Ակնարկ. Պետութիւններու Շահերը Եւ Տրամադրուող Պատրուակները
22 Մայիս 2025
Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարի Երեւան այցելութեան առիթով տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը, թէ Մոսկուան բարձրագոյն մակարդակով ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի պատկանելիութիւնը Ազրպէյճանին, ունի յստակ ենթաուղերձ:
Նախ արձանագրենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը կը համապատասխանէ իրականութեան: Սակայն յենուիլ այս իրականութեան վրայ` արդարացնելու համար Փրակայի մէջ Երեւանի կողմէ Արցախը Ազրպէյճանի տարածք նկատելու յայտարարութիւնը, քաղաքական տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ չի տեղաւորուիր:
Ճիշդ է, որ Փրակայի մէջ շեշտուեցաւ Ալմա Աթայի հռչակագիրի հիման վրայ միմեանց տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը: Սակայն Փրական ունէր այլ հիմնական երկու բաժին, որոնք ըստ էութեան հարուածեցին հայկական դիւանագիտութեան դիրքերը. աւելի ճիշդ ինքնահարուած հասցուցին:
Վաւերացուած փաստաթուղթի 10-րդ կէտին մէջ նշուած է.
«Համաձայնագիրի 13 յօդուածի երկրորդ պարբերութիւնը «բաց է Խորհրդային Միութեան անդամ բոլոր պետութիւններուն առջեւ» բառերէն ետք լրացնել «այդ կարգին Խորհրդային Միութեան նախկին ինքնավար կազմաւորումներուն համար, որոնք Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի «Խորհրդային Միութեան գոյութեան դադրեցման մասին» հռչակագիրի ընդունումէն առաջ կայացուցած են անկախութիւն հռչակելու վերաբերեալ համաժողովրդական հանրաքուէ, եւ անոր հիման վրայ ինքնավար կազմաւորման իշխանութեան բարձրագոյն գործադիր մարմինը դիմած է Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութիւն` անոր կազմին մէջ ընդունուելու խնդրանքով» բառերով»: Ի դէպ, 10 դեկտեմբեր 1991-ին կայացած համահանրապետական հանրաքուէով հռչակուած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Այս կարեւոր կէտը շրջանցելով եւ յստակ թուանշաններով տարածքային ամբողջականութիւնը սահմանելով, առաւել ընդունելով Արցախը մաս Ազրպէյճանին, Երեւանը բոլորովին նոր իրավիճակ ստեղծեց հակամարտութեան բանակցային գործընթացին մէջ: Աւելի ճիշդը Արցախի հակամարտութիւնը ընդհանրապէս դուրս բերաւ միջազգային օրակարգէն:
Տեղին էր Երեւանը ներկայացնող դիւանագէտին յիշեցումը, որ ռուսական միջնորդութիւնը Պաքուն էր, որ մերժեց, մինչ հայկական կողմը արագօրէն ընդառաջեց: Սակայն, Փրակայի յայտարարութենէն ետք ըստ էութեան Ռուսիոյ միջնորդելու հարցը ընդհանրապէս դուրս կու գար օրակարգէն:
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռուսիոյ թիւ մէկ դիւանագէտը յիշեցուց, որ Արցախի առաջին պատերազմի ընթացքին, երբ հայկական կողմը իր վերահսկողութեան տակ կ՛առնէր եօթը շրջանները, կ՛օգտագործէր ռուսական զէնք: Այս յիշեցումը պատասխան էր այն առարկութեան, որ Ազրպէյճանը ռուսական զէնքի գործադրումով հայաթափեց Արցախը:
Դիւանագիտական միջնորդութիւնը ձախողած էր. գործի դրուած էր ռազմական միջնորդութիւնը, այս պարագային կողմերը զինելու տեսքով: Ինչ որ իրադարձութիւններուն այս կամ այն կողմին ներգրաւուածութեան, միջնորդութեան կամ կողմնորոշման մասին քաղաքականօրէն տրամաբանական բացատրութիւն ունի: Առնչակից պետութիւնները կ՛առաջնորդուին իրենց շահերով:
Խնդիրը այս պարագային բանակցող կողմին կատարած յայտարարութիւններուն կամ առած քայլերուն պատրուակումն է եւ առիթաւորումը` սեփական շահերը առաջ քշելու: Ինչ որ տեղի ունեցաւ Փրակայի մէջ, երբ Երեւանը ճանչցաւ Արցախը Ազրպէյճանի տարածքային մաս:
Ռուսական կողմը այս յիշեցումները կատարեց դիւանագիտական լեզուով:
«Ա.»
«Ազդակ.»