ՀՕՄ-ի Երկօրեայ Օգտաշատ Եւ Արդիւնաւէտ Սեմինար` Մերօրեայ Կեանքին Վերաբերող Նիւթերով Յագեցած
23 Մայիս 2025
8-9 մայիս 2025-ին Կիպրոսի Լառնաքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի սեմինարը, որ իւրայատուկ էր իր աշխատանքային գործնական ու հետաքրքրական ծրագիրով եւ համայնքին մէջ կազմակերպուած տարբեր նախաձեռնութիւններով:
Երկու արդիւնաւէտ օրերու ընթացքին մասնակիցները բովանդակալից քննարկումներ կատարեցին եւ լսեցին հետաքրքրական դասախօսութիւններ, ՀՕՄ-ի տարբեր շրջաններու անդամները կարելիութիւն ունեցան համախմբուելու, իրարու հետ կապ հաստատելու եւ միասնաբար քննարկելու այն կարեւոր նիւթերը, որոնք ուղղակիօրէն կ՛առնչուին միութեան առաքելութեան եւ գործունէութեան, անցեալին, ներկային ու ապագային` այն հաւատքով ու յանձնարութեամբ, որ անցեալի փորձառութիւնը պէտք է ծառայեցնել այսօրուան, իսկ այս բոլորը` արդիականութեան եւ արհեստագիտութեան հետ համահունչ քայլերով փոխանցել դէպի ապագայ: Երկու օրերը իսկական առիթներ եղան խորացնելու, արդիականացնելու գիտելիքները եւ նոր գաղափարներով, տեսլականով զինելու մասնակիցները:
8 մայիսի առաւօտեան Լառնաքայի «Սան հոլ» պանդոկի սրահին մէջ Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեանի, Կիպրոսի Հանրապետութեան Առաջին տիկին Ֆիլիփա Քարսերա Խըրիսթոտուլիտիսի ներկայացուցիչ Փանայոթիս Փալաթեսի, կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեանի, Կիպրոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Իննա Թորգոմեանի, Լառնաքայի քաղաքապետ Անտրիաս Վիրասի, կիպրահայ համայնքի պատկան մարմիններու, կրթական, մշակութային եւ քաղաքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու ներկայութեան պաշտօնական հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ սեմինարին, որուն մասնակցեցան 16 երկիրներէ 97 ՀՕՄ-ականներ:
Կիպրոսի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք պաշտօնական հիւրերուն եւ սեմինարի մասնակիցներուն բարի գալուստ մաղթեց ՀՕՄ-ի Կիպրոսի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետ Շուշիկ Պագալեան, որ ՀՕՄ-ականները բնութագրեց իբրեւ միասնականութեան, ծառայութեան եւ նուիրուածութեան հաւատացողներ, որոնք առանց աշխարհագրական կամ ժամանակի սահմանափակումներու կը շարունակեն գործել ամէնուրեք եւ բոլոր ժամանակներուն: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, որ նման սեմինարի մը կազմակերպման աշխատանքները վստահած էր իրենց` այսպիսով յաւելեալ վճռակամութիւն եւ զօրակցութիւն փոխանցելով իրենց:
Սեմինարին պաշտօնական բացման ազդանշանը տուաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նորա Սեւակեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին` աշխարհի գեղեցկագոյն երկիրներէն Կիպրոսի մէջ, ուր երկար տարիներ առաջ ծնունդ առած ու կազմաւորուած է հայկական աշխուժ ու հայաշունչ համայնք մը, որուն կարեւոր մէկ մասնիկը կը կազմէ նաեւ Կիպրոսի Հայ օգնութեան միութիւնը:
Անդրադառնալով սեմինարի նպատակին` ան ըսաւ, որ ՀՕՄ-ի 115-ամեակի սեմին խորհրդանշական է համախմբուիլ աշխարհի տարբեր ցամաքամասերէն` միասնաբար իրականացնելու շահեկան ծրագիր մը, որուն բարի արգասիքները պիտի քաղուին ապագայ գործունէութեան ընթացքին:
«ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը նման խորհրդաժողովներու կազմակերպումը առաջնահերթութիւն կը նկատէ` հաւատալով անոր ունեցած մեծ ազդեցութեան անհատի մը կեանքի տարբեր երեսներուն վրայ: Այս սկզբունքէն մեկնելով` երկօրեայ այս սեմինարը պիտի ընդգրկէ այնպիսի թեմաներ, որոնք ուղղակի եւ անուղղակիօրէն առնչուած են` մեր կազմակերպութեան պատմութեան, կառոյցին, գործելաձեւին, երիտասարդականացման, նիւթական ապահովութեան եւ քարոզարշաւին», մանրամասնեց Ն. Սեւակեան` շնորհակալութիւն յայտնելով բանախօսներուն եւ զեկուցաբերներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ոլորտին մէջ մասնագիտացած, հմուտ եւ ճարտար անձնաւորութիւն է, ուստի շինիչ ներկայացումներով եւ աշխատանիստերով անոնք պիտի կարենան փոխանցել նոր գիտելիքներ եւ մասնակիցները զինել նոր կարողականութիւններով:
Ապա խօսք առաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան, որ դիտել տուաւ, թէ Կիպրոսի մէջ ՀՕՄ-ի շրջանային սեմինար մը կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը արդիւնք է այն խոր համոզման, որ Կիպրոսն ու կիպրահայ գաղութը իրենց կարեւոր դերակատարութիւնը ունին հայութեան պատմութեան մէջ:
Ան լուսարձակի տակ առաւ Հայոց պատմութեան մէջ հայ կնոջ անփոխարինելի դերակատարութիւնն ու ներդրումը` իբրեւ սերունդներ կերտող ու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող տարր: «Այս իմաստով ՀՕՄ-ը կը գտնուի առաջատար դիրքերու վրայ: Մեր կազմակերպութիւնը իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին իր ուշադրութեան կիզակէտին վերածեց հայ ազգը, գործնական եւ ազդու նախաձեռնութիւններով եւ ծրագիրներով խթան հանդիսացաւ կրթութեան, առողջապահութեան, կիներու իրաւունքներու ապահովման եւ ընկերային բազմաբնոյթ տարբեր ծրագիրներու իրականացմամբ` յաջողեցաւ շատ արագ հակազդել աշխարհաքաղաքական եւ ընկերատնտեսական այն բոլոր փոփոխութիւններուն, որոնք կը շարունակեն արձանագրուիլ: ՀՕՄ-ը իր գործունէութիւններուն ծիրով այսօր կը դասուի միջազգային տարողութիւն ունեցող մեծ կազմակերպութիւններու շարքին` շնորհիւ իր բոլոր բարերարներուն վստահութեան եւ անդամներուն անսակարկ նուիրումին», ըսաւ Ա. Մելքոնեան: Ան հաստատեց, որ հաց եւ սնունդ բաժնելէ շատ աւելի հեռու երթալով` ՀՕՄ-ը այսօր հասած է բազմամիլիոնանոց ծրագիրներու գործադրութեան աստիճանին:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը կրկին յիշեցուց, որ միութեան վեհ նպատակն է ծառայել ժողովուրդին, եւ այդ նախանձախնդրութեամբ կը գործեն ՀՕՄ-ականները` շարունակելով սպեղանի ըլլալ, նեցուկ հանդիսանալ եւ հոգատար մայր ու քոյր ըլլալ անոնց, որոնք կարիքը ունին ՀՕՄ-ի օժանդակութեան: «Մեր նշանաբանով առաջնորդուելով` 115-ամեակի յոբելեանին առիթով Հայ օգնութեան միութիւնը կը հաստատէ, որ իր ուղին պիտի շարունակէ անխափան` միշտ ծառայելով հայ ժողովուրդին», եզրափակեց Արուսեակ Մելքոնեան:
Կիպրոսի ՀՅԴ կոմիտէի ներկայացուցիչ Ատուր Գարակիւլլէեան կոմիտէութեան անունով արտասանած իր խօսքին մէջ մէջբերեց 8 տարիներ առաջ մահացած իր հօր յատկանշական յիշատակներէն մին, որուն մէջ 96-ամեայ ծերունին այդքան տարիներ ետք տակաւին երախտագիտութեամբ կը խօսէր դանիացի միսիոնարուհիին մասին, որ քանի մը հազար որբերու կեանքը փրկեց Ուրֆայէն եւ շրջակայ գիւղերէն:
«Հապա ի՞նչ պէտք է ըսել ձեզի, ընկերուհինե՛ր: Դո՛ւք, որ ժառանգորդներն էք այն սերունդներուն, որոնք բացարձակ զոհողութեամբ կանգնեցան հայ մարտիկներուն կողքին` զովացնելով անոնց վէրքերը:
«Դո՛ւք, որ խնամած եւ մեծցուցած էք զոհուած մարտիկներու զաւակները, կառուցած էք տուներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ կատարած շա՜տ ու շատ մարդասիրական գործեր` բացարձակ թափանցիկութեամբ:
«Դուք դարձած էք հայր, մայր, ընտանիք բոլոր անոնց, որոնք պէտք զգացած են ձեր աջակցութեան, բոլոր անոնց, որոնք մնացած են անտուն եւ անպաշտպան», ըսաւ ան:
Ատուր Գարակիւլլէեան հաստատեց, որ դիւրին է տարին քանի մը հարիւր եւրոյով որբ մը պահել` ճիտին պարտքը տալու համար եւ անցնիլ բարերարներու ցանկին մէջ, սակայն շատ դժուար է ապրիլ որպէս գաղափարի եւ սկզբունքի մարդ եւ այդ ճամբով ծառայել անվճար: «Ձեր աշխատանքը հսկայ է եւ հզօր` ինչպէս Արարատը, պտղատու է` ինչպէս հայրենիքի դաշտերը, եւ սուրբ` ինչպէս մեր նահատակներուն թափած արիւնը», շեշտեց ան:
Կիպրոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Իննա Թորգոմեան իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց ՀՕՄ-ի 115-ամեակը եւ նշեց, որ 115 տարիներ շարունակ միութիւնը հսկայական աշխատանք ծաւալած է` յաղթահարելով բազում մարտահրաւէրներ ու դժուարութիւններ: Բայց եւ այնպէս, 115 տարիներու գոյատեւումը կը վկայէ հայ կնոջ հզօրութեան եւ Հայոց պատմութեան մէջ անոր ազդու դերակատարութեան մասին, ըսաւ դեսպանը` աւելցնելով, որ նման գործունէութիւն կ՛ենթադրէ հայ կնոջ բնորոշ անձնուիրութիւն, դիմացկունութիւն եւ աննահանջ ծառայութիւն: Ի. Թորգոմեան երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ին` իր ծաւալած աշխատանքներուն համար, կարեւոր նկատելով նաեւ նման սեմինարներու կազմակերպութիւնը` կատարուածը արժեւորելու եւ ապագայի աշխատանքներուն թափ տալու առումով:
Պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեան իր սրտի խօսքին մէջ հպարտութեամբ եւ հիացմունքով արտայայտուեցաւ ՀՕՄ-ականներուն տարած կամաւոր լուրջ աշխատանքին մասին, որով անոնք մնայուն կերպով ձեռք երկարեցին կարօտեալ զաւակներուն, յատկապէս` Հայաստանի ու Արցախի մէջ: Ան մաղթեց, որ հայութեան համար ներկայիս տիրող աննպաստ պայմաններուն մէջ, մանաւանդ երբ հայրենիքը դէմ յանդիման է իր գոյութեան սպառնացող բազմաթիւ վտանգներու, ՀՕՄ-ականները կառչած մնան իրենց սկզբունքներուն եւ շարունակեն խթան հանդիսանալ ազգի պահպանման եւ ամրապնդման ձգտող միութեան բոլոր ջանքերուն ու ապագայի ծրագիրներուն:
Կիպրոսի Հանրապետութեան Առաջին տիկին Ֆիլիփա Քարսէրա Խըրիսթոտուլիտիսի ներկայացուցիչ Փանայոթիս Փալաթեսի փոխանցեց Առաջին տիկնոջ խօսքը, որ պատիւ ու հպարտութիւն նկատեց ՀՕՄ-ի 115-ամեակին նուիրուած նման նախաձեռնութեան մասնակցիլը, դիտել տալով, որ այս միութիւնը յարատեւութեան, մարդասիրութեան եւ վճռակամութեան խորհրդանիշ հանդիսացած է իր գոյութեան ընթացքին: Ան յայտնեց, որ ՀՕՄ-ը միշտ նեցուկ կանգնած է հայ ընտանիքներուն, ուժեղ ու գործօն դարձուցած է հայ կինը, որ ծառայած է ընկերային եւ աւանդներու պահպանման բնագաւառին մէջ: Փալաթես անդրադարձաւ Կիպրոսի մէջ հայկական ներկայութեան` նշելով, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրելով` հայութիւնը հասած է Կիպրոս, կառուցած է տուներ, կազմակերպութիւններ, որոնց կարգին եղած է ՀՕՄ-ը, որուն տարած աշխատանքին շնորհիւ մարդկային կեանքեր բարելաւուած են, ընկերութիւնը` բարգաւաճած: Առ այդ, Առաջին տիկնոջ անունով ան արժեւորեց ՀՕՄ-ն ու անոր յանձնառութիւնը` զայն բնորոշելով իբրեւ մարդասիրական միութիւն մը, որ արժանի է յարգանքի:
