Յաղթել հնարաւոր է ուրեմն…
23 Մայիս 2025
(Մայիս 28-ի 107-րդ տարեդարձին առիթով)
Միհրան Քիւրտօղլեան
Ա) Շատ բան գրուած է ու շատ բան խօսուած՝ Մայիս 28-ի պատմակշիռ ու դարադարձիկ նշանակութեան մասին ու անկասկած , որ սերունդէ սերունդ տակաւին շատ բան պիտի ըսուի, թէ ինչու հռչակուած է ան իբրեւ մեծագոյնը մեր բոլոր տօներուն մէջ:
Մայիս 28-ը մեր մեծ յաղթանակին տօնն է:
Ուրեմն, հնարաւոր է յաղթել, նոյնիսկ անհաւասար ուժի, երբ ազգային համընդհանուր համերաշխութիւն կայ եւ յաղթելու կամքով ոգեշնչող ղեկավարութիւն կայ : Վկայ՝ Սարդարապատը:
Մայիս 28-ի անկախ պետականութեամբ վճռուեցաւ մեր պատմական երթը, եւ տենչը՝ միացեալ Հայաստանի, որ իբրեւ նպատակ ու ազգային տեսլական ներշնչեց մեզ՝ նոյնիսկ անկախութեան կորուստէն ետք :
Ինչո՞ւ սերունդներ կը դաստիարակուին ամէն գնով կառչած մնալու անկախութեան գաղափարին: Պարզ անոր համար, որ ազգի կազմակերպուածութեան գերագոյն մակարդակն է անկախ պետականութիւնը, որուն յարացոյցը կը գծէ այն ճամբան, որ պիտի ապահովէ իր ժողովուրդին անվտանգութիւնը՝ արտաքին թշնամիին դէմ, հարստահարող ներքին ցեցերուն դէմ , պիտի ապահովէ արդարութեան, իրաւունքի եւ օրէնքի գերակայութիւնը, պիտի ապահովէ տնտեսութեան, գիտութեան ու մշակոյթի զարգացումը, կարճ՝ պիտի ապահովէ քաղաքացիները ամէն տեսակ չարիքի դէմ եւ պիտի ձգտի անոնց պարգեւել:
Բարգաւաճ ու բարօր կեանք:
Վերջին հաշուով, ազգերը հայրենիք կը կերտեն պետականութիւն ունենալու համար, այլապէս անոնք նոյնիսկ իրենց հայրենիքին մէջ զրկուած կը մնան հայրենիքէ: Այդպէս էինք մենք Մայիս 28-էն առաջ: Կ’ապրէինք մեր երկրին մէջ , բայց այդ երկիրը մեզի չէր պատկաներ…: Հաւաքականութիւններ ազգի հանգամանք կը ստանան, երբ պետականութիւն ունին կամ կը ձգտին պետականութիւն ունենալու…: Մայիս 28-ին լիիրաւ ազգ նկատուելու հանգամանքին տիրացանք, հայրենիքի փոքր շերտի մը վրայ անկախ պետականութիւն հիմնեցինք, որով եւ հայոց բովանդակ պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով կերտուեցաւ ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ: Ասկէ անդին, պարզ բարբանջանքներ են բոլոր այն գրառումները, որոնք այդ օրերու պետական ստիպողութիւններու ճնշումին տակ կարգ մը դէպքեր ու քաղաքական շարժուձեւեր առանձնացնելով ի զուր կը փորձեն նսեմացնել Մայիս 28-ի հրաշափառ մեծութիւնը:
Բ) Ղարաբաղեան առաջին ու յաղթական պատերազմի խորապատկերին վրայ ՝ Մայիս 28-ով գծուած մեր երթին պատմական ուղղութիւնը անգամ մը եւս վերահաստատուեցաւ 1991-ին, հայրենիքի վերանկախացումով: Կ’եզրակացուի ուրեմն, որ՝
Այո’, հնարաւոր է յաղթել, երբ ազգային համընդհանուր համերաշխութիւն կայ եւ յաղթելու կամքով ոգեշնչող ղեկավարութիւն: Վկայ՝ Արցախի առաջին պատերազմին յաղթանակը:
Վկայենք նաեւ, որ Անիի Բագրատունեաց թագաւորութեան կործանումէն (1045) ու անոր յաջորդող իննը հարիւր տարուան աննկարագրելի ստրկութեան շրջանին իսկ, հայրենի կորուսեալ պետականութեան յուշը սերունդէ սերունդ փոխանցուեցաւ, որով, այդ յուշը ձեւ ու մարմին առաւ 1918-ին, դարձաւ իրականութիւն եւ միջազգային ռազմաքաղաքական նորանոր զարգացումներու բովին մէջ կրկին վերայայտնուեցաւ Հայաստանի անկախ պետականութեան դրօշը:
Յուշը հզօր է, անձեռնմխելի: Չկայ ուժ, որ կարենայ ոտնձգութիւն կատարել հոն կամ զայն խլել մեզմէ, այնքան ատեն, որ անոր փարած կը մնանք հոգիով ու մտքով:
Մարդ կը զարմանայ, ապա նաեւ պժգանք կը զգայ, երբ կը լսէ, թէ Հայաստանի այսօրուան վարչապետն ու պետական աւագանին կը թելադրեն հայ հանրութեան, որ մոռացութեան տրուի մեր անցեալն ու անցեալէն ժառանգուած մեր իրաւունքը, կը թելադրեն ընդմիշտ թաղել թշնամիին կողմէ մեզմէ խլուած պապենական հողերուն յուշը եւ անոնց տէրը եղած ըլլալու իրաւունքով ապագայի համար Մայիս 28-ի հիմնադիրներուն բանաձեւած միացեալի տեսլականը…:
Անոնք Կ’անգիտանա՞ն արդեօք, որ ազգերը չեն կրնար վերապրիլ առանց յուշի ու տեսլականի եւ պետութիւններն ալ կը դառնան անզօր ու դիւրաբեկ…:
Ինչպէ՞ս կարելի է մոռացութեան տալ յուշը, երբ Երեւանի սրտին վրայ կանգնած է ցեղասպանութեան յուշարձանը եւ քիչ անդին՝ Սարդարապատի յաղթակոթողը…: Բայց եկէ’ք չտարածուինք եւ անտեղի մտորումներով չպղտորենք Մայիս 28-ի տօնական տրամադրութիւնը: Կառչինք գրութեանս վերնագրով յայտնուած մտքին, թէ ինչպէս անցեալին, նաեւ վաղը հնարաւոր է յաղթել, երբ պիտի ունենանք ղեկավարներ, որոնք ազգային համընդհանուր համերաշխութեամբ պիտի ոգեշնչեն հայ զանգուածները:
Ահա թէ ինչու այսօրուան հպարտութեան տօնին՝ միասնական յոյսով, լաւատեսութեամբ ու միացեալի տեսլականով կրկնենք միաբերան՝
Փա՜ռք ու պարծանք Մայիս 28 կերտող զէնքի, մտքի ու քրտինքի հերոսներուն,
Ընդմիշտ կեցցէ’ Հայաստանի անկախ ու ինքնիշխան հանրապետութիւնը:
Ազատ օր