աւելի զգացական մօտեցում ունեցող հայորդիին համար յստակ է, թէ նմանօրինակ յանդգնութիւն, այսիքն եռագոյնի հրկիզում՝ պարզ ու մէկին ընդունելի չէ, մանաւանդ, որ թշնամիին տեսակէտները որդեգրողները հայութեան ու անոր տենչերուն ներկայացուցիչները չեն։
Ի վերջոյ դրօշակ մը կը ներկայացնէ մնայուն երկիր մը՝ պետութիւն մը եւ ո՛չ թէ իշխանութեան վրայ գտնուող գնայուն ղեկավարութիւն մը։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական