Խմբագրական. Ընդդէմ Բոլոր Տեսակի Շահագործումներուն
01 Մայիս 2025
(Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)
Մայիսմէկեան խորհուրդի այժմէականացման փորձերը ամէն տարի հետզհետէ կը դժուարանան: Պատճառը այն է, որ այս տօնին գաղափարական էութիւնը կը մթագնի աշխարհի մէջ տարածուող ապագաղափարականացման ալիքներուն տակ:
Այդուհանդերձ հայ հրապարակագրութիւնը պէտք չէ հրաժարի հերթական մայիս մէկին ետին կանգնած խորհուրդը արժեւորելէն եւ փորձ կատարէ այժմէականացման ընդգծումներ կատարելու:
Այո՛. ամբողջ աշխարհը կ՛ապագաղափարականանայ: Աւելի ճիշդ, դասական գաղափարականութիւնը կը վերափոխուի, կը վերազգեստաւորուի նոր տարազներով, որոնք միայն արտաքին փոփոխութեան չեն վերաբերիր, այլ ուղղակի փոփոխութեան կ՛ենթարկեն էութիւնը: Կը պարպեն գաղափարականութիւնը, ստեղծելու համար նորը: Նորը, որ հիմնականին մէջ հասկացողութիւններու արմատական փոփոխութիւնն է, արժեհամակարգի մը փուլային ջնջումն է եւ նոր համակարգի մը պարտադրումը:
Արժէքափոխութեան այս յորձանուտին մէջ, ինչպէս այլ գաղափարական ուղղութիւններ, Աշխատաւորներու օրը նաեւ կը վերաիմաստաւորուի: Մթագնումը ինքնին կ՛առաջնորդէ վերաիմաստաւորման` անդրադառնալու, որ նոյն կարգախօսները, նոյն յայտարարութիւնները եւ նոյն սկզբունքները բարձրաձայնելը արձագանգ կրնան չգտնել այս օրերուն:
Այս իրականութիւնը մտածել կու տայ փոխելու մարտավարութիւնը, պահպանելու համար հիմնական արժէքը, աշխատաւորի իրաւունքի պաշտպանութեան սկզբունքը: Քաղաքակիրթ աշխարհը արդէն անդրանցած է այս խնդիրը: Օրէնքով կանոնակարգուած են աշխատաւորներու իրաւունքները, հիմնուած մարդու իրաւունքներու ընդհանուր հայեցակարգերու վրայ: Աշխատանքի ժամերու որեւէ յաւելման օրինագիծ կը դիմաւորուի զանգուածային բողոքներով, բանավէճերով: Օրէնքի խախտումը տեղի կու տայ դատական հայցերու, դատավարութիւններով իրաւունքի վերատիրացման դէպքերու: Այստեղ այլեւս իրաւազրկութեան մասին չէ խօսքը:
Բոլոր երկիրները չեն, որ հասած են այդ մակարդակին: Այնտեղ իրաւազրկումներու պարագաները կրնան անպատիժ մնալ, նոյնիսկ անարձագանգ, ինչ որ շահագործումի բազմաթիւ դէպքերու կ՛առաջնորդէ:
Շահագործումը, սակայն, միայն աշխատանքային ժամերու կամ պետական անհրաժեշտ ծառայութիւններ չտրամադրելուն չի վերաբերիր: Որքան ալ օրէնքներ կիրարկուին ամէնէն քաղաքակրթուած միջավայրերուն մէջ, շահագործումի տարբեր բնոյթի երեւոյթներ կը շարունակուին:
Դրամագլուխի կուտակումը, գերշահոյթներու ապահովման տարբեր միջոցները, տակաւի՛ն` երեխաներու, կիներու թէ ընդհանրապէս մարդու շահագործման այլանդակ եղանակները կը պատահին ամէնէն քաղաքակիրթ նկատուած երկիրներուն մէջ: Շահագործման իբրեւ միջոցներ կ՛օգտագործուին տեղեկագիտութեան կամ արհեստական բանականութեան ամէնէն նորարար մեթոտները:
Մայիսմէկեան խորհուրդը հակաշահագործման սկզբունքներու մէջ տեսնելու այս ուղղութիւնը շարունակելու պարագային կը հասնինք նաեւ ազգերու շահագործման իրականութեան դէմ պայքարելու հրամայականին:
Ազդեցութեան գօտիներու տարածման, այլ ազգերու բնական հարստութիւններու տիրացման եւ շահագործման, ազգային տնտեսութիւններ հարթիչ գլաններու տակ առնելով հարստապետական կարգերու կայացման ու տարածման այս անվերահսկելի երթերը անարգել կը շարունակուին: Ազգերը կը բաժնուին շահագործողներու եւ շահագործուողներու միջեւ: Մարդիկ` նոյնպէս: Խորհուրդը ուրեմն աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ սահմանափակելը այսօր, կը պարպէ մայիսմէկեան աւանդը իր էութենէն եւ նպատակներէն:
Տեսնել պէտք է իշխանութիւններու շահագործումը իրենց վստահուած քուէին, եւ այդ կարգախօսով իրենց չվստահուած ծրագիրները իրականացնելու փաստերը: Տեսնել պէտք է Անկախութեան հռչակագիրը տապալելու փորձերուն մէջ ժողովուրդը շահագործելու, անոր անունով խօսելու, Արցախը Ազրպէյճանի տարածք նկատելու, պատմական իրաւունքներէն հրաժարելու իրաւունքը չունենալու, սակայն ժողովուրդը շահագործելով զայն վկայակոչելու բոլոր քայլերը:
Շահագործումը միայն դրամական եւ վարձատրութեան ոլորտներուն չի վերաբերիր, այլ նաեւ ազգային խնդիրներուն, անոնց ապագաղափարականացման եւ ապազգայնացման ճանապարհներով:
Մայիս մէկը շահագործումներու եւ շահագործողներու դէմ պայքարի խորհրդանիշ օրն է: Ե՛ւ ընկերային իմաստով, ե՛ւ ազգային, ե՛ւ մարդկային:
«Ազդակ»