ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Այսօր Իսկ Քանդել Ջլատող Օղակները

23 Մայիս 2025

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Վերջին շրջանին, Հայաստանի քաղաքական բեմը դարձեալ պարուրուած է խառնաշփոթութիւն մատնող մշուշով:

Պատճառները բազմաթիւ են. մէկ կողմէ՝ կան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պահանջներուն առջեւ նոր նահանջներ արձանագրելու իշխանութեան նշանները, արտաքին այլատեսակ ճնշումներ, որոնք ընդհանրապէս կը միտին Հայաստանի շահերը զոհաբերել ճնշողներու ծրագիրներուն իրականացման, իսկ ներքին գետնի վրայ, կան տնտեսական, ընկերային եւ բազում այլ գործօններ:

Խառնաշփոթութեան ծանրացման իր «նպաստը» բերաւ այլ գործօն մը, որ նորութիւն չէ, սակայն կարծէք թէ կը հրամցուի իբրեւ նորութիւն. այսինքն՝ վարչապետի պաշտօնազրկման (կը նախընտրեն օտարաբանութիւնը՝ «իմփիչմընթ») առաջարկը՝ խորհրդարանին մէջ անոր դէմ բաւարար թիւով քուէներ ապահովելու ճամբով, ինչպէս կը պահանջեն օրէնքները:

Նպատակ չունինք մտնելու այն բանավէճին մէջ, թէ արդեօք նման նախաձեռնութիւն կրնա՞յ յաջողութեան հասնիլ, իսկ եթէ չհասնի, ո՞վ պիտի ըլլայ օգտուողը, կամ թէ՝ արդեօք նման նախաձեռնութիւն ունի՞ յետին նպատակ, քան այն՝ ինչ որ յայտարարուած է, այսինքն՝ իշխանութենէ հեռացնել կործանարար վարչախումբը (եւ այլն, եւ այլն): Կ՛ուզենք անցնիլ ծաւալող բանավէճերէն անդին, մեր աչքերը ուղղել դէպի իսկական հորիզոններ, որոնք ձեւով մը կը մշուշապատուին նա՛եւ այս բանավէճերուն ստեղծած մթնոլորտին մէջ:

***

Նախ ընենք քանի մը հաստատում: Ընթերցողը պիտի նկատէ, որ ասոնք «անիւի գիւտ»ին համազօր չեն, այլ բազմիցս կրկնուած եւ եզրակացութիւններու հասած-հասցուցած ճշմարտութիւններ․

Ա. Անխուսափելի հրամայական է որ այս իշխանութիւնը պէտք է օր առաջ հեռացուի երկրի ղեկէն: Այս է համոզումը ո՛չ միայն խորհրդարանական ընդդիմադիրներուն, այլ խորհրդարանէն դուրս մնացած բազմաթիւ կազմակերպութիւններու եւ խմբաւորումներու: Իսկ երբ կ՛ըսենք ընդդիմադիր՝ ի մտի չունինք անոնք, որոնք ընդդիմադիրի դիմակ հագած՝ իշխանութեան շեփորահարներն ու կամակատարներն են, որոշ դրսեցիներու շահերուն գործակատարները: Այսպէ՛ս կը դատէ նաեւ ժողովուրդի լայն զանգուածը, մինչեւ իսկ անոնք, որոնք պահ մը տարուած էին իշխանաւորներու խաբէութիւններով ու քուէ տուած էին անոր:

Բ. Բոլոր ընդդիմադիրներն ալ հաստատած են, ու բազմի՛ցս, որ ՔՊականներուն իշխանութենէն հեռացումը մէկ խմբաւորումի հասողութենէն վեր է, ո՛չ միայն անոր համար, որ ընդդիմադիրները բաւարար թիւով աթոռ չունին խորհրդարանին մէջ, այլ մանաւանդ այն պատճառներով, որոնք (նմանապէս բազմիցս փաստուած) ցոյց կու տան, թէ վարչախումբը ցարդ իր կողքին ունի ուժայինները, կռնակին՝ թուրք-ատրպէյճանական ճակատը, եւ անոնցմէ անդին՝ բոլոր անոնք՝ որոնք այս կամ այն ձեւով շահ ունին Հայաստանի այժմու՝ անկարողութեան մատնուածի վիճակէն (իսկ իշխանաւորները, աւելորդ է ըսել, ո՛չ մէկ ճիգ կ՛ընեն այս վիճակը դարմանելու-շրջանցելու համար): Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ո՛չ միայն խորհրդարանական ընդդիմադրութեան միասնութեան վերականգնումն ու ամրապնդումը, այլ անոր կողքին բացայայտօրէն ապահովել իսկական ընդդիմադիրներու ձեռքերը, բոլոր հայրենասէր-հայրենապաշտպան «դասակարգերուն» անվերապահ զօրակցութիւնը: Այլ խօսքով՝ ԼՈՒՐՋ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺՆԵԿՑՈՒԹԻՒՆ: «Դասակարգեր» ըսելով, ի մտի ունինք Եկեղեցի եւ յարանուանութիւններ, մասնագիտական խմբաւորումներ (բժիշկ, ճարտարապետ, գիտնական, արհեստագէտ եւ այլ մարզի ծառայողներ), արուեստագէտներ ու մտաւորականներ (յիշենք Արցախեան շարժումի սկզբնական փուլը), եւ անշո՛ւշտ որ ուժայինները (բանակ, ապահովութեան ուժեր, սպասարկութիւններ): Մէկ խօսքով՝ մեր ամբողջ ժողովուրդը, որ կ՛ընդգրկէ Սփիւռքը: Ճի՛շդ է, որ յիշեալներէն որոշներ գործնապէս մասնակից են ալիք-ալիք բարձրացող շարժումին, սակայն ընդդիմադիրներուն առաջադրածը՝ իշխանափոխութիւնը, չի կրնար իրականութիւն դառնալ, եթէ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴն ու ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԱՐԺԷՔԻՆ ԳԻՏԱԿ՝ անոր բաղկացուցիչ բոլոր խմբաւորումները լիարժէքօրէն մասնակից չըլլան համընդհանուր շարժումին: Հոս աւելորդ կը նկատենք երկար-բարակ արձանագրել նաեւ այն պատճառներն ու արտաքին ու ներքին գործօններուն ազդեցութիւնները, որոնց հետեւանքով, 2020էն ասդին ծնած ու բարձրակէտերու հասած շարժումները սպասուած յաջողութիւնը չունեցան:

***

Որքան որ հետեւած ենք Հայաստանի զանգուածային մամուլի տարբեր պատուհաններէն սփռուող հարցազրոյցներու, նկատած ենք, որ թէ՛ բանիմաց եւ թէ՛ վարձկան զրուցավարները կը դնեն հասարակաց հարցումներ: Ի՞նչ կարելի է ընել, ինչպէ՞ս լուծել հանգոյցները, ինչպէ՞ս վերագտնել ճիշդ ուղին, փրկել երկիրն ու ազգը, հողն ու անոր տէրերը:

Հոս ալ, ըսենք, նպատակ չունինք արտայայտուած շինիչ եւ արդար տեսակէտներուն ծաղկաքաղը ընելու, այլ, ինչպէս նշեցինք սկիզբը՝ անցնիլ քիչ մը անդին եւ փորձել դիտել մշուշապատ հորիզոնին իրական ուրուագիծերը (բնականաբար չենք կրնար կատարեալ ու սպառիչ ըլլալ այս սիւնակին մէջ, այլ ընել ԸՆԹԱՑԻԿէն անդին տանող փորձ մը եւս): Ուրեմն, փորձենք արձանագրել քանի մը կէտ, մի՛շտ մնալով նորութիւն չբերողի, այլ հասարակաց ճշմարտութիւնները մէկտեղողի դերին մէջ:

Ա. Իշխանափոխութիւնը, ինքնին, վախճանական նպատակ չէ, այլ ՄԻՋՈՑ՝ այժմու վնասարար ընթացքէն դուրս գալու: ՄԵԾ ՈՒ ՏԱԺԱՆԱԿԻՐ ԳՈՐԾը պիտի սկսի անկէ ետք:

Բ. Ճիշդ է, որ գլխաւոր թիրախը վարչապետի պաշտօնը (նաեւ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական համակարգերը, ուժայինները) մենաշնորհի վերածողն է, սակայն համապարփակ թիրախը ամբողջ վարչախումբն է. ընդունելի չէ ոեւէ մէկուն աչքին՝ որ իշխանափոխութիւնը յանգի Փաշինեանի մէկ տարբերակին, անիկա ըլլայ այլ ՔՊական, կամ ՔՊէն հեռացած խաղացող(ներ): Այլ խօսքով՝ անհատէն աւելի՝ ազգավնաս մտածողութեան եւ վարքագիծին վերջակէտ դնելն է: Շեշտենք. անհատը ստորադասել հիմնական ուղեգիծին: Չէ որ անհատը, որքան ալ յարգելի եւ կարողութիւններով, կապերով օժտուած ըլլայ, գնայուն է ի վերջոյ…

Գ. Վերի կէտերուն կը հետեւի այն, որ իշխանափոխութեան ՄԻՋՈՑէն անդին, կան նոյնքան եւ աւելի՛ կարեւոր քայլեր: Եւ առաջին հերթին՝ առնուազն 44օրեայ պատերազմէն ասդին արձանագրուած կորուստներն ու վնասները վերականգնելու կարողութիւնը ունեցող ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐի մը կերտումը (մեր մնացեալ պահանջները սոսկական երազ չեն): Բնականաբար մարդկային կորուստները եւ կարգ մը կոթողներու փոշիացումը անկարելի չէ վերականգնել, սակայն անկէ անդին՝ կարելի է շատ բան վերականգնել, դնել վերականգնումի ճամբուն մէջ: Սա կ՛ըլլայ ԽՕՍՔԷՆ ԱՆԴԻՆ՝ ԳՈՐԾԻ, ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆՑՆԵԼՈՎ:

Դ. Ամբողջական ծրագիրին մշակումը կը կարօտի ԲՈԼՈՐ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ծրագիներուն եւ մտածումներուն միացման, անոնց մէջ եղող հասարակաց գիծերուն մէկտեղումին ու ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ գործին յատակագիծի կազմութեան: Եթէ այսօր կան տեսակէտներու որոշ տարբերութիւններ, պէտք է իմաստութիւնը եւ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՍՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ցուցաբերել դասակարգելու առաջնահերթն ու նուազ առաջնահերթը, եւ կեդրոնանալ առաջնահերթին վրայ: Եւ գաղտնիք չէ, որ գլխաւոր առաջնահերթութիւններուն շուրջ ընդհանուր համախոհութիւն կը տիրէ: Նմանապէս գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի – եւ Սփիւռքի – մէջ կան հասուն ու կարող, բանիմաց հայորդիներ: Հայութեան քաղաքական միտքը չէ ցամքած, հրամայական է կենսաւորող կաթիլներուն մէկտեղումը, մեր դիմաց տարածուող (եւ ցամքումի մատնուած) դաշտերուն ոռոգումը:

Ե. Դուրս գալ շա՜տ հինէն «աւանդ» մնացած մտածելակերպ-գործելակերպէ մը, ըսել կ՛ուզենք՝ «ո՞վ պիտի ըլլայ առաջնորդը» հարցումին պատասխան մը գտնելու՝ մաշեցնող ընթացքէն: Եթէ պահ մը պաղարեամբ մտածենք եւ ապագան դիտենք, դժուարութիւն պիտի չունենանք տեսնելու, որ երբ ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ փնտռտուք եմ ԱՆՀԱՆՏԵՐԷ կառչածութիւն կը ստեղծուի, երթը անպայման տեղ մը քաոսային վիճակի կը մատնուի (կամ զայն քաոսի մտցնող կ՛ըլլայ): Հեռու չերթանք եւ խօսինք մեր աչքին առջեւ հի՛մա պարզուող պատկերին օրինակով: ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԷՏ. պէտք չէ կասկած ունենալ, թէ անոնք՝ որ վարչապետին պաշտօնազրկումը խորհրդարանի ճամբով իրականացնելու նախաձեռնութիւնը վերստին հրապարակ բերին, հայրենասէր են եւ բարի նպատակ կը հետապնդեն, մեր նպատակը զանոնք, կամ վերապահութիւն, կասկած արտայայտողները քննադատել չէ. սակայն ի՞նչ պատահեցաւ անկէ ասդին: Այս առաջարկին նկատմամբ արդար վերապահութիւն ունեցողներ յանկարծ թիրախաւորուեցան, իբրեւ թէ դէմ են պաշտօնազրկման առաջադրանքին (սա ճիշդ չէ անշուշտ), իսկ առաջարկին ի նպաստ դիրքաւորուած այլ ազդու ընդդիմադիրներ հասկացողութեամբ ընկալեցին այդ վերապահութիւնը եւ որոշ կէտերու մէջ համակարծիք եղան անոր՝ այժմու պայմաններուն մէջ ու տուեալներով՝ գրեթէ անիրագործելի ըլլալու բացատրութիւններուն (օրինակներ չենք ուզեր արձանագրել): Անդին, հրապարակ եկաւ «մրցակից» նախաձեռնութիւն մը, որուն ձեռնարկողներն ու վարչապետի անոնց թեկնածուն… խեղկատակութեան վերածեցին նախաձեռնութիւնը (չմանրամասնենք): Մամուլը եւ կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ անզգալաբար ինկան ծուղակին մէջ. մամուլը դիմեց շուտիկութեան եւ ջուր լեցուց այլապէս չքօղարկուած տարակարծութիւններուն ջաղացքին (իսկ ո՞վ կ՛ըսէ, որ ամէն մարդ-կուսակցութիւն-խմբակ պէտք է կէտը-կէտին համաձայն ըլլայ միւս ընդդիմադիրի տեսակէտներուն: Ժողովրդավարութիւնը լայն տեղ կու տայ տեսակէտներու տարբերութեան, բացի հոն, երբ կայ հիմնականը: Համայնավար ու նման «միակարծիք» մտածողութիւններն են որ չեն հանդուրժեր նուազագոյն «շեղումը»): Մի՛շտ մնալով պաղարիւն դիտարկումի մակարդակին վրայ, ըսենք՝ որ ստեղծուած ծուղակէն դուրս գալու համար, այս հանգրուանին՝ էականը այն չէ, թէ ո՛վ պիտի գլխաւորէ նոր իշխանութիւնը, այլ այն՝ որ ինչպիսի՛ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ մը ատակ է բազմաթիւ տաք շագանակները կրակէն դուրս բերելու, անխուսափելիօրէն ձեռքերը այրելով: Այլ խօսքով, պէտք է ինքնադարմանումի դիմել, ձերբազատիլ ՄԷԿ ՂԵԿԱՎԱՐի փնտռտուքին պարտադրած կաշկանդումներէն եւ որդեգրել ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ունենալով մտածողութիւնը (անհատները անկարեւոր չեն, սակայն…): Սա աննախընթաց բան չէ, տարբեր երկիրներու մէջ, անցեալին թէ ներկայիս, կան «կոճատներ» համախմբող՝ համախոհական կառավարական տարազներու (քոալիսիոն) տարբերակներ, բազմաթիւ օրինակներ: Պայման չէ անոնցմէ մէկն ու մէկը կրկնօրինակելը, այլ տեսնել, սկսելու համար, թէ մեզ կաշկանդող «շղթաներէն» անդին ի՞նչ կարելիութիւններ կան:

Զ. Իշխանափոխութեան յաջորդելիք փուլը, որ իսկական եւ դաժան մարտահրաւէրներու շրջանը պիտի ըլլայ, կը կարօտի ո՛չ միայն մեր ակնարկած բոլոր հայրենասէր ու հաւատարիմ ընդդիմադիրներու ձեռքերուն միացման, այլ նաեւ իւրաքանչիւր խմբաւորումի եւ կուսակցութեան սերուցքին՝ մասնագէտներուն մէկտեղման: Ատիկա կ՛ըլլայ նոր կառավարութեա՞ն, թէ՞ նա՛եւ անոր հովանիին տակ գործի կոչուելիք վարչամեքենաներուն մակարդակներուն վրայ՝ պատասխանը յստակ է: Էականը այն է, որ իւրաքանչիւր կալուածի մէջ (պաշտպանութիւն, դիւանագիտութիւն-յարաբերական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ) ԲԱՆԻՄԱՑ մասնագէտներ, փորձառուներ բերուին գործի, որովհետեւ այժմու իշխանութեան մէջ նորաձեւութիւն է գործէ չհասկցողները պաշտօնի բերելը, անբաններ մէկը միւսով փոխարինելը: Միակ տեւականը… պարգեւավճարներու պահպանումն է:

Է. Կարեւոր կէտ մը ալ այն է, որ մեր երկիրն ու քաղաքական դաշտը իրենք զիրենք ձերբազատեն շինծու «կլասնոսթ»էն, այսինքն՝ ամէն քայլափոխի եւ տերեւի իւրաքանչիւր՝ իսկական կամ շինծու շարժումի մասին հրապարակումներէ, նմանապէս՝ իսկական թէ բռնազբօս քննարկումներու ընթացքէն: Մասնաւորաբար ընդդիմադիրները շատ բան կը շահին, եթէ իրենց աշխատանքներուն մեծ մասը փոխադրեն քուլիսներու սենեակները, հրապարակ չբերեն իրենց ամենայետին տարակարծութիւնները եւ մօտեցումներու տարբերութիւնները, այլ որդեգրեն աւելի՛ դռնփակ գործելու ոճ, եւ սա՝ չարաշահումներու, խեղաթիւրումներու առաջքը առնելու մտասեւեռումով: Այս ալ նորութիւն չէ. եթէ մէկը հետեւած է կարգ մը երկիրներու առնուազն վերջին ամիսներու ընտրապայքարներուն, ընտրութիւններէ առաջ եւ վերջ՝ մրցակիցներու եւ համախոհներու միջեւ լուսարձակներէ հեռու բանակցութիւններուն, մինչեւ իսկ «սակարկութիւններուն»՝ պիտի տեսնէ, որ հոն «բաց պատարագ»ի վարմունքը նախընտրութիւն չէ շահած, եւ անոր համար ալ ընդհանրապէս ԱՐԴԻՒՆԱՒՈՐՈՒԱԾ է: Նման ոճ որդեգրուած է Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւններուն համար: Նոյնքան կարեւոր է որոշ հակակշիռ բանեցնել այս կամ այն լրատուամիջոցի տարած գործին վրայ, որպէսզի յօնք շինելու նպատակով գործող լրագրող մը կամ զրուցավար մը աչք չհանէ: Սա մամուլի ազատութեան կաշկանդում չէ, այլ հակակշռում՝ մամուլի եւ արտայայտութեան ազատութեան չարաշահման, անիկա կ՛ըլլայ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, դրդուած կամ յետին նպատակներով: Այն վիճակը, որ ստեղծուած է 2020էն ասդին, շա՜տ մը պերճանքներէ զրկած է Հայաստանը, նման հակակշռում՝ ո՛չ գրաքննութիւն է, ո՛չ ալ… պերճանք մը խնայել(*):

***

Կորուստէ կորուստ գացող ՀԱՅՐԵՆԻՔն ու ազգը կը հարկադրեն նման՝ անձնական ու հաւաքական «զրկանքներ», յաճախ ակամայ՝ թերի մտածողութենէ ձերբազատում եւ մանաւանդ մշուշապատ հորիզոնի պարզեցում: Վերոյիշեալ եւ բազում այլ ընտրանքներու համար, նմանապէս պայման չէ, որ ընդդիմադիրները՝ փրկարարները, լիովին կաշկանդուին օրէնքի այս կամ այն կէտով, ստորակէտով, որովհետեւ, ինչպէս կը տեսնենք ամէն օր եւ ահաւասիկ աւելի քան 7 տարիէ ի վեր, իշխանախումբը ոտնատակ ըրած է ամէն օրէնք, նոյնինքն Սահմանադրութիւնը, իշխանութեան տարբեր թեւերուն միջեւ փոխ-հսկողութեան տարրական սկզբունքները եւ շատ ու շատ բան (ի՜նչ խօսք հողերու կորուստին եւ թշնամիին ծրագիրներուն գործադրողի դերին մասին):

Քաղաքական բանավէճերու «սակարանէն» անյապաղ պէտք է դուրս քշել նաեւ այն տրամաբանութիւնը, թէ իշխանափոխութեան առաջադրանքներն ու բարեշրջման ձգտումը կրնան կապուիլ յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններուն (չէ՞ որ որոշ յայտարարութիւններ կը դիտուին ընտրապայքարի աչքով): Կարելի՞ է համաձայն չըլլալ ընդդիմադիր բանիմաց անձնաւորութեան մը, նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը այն մտահոգութեան (միակը չէ), թէ մինչեւ յառաջիկայ տարուան ընտրութիւնները՝ այս իշխանութիւնը կրնայ բազմաթիւ նոր պատուհասներ, նոր կորուստներ բերել Հայաստանի գլխուն, հետեւաբար, ՁԵՌՔԵՐՈՒ ՄԻԱՑՈՒՄՆ ՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄԸ ՀԻՄԱՄԲ ԳՈՐԾԻ ԱՆՑՆԻԼԸ անյետաձգելի են (անյետաձգելի էին աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր…), ուրեմն, պէտք է այսօ՛ր իսկ քանդել ջլատող ամէ՛ն օղակ:

20 Մայիս 2025

(*) Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ»ի սկզբնական մէկ հանգրուանին, 1977ի սկիզբը, կառավարութիւնը խիստ գրաքննութիւն պարտադրեց Լիբանանի թերթերուն, ճշդելով յստակ սահմաններ: Մինչ այդ, հակադիր հոսանքներու թերթեր եւ պատկերասփիւռի կայաններ իսկական արշակաւան մը ստեղծած էին: Բնականաբար մամուլի ազատութիւններով հպարտացող Լիբանանի մէջ, սա որոշ կաշկանդում եւ մե՛ծ ընդվզում ստեղծեց, սակայն իշխանութիւնը մնաց անզիջող եւ… երկիրն ու լրատուութիւնը որոշ չափով եղան շահաւոր: Մնացեալը պատմութիւն է:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Լոյս տեսաւ «Արցախի դէմ իրականացուած ցե

Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ 21-22 Ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին

23 Մայիս 2025
Տեղի ունեցավ ավստրիացի լրագրող Բիրգիտ

Հայոց ցեղասպանության թանգարան-ինստիտուտում մայիսի 22-ին, տեղի ունեցավ ավստրիաց

23 Մայիս 2025
Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին գիր­ք

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան եւ ի­րա­ւա­կան ծալ­քե­րու ու­սում­նա­սի­

23 Մայիս 2025
Յաղթել հնարաւոր է ուրեմն…

(­Մա­յիս 28-ի 107-րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով) Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան Ա) ­Շ

23 Մայիս 2025
«Երբ Թեհլիրեանը Տեսնէի, Ամբողջ Մարմինս

23 մայիսին մահուան 65-ամեակն է հայկական վրիժառութեան սրբալոյս դէմքին` Սողոմոն

23 Մայիս 2025
Բագրատունի Կը Հանդիպի Լիբանանի Պաշտպան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի պաշտպ

23 Մայիս 2025
Ադրբեջանը ՄԱԿ-ում փորձում է սահմանափակ

Ադրբեջանը պաշտոնական բողոք է ներկայացրել ՄԱԿ-ում հավատարմագրված հասարակական կա

23 Մայիս 2025
ՀՕՄ-ի Երկօրեայ Օգտաշատ Եւ Արդիւնաւէտ Ս

8-9 մայիս 2025-ին Կիպրոսի Լառնաքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Եւրոպայի, Միջ

23 Մայիս 2025
Այս իշխանությունների գլխավոր, հիմնական

Այս իշխանություններն այլևս չեն կարողանում խաբել և մոլորեցնել ժողովրդին, բոլոր

23 Մայիս 2025
Ընտրութիւններէն Ետք` Յաղթանակը Ամրագրե

Անգամ մը եւս Լիբանանի թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւններուն Հայ Յեղափո

23 Մայիս 2025
Այսօր Իսկ Քանդել Ջլատող Օղակները

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Վերջին շրջանին, Հայաստանի քաղաքական բեմը դարձեալ պարուրուած

23 Մայիս 2025
Մոնթրէալի մէջ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպած ժո

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան, Չորեքշաբթի, 21 Մայիս 202

22 Մայիս 2025
Երկու խեղկատակ պատկեր աշխարհէն

Միջազգային լրատու աղբիւրները ամէն օր եւ օրը քանի մը անգամ հանրութիւնը կը զբաղ

22 Մայիս 2025
Ակնարկ. Պետութիւններու Շահերը Եւ Տրամա

Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարի Երեւան այցելութեան առիթով տրուած մի

22 Մայիս 2025
ՄԱ՞Կ․․․ Միջազգային Ներո՞ւմ

«Անարդարութիւն որեւէ տեղ՝ սպառնալիք է արդարութեան՝ ամէն տեղ»։ Մարթին Լութըր Ք

22 Մայիս 2025
Ատրպատականի հայութեան ինքնապաշտպանական

Դիլմանի եւ Ուրմիայի վճռորոշ հերոսամարտերը «Հայկական լուրեր»-ը իր 1916 թ. N

22 Մայիս 2025
Իշխանութիւնը պահելու այս վարչախումբի մ

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան համագանատական սեմինարին որպէս պատգամախօս հ

22 Մայիս 2025
Նոր Աշխարհակարգին Ընդառաջ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը հազիւ պաշտօն ստանձնած շփոթի մատնեց ամբո

21 Մայիս 2025
YouTube-ում հրապարակված երկու սենսացիո

YouTube-ում ես հանդիպեցի երկու հնարովի տեսանյութերի, որոնք աղավաղում են Հայաստ

20 Մայիս 2025
Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնակա

Պէյրութի եւ Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները տեղի ունեցան 18

20 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company