Երկու խեղկատակ պատկեր աշխարհէն
22 Մայիս 2025
Միջազգային լրատու աղբիւրները ամէն օր եւ օրը քանի մը անգամ հանրութիւնը կը զբաղեցնեն խեղկատակ դրուագներով, որոնք խորքին մէջ ցուցանիշ են երկիրներու եւ ժողովուրդներու ապրած ահաւոր ողբերգութիւններուն:
Նախընթաց օրերուն, Թրամփի Ծոցի երկիրներ այցելութիւնները եւ պայթած գայթակղութիւնները առատ նիւթ կուտակեցին «ներքին» խեղկատակութիւններով ծանրաբեռնուած մթերանոցին մէջ: Միակը չէին:
Չորեքշաբթի, 21 Մայիսի դրուագներէն՝ ընտրեցինք հետեւեալ երկուքը.
Ա. Շուրջ 20 դիւանագէտներ՝ Եգիպտոսէն, Ֆրանսայէն, Սպանիայէն, Իտալիայէն, Իրլանտայէն, Բրիտանիայէն եւ… Թուրքիայէն, այցելեր են Արեւմտեան Ափի (Պաղեստին) Ճենին քաղաքը, ստուգում կատարելու՝ թէ բնակչութիւնը ինչպիսի՛ անմարդկային վերաբերմունքի թիրախ է: Պատուիրակութեան իւրաքանչիւր քայլափոխին հետեւող իսրայէլեան բանակի զինուորերը յանկարծ կրակած են «զգուշացման դիտաւորութեամբ», որովհետեւ նկատեր են, որ խումբը «շեղում կատարած է» նախապէս ճշդուած ուղիէն: Իսրայէլ խոստովանեցաւ ըրածը: Աղմուկ բարձրացաւ, առնչակից երկիրներէն մէկ քանին Իսրայէլի դեսպաններէն բացատրութիւն պահանջեցին, սպառնալիքներ տեղացուցին: Կատարուեցաւ նաեւ ողոքում. կրակոցներէն մարդ չէ վնասուած…
Մոռացութեան տրուած է ահաւորը. Այն՝ որ նոյնինքն Արեւմտեան Ափը, իսկ քանի մը քիլոմեթր անդին՝ Կազան, օր աւուր յարձակումներու, ռմբակոծումներու եւ բանակային իրերայաջորդ արշաւանքներու թիրախ են, սպանեալները… բախտաւոր կը զգան, որովհետեւ ողջ մնացողները սովի, անդադրում բռնագաղթերու եւ անմարդկային ամէն տեսակի բռնարարքներու ենթակայ են: Աշխարհի աչքին առջեւ ամէն օր, ամէն ժամ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ տեղի կ’ունենայ, դատապարտող յայտարարութիւնները կը կուտակուին, եւ մրցումի ելած են Էվերէսթի ու Մոն Պլանին հետ: Խեղկատակութեան ամէնէն ահաւոր երեսը այն է, որ կրակոցի դէպքին առնչակից երկիրներէն շատեր բանիւ եւ գործով զօրակից են Իսրայէլի ոճրագործ իշխանութիւններուն, կը շարունակեն զինել զայն: Իսրայէլի վարչապետն ու բանակային հրամանատարներ ճակատաբաց կը կրկնե՛ն ու կը կրկնեն, թէ «Համասը հետապնդելու» պատրուակով, ջարդն ու քանդումը, բռնագաղթերը պիտի շարունակեն, իսկ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ձեռքերը կը լուայ՝ ըսելով, որ իր կառավարութիւնը համաձայն չէ Կազայի բնակչութեան շրջանէն հեռացման: Խօ՛սք, խօ՛սք եւ խօ՛սք: Զսպելու գործ չկայ, հակառակին փաստերը միշտ նորոգուող եւ մնայուն ցուցահանդէսի վերածուած են:
Կրակոցի «մանր» միջադէպին եւ միւսին՝ ահաւոր սպանդներու դիպաշարին դիմաց, յիշեցինք մանրավէպ մը, որ մանկուց լսած ենք մեծերէն. Ցեղասպանութեան օրերուն, թուրքերու եւ զինակիցներու ջարդերուն մասին արիւնով գրուած տեղեկագիրներ հասած են ամերիկացիներու, խնդրանքով, որ օգնութեան հասնին եւ կասեցնեն ջարդ ու հալածանք, կողոպուտ ու բռնադատութիւններ: Տեղեկագիրին մէջ տեղ մը արձանագրուած է (եղեր), որ թուրքերը հայերու տուները կը մտնեն, կը սպաննեն, կը կողոպտեն (եւ այլն): Բարեմի՜տ եւ «հաւուճ ախըլլը»(*) լսող մը, յօնքերը վեր բարձրացնելով, հարցուցեր է. «Առանց դուռը բախելո՞ւ ներս կը մտնեն»…
Բ. Հարաւային Ափրիկէի նախագահը՝ Սիրիլ Սամաֆոսա, մե՜ծ ախորժակով Սպիտակ Տուն այցելեր է, առեւտրական գործակցութեան եւ վերջերս հաստատուած՝ ներածումներու բարձր տուրքերու (եւ նման հարցերու) մասին բանակցելու համար «նարնջագոյն մարդ»ուն հետ: Ինչպէս պատահեցաւ Զելենսքիի ընդունման առաջին պահուն՝ մթնոլորտը սիրալիր էր, սակայն յանկարծ (կարծէք թէ սա Թրամփի մէկ նոր սովորութիւնը դարձած է) հիւրընկալ նախագահը թղթածրար մը նետած է Սարաֆոսայի երեսին, իբրեւ թէ Հարաւային Ափրիկէի մէջ սպիտակամորթները ցեղասպանութեան կ’ենթարկուին:
Եւ ահա հակաճառութիւն մը ծագած է (ո՛չ այդքան սուր, ինչպէս պատահեցաւ Զելենսքիի այցելութեան օրը): Ափրիկէցիին կատակով հակադարձութիւններէն մէկը եղած է… օդանաւի մը խոստումը:
Մնացեալը պահ մը նկատենք երկրորդական (ներառեալ սպիտակամորթներու բռնատիրութեան օրերու ցեղասպանական պատմութիւնները եւ Նելսըն Մանտելան), եւ նուազ շահագրգռական, կանգ առնենք դառն իրականութեան մը վրայ: Թրամփի տրամադրութեան տակ կա՞յ Կազայի մէջ շարունակուող ցեղասպանութեան թղթածրարը, որ պէտք է զարնէ Նեթանիահուի եւ ոճրակիցներուն գլխուն: Թրամփի տրամադրութեան տակ կա՞յ Արցախի դէմ բազմահանգրուան ցեղասպանութեան, շրջանը հայաթափումի հասցուցած ոճիրներու ամբողջ պատմութեան թղթածրարը, որոնք պէտք է զարնել Էրտողանի ու Ալիեւի երեսներուն: Թրամփի (երբ կ’ըսենք Թրամփ, ի մտի ունինք նաեւ բոլոր հզօ՜ր տիրակալները) տրամադրութեան տակ կա՞ն 110 տարի առաջ սկսած եւ մինչեւ այսօր շարունակուող Հայկական Ցեղասպանութեան թղթածրարները: Սպիտակ Տունը որքա՞ն հետաքրքրուած է այն ցեղասպանութիւններով, որոնք տեղի կ’ունենան Սուտանի ու ափրիկեան այլ երկիրներու, Սուրիոյ, Իրաքի եւ «կռուախնձոր» այլ երկիրներու մէջ (ցանկերը ամենա՜յն հոգածութեամբ կը պահպանուին է ՄԱԿի եւ միջազգային ատեաններու դարակներուն մէջ):
***
«Մանր» խեղկատակութիւն մըն ալ՝ Երեւանի մէջ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը՝ Լաւրով, Երեւան այցելեց. սա առիթ դարձաւ Երեւան-Մոսկուա հակադրութիւններու ցուցադրման եւ ՔՊ-ականներու կողմէ իրականութիւնները պարտկելու ճիգերու (Արցախի եւ Հայաստանի հողերուն գրաւման առիթով, Մոսկուային ուղղուած իրաւ ու անիրաւ քննադատութիւններուն մասին լուսաբանութիւններու): Առիթը օգտագործեցին նաեւ «արեւմտասէրները», որոնք քանի մը հոգիով բողոքի ցոյցի ելան Լաւրովի դէմ: Եղածը՝ ապիկարութեան փառատօն մըն էր, ֆեսթիվա՜լ: Ստեղծուած աղմուկին մէջ թացը չորին հետ այրեցաւ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ «հաւուճ ախըլլը»ները կը մնան իշխանութեան ջարդուած ղեկին:
(*) Թրքախօս հայերու սրամտութենէն ծնած ծանօթ ասոյթ, յատկապէս թեթեւամիտ ամերիկացիներու մասին, մինչեւ օրս ալ գործածական՝ հայերու կողմէ. կը նշանակէ «ստեպղինաձեւ ուղեղով» (այսինքն՝ իրականութենէ կտրուած՝ միայն մէկ ձեւով-ուղղութեամբ մտածող):