Բագրատունի Կը Հանդիպի Լիբանանի Պաշտպանութեան Նախարարին
23 Մայիս 2025
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսայի հետ` նախարարութեան Եարզէի կեդրոնին մէջ:
Բագրատունի նախարար Մնասսայի հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնը, իսրայէլեան շարունակուող ոտնձգութիւնները եւ այդ գծով լիբանանեան բանակի դերակատարութիւնը: Ան բարձրօրէն գնահատեց բանակի վճռակամութիւնը` երկրին դէմ ցցուող հարցերուն զգօն միջամտութեան համար:
Քննարկումի նիւթ դարձան Սուրիոյ իրավիճակը եւ անոր ազդեցութիւնը տեղական եւ շրջանային զարգացումներուն: