ՄԱ՞Կ․․․ Միջազգային Ներո՞ւմ
22 Մայիս 2025
«Անարդարութիւն որեւէ տեղ՝ սպառնալիք է արդարութեան՝ ամէն տեղ»։
Մարթին Լութըր Քինկ (1929-1968)
Վերջերս, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան, հանրածանօթ ոչ կառավարական Amnesty International («Միջազգային Ներում») կազմակերպութիւնը, տարեկան իր զեկուցումին մէջ բաւական տեղ տրամադրած է Հայաստանին, ու պատշաճօրէն քննադատած է հայկական օրինապահ մարմինները՝ ապօրինի միջամտութիւններ եւ միջազգային օրէնքներու հիմամբ արգիլեալ նռնակներ (քաղաքայիններու դէմ) գործածած ըլլալուն պատճառով։
Ներքին ապահովութեան ուժերը՝ Հայաստանի օրինապահ մարմինները, հակառակ Արեւմուտքի հետ սկսած սիրաբանութեան, ռուսական արտադրութեամբ ձեռնառումբեր գործածած են…Հակառուս տրամադրութիւններ սրելու հնա՞րք մը արդեօք: Յատուկ ուշադրութեան արժանի են անցեալ 12 Յունիսի դէպքերը, երբ ոստիկանութիւնը յարձակում գործեց խաղաղ ցոյցի ելած քաղաքայիններու վրայ. գործածուեցան այդ նռնակները, որոնք կարճ ատեն մը մոլորութեան կը մատնեն ենթարկուողը՝ ազդելով անոր լսողական, տեսողական եւ նոյնիսկ մտային կարողութիւններուն վրայ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը արդա՛րօրէն պահանջող հայորդիներու դէմ կոպիտ վերաբերմունքն ու խոշտանգումները՝ «ժողովրդավարութեան պասթիոն» Հայաստանի «Ոստիկանական Հանրապետութեան» կողմէ, նոյնքան դաժան եղած էին այդ դէպքէն առաջ ալ, Ապրիլ եւ Մայիս 2024-ին։
Ըստ զեկուցագիրին, յատկապէս Յունիսի դէպքին՝ աւելի քան հարիւր հոգի վիրաւորուած է, որոնց կարգին՝ քանի մը ոստիկաններ։ Ձերբակալուողներուն թիւն ալ գրեթէ հարիւր էր։
Բաւական ամբողջական է «Միջազգային Ներում» կազմակերպութեան պատրաստած թղթածրարը, որ նաեւ կը հաստատէ, թէ բռնագաղթի ենթարկուած արցախահայութեան հանդէպ կատարուած է անպատշաճ վերաբերմունք, ու կը հաստատէ, որ անոնց բնակարանային, աշխատանքի եւ կրթութեան հարցերը մնացած են անլոյծ: Տեղեկագիրը կ’եզրակացնէ, որ անկատար է արցախահայութեան բնակեցման գործընթացը։
Տեղեկագիրին մէջ, յստակօրէն կը նշուի, թէ արցախահայերը դժգոհ են կառավարութեան վերջին որոշումներէն, ըստ որոնց՝ պիտի կրճատուին բնակարանային, աշխատանքային եւ այլ օժանդակութեան ծրագրեր։
Այս քննադատական թղթածրարին դիմաց, վերջերս ՝ 1 Մայիսին, ՄԱԿ-ի պարբերական դիտարկման աշխատանքային խումբի նստաշրջանին ծիրին մէջ, Ժընեւի մէջ, տեղի ունեցաւ վերջին հինգ տարիներու Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւանց առնչուող զարգացումներուն, խնդիրներուն եւ հեռանկարներուն զեկուցումը: Հոն, ներկայացուածը ոչկառավարական կազմակերպութեան մը թղթածրարը չէր, այլ ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ երկրի մը արտաքին գործոց նախարարութեան թղթածրարը, ուր ամէն բան «վարդագոյն» կը ներկայացուէր։
«Միջազգային Ներում» կազմակերպութեան նկարագրած պայմաններուն ճիշդ հակառակն է, որ կը տեղեկացուէր ներկաներուն։ Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը շեշտէր վերջին տարիներուն մարդկային իրաւանց բնագաւառին մէջ Հայաստանի արձանագրած յառաջդիմութիւնը, այդ ծիրին մէջ իրականացուած օրէնսդրական եւ համակարգային բարեփոխումները: Պատուիրակութիւնը մինչեւ իսկ իր զեկուցման մէջ կը նշէր, թէ կարելի եղած է դիմակայել մարտահրաւէրները, սկսելով Արցախէն բռնի տեղահանուածներէն՝ մինչեւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիներու եւ պատանդ առնուած քաղաքացիական անձերու ազատ արձակումը:
Աւելին, Հայաստանի պատուիրակութիւնը շողշողուն խօսքերով ներկայացուցած է վերջին տարիներու տնտեսական, ընկերային, մշակութային, քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու իրականացման շուրջ Հայաստանի մէջ արձանագրուած յառաջդիմութիւնն ու վերելքը: Անշուշտ հարցական է, թէ զեկուող ու պատուիրատու կը հաւատա՞ն այս հաւաստիքներուն, որովհետեւ ժողովուրդը նման բան չէ տեսած, տեսած է ճիշդ հակառակը՝ անտարբերութիւն, ձեռք լուալ եւ ազերիական բազմապիսի քմայքներու խաղալիք մնալ: Հապա տնտեսական նահա՞նջը, մշակութային ձախաւերութիւններն ու կորուստնե՞րը…
Ահաւասիկ հպանցիկ բաղդատական մը եւ անշուշտ՝ եզրակացութիւն, դիտուած տարբեր ակնոցով։ Դժուար թէ յերիւրանքներով հանրածանօթ կառավարութիւն մը կարենայ իր լծակներով խուսափիլ ոչ-կառավարական հիմնարկի մը խարանող հաստատումներէն։ Ո՛չ ազգային, ո՛չ ալ միջազգային ներում կարելի է շնորհել նման աններելի յանցապարտներու, որոնք կը շարունակեն կառչած մնալ իրենց աթոռներուն։ Այս իշխանութեան իւրաքանչիւր քայլափոխը քիչ մը աւելի՛ կը շեշտէ անոր հեռացման հրամայականը:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական