Ընտրութիւններէն Ետք` Յաղթանակը Ամրագրելու Վճռակամութեամբ
23 Մայիս 2025
Անգամ մը եւս Լիբանանի թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւններուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը յաղթանակ կերտեց եւ իր առաջադրած թեկնածուներու յաջողութիւնը ապահովեց:
Երկար ժամանակէ ի վեր այս ընտրութիւնները հետեւողականօրէն յետաձգուեցան: Առկայ էր թերահաւատութիւն` ընտրութիւնները ճշդուած ժամկէտին կայացնելու: Լիբանանի ապրած ապահովական, քաղաքական եւ տնտեսական-ընկերային ցնցումներն ու տագնապները անցնող տարիներուն խոչընդոտեցին քաղաքապետութիւններու աշխատանքային հեզասահ ընթացքը, եւ բնականաբար կարելի չէր դառնար իրերու այդ կացութեան մէջ անսալ շրջաններու բնակիչներու տարրական կարիքներուն, ինչ որ քաղաքապետութիւններու հանդէպ ժողովուրդի մօտ ստեղծած էր ժխտական հանրային կարծիք, որ, իր կարգին, ընտրական մթնոլորտի բեւեռացման եւ որոշ թեմաներու շահագործման դուռ կրնար բանալ:
Այդպէս չեղաւ սակայն, եւ Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ, բացի քանի մը միջադէպերէ, ընտրութիւնները անցան հեզասահ եւ ժողովրդավարական առողջ մթնոլորտի մէջ: Վստահաբար այս շաբթուան ընթացքին, հարաւի ընտրութիւններն ալ, իրենց իւրայատկութեամբ, նոյն պատկերով աւարտ մը պիտի ունենան:
Արժէ, սակայն, այս առիթով կատարել խորհրդածութիւններ, որոնք ընտրութեանց նախօրեակին նաեւ տեսանելի էին եւ լիբանանեան ընտրական բեմին վրայ յատուկ խճանկար մը ստեղծած էին երբեմն քաղաքական եւ ընդհանրապէս ընտրական դաշինքներու կազմութեան նոր գործընթացով:
1.- Նախագահ Ժոզեֆ Աունի պաշտօնավարութեան նստաշրջանին առաջին կարեւոր քննութիւնն էր այս ընտրական գործընթացը: Պէտք է հաստատել, որ պետութիւնը ընտրութեանց ժամկէտը չյետաձգելով, կարճ ժամանակամիջոցի մէջ աշխատանքը կազմակերպելով եւ ամենակարեւորը` ընտրական ընդհանուր գործընթացի բնականոն կայացումը երաշխաւորելով, յաջողութեան նշանակալից կէտ մը արձանագրեց: Աւելի՛ն. պետական եւ ապահովական կառոյցներու հսկողութիւնը ոչ մէկ ատեն թարգմանուեցաւ այս կամ այն կողմի ի նպաստ իբրեւ միջամտութիւն, այլ` ընդհակառակը, այդ նախանձախնդիր մօտեցումը դիւրացուց ընտրութիւններու այլապէս առկայ հեզասահ ընթացքը:
2.- Նախագահի ընտրութեամբ, վարչապետի նշանակումով ու դահլիճի կազմութեամբ ստեղծուած համախոհական մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ պետական ապահովական կառոյցներու թափուր մնացած պաշտօններու անցնցում նշանակումով այս ընտրութիւնները դարձան նոր ու դրական փուլի շարունականութիւն եւ խորհրդարանական խմբակցութիւնները, այլ խօսքով` Լիբանանի քաղաքական հիմնական կողմերը, նոր ժամանակներու մէջ, նոր առաջնահերթութիւններով եւ ակնկալութիւններով առաջնորդուելու համոզումով համագործակցութեան ու ընտրական դաշինքներու հետաքրքրական պատկեր մը ստեղծեցին, որ եթէ զարմանալի կը թուի շատերուն, սակայն իր էութեամբ ներկայ ժամանակի հարազատ արտայայտութիւնն է անտարակո՛յս:
Պետականաշինութեան ու պետական վարչամեքենայի բնականոն գործունէութեան ու աշխուժացման մէջ, քաղաքապետութիւններու ընտրութեան բարեյաջող ընթացքը բնականաբար, իր կարգին, իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ այս ընդհանուր հոլովոյթին մէջ:
3.- Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն թաղային շրջանի, ընտանեկան, այլ խօսքով` տեղայնական կապն ու յարաբերութիւնները ներգործօն ազդեցութիւն ունին, սակայն քաղաքական հակամարտութիւնները ինքնին մի՛շտ ալ ուշագրաւ կը դառնան, եւ իւրաքանչիւր կողմ կը փորձէ այդ մէկը ծառայեցնել յառաջիկայի իր դիմագրաւելիք ընտրական մարտահրաւէրներուն:
Այս փուլին, սակայն, զգուշաւորութիւնը եւ զսպուածութիւնը, մեծ պարտութիւններէ խուսափելու ու համեմատական կարելի յաղթանակներով բաւարարելու մտայնութիւնը բոլոր կողմերուն համար մնաց հիմնախնդիր:
Բացի քանի մը քրիստոնեայ շրջաններէ, ուր սուր քաղաքական պայքար արձանագրուեցաւ, ընտրական փառատօն եւ խանդավառութիւն տիրեց եւ` մրցակցային գեղեցիկ պատկեր: Ընտրութեան թուականէն առաջ քաղաքապետութիւններ արդէն ընտրուած նկատուեցան մրցակից ցանկերու չգոյութեան պատճառով: Մրցակցութեան պարագային, համախոհական ցանկերով առաջնորդուիլը մնաց հիմնական տրամաբանութիւն:
4.- Համայնքային համակեցութիւնը եւ մայրաքաղաքի քրիստոնեայ-իսլամ հաւասարակշռութեան պահպանումը հիմնական մարտահրաւէր էր այս հանգրուանին: 2016-ին ալ այս մարտահրաւէրը առկայ էր, սակայն նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վճռական ներդրումով եւ սիւննի համայնքի մօտ իր վայելած հեղինակութեամբ կարելի եղաւ համայնքային այդ հաւասարակշռութիւնը եւ ներկայացուցչական դրութիւնը անխախտ պահել: Այս անգամ այդ հաւասարակշռութեան պահպանման մէջ ակներեւ էր շիի համայնքի յանձնառու մօտեցումը:
Այս փուլին հարուստ կենսափորձի վրայ հիմնուած ու մնայուն կերպով ամրագրուած ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծը եւ համակեցութեան ու հարցերու լուծումը համախոհութեամբ` առանց բեւեռացումներու ընտրանքային ուղղութիւններով առաջնորդելու մօտեցումն ու անոր համար ի գործ դրուած ճիգը արդիւնաւորուեցաւ եւ անգամ մը եւս հակառակորդ կողմերուն յստակ դարձաւ, որ Դաշնակցութեան այս ուղղութիւնը կը մնայ հիմնական միջոցը` հարցերու լուծման ու փակուղիէ դուրս գալու անհրաժեշտութեան: Այս մօտեցումը իր վճռորոշ դերակատարութիւնը ունեցաւ բանակցութիւններու եւ խորհրդակցութիւններու ընթացքին, եւ ՀՅ Դաշնակցութեան մօտեցումները ընկալում գտան բոլորին կողմէ:
Ճի՛շդ է նաեւ, որ մայրաքաղաքի մէջ համակեցութիւնը եւ համայնքային հաւասարակշռութեան գործօնի ամրագրումը կը կարօտին օրէնսդրական աւելի համապարփակ աշխատանքի, որպէսզի ապահովուի Պէյրութի եւ այդ ճամբով ամբողջ Լիբանանի մէջ համայնքային փոխյարաբերութեան ու համակեցութեան մթնոլորտը` առանց ենթակայ դառնալու օրուան քաղաքական հոսանքներու եւ ուղղութիւններու ազդեցութեան ու քմահաճոյքներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ մրցակցային օրինակելի դաշտ մը ստեղծել:
5.- Վերջին շրջանին եւ յատկապէս ընտրութիւններու նախօրեակին ակներեւ էր քաղաքացիական շարժումներու տագնապահար ու անորոշութեան, հիասթափութեան մէջ մխրճուած պատկերը: Քաղաքացիական շարժումները նաեւ այսօրուան դրութեամբ հովանաւոր ուժերու եւ պետութիւններու կողմէ չունին ակնկալած զօրակցութիւն եւ կ՛ապրին նահանջի ընդհանուր մթնոլորտ մը: Փաստօրէն այս ընտրութիւններուն անոնք չյաջողեցան գէթ իրենց ներկայութիւնը փաստել:
Փոխարէնը, սակայն, քաղաքական աւանդական բոլոր կողմերը նոր աշխարհահայեացքով ու նոր տրամաբանութեամբ մուտք գործեցին ընտրաքաղաքական հարթակ եւ յաջողեցան պահել իրենց վարկն ու հեղինակութիւնը: Անշուշտ բնական է, որ իւրաքանչիւր ընտրութեան արդիւնքով որոշ կողմեր կրնան իրենց չափաբաժինին մէջ նահանջ արձանագրել, եւ ուրիշներ աւելցնեն իրենց հեղինակութիւնն ու ժողովրդականութիւնը, սակայն այդ մէկը երբեք չի նշանակեր քաղաքական կշիռի ամբողջական կորուստը` այս կամ այն կողմին համար:
Պէտք չէ ունենալ այն խաբկանքը, որ այս համապատկերին վրայ պիտի հիմնուի յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններու ընդհանուր խճանկարը: Այսօր իւրաքանչիւր կողմ իր ընտրական զինապահեստը արժեւորելու, իր յարաբերութիւնները վերասահմանելու, իր զանգուածներուն հետ հաղորդակցելու նոր միջոցներու որոնման մէջ է, եւ այս մէկը պիտի արտացոլայ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Չմոռնանք նաեւ` շրջանային յարափոփոխ զարգացումները, նորահաս սերունդի գործօնը, համալսարանական միջավայրը, որոնք դեր ու նշանակութիւն ունենալու բոլոր տուեալները ունին յառաջիկայ ընտրական փուլի բիւրեղացման մէջ: Կը թուի, թէ քաղաքական աւանդական բոլոր կողմերը իրենք հետամուտ պիտի դառնան այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ արդի հասկացողութեամբ նոր ուղենիշներ որդեգրելու եւ ըստ այնմ իրենց գործունէութիւնը հունաւորելու:
6.- Համայնքային օրակարգով հայ քաղաքական կուսակցութիւններու իրերհասկացողութեան, համադրումի եւ միացեալ ճակատով հրապարակ գալու այլապէս յաջող ճանապարհ անցած նախանձախնդրութիւնը ինքզինք պարտադրեց այս փուլին եւս: Այս ընտրապայքարին մէջ, հակառակ որոշ ճիգերու, կարելի չդարձաւ ճեղք կամ երկփեղկում յառաջացնել հայ ընտրազանգուածին մէջ, եւ հայ թեկնածուները արժանացան հայկական քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեան: Այս գործօնը պէտք է դառնայ հիմք` յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններու ընդհանուր երթին, եւ հայ համայնքի հաւաքական ու ամբողջական ուժը պէտք է արտացոլայ բոլոր պարագաներու, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել մեր իրաւունքները եւ սրբագրել նաեւ անցեալի ներկայացուցչական պատկերի բացթողումը:
Առարկայական եւ ենթակայական պատճառներով հայ կեանքէն հեռացած եւ շատ յաճախ համայնքի լուսանցքին միւս կողմը գտնուող ոչ արհամարհելի հայ հաւաքականութիւնը պէտք է դարձնել ուշադրութեան յատուկ առանցք եւ ջանալ համախմբել նաեւ հոն գոյութիւն ունեցող ներուժն ու կարողականութիւնը: Այս աշխատանքի իրագործման մէջ համայնքային բոլոր կառոյցները ունին համահաւասար պարտաւորութիւն:
7.- Հակառակ շրջանառուող «ասեկոսեներուն», հակառակ ինքզինք միշտ վերանորոգող հակադաշնակցական շուկայական եւ երբեմն ալ կազմակերպուած արշաւներու, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դերին ու հեղինակութեան նօսրացման մասին հնչող մակերեսային արժեւորումներու` հերթական անգամ իբրեւ անշրջանցելի փաստարկ մէջտեղ եկաւ այն ճշմարտութիւնը, որ ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը շարունակէ անխախտ պահել իր ամուր հաւատքն ու վստահութիւնը Դաշնակցութեան հանդէպ: Այս հանգամանքը ինքնին պարտաւորեցնող է ու տեղ մըն ալ, յաւելեալ զգաստութեան գործօն:
Աշխատանքի խանդավառութիւնը, յաղթանակի հպարտութիւնը եւ գործին մէջ ներդրուած համաժողովրդային ճիգը մեծագոյն փաստերը կը մնան այս հաւատամքին: Այս իմաստով մեր կամաւորներու խանդավառութիւնը, ինչպէս մի՛շտ, այս պարագային եւս արժանացաւ բոլորին գնահատանքին:
8.- Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները մեր ետեւն են արդէն, եւ այժմ այս դրական մթնոլորտը պիտի կենսաւորուի աւելիով, երբ հայ համայնքի վստահութեան արժանացած իւրաքանչիւր թեկնածու իր աշխատանքով, նուիրումով, ժողովրդանուէր գործունէութեամբ արժեւորէ այդ վստահութիւնը: Բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները մեծ են, մեր ժողովուրդին կարիքները` բազմաթիւ, իսկ թերեւս կարելիութիւնները` տեղ մը սահմանափակ ու անբաւարար: Բայց աշխատանքը եւ ճիգը պիտի մնան գերակայ, որպէսզի կարելի ըլլայ առկայ կարելիութեանց մէջ հասնիլ համեմատական յաջող արդիւնքի: Աւելի՛ն. մեզի համար ընտրութիւնները նպատակ չեն, թեկնածուներու յաղթանակը երաշխաւորելու համար չեն, այլ` մեր իրաւունքներու ձեռքբերման ճամբով համայնքային կեանքի ու անոր կառոյցներու յաւելեալ կենսունակութիւն հաղորդելու միջոց, անոնց զօրակցելու ու անոնց աշխատանքը աւելիով ժողովրդականացնելու ամուր կռուան: Հետեւաբար այս իմաստով նաեւ համայնքային ներկայութեան լիիրաւ ապահովումը անհրաժեշտ է ու օգտաշատ:
Վերջապէս, յաղթանակին առթած հպարտութենէն անկախ, այս ընտրութիւններու արդիւնքը ժողովուրդ-կուսակցութեան վստահութեան ու անքակտելի կապի վերահաստատումի ու հաւաքական աշխատանքի արգասիքի արդիւնաւորման ու, վերջապէս, յառաջիկայ փուլերուն մեր ամբողջական ներուժը եւ կարողականութիւնը ներդրելու համոզումի վաւերական վկայութիւններ են անտարակո՛յս:
Ուրեմն` ի գործ, նորանոր հաւաքական նուաճումներով, մի՛շտ ի խնդիր լիբանանահայ համայնքի դերակատարութեան անշեղ շարունակականութեան ու անոր համահայկական առաքելութեան ճառագայթումին:
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Ազդակ