Աւարտին Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան տուաւ իր հայրական պատգամը, որուն մէջ ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ 115 տարիներ առաջ հայ կինը, հայ մայրը խոյանքով հասաւ հայ որբին, անտէր մօր, հիւանդին ու օգնութեան կոչին, եւ անձնուէր հայուհիներու բանակ մը քաջալերուած էապէս դրական արդիւնքներէն` միացաւ, ծաղկեցաւ եւ յառաջացաւ խաչուհիներու հայ օգնութեան այս միութիւնը:
«Այսօր համահայկական համաշխարհային ներկայութիւն եւ կազմակերպութիւն է ՀՕՄ-ը, որ հետզհետէ բազմացաւ, զօրացաւ, տարածուեցաւ եւ օգնող մնայուն ձեռք դարձաւ, է ու կը մնայ հայ կեանքի մէջ հոն, ուր հայ լեզուն կը հնչէ, ուր հայ օճախի կրակը վառ ներկայ է: ՀՕՄ-ը իր մարդասիրական օգնութեամբ հետզհետէ ծաւալող անսահման անհաւատալի ուժ մըն է հայ գաղութային կեանքին մէջ», վկայեց սրբազանը:
Կոմիտաս արք. Օհանեան հաստատեց, որ 115 տարեկան ՀՕՄ-ի զինանշանը ինքնին խոր իմաստ ու պատգամ կը պարունակէ` նկատել տալով, որ ՀՕՄ-ը կարեւոր ազդակ մը հանդիսացաւ` Ցեղասպանութենէն ետք հայ գաղութներու յառաջացման ու կենսունակ ընթացքին մէջ:
Յիշելով, որ մայիսը մայրերու տօնն է, ան իր յարգանքի արտայայտութիւնը դրսեւորեց հանդէպ ՀՕՄ-ի շարքերուն մէջ գործած անհամար հայ մայրերուն, որոնք ծառայեցին ու անցան, դարձան յիշատակ` միշտ տալով իրենց սրտէն ու հոգիէն: Ան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց բազմաթիւ երկիրներու մէջ գործող ՀՕՄ-ականներուն` զանոնք նկատելով բարի սամարացիներ` իրենց քրիստոնէական ոգիով եւ ազգային նուիրուածութեամբ:
Ան «Պահպանիչ»-ով օրհնեց ՀՕՄ-ի երկօրեայ սեմինարի մասնակիցները:
Պաշտօնական բացումէն ետք ՀՕՄ-ի բազմաբնոյթ եւ բազմաճիւղ ծրագիրները ներկայացուց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան:
ՀՕՄ-ի 115-ամեայ ուղիին` ծննդոցէն մինչեւ այսօր, անդրադարձաւ Նայիրի Տէրտէրեան` լուսարձակի տակ բերելով յատկապէս միութեան յատկանշական ու անկիւնադարձային թուականներն ու դէպքերը:
Ընդհանրապէս կամաւոր աշխատանքին, յատկապէս ՀՕՄ-ի շարքերուն մէջ անոր կարեւորութեան մասին խօսեցաւ Նելլի Վէքիլեան` ներկայացնելով երիտասարդութիւնը ներգրաւելու արդի ձեւերը, կազմակերպութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու արձանագրած յաջողութիւնները:
Մեծ ու փոքր նախաձեռնութիւններու պարագային, ֆինանսական յստակ ծրագիր եւ ուղեգիծ ունենալու կարեւորութեան մասին խօսեցաւ Հրայր Պարսումեան, որ անդրադարձաւ ֆինանսական վերահսկողութեան, ճշգրիտ գնահատում կատարելու ձեւերուն` ֆինանսական տարբեր աղբիւրներու մասին պատկերացումներ տալով: Ան շեշտեց ուսումնասիրուած ռազմավարական ծրագիր ունենալու կարեւորութիւնը` նիւթական գոյացնելու եւ պիւտճէի հսկողութիւն ընելու:
Սեմինարին երկրորդ օրը` 9 մայիսին, քարոզչութեան ծննդոցին, անոր կարեւորութեան, ժամանակի թաւալումով անոր զարգացումին, մերօրեայ կեանքին մէջ մամուլին ու քարոզչական տարբեր հարթակներու կարեւորութեան մասին խօսեցաւ Նորա Բարսեղեան` լուսարձակի տակ առնելով լաւագոյն ձեւով քարոզչութիւն կատարելու հրամայականը, որպէսզի միութիւնը իր պայծառ դիմագիծով ներկայանայ հանրութեան:
Մարիա Գաբրիէլեան ներկայացուց ընկերային ցանցերուն եւ քարոզչական առցանց հարթակներուն դրական ու բացասական ազդեցութիւնը` կազմակերպչական ու հասարակական մեր կեանքին մէջ, խօսեցաւ պատերազմի ու խաղաղութեան պայմաններու մէջ քարոզչութեան դերակատարութեան մասին, անդրադարձաւ լրատուամիջոցներու օգտագործման եղանակներուն` միութենական եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Տիգրան Խոտանեան խօսեցաւ ընկերային լրատուամիջոցներու եւ հասարակութեան հետ կապերու ռազմավարութիւններու արդիւնաւէտ օգտագործման մասին, ընկերային ցանցերու վրայ ճիշդ քարոզչութիւն ծաւալելու ձեւերուն անդրադարձաւ, նիւթերը հետաքրքրական եւ գրաւիչ կերպերով հրամցնելը հիմնական նկատեց:
Բոլոր ներկայացումներէն ետք մասնակիցներուն առիթ տրուեցաւ` իրենց հարցումները ուղղելու, տեսակէտները բաժնեկցելու, առաջարկները ներկայացնելու, մտահոգութիւնները արտայայտելու: Զրոյցի եւ քննարկումներու ճամբով ներկայացուած նիւթերը աւելի ընդարձակուեցան, ամրապնդուեցան, եւ միութեան կեանքին մէջ անոնց կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ բերուեցաւ:
Տեղի ունեցան նաեւ հետաքրքրական աշխատանիստեր, որոնց ընդմէջէն մասնակիցները իրենց լսածն ու տեսածը գործնականի վերածելու փորձ կատարեցին` աւելի շօշափելի ու իրական դարձնելով իրենց փոխանցուած նիւթերը:
Սեմինարի փակման ու շնորհակալական խօսքը արտասանեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լիզա Չալըգեան-Ժիլիպէրը, որ գնահատեց ՀՕՄ-ի Կիպրոսի միաւորը, դասախօսներն ու զեկուցաբերները, մասնակիցները, որոնք բոլորը միասին ներդրում ունեցան շրջանային սեմինարին յաջողութեան մէջ:
«Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի մեր միաւորներուն համար կազմակերպուած այս սեմինարը հաստատեց, որ հաւաքական աշխատանքով կարելի է յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները: Անիկա նաեւ եղաւ լաւ առիթ մը, որպէսզի միասնաբար խորհրդածենք եւ քննարկենք մեր կազմակերպութիւնը յուզող հարցերն ու խնդիրները», նշեց ան:
Լիզա Չալըգեան-Ժիլիպէր յիշեցուց, որ հոկտեմբեր 15-25, 2025-ին Երեւանի մէջ պիտի ոգեկոչուի Հայ օգնութեան միութեան հիմնադրութեան 115-ամեակը` մեծ շուքով եւ տարբեր ծրագիրներով: «Կեդրոնական վարչութեան փափաքն է, որ խիտ շարքերով մասնակցութիւն բերենք այս նախաձեռնութեան: Մեր յաջողութեան գրաւականը կը կայանայ հաւաքական աշխատանքին մէջ: Այս իրողութենէն առաջնորդուելով` ՀՕՄ-ի 115-ամեակին ոգեկոչումը վերածենք մեր ուխտին վերանորոգման առիթի մը», եզրափակեց ան:
Աւարտին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը պարգեւատրեց սեմինարին մասնակից շրջանները` իբրեւ 115-ամեայ այս մեծ կազմակերպութեան մէկ կարեւոր բաղադրիչն ու աշխուժ մասնիկը, ինչպէս նաեւ վկայագիրներ յանձնուեցան բոլոր մասնակիցներուն:
Սեմինարին զուգահեռ, կազմակերպուեցան ընկերային ընթրիքներ, պտոյտներ, այցելութիւն տրուեցաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն, որուն դռները փակ են տարիներէ ի վեր, իսկ այս ծրագիրը եզրափակուեցաւ հանդիսաւոր կալա-ընթրիքով:
***
Սեմինարի նախօրեակին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ունեցաւ իր 14-րդ լիագումար նիստը, ինչպէս նաեւ այցելութիւններ տուաւ կիպրահայութեան տարբեր կառոյցներ` Լառնաքայի եւ Նիկոսիոյ Նարեկ հայկական դպրոցներ, Լառնաքայի Սուրբ Ստեփանոս հայկական եկեղեցի, Նիկոսիոյ ազգային առաջնորդարան եւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի:
ՀՕՄ-ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